ՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ

Յաճախ կ՚անդրադառնանք հայերէնի նրբերանգներուն մասին՝ օգտուելով այս մասին հմուտ անձերու փորձառութիւններէն։ Այս ուղղութեամբ կը ներկայացնենք «Յուսաբեր» թերթի խմբագիր Բենիամին Թաշեանի (1896-1971) «Լսարան Հայ Լեզուի» հատորէն հատուածներ։

Սոյն հատորին մէկ լուսապատճէնը մեզի տրամադրած էր տքթ. Վարդ Շիկահեր։

«Է»Ի ԵՒ «ԵՉ»Ի ՄԱՍԻՆ

Ուղղագրական սխալներու կարեւոր մէկ մասը «է»ի եւ «եչ»ի շփոթութենէն առաջ կու գայ։ Բարեբախտաբար, կարելի է նուազագոյնի իջեցնել այս սխալները, շնորհիւ կարգ մը կանոններու, զորս սորվիլը դժուար է, բայց անկարելի չէ։

Այս երկու ձայնաւորները, «է» եւ «ե», բառերուն սկիզբը որոշ կերպով կը զանազանուին իրարմէ եւ գրեթէ շփոթութեան տեղի չեն տար։ «Գրեթէ» ըսի, որովհետեւ «էկեղեցի» կամ «էլլել» գրողներ կրնան գտնուիլ։ Իմ մեծ մայրիկս, օրինակի համար, Կիրակի առտուները կու գար կ՚արթնցնէր զիս եւ հրամայական ձեւով մը կ՚ըսէր ինծի. «Էլիր, տղա՛յ, էկեղեցի գնա»։ Խեղճ մեծ մայրիկս ծաղկոցը հազիւ աւարտած… հարս եղած էր։

Սակայն ո՛չ ոք, նոյնիսկ իմ մեծ մայրիկիս պէս մեծ մայրիկները «էրիկ»ը «երիկ» չեն կարդար կամ գրեր, ասոր համար է, որ բառասկիզբի «է»ն նուազ շփոթութիւն կը պատճառէ, քան «ե»ը, մանաւանդ որ «է»ով սկսող բառ շատ քիչ ունինք։

«Է»ի եւ «եչ»ի շփոթութիւնը բոլորովին կը վերնայ բառավերջին, որովհետեւ հայ լեզուի մէջ չկայ բառ մը, որ «եչ»ով վերջանայ։ Չեմ կարծեր, որ «եթէ»ն «եթե» գրողներ ըլլան հիմա, անշուշտ եթէ գրողը մեծ մայրիկիս պէս մէկը չէ կամ «Աբեղեան» կոչուած ուղղագրութեան չի հետեւիր։

Ուստի «է»ի եւ «եչ»ի շփոթութիւնը կը սկսի այն ատեն, երբ այս ձայնաւորները բառերու մէջտեղը գործածուին։

-Ինչէ՞ն գիտնանք, որ բառերուն մէջ «է»՞ պէտք է ըլլայ թէ «եչ»,- հարցուց մեր սիրելի Նիկողոս բարեկամը։ -Կանոններ չկա՞ն։

-Կա՛ն, անշուշտ, բայց կանոններուն առընթեր՝ բացառութիւններ ալ կան։ Ահա այս բացառութիւններն են, որ գործը կ՚աւրեն։ Ի՞նչ ընենք կանոնը սորվողը ստիպուած է բացառութիւններն ալ հետը սորվիլ։ Վերադառնալով «է»ի եւ «եչ»ի փշոտ խնդրին, պէտք է ուշադիր ըլլալ հետեւեալ կանոններուն.

1.- Բառերուն մէջ ձայնաւորէ առաջ միշտ «է» կու գայ (չհաշուելով «եա», «եօ» երկբարբառները, որոնք մասնաւոր հնչում ունին), օրինակ՝ տանէի, գրէի, քրէական, անդէորդ (= կովարած, խոշոր եղջիւրաւոր անասուններու հովիւ, նախրապան), եւ այլն։

2.- Միշտ «եչ» կը գրուի երկու արմատական բաղաձայնէ առաջ. օրինակ՝ շեղբ, բերդ, շերտ, վերջ, մեղր, սեղմ, կերտ, կերպ, եւ այլն։

3.- Իսկ եթէ բառը մէկ բաղաձայնով կը վերջանայ, այն ատեն որոշ պարագաներու «եչ» կը գրուի, կարգ մը ուրիշ պարագաներու՝ «է»։ Օրինակ՝ գետ, դեր, սեպ, պետ, սուսեր, վէգ, երէց, սէգ, հանդէս, եւ այլն. ճիշդ այս կէտին վրայ է, որ կը սկսի քերականութեան Վաթերլօն։

Վարժութեամբ միայն կարելի է սորվիլ, թէ ո՛ւր «եչ» պէտք է գրել, ո՛ւր՝ «է»։

4.- «Նու» գիրէն առաջ ընդհանրապէս «է» կը գրուի. օրինակ՝ քէն, շէն, օրէնք, զէնք («քէ» գիրը արմատական չէ վերջին երկու բառերուն մէջ), փոխարէն, եւ այլն։

5.- Կան բառեր, որոնք «եչ»ով ալ կը գրուին, «է»ով ալ, բայց տարբեր նշանակութիւն ունին. օրինակ՝ սէր եւ սեր, գէր եւ գեր, պետ եւ պէտ, վեր եւ վէր(ք), եւ այլն։ Ինչպէս գիտէք (թերեւս նաեւ չէք գիտեր), սէր՝ կը նշանակէ բան մը, որ… բանի մըն ալ չի նմանիր, կ՚ըսէր դերասան Չափրաստ,- իսկ սեր կը նշանակէ կաթին երեսը կազմուած ճարպային նիւթը։

Արդ՝ կրնա՞նք այս երկու բառերը իրարու տեղ գործածել. վրանիս կը խնդան։ Կը գրենք «գէր մարդ» եւ «գեր մարդ». կարելի՞ է մարմնեղ մարդու մը համար ըսել, թէ գերմարդ է։ Գեր՝ կը նշանակէ վեր, բարձր. օրինակ՝ գերակշիռ, գերադաս, գերահռչակ։ Բայց «գեր» բառը ուրիշ իմաստ մըն ալ ունի. կը նշանակէ լաց, ողբ, կանչուըռտուք։ Եթէ ինծի չէք հաւատար, Հայկազեան բառգիրք նայեցէք։

6.- Բառասկիզբի «է»ն երբեմն «ի»ի կը փոխուի բարդումի կամ ածանցումի ատեն. օրինակ՝ էշ-իշամեղու, էջ-իջեւան։ Այս պարագան յաճախադէպ չէ, որովհետեւ, ինչպէս նկատել տուինք անցած անգամ, «է»ով սկսող շատ բառ չունինք։

7.- Բառամէջի «է»ն ընդհանրապէս «ի»ի կը փուխուի բարդումի եւ ածանցումի ատեն. օրինակ՝ շէն-շինական, գէտ-գիտութիւն, վրէպ-վրիպանք, տէր-տիրական, վէպ-վիպագիր, փոխարէն-փոխարինութիւն, վէճ-վիճաբանութիւն, հանդէս-հանդիսական, վէրք-վիրակապ, եւ այլն։

-«Վէրք»ին «ք»ն ի՞նչ եղաւ,- պիտի հարցնէ անշուշտ մեր Նիկողոս բարեկամը։

-Բայց ասկէ առաջ չե՞մ ըսած, որ վէրք, շէնք, զէնք եւ նման բառերուն «ք»ն արմատական չէ։

8.- Երբեմն, բարդումի եւ ածանցումի ատեն, «է»ն բառերուն մէջ «եչ»ի կը փոխուի փոխանակ «ի»ի. օրինակ՝ կէտ-կետադրութիւն, աղէտ-աղետալի, եղէգ-եղեգնիկ կամ եղեկնուտ, անտէր-անտերունչ (այս բառը կը գրուի երեք տեսակ,- անտերունչ, անտէրունչ, անտերուչ։ Նոր Հայկազեան բառգիրքը նախընտրաբար կը գրէ անտերունչ), հելլէն-հելլենական, եւ այլն։

Մեր լեզուին տարօինակութիւններէն մէկն ալ այն է, որ «կէտ» բառէն կը կազմուի թէ՛ կետադրութիւն («եչ»ով) եւ թէ կիտանկար («ի»ով)։ Դա՛րձեալ, կը գրենք անտերունչ («եչ»ով) եւ անտիրութիւն («ի»ով)։ Այս տարօրինակութիւնները պարզապէս գլխու պտոյտ կու տան. իմ գրուխս ալ արդէն դառնալ սկսաւ։

9.- Կը պատահի նաեւ, որ «է» գիրը բառերուն մէջ ո՛չ «ի»ի փոխուի, ո՛չ ալ «եչ»ի, այլ մնայ անփոփոխ. օրինակ՝ հրէշ-հրէշային, վրէժ-վրէժխնդիր, գէշ-գէշութիւն, զէնք-զէնընկէց, եւ այլն։

10.- Այն բառերը, որոնց մէջ «է»ի կամ «եչ»ի ձայն կու գայ եւ որոնք բարդումի կամ ածանցումի ատեն փոփոխութիւն չեն կրեր, առհասարակ «եչ»ով կը գրուին. օրինակ՝ թեթեւ-թեթեւութիւն, գեղ-գեղադէմ, գեր-գերադաս, եկեղեցի-եկեղեցական, եւ այլն։

11.- Երբեմն, սակայն, բառամէջի «եչ»ը «ի»ի կը փոխուի. օրինակ՝ դեւ-դիւահար, արգելք-արգիլել (բայց նաեւ՝ արգելարան, արգելափակ)։ Այս կանոնին ենթակայ ուրիշ բառ միտքս չի գար հիմա։

Նոյնպէս կը գրենք խարտիշագեղ, խարտիշահեր, փոխանակ խարտեշագեղ ե՛ւ խարտեշահերի։

12.- «Ամէն» բառէն կազմուած կարգ մը բարդ բառեր կան, որոնք երբեմն «է»ով կը գրուին, երբեմն «եչ»ով. օրինակ՝ ամէնօրհնեալ եւ ամենատես։ Հայր Ղազիկեան կը նկատէ. «Երբ բարդուելիք բառը ձայնաւորով սկսի՝ ամէն կը գրուի. օրինակ՝ ամէնիշխան, ամէնընկալ, ամէնուրեք, ամէնուսոյց, եւ այլն։ Երբ բաղաձայնով սկսի՝ ամենա, այսինքն գրի փոփոխում տեղի կ՚ունենայ եւ յօդակապ կը դրուի. օրինակ՝ ամենատես, ամենավար, ամենամեծ, եւ այլն»։

13.- Կան բառեր, զորս ստիպուած ենք գրել երկու ձեւով, պարզապէս իմաստի շփոթութիւն տեղի չտալու համար. օրինակ՝ տնօրէնութիւն եւ տնօրինութիւն, տէրութին եւ տիրութիւն…։

- Սկզբնաղբիւր.- Բենիամին Թաշեան, «Լսարան Հայ Լեզուի», Գահիրէ, 1962, Տպարան «Յուսաբեր»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 31, 2021, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021