ՄՏՔԻ ԱՉՔՈՎ ՏԵՍՆԵԼ

Երբեմն մարդ կը նայի որեւէ երեւոյթի մը, բայց իր տեսածով յատկանշական հմայքին բացատրութիւնը չի կրնար տալ, եւ «խորհիլ» կը սկսի, ի՛նչ որ «մտքի աչք»ով նայիլ եւ տեսնել պիտի նշանակէ։ Արդարեւ, յայտնի իրողութիւն է, թէ «նայիլ», «տեսնել», «հասկնալ» եւ «բացատրել» բոլորովին տարբեր բաներ են։

Մարդ կը նայի «մարմնական աչք»ով եւ կրնայ չտեսնել այն՝ ի՛նչ որ պիտի կարենար տեսնել «մտքի աչք»ով։ Մարդ կրնայ «հասկնալ» իրողութիւն մը, բայց կարելի է, որ չկարենայ բացատրել զայն կատարեալ կերպով։

Ուստի «հասկնալ» եւ «բացատրել» տարբեր բաներ են, որոնք յաճախ կարելի է շփոթել եւ կարծել, որ կը բացատրուի այն՝ ինչ որ հասկցուած է, բայց մարդ կրնայ բացատրել միայն այնքանը՝ որքան հասկցած է իրապէ՛ս։

Արդարեւ, մարդիկ կը տեսնեն իրականութիւնը, բայց չեն կրնար հասկնալ ճշմարտութիւնը։ Ճշմարտութիւնը հասկնալու համար պէտք է իրականութեան նայիլ եւ զայն տեսնել «մտքի՛ աչք»ով։

Զոր օրինակ, ծաղիկը ունի քաշողական հմայնք մը, որ միայն իրեն յատկանշական ըլլալ կը թուի։ Մարդ, անոր այդ իւրայատուկ եւ յատկանշական հմայքը տեսնելով՝ միտքը կը զբաղեցնէ, որ բացատրութիւն մը գտնէ, իմաստ մը գտնէ այդ հմայքին մէջ։

Արդարեւ ծաղիկին այդ իւրայատուկ եւ յատկանշական հմայքը հրա՜շք մըն է ինքնին։ Ինչո՞ւ ուրիշ որեւէ բան չունի այդ հմայքը, եւ ծաղիկը ունի։ Մարդ եթէ խորհի, իսկապէս «խորհուրդ» մը կը գտնէ այդ երեւոյթին մէջ։ Մարդ կը նայի, եւ կը նայի օրերով, բայց իր «տեսած»ին մէջ չի գտներ գոհացուցիչ բացատրութիւն մը. չի հասկնար եւ չի կրնար բացատրել այդ խորհուրդը. ինչո՞ւ ծաղիկը…։

Ծաղիկը ամենաշնորհալի տունկերու դասէն է բնութեան մէջ։ Բայց եթէ չըլլար մարդ էակը, ծաղիկին այդ շնորհալի երեւոյթը որո՞ւ պիտի յայտնուէր, եւ կամ եթէ չըլլար մարդ էակը, ծաղիկին այդ շնորհալի վիճակը պիտի ըլլա՞ր եւ եթէ ըլլար, ո՞վ պիտի գնահատէր զայն…։ Ուստի արժէք գիտնալու, գնահատուելու համար երկու կողմ պէտք է. գնահատուելու արժանի կողմը եւ գնահատող կողմ մը։ Գնահատելին կարօտ է գնահատողի մը՝ որ մա՛րդն է, քանի որ մարդը միայն կրնայ զանազանել իրականութիւնը եւ ճշմարտութիւնը, քանի որ ան միայն ունի «մտքի աչք»ով նայելու եւ ճշմարտութիւնը տեսնելո՛ւ կարողութիւն։

Ծաղիկին այդ քաշողական հմայքին պատճառը «գեղեցկութեան» գաղափարն է. գեղեցկութիւնը ըստ ինքեան քաշողական ո՛ւժ ունի. որեւէ գեղեցկութիւն, որեւէ տեսակ գեղեցկութիւն՝ բնական, արուեստական, դիմագծային ունին իրենց իւրայատուկ քաշողականութիւնը։ Եւ ուրեմն եթէ «գեղեցիկ» է զոր օրինակ, պարզ քար մը՝ ան ալ ծաղիկի մը չափ քաշողական ուժ կրնայ ունենալ։ Ասիկա, անշուշտ կախում ունի «նայիլ» գիտցող աչքէ՝ որ միայն մարդը ունի…։

Արդարեւ, չէ՞ք հանդիպած մարդոց, որոնց դիմագիծը գեղեցկագիտօրէն տգե՛ղ է, բայց շնորհազարդուած են սիրազեղ սրտի մը եւ ազնուականութեամբ լեցուն նկարագրի մը արտացոլումովը։ Եւ սիրազեղ սիրտը, ազնուական նկարագիրը կարելի է տեսնել միայն «մտքի աչք»ով նայելով։ Մարմնական աչքը չի կրնար տեսնել այն՝ որ կը տեսնէ «մտքի աչք»ը…։ Ահաւասիկ, այն՝ ինչ որ կը զանազանուի իրականութեան եւ ճշմարտութեան մէջ։ Արդարեւ, պարզ նայւածքը մարդուս ցոյց կու տայ միայն ճշմարտութեան ստուերը, որ տեսնուած իրականութիւնն է եւ ո՛չ՝ ճշմարտութիւնը։

Զոր օրինակ, Յիսուս Քրիստոս. «Ես որթն եմ, եւ դուք ճիւղերն էք», ըսաւ։ Բնաւ խորհելու առիթ ունեցա՞ծ էք, թէ ինչո՛ւ համար Տէրը իր կեանքին նմանութեան եզրը ըրաւ որթատունկը՝ նախընտրաբար։

Անշուշտ բանաւոր պատճառ մը ունէր։

Այս նախընտրութիւնը գիտակից, մտածուած, բանաւոր նախընտրութիւն մըն էր եւ ոչ թէ քմահաճ կամ պատահական նախընտրութիւն մը։ Ան ընտրեց «որթատունկ»ը եւ զայն ըրաւ իր անձնաւորութեան եւ կեանքին ամենէն պատշաճ խորհրդանիշը, կամ, սահմանաւոր իմաստով մը՝ «զինանշա՛ն»ը։ (ՅՈՎՀ. ԺԵ 1-17)։ Որովհետեւ, որթատունկը՝ իր կեանքովը՝ գերազանցապէս կը բացատրէ, կը լուսաբանէ Յիսուսի ամբողջ կեանքը։

Եւ եթէ Յիսուս նշմարած չըլլար այդ «նմանութիւն»ը իր կեանքին եւ որթատունկին կեանքին միջեւ՝ որթատունկին խօսքը պիտի չընէր։

Ի՞նչ է սակայն որթատունկին կեանքը՝ որ նմանութիւն ունի Յիսուսի կեանքին հետ։

Որթատունկը ուրիշ վայրի բոյսերու նման ազատութիւն չունի։ Որթատունկը իր «կապանք»ներուն մէջ կեանք կը գտնէ, եւ այս կապանքները, առեղծուածօրէն ինչպէս «բարոյական մարդ»ուն, կամ ընդհանրապէս «բարոյական մարզ»ին մէջ գեղեցկութիւնը կ՚աւելցնեն։

Արդարեւ, որթատունկին նրբին բազուկները կերպով մը «ազատութիւն» կը փնտռեն՝ անգութ դանակի մը հարուածով կը կտրուին, ուրիշ խօսքով կը զսպուին, բարեկարգութեան կը հրաւիրուին… Բայց որթատունկը՝ մունջ գառնուկի մը պէս, չի բողոքեր, չի կասեցներ իր աճումը, եւ կը շարունակէ իր աւիշովը սնուցանել «արիւնած բազուկ»ները, որպէսզի իրենց աշխատանքը շարունակեն եւ պտուղ յառաջ բերեն։

Ամէն հարուած սիրով ե՛ւ համբերութեամբ կ՚ընդունի որթատունկը եւ զանոնք «բարիի գործակից» կ՚ընէ, եւ իր ստեղծագործ կեանքը կը պահէ, եւ իր նպատակին քաջաբար կը հետեւի։

Փոխաբերական եւ նուիրական բացատրութիւններով. «իր արիւնով կեա՛նք կու տայ» եւ կամ «ինքզինք զոհելով ուրիշները կը պահպանէ»։ Եւ իր փառքէն անգամ մըն ալ «կը մերկացուի» երբ խաղողի ողկոյզները կը քաշուին։ Խե՜ղճ որթատունկը կը մնայ «առանց կերպարանքի որ շնորհ ունենայ», միայնակ, լքուած, անմխիթար, անդամահատուած, որպէս չոր փայտ մը նման խաչին, որ Յիսուսի սուրբ մարմինը կրեց Գողգոթայի գագաթը։

Որթատունկն ալ սիրոյ զո՛հ մը կ՚ըլլայ. կու տայ ի՛նչ որ ունի մեծ երկունքով, կու տայ իր կեանքին ամբողջութիւնը անխնայ, որպէսզի մարդիկ սնունդ առնեն, ուրախանան, ապրի՛ն։

Լքուած եւ մոռցուած որթատունկը դառնութիւն չի կրեր բնաւ անոնց դէմ՝ որոնք կապեցին, կտրեցին զինք եւ իր պտուղները ժողվեցին տարին։ Ան կը տխրի միայն, բայց իր երեւութական մեռելութեան մէջ կառչա՛ծ կը մնայ վերակենդանութեան՝ յարութեան յոյսին։ Ան կը տոկայ իր «մերկութեան» եւ «առանձնութեան», ձմրան փուքին եւ ցուրտին, մինչեւ որ գարուն գայ եւ արեւուն տաքուկ փայփայանքին տակ արթննայ, վերստին կեա՛նք ստանայ, դուրս գայ իր «մեռելական գերեզման»էն, եւ անգամ մըն ալ տայ իր սիրոյն եւ զոհողութեան թարմ պտուղը։

Այս տեսանկիւնէն նայինք որթատունկին կենսատու սիրոյն։ Տալով՝ չ՚աղքատանար ան՝ այլ յաւէտ կը հարստանայ։ Այդ է սիրոյ առեղծուածը, սիրելով կ՚աճի, կ՚ուռճանայ սէրը։ Տալը սէ՛ր է, սէրը տալո՛վ կը փաստէ իր էութիւնը…։

Ուրեմն որթատունկը ինչո՞ւ արժանի չըլլայ Քրիստոսի կեանքին յուշարարը, ուստի եւ խորհրդանիշը ըլլալու աւելի քան որեւէ ուրիշ տունկ կամ ծառ…։

Որթատունկին եւ Յիսուսի կեանքերուն միջեւ նմանողութիւնը իրապէս նշանակալից է։ Յիսուսի կեանքին մէկ պատկերը կը ցոլանայ որթանտունկին մէջ։

«Ես եմ որթը…»։ Անպատկա՞ռ կ՚ըլլայ արդեօք սա այգիին որթատունկներուն վրայ նայիլ իբրեւ եղբայրները Յիսուսի, իբրեւ եղբայրակիցները Յիսուսի իր չարչարանքներուն մէջ՝ իր խաչին վրայ…։

«Եւ դուք ճիւղերն էք…»։

Բայց, խորհինք, «ե՞նք» մենք ալ որթատունկին պէս Անոր եղբայրակիցները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 8, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020