ՍԿԶԲՈՒՆՔԷ ԶՈՒՐԿ ԸԼԼԱԼ…
Մարդ էակին համար յաճախ կ՚ըսուի, թէ անոր ամենէն յատկանշական առաւելութիւնն է իր բանականութիւնը՝ նկատմամբ բոլոր միւս ապրող էակներուն։ Ան ունի նաեւ «կամք» մը, որ կը գործածէ իր բանականութեանը շնորհիւ, եւ այս ալ կարեւոր առաւելութիւն մըն է ուրիշ էակներու բաղդատմամբ։ Եւ մարդ կը խորհի, կը դատէ, կը խօսի եւ վերջապէս այս ուղղութեամբ կը գործէ, կը շարժի միշտ ըստ իր որոշումներուն եւ իր կամքը կը գործադրէ բանականութեամբ։
Մարդ չի՛ գործեր եւ չի՛ շարժիր բնազդաբար։
Բայց կարելի է որ իր դատողութիւնը սխալ ճամբու առաջնորդէ մարդս եւ ընդհանուր առմամբ անիրաւ որոշումներ առնէ եւ կամ ճիշդ ըլլայ իր դատողութիւնը եւ ուղիղ որոշումներ առնելու առաջնորդէ զինք։ Արդարեւ, եթէ «դատողութիւն» կայ, կա՛յ նաեւ սխալանք, կա՛յ նաեւ տարօրինակ որոշում։ Բայց երբ կայ դատողութիւն, պէտք է ըլլայ նաեւ «սկզբո՛ւնք»։
Այսպէս, սկզբունքի մը շուրջ կարելի է եւ «հաճելի՛»՝ երիտասարդ կամ տարիքոտ, ուսումնական կամ անուս, ժամերով բանակցին, համոլումներու փոխանակութիւն ունենան եւ մինչեւ իսկ որոշումի մը հասնին եւ համաձայնութեան հիանալի՜ օրինակ մը տան։
Ուստի այս համաձայնութեան ամենակարեւոր պատճառն է՝ սկզբունքի մը ներկայութիւնը, սկզբունքի մը գոյութիւնը՝ ինչպէս աննշան եւ չնչին, նո՛յնպէս եւ կարեւոր եւ յայտնի նիւթերու նկատմամբ։ Սկզբունք եւ կարծիք յայտնել ու պաշտպանել, գաղափար տալ եւ ընդունիլ, խնդալ եւ ուրախանալ, նաեւ դատել, տրամաբանել ամէն հարցի վրայ ազատօրէն՝ ընդունիլ, ի՛նչ որ միտքը կ՚ընդունի եւ մերժե՛լ՝ ինչ որ միտքը կը մերժէ։
Մարդուս թէ՛ միտքը եւ սիրտը եւ թէ՛ աչքը եւ ականջը նորութիւնը եւ փոփոխութիւնը կը սիրէ եւ այս կարողութիւնները միաձեւ առարկաներով առանց ձանձրութեան անընդհատ գործածելը եւ զբաղիլը շատ քիչ անգամ կը տեսնուի։
Ուրիշ խօսքով՝ կը ձգտի նորութիւններու եւ փոփոխութիւններու, բայց անոնք իրագործելու համար երբեմն ո՛չինչ կ՚ընէ, կը խորհի, կը խօսի բայց քիչ կը գործէ։ Մարդկային բնութեան ընդհանուր տկարութիւն մը, թերութիւն մըն է ասիկա։ Ուստի, սիրտը մի եւ նոյն առարկայի նկատմամբ տեւապէս մի եւ նոյն զգացումը չի կրնար ունենալ. միտքը մի եւ նոյն մտածութեամբ, աչքը մի եւ նոյն առարկային տեսութեամբը եւ ականջը մի եւ նոյն ձայնը լսելով չի կրնար շարունակ ժամանակ անցընել։
Մարդիկ երբ յարմար միջավայրը գտնեն՝ հաճոյք կը զգան եւ կը սկսին խորհրդածել ու խօսակցիլ զանազան նիւթերու վրայ։ Մինչ «կարեւոր» հարցեր կը սկսին հետզհետէ յուզել եւ վիճիլ բնական մղումով մը։ Բայց երբեմն այդ «յարմար միջավայր»ին մէջ կրնան գտնուիլ նաեւ սկզբունքէ եւ գիտակցութենէ զուրկ «անյարմար անձեր» նաեւ։
Վտանգէ մը չվնասուելու ամենէն կարճ եւ ազդու ճամբան՝ վնաս պատճառելու հաւանականութիւնը զօրաւոր «վտանգ»էն հեռանա՛լն է։
Մարդ որքան հեռու մնայ «վտանգ»էն, այնքան քիչ կը վնասուի, քիչ կը վիրաւորուի։
Միջավայրի մը մէջ՝ ընկերութեան մը մէջ, խորհրդակցութեան, խօսակցութեան եւ կարծիքներու փոխանակման ատեն «վտանգ»ը այն է՝ որ սկզբունքէ զուրկ մէկն է. այն որ «գաղափար»ի գիտակցութիւնէ զուրկ է, այն որ չի գիտեր իր չափը եւ կշիռը, այն որ «ինքզինք ամենագէտ համարելու դժբախտ նախապաշարումին գերի»ն է դարձած եւ պատրաստ է ամէն կարծիք մերժելու։ Ահաւասիկ ասիկա ամենամեծ վտա՛նգն է համախոհութեան, համաձայնութեան, հասարակաց երջանկութեան, հասարակաց զօրութեան եւ հետեւաբար հասարակաց բարիքին եւ օգտին։ Եւ այս պարագային, ընտրելի է տարբեր նիւթի մը մասին խօսիլ քան թէ՝ սկզբունքէ զուրկ, նախապաշարուած եւ կանխակալ «վտանգ»ի մը հետ վիճիլ։ Ուստի այդպիսի վէճ մը՝ «հոսանքի դէմ թիավարել» կը նշանակէ՝ պատերուն խօսիլ եւ անոնց արձագանգը միայն լսել։
Անիմաստ եւ ապարդիւն զբաղում մը, ժամանակի վատնում մըն է սկզբունքէ զուրկ՝ նախապաշարուած եւ կանխակալ անձերու հետ վիճիլ, կարծիք յայտնել անոնց՝ որ «հասարակաց վտանգ»ներ են եւ որեւէ կերպով կրնան վնաս պատճառել ընկերութեան։ Այո՛, փափաքելի է սրտագին՝ ո՛չ իսկ վանկ մը, բառ մը արտասանել այդպիսի անձի մը առջեւ, որեւէ նիւթի մը նկատմամբ, քանի որ անիկա միա՛յն «կատակերգութեան» մը արժէքը կրնայ ներկայացնել, որուն դերակատարը՝ իր ամբողջ ոգիովը եւ ընթացքովը արդէն կանխաւ դիտուած, քննուած, հասկցուած եւ միշտ ժպտելու պայմանաւորուած է մարդ։ Կարծեցեալ անկողմնակալ, կամ լա՛ւ է ըսել, յետադիմութեան գաղտնի հետեւորդ մը միշտ կրնայ գտնուիլ մարդուս «յարմար միջավայր» կարծած հաւաքոյթներուն մէջ։ Բնական է ասիկա, քանի որ ցորենի արտերու մէջ միշտ կը բուսնին նաեւ անբաղձալի վնասակար բոյսեր՝ որոմի հասկեր։
Անշուշտ «հեռու մնալ», հեռանալ լուծում մըն է, բայց լուծում մըն է նաեւ՝ վտանգին դէմ պայքարիլ, որքան ալ դժուար ըլլայ անիկա։ Եւ ի՜նչ զզուելի, անտանելի վիճակ է՝ խօսք չհասկցողին, չհասկնալու համար յամառողին, անտեղիտալիօրէն պնդող մէկու մը կարծիք մը յայտնել, կարծիքը պաշտպանել եւ վիճիլ։ Բայց քիչ բան գիտցողը՝ կը կարծէ, թէ իր քիչ գիտցածը ամէն ինչ է՝ ամբողջ գիտութիւնն է։ Ան կը նմանի ջրհորին յատակը գտնուող այն խե՜ղճ գորտին՝ որ ամբողջ տիեզերքը կը կարծէ թէ՝ վերը, ջրհորին բացուածքէն տեսածին չափ է։ Կարճամիտ եւ կարճատես մարդն ալ կը նմանի այդ գորտին, որ կը կարծէ, թէ իր գիտցածը ամէն ինչ է, ամբողջ գիտութիւնն է եւ անմտօրէն, անխորհուրդ կերպով կը յամառի ամէն նորութեան, ամէն փոփոխութեան եւ մանաւա՛նդ ճշմարտութեան դէմ։ Եւ դժբախտաբար, յետադիմութեան, խաւարապաշտութեան յաղթութիւնը այսպէս կը սկսի. ակներեւ կ՚ապացուցուի, թէ՝ իրաւունքը կեղծիք մըն է՝ պարտք, պարտականութիւն, պատասխանատուութիւն, բոլոր այդ արժէքները՝ պարզ բառեր միայն, արդարութիւնը անըմբռնելի վերացականութիւն մը եւ յառաջդիմութիւնն ու լուսաւորութիւնը՝ նորոգումը եւ բարեփոխութիւնը՝ կրակոտ երեւակայութիւններու խաբուսիկ սնունդ տուող ուրուական մը՝ ստուեր մը։ Այո՛, խաւարամտութիւնը, յետադիմութիւնը՝ մութ միտքը իր սնունդը կը ստանայ նախապաշարումներէ, կանխակալութիւններէ եւ տգէտ, անգիտակից, կարծեցեալ «գիտուն»ներու խորհուրդներէն, խօսքերէն եւ գործերէն։ Եւ այս իսկ պատճառով՝ պայքարիլ ամէն տեսակ նախապաշարումներու դէմ՝ հասարակաց խաղաղութեան եւ երջանկութեան նախապայմա՛նն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 7, 2017, Իսթանպուլ