ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մեծ պահքի ներկայ շրջանին մանաւանդ՝ առաքինութիւններու մասին մտածել մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Մինչ, խոնարհութիւնը բոլոր առաքինութիւնները կը կանխէ, բայց ցաւալի է, որ ամենէն աւելի ան կը պակսի մեզմէ դժբախտաբա՛ր։ Արդարեւ, փառասիրութիւնը՝ մեծամտութիւնը, ինքնահաւան եւ յաւակնոտ ոգին բոլոր մոլութիւններուն եւ ախտերուն մա՛յրն է։

Առաքինութիւններու գագաթը կը գտնուի սէ՛րը։

Ասոր փոխարէն՝ մոլութիւններու եւ ախտերու գլուխը կը գտնուի ինքզինք արդարացնելը, այսինքն՝ ինքզինք միշտ իրաւացի եւ անմեղ կարծելը, աւելին՝ այդպէս ցոյց տալը շուրջիններուն։

Աստուծոյ երկիւղը կը սրբէ, կը ջնջէ բոլոր մեղքերը։ Եւ արդէն ան՝ որ Աստուծոյ երկիւղը կը կրէ իր հոգւոյն մէջ, հեռու մնալ կը ջանայ մեղքէ եւ կը ձգտի բարութեան։ Անձը պահպանող առաքինութիւններն են՝ ողորմութիւն առանց խտրութեան, չբարկանալ, համբերել եւ մոռացութենէ զգուշանալ։ Այս առաքինութիւնները միշտ պէտք են մարդուն։ Ուրիշները չդատել՝ վէճի մը ատեն կարենալ խոստովանիլ, թէ կրնայ ի՛նք սխալած ըլլալ եւ դիմացինը իրաւունք ունենալ իր տեսակէտին մէջ։

Աստուած մարդը ստեղծած է եւ դրած՝ դրախտի բարութեան մէջ։ Երբ անհնազանդ գտնուեցաւ Ադամ եւ խաբեց զԻնք, Աստուած վտարեց զայն դրախտէն եւ այն ատեն ան ստացաւ բոլոր ախտերը եւ իսկոյն ինկաւ իր փառքէն, որպէսզի ան հասկնայ եւ գիտնայ, թէ կան ախտեր, նեղութիւններ, որոնք զինք կը հեռացնեն Աստուծմէ եւ որպէսզի աղօթէ բարերար, ամենակարող, ամենատես Աստուծոյ՝ որ օգնէ իրեն եւ յետոյ ինք իրմէ մաքրել բոլոր ախտերը։

Ահաւասի՛կ, մարդուն մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր ցաւերը, բոլոր ախտերը՝ որոնք յառաջ կու գան խոնարհութեան պակասէն, զինք կը հեռացնեն Աստուծմէ։

Երանի՜ անոնց, որոնք իրենք զիրենք կը սրբեն հոգեւոր եւ մարմնաւոր բոլոր ախտերէն եւ պղծութիւններէն, եւ այն երանի՜ները անոնք են՝ խոնարհութիւն, համեստութիւն, պարզութիւն, իսկ երանելիները՝ խոնարհներ, համեստներ եւ յստակամիտներ, ճշմարտախօսնե՛ր։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը լսէ այն ձայնը՝ որ կ՚ըսէ.- Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, քանի քիչի մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, շատին քեզի պատասխանատու պիտի կարգեմ. եկո՛ւր եւ մասնակից եղիր Տիրոջ ուրախութեան. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 21)։

Իսկ անոնք, որոնք իրենց մարմինին կամքը կ՚ուզեն կատարել եւ չեն փափաքիր առաքինի ըլլալ՝ խոնարհ եւ համեստ, եւ չեն ուզեր հնազանդիլ պատուիրաններուն, անտարբեր մնալ ճշմարտութիւններուն՝ իրենց կեանքի սկզբունքը կ՚ընդունին։ Այդպիսիները փոխել եթէ ոչ անկարելի, բայց դժուար է։

Ինքնահաւանութեան, մեծամտութեան եւ յաւակնոտ ոգիին հետեւանքն է նախանձը, մարդահաճութիւնը, արհամարհանքը, անձնահաճութիւնը, մինչեւ իսկ անհաւատութիւնը եւ անաստուածութիւնը, քանի որ ինքնահաւան եւ մեծամիտ մարդը իրմէ զատ ոչ մէկու կը հաւանի, ո՛չ խիղճ ունի եւ ոչ ալ գութ. ան ինքնակեդրոն է եւ կը կարծէ, թէ աշխարհ իր շուրջ կը դառնայ։

Այս իմաստով, ինքնահաւան մարդը փառատենչ է եւ փառասէր։ Ի՞նչ է փառքը. անզգամութիւն, աշխարհը եւ աշխարհայինը սիրել, մարդոց մէջ «անուանի» եւ «երեւելի» ըլլալ եւ յանդգնութիւն։

Հպարտութիւնը՝ անհնազանդութիւն է, խստասրտութիւն է, ինքզինք պարտադրել եւ մի՛շտ իր կամքը կատարել է, ընկերը արհամարհել, ինքզինք «իմաստուն» եւ ամենագէտ կարծել, ինքզինք բանի մը կարօտ չհամարել՝ ինքնաբաւ եւ բաւարարուող, անկարօտ. այս բոլորը կը գործեն մարդու մէջ մինչեւ զայն Աստուծմէ բաժնելը։ Ա՛յս է, որ Ադամ իր վրայ առաւ, երբ ծառի պտուղէն կերաւ եւ մահուան ենթարկուեցաւ։

Հպարտ եւ ինքնահաւան հոգիներու սէրն ալ կը պակսի եւ անոնց ատելութիւնը կը տիրէ։

Անշուշտ, կարիքը չկայ սիրոյ մասին նոր հետազօտութիւններ եւ խորհրդածութիւններ կատարելու, քանի որ ունինք մենք Յիսուս Քրիստոսը, որպէս սիրոյ վարդապետ. «Զիրար սիրեցէ՛ք եւ եթէ զիրար սիրէք պատուիրանները կը գործադրէք». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 23)։ Արդարեւ, սէրը պատուիրաններուն գլուխն է, սէրը կեա՛նքն իսկ է։ Սէրը կը կանխէ ամէն ինչ. «Ձեր զիրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան թէ դուք իմ աշակերտներս էք, ինչպէս որ ես ձեզ սիրեցի». (ՅՈՎՀ. ԺԳ 35)։

Առանց սիրոյ ինչպէ՞ս կրնայ ողորմութիւն ըլլալ։ Եթէ մէկը սնափառութեան, ինքնահաւանութեան ախտով ի ցոյց մարդկան ընէ զայն եւ կամ եթէ նոյն մոլութեան ազդեցութեան տակ չարչարանքի ենթարկուի եւ մեռնի, այդ բոլորը օգուտ չունին։ Ինչո՞ւ կ՚ատենք փոխանակ սիրելու, հասկնալ կարելի չէ՛…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 7 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023