ՅԻՍՈՒՍԻ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԸ

Ա­ւագ Շա­բա­թը, իր ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, մե­զի ցոյց կու տայ Քրիս­տո­սի օ­րի­նա­կով, թէ կեան­քը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կե­լու, յաղ­թա­նա­կի հաս­նե­լու հա­մար պէ՛տք է անց­նիլ խիստ աշ­խա­տան­քի մը ճամ­բէն, մին­չեւ իսկ չար­չա­րանք­նե­րու մէ­ջէն։ Ուս­տի Յի­սուս իր իսկ կեան­քով, մա­նա­ւանդ իր վեր­ջին օ­րե­րուն բա­ցա­յայտ կեր­պով վկա­յեց թէ՝ մարդ պէ՛տք է չար­չա­րուի որ­պէս­զի հաս­նի իր նպա­տա­կին՝ յաղ­թու­թեան եւ կա­տա­րե­լու­թեա՛ն։

Ար­դա­րեւ, Ե­սա­յի Մար­գա­րէ կ՚ը­սէ, թէ՝ տա­ռա­պան­քը կա­րող է նաեւ փրկչա­կան ի­մաստ մը ու­նե­նալ. (ԵՍ. ԾԳ 11)։ Ուս­տի յուզուած ա՜յն­քան չար­չա­րանք­նե­րու, տա­ռա­պանք­նե­րու դի­մաց, Քրիս­տոս տա­ռա­պող­նե­րու ցա­ւե­րը կը սե­փա­կանց­նէ. «Ան մեր տկա­րու­թիւն­նե­րը ա­ռաւ եւ մեր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը կրեց» (ՄԱՏԹ. Ը 17)։ Այդ բո­լոր տա­ռա­պանք եւ չար­չա­րանք­նե­րը նշան­ներ էին Աս­տու­ծոյ Ար­քա­յու­թեան գա­լուս­տին, ա­նոնք ա­ւե­լի՛ ար­մա­տա­կան բու­ժում մը կ՚ա­ւե­տէին. յաղ­թա­նա­կը մեղ­քին վրայ եւ մա­հուան՝ Իր իսկ Զա­տի­կով՝ Յա­րու­թեա՛մբ։ Խա­չին վրայ Քրիս­տոս կրեց ամ­բողջ ծան­րու­թիւ­նը չա­րին, տա­ռա­պե­ցաւ, չար­չա­րուե­ցաւ։ Իր չար­չա­րան­քով եւ մա­հով Խա­չին վրայ, Քրիս­տոս նոր ի­մաստ մը տուաւ տա­ռա­պան­քին. ան այ­սու­հե­տեւ կա­րո՛ղ է մարդ­կու­թիւ­նը կեր­պա­րա­նա­կից ը­նել Ի­րեն եւ զայն միաց­նել Իր փրկչա­կան չար­չա­րան­քին։ Ար­դա­րեւ, Քրիս­տոս կը հրա­ւի­րէ իր ա­շա­կերտ­նե­րը հե­տե­ւե­լու Ի­րեն, ի­րենց կար­գին Խա­չը ա­ռած։ Հե­տե­ւե­լով Ա­նոր, ա­նոնք չար­չա­րան­քի եւ տա­ռա­պան­քի՝ կեան­քի դէմ մղուած պայ­քա­րի նկատ­մամբ նոր ընբռ­նում մը կը ստա­նան։ Յի­սուս «մաս­նա­կից» կ՚ը­նէ զա­նոնք Իր աղ­քա­տիկ եւ ծա­ռա­յա­կան հա­մեստ ու խո­նարհ կեան­քին։ Բաժ­նե­կից կ՚ը­նէ զա­նոնք կա­րեկ­ցու­թեան եւ մխի­թա­րու­թեան Իր պաշ­տօ­նա­տա­րու­թեան եւ ա­ռա­քե­լու­թեան։

Ուս­տի «խոր­հուրդ» մըն է մաս­նա­կից ըլ­լալ տա­ռա­պանք­նե­րու եւ չար­չա­րանք­նե­րու, զոր օ­րի­նակ, հի­ւան­դու­թե­նէ տա­ռա­պող­նե­րը բժշկե­լու խոր­հուր­դը՝ որ հաս­տա­տուած է Յի­սուս Քրիս­տո­սի կող­մէ՝ իբ­րեւ Նոր Կտա­կա­րա­նի սուրբ խոր­հուրդ՝ բա­ռին իս­կա­կան եւ յա­տուկ ա­ռու­մով, որ թե­լադ­րուած է Մար­կոս Ա­ւե­տա­րա­նի­չի (ՄԱՐԿ. Զ 13) եւ Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բօր (ՅԱԿ. Ե 14-15) կող­մէ յանձ­նա­րա­րուած՝ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։

Հի­ւանդ­նե­րու բժշկու­թեան այս խո­հուր­դին շնոր­հիւ, տա­ռա­պո­ղը Քրիս­տո­սի չար­չա­րան­քին ա­ւե­լի՛ սեր­տօ­րէն միա­նա­լու զօ­րու­թիւ­նը եւ շնոր­հը կը ստա­նայ։

Այս խոր­հուր­դը «միա­ցում» մըն է Քրի­սոտ­սի չար­չա­րան­քին։ Ան ո­րոշ չա­փով եւ կեր­պով մը նուի­րա­գոր­ծուած է Փրկչին Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի փրկա­գործ չար­չա­րան­քին հետ իր կեր­պակ­ցու­թեամբ պտուղ ար­տադ­րե­լու։

Ար­դա­րեւ, սկզբնա­կան մեղ­քին հե­տե­ւանքն է տա­ռա­պան­քը եւ չար­չա­րան­քը՝ կեան­քի պայ­քա­րը. «Քու յղու­թիւնդ ցա­ւով ըլ­լան, յղու­թեանդ ցա­ւե­րը խիստ պի­տի ըլ­լան։ Ցա­ւով զա­ւակ ծնիս…» (ԾՆՆԴ. Գ 16), եւ դար­ձեալ. «Կեան­քիդ բո­լոր օ­րե­րուն մէջ նե­ղու­թիւ­նով ու­տես… Ե­րե­սիդ քրտին­քո­վը ու­տես քու հացդ…» (ԾՆՆԴ. Գ 17-19)։ Եւ այս կեր­պով, չար­չա­րան­քը կը ստա­նայ նոր ի­մաստ. կ՚ըլ­լայ մաս­նակ­ցու­թիւն Յի­սու­սի փրկա­րար եւ կեն­դա­նա­րար գոր­ծի՛ն։

Ու­րեմն պէտք չէ՛ տրտնջել եւ դժգո­հու­թիւն յայտ­նել կեան­քի զա­նա­զան նե­ղու­թիւն­նե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու՝ չար­չա­րանք­նե­րու եւ տա­ռա­պանք­նե­րու նկատ­մամբ, քա­նի որ ա­նոնք մարդս կը միաց­նեն Քրիս­տո­սի իր չար­չա­րանք­նե­րուն մէջ։ Այս ի­մաս­տով չար­չա­րուիլ, տա­ռա­պիլ կը նշա­նա­կէ Յի­սու­սի միա­նալ, Յի­սու­սը ապ­րիլ իր չար­չա­րանք­նե­րուն մէ­ջէն։

Հե­տե­ւա­բար, պէ՛տք է չար­չա­րանք­նե­րու տո­կալ համ­բե­րու­թեամբ, խո­նարհ մտադ­րու­թեամբ։

«Համ­բե­րող ե­ղէ՛ք, եղ­բայր­նե՛ր, մին­չեւ Տի­րոջ գա­լուս­տը։ Տե­սէք թէ ի՛նչ­պէս մշա­կը համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէ, մին­չեւ որ աշ­նան եւ գար­նան անձ­րեւ­նե­րը իջ­նեն եւ հո­ղը իր թան­կա­գին բեր­քը տայ։ Դուք ալ համ­բե­րե­ցէ՛ք եւ ա­մուր պա­հե­ցէք ձեր սիր­տե­րը, ո­րով­հե­տեւ Տի­րոջ գա­լուս­տը մօտ է», կ՚ը­սէ Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բայր. (ՅԱԿ. Ե 7-8)։­

Ա­սի­կա կ՚են­թադ­րէ կեան­քին նա­յիլ լա­ւա­տե­սու­թեամբ, յոյ­սով, ի՛նչ որ քրիս­տո­նէա­վա­յել եւ աս­տուա­ծա­հա­ճոյ վար­մունք մըն է։ Մարդ պէտք է գիտ­նայ, թէ ա­մէն մու­թին՝ ան­պայ­մա՛ն կը յա­ջոր­դէ լոյ­սը եւ ո՛չ մէկ խա­ւար բո­լո­րո­վին մութ է եւ կա՛յ միշտ յոյ­սը՝ լոյ­սին յո՛յ­սը։ Տե­սէ՛ք բնու­թիւ­նը՝ ա­մէն գի­շեր ու­նի իր ա­ռա­ւօ­տը, ա­մէն ձմեռ՝ իր գա­րո՛ւ­նը։ Այս հե­տե­ւո­ղու­թեամբ՝ ա­մէն նե­ղու­թիւն, ա­մէն չար­չա­րանք ու տա­ռա­պանք ու­նի իր փրկու­թիւ­նը՝ իր յաղ­թա­նա՛­կը։ Եւ վեր­ջա­պէս ճշմար­տու­թիւն է, որ մա­հը ու­նի իր յա­րու­թիւ­նը՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեա՛ն­քը։ Այս­պէս, չար­չա­րան­քը յա­տուկ շնորհք մըն է՝ հա­ղոր­դուե­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու Քրիս­տո­սի չար­չա­րանք­նե­րուն եւ Ա­նոր հետ փա­ռա­ւո­րուե­լու ա­ռի­թը ու­նե­նա­լու։ Ուս­տի մար­դուն չար­չա­րան­քը միու­թիւն մը կը կազ­մէ Քրիս­տո­սի չար­չա­րան­քին հետ։

Չար­չա­րան­քը եւ տա­ռա­պան­քը մարդ­կա­յին կեան­քը փոր­ձի են­թար­կող ա­մե­նա­ծանր հար­ցե­րէն մին է ե­ղած միշտ։ Տա­ռա­պան­քի մէջ մար­դը իր ան­կա­րո­ղու­թեան, իր սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րուն եւ իր վախ­ճա­նա­ւո­րու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կ՚ապ­րի։

Տա­ռա­պան­քը կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել մարդս դէ­պի անձ­կու­թիւն, դէ­պի իր ան­ձին վրայ կծկում, եր­բեմն նոյ­նիսկ դէ­պի յու­սա­հա­տու­թիւն եւ յու­սալ­քում եւ մին­չեւ իսկ Աս­տու­ծոյ դէմ ըմ­բոս­տու­թի՛ւն։

Տա­ռա­պան­քը, ար­դա­րեւ, կրնայ նաեւ մարդս ա­ւե­լի հա­սունց­նել, օգ­նել իր կեան­քին ո՛չ էա­կա­նը զա­նա­զա­նե­լու եւ էա­կա­նին մեր­ձե­նա­լու։ Տա­ռա­պան­քը այս ի­մաս­տով կը զօ­րաց­նէ, կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ մար­դուս նկա­րա­գի­րը՝ կ՚ազ­նուաց­նէ հո­գին, կը յստա­կաց­նէ ա­նոր բա­նա­կա­նու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս։

Եւ վեր­ջա­պէս չար­չա­րան­քը, տա­ռա­պան­քը, նե­ղու­թիւն­նե­րը մարդս կը մղեն Աս­տուած փնտռե­լու, Ա­նոր վե­րա­դառ­նա­լո՛ւ։ Ուս­տի տա­ռա­պան­քի, չար­չա­րան­քի, նե­ղու­թիւն­նե­րու տո­կա­լու հա­մար հա­ւատ­քը ան-հը­րա­ժեշտ է, ա­ռանց հա­ւատ­քի կա­րե­լի չ՚ըլ­լար տա­նիլ չար­չա­րան­քի եւ տա­ռա­պան­քի ծան­րու­թիւ­նը, կեան­քի բե­ռը եւ յաղ­թու­թեամբ պսա­կուիլ կեան­քի պայ­քա­րին մէջ։ Ար­դա­րեւ հա­ւատ­քի մէջ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ պայ­ման է, ինչ­պէս՝ համ­բե­րա­տա­րու­թիւ­նը։

Նե­ղու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար պէտք է յա­րա­տեւ եւ համ­բե­րու­թեամբ պայ­քա­րիլ ա­նոնց դէմ, քա­նի որ Յի­սուս Ի՛նք ը­րաւ նոյ­նը։

Եւ միշտ յի­շենք Ա­նոր խօս­քը, որ կ՚ը­սէ.

«Աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն պի­տի ու­նե­նաք, բայց քա­ջա­լե­րուե­ցէ՛ք, ո­րով­հե­տեւ ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։­

Եւ ին­չո՞ւ մենք ա՛լ չյաղ­թենք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 7, 2017, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017