ՎԱԽԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
«Վախ» կամ «երկիւղ» մարդկային բնական՝ ընդաբոյս զգացում մըն է։ Վախը, կերպով մը, անվտանգութեան, վստահելիութեան կամ ապահովութեան զգացական կազմուածք մըն է՝ որ կ՚ազդարարէ եւ կը զգուշացնէ ենթական հաւանական՝ կարելի՝ բայց ո՛չ ստոյգ վտանգի մը մասին։ Վախը՝ ուրեմն մարդս ամէն վտանգի դէմ ապահով պահող, ըսենք, հակազդեցութիւն մըն է։ Ուրիշ խօսքով՝ արտաքին ներգործումի մը պատասխանող ներքին ներգործում մըն է։ Եւ այս իմաստով՝ վախը բնա՛զդ մըն է։ Բնազդ մը, որ մարդս ապահով կը պահէ, եւ այն որ ինքզինք «անվախ» կը նկատէ, ամենէն աւելի «վախ»ի զգացումին պէտքը ունի։
Եկէ՛ք, այսօր, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, «վախ»ը անգամ մըն ալ ուսումնասիրենք Տ. Եսայի Քահանայ Արթէնեանի հետագայ իմաստալից քարոզին խօսքերով։ Ուստի մեծ հաճոյքով կը ներկայացնենք Եսայի Քահանայի քարոզը՝ «վախ» եւ «երկիւղ»ի մասին։
«Չկա՛յ մարդ, որ վախ չունենայ. բոլորն ալ բանէ մը կը վախնան։ Յաճախ վախի հետեւանքով պատրանքն ու իրականութիւնը իրար կը խառնուին, երբ վախի ազդեցութեան տակ մարդ չի կրնար զատել զանոնք իրարմէ։
«Վախը մարդկային հոգիին տկարութեան դրսեւորումն է։ Հոգիի տկարութիւն, ըսելով կը հասկնանք մարդու խոցելիութիւնը (=թուլութիւնը կամ պաշտպանուելու մասին տկարութիւնը), վիրաւորանքը եւ թերահաւատութիւնը (=տարակուսանքը, անվստահութիւնը, կասկածոտ վիճակը)։ Ուստի թերահաւատ, կասկածոտ մարդը չի՛ կրնար դիմակալել, դէմ դնել չարին փորձութիւններուն։ Արդարեւ, հոգեբաններ կ՚ըսեն, որ վախը մարդու ինքնապաշտպանութեան բնազդն է։
«Անշուշտ սխալ ձեւակերպում չէ այս բացատրութիւնը. վախը նաեւ բնական դրսեւորում է, եւ անոր նպատակը ինքնապաշտպանութի՛ւնն է։
«Մարդկային վախերը տարբեր են այնպէս՝ ինչպէս տարբեր են մարդիկ։
«Գոյութիւն ունի բնական եւ անբնական վախ։
«Պարզ ու յստակ է, որ բնական վախը կապուած է ուղղակի երեւոյթներու եւ իրականութեան հետ. բարձրութիւններէն, ջուրէն եւ զանազան ուրիշ երեւոյթներէ վախը՝ անոր յստակ օրինակն է։ Իսկ անբնական վախը աւելի խորհրդազգած (=mystique) երեւոյթ մըն է մարդկային կեանքին մէջ. մահուընէ, մարդկային զանազան շփումներէ, յարաբերութիւններէ, ուրուականներէ (= ցնորական երեւոյթ, ոգի), չար հոգիներէ, ի վերջոյ, Աստուծմէ վախը նոյնպէս -օրինաչափ- (=բնականոն, բոլորէն ընդունուած օրէնք, օրինական) երեւոյթ է շա՜տ մարդոց կեանքին մէջ։
«Կրօնքը եւ հաւատքը այն եզակի ճանապարհներն են, որով կարելի է ազատիլ վախերէ։ Եթէ բնական վախի դէմ կարելի է պայքարիլ հոգեբանական վարժութիւններու միջոցով, ապա անբնական վախի դէմ պայքարելու ատեն, մարդուն, կրնան օգնել միա՛յն կրօնական գիտելիքներն ու հաւատքը։ Այս իմաստով, հետաքրքիր է դիտարկել քրիստոնէութեան ու հեթանոսութեան տարբերութիւնը։
«Արդարեւ հեթանոսութեան մէջ (հեթանոսութիւն=կռապաշտութիւն, բարբարոս վիճակ, անհաւատ) վախը մարդոց կը ստիպէր պաշտել բնական երեւոյթները, աստուածացնել զանոնք, հետեւաբար դառնալ սնոտիապա՛շտ։ Իսկ քրիստոնէութեան մէջ մարդս կ՚ազատի վախի զգացումներէն։ Հնարաւոր է, որ քրիստոնեաներ ալ վախնան, ի՛նչ որ բնական է, զոր օրինակ՝ դժոխքէն վախնալ, այդ պատճառով կը մկրտուին, կ՚ապաշխարեն, կը խուսափին մեղքերէ եւ այլն։ Սակայն այս տեսակ դէպքերու ընթացքին մարդիկ, քրիստոնեայ կը դառնան առանց Քրիստոսի, քանի որ նման դէպքերու մէջ մարդոց համար կարեւորը Քրիստոսը չէ՛, այլ՝ դժոխք չերթալը, չպատժուիլը։ Մենք, իրականութեան մէջ կ՚ընտրենք ո՛չ թէ քրիստոնէական կրօնը, այլ՝ Քրիստո՛սը։ Ճիշդը ա՛յդ է։
«Աւետարանի ուսուցումին մէջ Քրիստոս կը պատուիրէ՝ մի՛ վախնաք, Ես եմ։ Քրիստոս հաշուէ դուրս կը դնէ, կը բացառէ վախի ամէն տեսակ դրսեւորում, բայց Աւետարանը կը սահմանէ վախի տարբեր որակներ ու դրսեւորումներ, ահաւասիկ այստեղ յառաջ կու գայ վախի եւ երկիւղի սահմանազատման անհրաժեշտութիւնը։ Քրիստոս կը սորվեցնէ չվախնա՛լ այն մարդոցմէ, որոնք մեր մարմինը կը սպաննեն, այլ վախնալ անկէ՝ որ մեր հոգին դժոխքի կրակներուն մէջ այրելու իշխանութիւն ունի։ Առաջին նայուածքէն հակասութեան կը հանդիպինք. բայց շարունակութիւնը կարդալով կը հասկնանք, որ Աւետարանը հարուստ է վախի տարբեր դրսեւորումներու սահմանումներով։
«Բնական է, երբ մարդ կը վախնայ մեղք գործելէ, բայց վատ է, գէ՛շ է, երբ ան կը վախնայ միա՛յն պատիժէն։ Բնական է նաեւ, երբ մարդ կը վախնայ դիմացինը նեղացնելէ, քանի որ դիմացինը մա՛րդ է, եւ դիմացինին մէջ կը տեսնէ -մա՛րդ-ը, բայց գէ՛շ է, երբ չի՛ նեղանար, դիմացինէն վախնալով՝ որ դիմացինը աւելի՛ ուժեղ է եւ կը պատժէ զինք։ Ահաւասիկ այս կը նշանակէ շարժիլ՝ երկու չափ ու երկու կշիռով, որ կը նշանակէ՝ անկեղծ չըլլա՛լ։
«Ահեղ Դատաստանը, յաճախ կը պատկերացնենք սարսափելի՜ արհաւիրքներով, դժոխքի կրակներով ու դաժան պատիժներով լեցուն իրողութիւն մը։
«Հին քրիստոնեաներուն համար Դատաստանը ահեղ էր ո՛չ թէ դժոխքի կրակներու եւ արհաւիրքներու պատճառով, այլ ահե՛ղ էր իր պարզութեանը մէջ։ Քանի որ դատաստանի ժամանակ Աստուած մարդուս պիտի չհարցնէ իր գործած մեղքերու մասին. հարցը շատ աւելի պարզ ըլլալու է՝ անօթի մէկու մը ուտելիք տալու, կերակրելու յօժարա՞ծ է, ծարաւին ջուր տուա՞ծ է…։
«Աստուած մարդուս տուած է ամէն ինչ, մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին։ Բայց մարդս ուրացաւ, մերժեց զԱստուած՝ դաւաճանութեամբ, անհնազանդութեամբ եւ շնութեամբ, ստախօսութեամբ եւ պիղծ կեանքով։ Ուստի մարդուս հոգեւոր կեանքին համար կարեւոր է մեղքի գիտակցումը եւ ապաշխարութիւնը՝ որ հնարաւորութիւն է դրախտային երանութեան։ Իսկ դժոխքը այն է, երբ մարդս ինքզինք կը զրկէ սեփական մեղքերը շտկելու հնարաւորութիւններէ…։
«Չպատժուելու, դժոխք չերթալու վախը, մարդս աւելի կը հեռացնէ Աստուծմէ։ Իսկ Աւետարանը ցոյց կու տայ ո՛չ թէ վախի, այլ երկիւղի ճանապարհը, երբ մարդ մեղք չի գործեր, թէ անոր համար, որ Աստուած զինք չպատժէ, այլ քանի որ կը սիրէ՜ Աստուած…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 29, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024