ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ պահքի շրջանի հինգերորդ Կիրակին կը կոչուի «Դատաւորի Կիրակի», անիրաւ դատաւորի եւ այրի կնոջ առակին. (ՂՈՒԿ. ԺԸ 2-5) աւետարանական հատուածին հետեւողութեա՛մբ։ Այս առակը, ըստ էութեան, մեր ուշադրութեան կը յանձնէ «յարատեւութեան» կարեւորութիւնը՝ նպատակի մը հասնելու գործին մէջ։ Եւ երբ կը խօսուի յարատեւութեան մասին, կ՚արժէ յիշել այն բնական իրողութիւնը, թէ՛ ժայռի վրայ թափուած ջուրին ո՛չ թէ քանակը, այլ կաթիլներուն տեւականութիւնը եւ յարատեւութիւնն է, որ խոռոչներ կը բանան եւ կը ծակեն զայն։

 Արդարեւ, «Անիրաւ դատաւորի եւ այրի կնոջ» առակին մէջ ալ, յարատեւութեան կարեւորութիւնը ցոյց կը տրուի եւ աղօթքի մէջ ալ յարատեւութեան անհրաժեշտութիւնը կը մատնանշուի։

Ուստի մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ ալ յարատեւութիւնը դրական դեր կը խաղայ։ Բայց պէտք է զանազանել՝ միօրինակ եւ ձանձրացուցիչ կրկնութիւնը յարատեւութենէն, ինչ որ իմաստութիւն եւ հմտութիւն կը պահանջէ։ Յարատեւութիւնը ժամանակի մէջ, պատշաճ կերպով հաստատակամ եւ հաստատամիտ վարուիլ կը նշանակէ եւ տեւականութիւն, շարժում կ՚ենթադրէ։

Մինչդեռ միօրինակ կրկնութիւնը ամլութիւն, անշարժութիւն կը նշանակէ, ինչ որ բացասական, ժխտական վիճակ մը կը ստեղծէ։

Ստեփանոս Սիւնեցի, իր «Չորս Աւետարաններու համառօտ մեկնութիւնը» գիրքին մէջ սապէս կը մեկնաբանէ Անիրաւ Դատաւորի առակը։

«Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կը գտնուէր, ան չէր վախնար Աստուծմէ եւ չէր ա-մըչնար մարդոցմէ։

«Նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մը կար, որ կու գար դատաւորին մօտ եւ կը խնդրէր իրմէ.- Իմ հակառակորդիս դէմ իմ դատս տես։

«Իսկ դատաւորը երկար ժամանակ անպատասխան կը թողուր խեղճ կինը։ Բայց ատեն մը վերջ, դատաւորը ինքն իրեն ըսաւ.- Թէեւ Աստուծմէ չե՛մ վախնար եւ մարդոցմէ ալ չե՛մ ամչնար, սակայն, որովհետեւ այրի կինը զիս կը ձանձրացնէ եւ կը նեղէ, կը յոգնեցնէ, որպէսզի անընդհատ չգայ եւ զիս չանհանգստացնէ, անոր դատը տեսնեմ։

«Ոմանք սխալմամբ Քրիստոսին կը վերագրեն այս առակը, քանի որ որպէս Աստուած, Աստուծմէ չ՚երկնչիր եւ մարդոցմէ չ՚ամչնար, որովհետեւ անարգ ո՛չինչ կ՚ընէ՝ վախնալու կամ ամչնալու որեւէ պատճառ չունի՛։

«Արդ, եթէ Քրիստոս Արդարութեան Դատաւորն է, ուրեմն Անոր պէտք չէ՛ վերագրել անիրաւ դատաւորի մասին խօսքը։ Ուրեմն, այս առակին մէջ պէտք է հասկնալ, թէ՝ մէկը անիրաւ դատաւորն է, իսկ միւսը՝ այրի կնոջ հակառակորդը, որ անիրաւ դատաւորի իշխանութեան տակ է. քանի որ չարերու մէջ ալ կարելի է, որ մէկը իշխէ, իսկ միւսը՝ ենթարկուի, ինչպէս եւ Բէեղզեբուղը դեւրերու իշխան կոչուեցաւ։

«Ուրեմն, անիրաւ դատաւորը չվախցաւ Աստուծմէ, որովհետեւ Անոր  Որդին մատնեց խաչելու, իսկ Անոր մարգարէները եւ  առաքեալները՝ սպաննելու, եւ մինչեւ աւելի վերջի շրջաններ, քրիստոնեաներ հալածանքներու ենթարկուեցան Աստուծոյ թոյլտուութեամբ։ Ուստի, անիրաւ դատաւորը ամբարտաւան եւ անբարեհաճ դատաւոր է, եւ մարդոցմէ ալ չ՚ամչնար՝ արհամարհելով մարդկային ցեղը։

«Իսկ քաղաքի մէջ բնակող այրի կինը մարդու հոգին է՝ այրիացած Քրիստոսէ, քանի որ Ան Եկեղեցիին Փեսա՛ն է, աննիւթական եկեղեցի կազմող բոլոր հոգիները։ Այրի կինը Քրիստոսին թողած՝ կ՚ապաւինէր անիրաւ դատաւորին՝ հալածուելով հակառակորդէն՝ դեւէն, սատանայէն, իրաւունք կը խնդրէր ուրիշ մէկ դեւէն, որպէսզի ձերբազատուի հակառակորդին բռնութենէն։

«Այս հակառակորդը՝ ոսոխը կա՛մ դեւ էր, կա՛մ ալ սատանային հնազանդած, հպատակած մարդ։ Իսկ անիրաւ դատաւորը, այրի կնոջմէ ձանձրանալով, անհանգստանալով եւ յոգնելով այլեւս, պատասխանեց անոր եւ կատարեց ի՛նչ որ կը խնդրէր։

«Այս առակը կը խրատէ, որ պէ՛տք է անձանձրոյթ եւ յարատեւ աղօթել Աստուծոյ։ Քանի որ եթէ անիրաւ դատաւորը այրի կնոջ տեւապէս եւ յարատեւ յաճախելուն եւ թախանձելուն, սաստիկ աղաչելուն պատճառով անոր պատասխանեց եւ դատը տեսաւ, ապա Քրիստոս՝ արդարութեան Արեգակը եւ Դատաւորը, ո՛րչափ առաւել պիտի լսէ անոնց աղաչանքները եւ պաղատանքները՝ որոնք ամէն օր առանց ձանձրանալու, յարատեւ աղօթքներով կը դիմեն Իրեն»։

Երբ ուշադրութեամբ կը հետեւինք Ստեփանոս Սիւնեցիի մեկնաբանութեան, սա տողերը, թէ. «…հալածուելով հակառակորդէն՝ դեւէն, իրաւունք կը խնդրէր ուրիշ դեւէ մը…», մեզ կը յիշեցնէ ծանօթ առած մը, որ կ՚ըսէ.- Այն որ ծովը՝ խեղդուելու վտանգին մէջ է, օձին կը փաթթուի եւ օգնութիւն կը յուսայ։ Այրի կինն ալ, իր հակառակորդէն փրկուելու համար ուրիշ հակառակորդէ մը՝ անիրաւ դատաւորէ մը օգնութիւն կը խնդրէր։

Եւ այս առակին մէջ ալ, ինչպէս անիրաւ տնտեսի առակին մէջ, աշխարհային յաճախադէպ օրինակէ մը օգտուելով դրական եւ շինիչ պատուէր մը, դաս մը կը տրուի։ Թերեւս ըսել կ՚ուզուի, որ յարատեւ աղերսներով «անիրաւ» մը իսկ երբ դարձի կու գայ, հապա «արդար»ը անշուշտ որ պիտի պատասխանէ խնդրանքներուն, արդար դիմումներուն։ Եթէ անպարտաճանաչ, խղճմը-տանքէ, ամօթէ զուրկ, ինքնամոլ, ինքնահաւան, կաշառակործ, անիրաւ «պաշտօնեայ» մը, ո՛չ թէ արդարութեան, այլ նոյնիսկ անձնասիրութեան, իր հանգիստը ապահովելու պատճառով կը ստիպուի կատարել իր պաշտօնը, ո՛րչափ եւս առաւել Աստուած, բոլորին Հայրը՝ նոյն ինքն Արդարութիւնը, Բարութիւնը, Սէրը, պիտի կատարէ յարատեւ աղօթողներուն արդա՛ր խնդրանքը։

Ուստի այս իմաստով, աղօթքը «ձեւական պարտաւորութիւն» մը նկատել բոլորովին սխա՛լ է։ Աղօթքը հոգեկան կրթութեան, հոգեկան ազնիւ վարժութիւններու ուղղակի՛ հետեւանքն է։ Հոգեկան առողջ եւ լա՛ւ մարզուած վիճակի մը ուղիղ հետեւանքն է աղօթքը։ Աղօթքը՝ հաստատամիտ մարդու մը անկեղծ արտայայտութիւնն է Աստուծոյ, եւ եթէ մարդ հաստատամիտ է՝ կը յարատեւէ, իր ընթացքին մէջ հաստատ կը մնայ եւ կը գիտակցի իր խօսքին եւ գործին։ Աղօթքը պարզ ձեւակերպութիւն մը չէ, այլ ամուր նկարագրի մը հոգեվիճակը՝ ամէն մէկ պահը գիտակցութեամբ ապրուած իրողութիւն մը՝ խորապէս զգալով Աստուծոյ ներկայութիւնը…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 3, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 10, 2018