ԱՆՊԱՏԻՒ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՆԵՐ
Մուրացկանները մարդկային հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունին պատմութեան առաջին օրէն: Փողոցային մուրացկանութիւնը տեղի ունեցած է աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, թէեւ ատոր չափերը եւ ձեւերը տարբեր են: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ այժմ պետական օրէնքով արգիլուած է մուրացկանութիւնը, սակայն ճարպիկները ձեւերը կը գտնեն խուսափելու օրէնքէն: Մուրացկանութիւնը դարերու ընթացքին խորքով նոյնը մնացած է, բայց ձեւով՝ «զարգացած»: Համացանցային մուրացկանութիւնը ժամանակակից կիրառութիւն է՝ խնդրելով մարդոցմէ գումարներ տալ ուրիշներուն, համացանցի միջոցով, այլ ոչ թէ անձամբ: Կը շարունակուի Յակոբ Պարոնեանի երգիծած մեծապատիւ մուրացկանութիւնը: Ամէն պարագայի մուրացկանութիւնը՝ անպատիւ, թէ մեծապատիւ, համաշխարհային հասարակական խնդիր մըն է, որուն յօդուածով մը անդրադարձած է «Խաամա Փրես» կայքը:
*
ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ԽՆԴԻՐ
Մուրացկանութիւն կը նշանակէ ուտելիք կամ դրամ խնդրել որպէս բարեգործութիւն, եւ ատիկա կրնայ նոյնպէս օգտագործուիլ անձէ մը սրտանց կամ խոնարհաբար բան մը խնդրելու համար: Մարդ մը, սովորաբար անօթեւան, որ կ՚ապրի դրամ եւ ուտելիք խնդրելով, կը կոչուի մուրացկան: Տարածուած խնդիր մըն է մուրացկանութիւնը, աշխարհի իւրաքանչիւր երկիր, ներառեալ ամենէն հարուստները, ունին իրենց մուրացկաններու բաժինը: Նոյնիսկ աշխարհի յառաջադէմ երկիրներէն Միացեալ Նահանգներ եւ Միացեալ Թագաւորութիւնը ունին մուրացկաններ այս կամ այլ ձեւով, մինչ հիմնականին մէջ մուրացկանները դիւրաւ տեսանելի են երրորդ աշխարհի երկիրներուն մէջ:
Մուրացկանութիւնը հասարակական բարդ տհաճութիւն է եւ բազմաթիւ պարագաներու ատիկա աղքատութեան պատճառով չէ ծնած, այլ՝ մարդկային ծուլութեան: Նոյնիսկ անոնք, որոնք անդամալոյծ կամ հաշմանդամ չեն եւ կրնան աշխատիլ ու լաւ ապրուստ ունենալ, երբեմն կը նախընտրեն հաշմանդամ ձեւանալ եւ քօղարկուած հնարքներ օգտագործել հասարակութեան յուզականութիւն շահագործելու համար, որպէսզի կարողանան ողորմութիւն ստանալ համակրելի եւ անմեղ քաղաքացիներէն:
Կարգ մը երկիրներու մէջ մուրացկաններ, որոնց շարքին՝ մեղապարտ դէմքերով, տխեղծ, ճանկռտուած աչքով կամ թերեւս վիրակապուած գլուխով, թեւերը փաթթուած անհատներ, կարելի է տեսնել, ամէն տեղ եւ նկատել, թէ ինչպէ՛ս անոնք ինքնաշարժի ապակիները կը բախեն երթեւեկի խճողումին մէջ, ճաշարաններուն դիմաց, աղօթավայրերէն դուրս:
Հնդկաստանի մէջ մուրացկանութիւնը կ՚աճի տագնապալի կշռոյթներով, մուրացկանութիւնը զարմանալի համեմատութիւն ստացած է: Մուրացկանները որդեգրած են մուրացկանութիւնը որպէս մասնագիտութիւն եւ փոխած են ատոր ձեւը ներկայ ժամանակներուն, եւ մուրացկանութիւնը հսկայական խնդիր դարձած է: Մուրացկաններուն այլ բան չի մնար, քան մուրացկանութիւն ընել եւ սարսափելի անբարոյ, փտած կեանք վարել:
Չինաստանի Շանկհայ քաղաքին մէջ գտնուող ոստիկանը, պատասխանելով փողոցին մէջ մեծ թիւով մուրացկաններու գոյութեան մասին հարցումին, ըսաւ. «Անգամ մը հանդիպեցայ մուրացկանի մը, որ նախապէս մեթրոյին մէջ բջիջային հեռաձայնի անհրաժեշտ իրեր կը վաճառէր, բայց երբ հասկցաւ, որ այդպէսով ան կրնայ աւելի շատ գումար շահիլ, յետագային անոր ընտանիքը նոյնպէս սկսաւ մուրալ եւ դանդաղօրէն անոր ամբողջ հայրենի գիւղը միացաւ մուրացկաններու մեծ բանակին»:
Փաստ է, որ մուրացկանութիւնը աւելի տարածուած է նուազ բարգաւաճ երկիրներու մէջ, եւ Փաքիստանի պարագային մուրացկանութեան սահմանափակում չկայ, որովհետեւ ատիկա վերածուած է մասնագիտութեան եւ չի պատկանիր միայն աղքատ, հաշմանդամ, անդամալոյծ մարդոց, այլ նոյնպէս կը պատկանի իբրեւ ընտրուած մասնագիտութիւն նկատողներուն, որոնք կը կարծեն, թէ մուրացկանութիւնը ծաղկուն եւ շահութաբեր ասպարէզ է: Երկրի մեծ մասին մէջ մուրացկանութեան խումբերը ունին իրենց տարածքները եւ իրաւունք չունին մտնել մէկզմէկու տարածք: Որեւէ խախտում, մուրացկանական խումբերու միջեւ յաճախ կը պատճառէ բախումներ, որոնց իբրեւ հետեւանք մարդիկ կը վիրաւորուին, նոյնիսկ երբեմն կը մահանան:
Մուրացկանութեան դրդապատճառները բարդ են եւ հասարակութիւնը պէտք չէ համակրի բոլորին: Թէեւ ճիշդ է, որ որոշ մուրացկաններ ստիպուած են դառնալ ուտելիքի մուրացկաններ, բայց եւ այնպէս միւսները ատիկա կը նկատեն դրամ շահելու մասնագիտութիւն: Բազմաթիւ պարագաներու երեխաները ստիպուած են մուրացկանութիւն ընել եւ երբ անոնք կը յայտնուին փողոցը, իրենք զիրենք հասարակութենէն դուրս կը զգան: Ժամանակի ընթացքին անոնք կը դառնան թմրամոլներ եւ քսակահատներ: Հետեւաբար, մենք պէտք է զերծ մնանք որեւէ արարքէ, որ կրնայ դրդել երեխաները իրենց կեանքը փողոցին մէջ շարունակել:
Ըստ Անգարայի ճարտարարուեստի տան պատրաստած զեկոյցին, Թուրքիոյ մուրացկաններու խումբին մէջ երեխաներ կը գնուին եւ կը վաճառուին: Զեկոյցը նոյնպէս կ՚աւելցնէ, որ «Մուրացկաններու մաֆիան» կ՚առեւանգէ մանուկներ եւ կը ստիպէ անոնց մուրացկանութիւն ընել՝ անոնց վնասուածքներ պատճառելէ եւ զանոնք հաշմանդամ դարձնելէ ետք:
Կազմակերպուած յանցագործ հրոսակախումբերը անմարդկային մեթոտներ կ՚օգտագործեն մանուկ եւ երիտասարդ մուրացկաններու հաշմանդամութեան համար: Յետագային զանոնք կը ստիպեն փողոցը մուրացկանութիւն ընելու: Երեխաներուն մեծ մասը չի յիշեր, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս այլանդակուած են:
Քապուլ՝ Աֆղանիստանի մայրաքաղաքը, բոլոր շրջաններու մուրացկաններու հիմնական թիրախն է, իսկ ամրան Փաքիստանի Փենճափ նահանգէն մուրացկաններու հոսք կարելի է նոյնպէս տեսնել քաղաքին մէջ: Տարբեր տեսք ունեցող մուրացկանները դիւրաւ կարելի է տեսնել խումբերով: Այս պարագային դժուար կ՚ըլլայ օգնել մէկ մուրացկանի, եւ պէտք է օգնել երեքէն չորս մուրացկաններու, որպէսզի չնախատուին: Քաղաքի ներսի հիմնական ճամբաները կարծես թէ միշտ լեցուն են մուրացկաններով, որովհետեւ հին դէմքերը պարբերաբար կը տեսնուին՝ առանց որեւէ փոփոխութեան, եւ Քապուլ քաղաքի արեւելեան կողմը՝ կին մուրացկանները, երեխաներու հետ, նստած ճամբաներու մէջտեղը:
Քապուլ քաղաքին մէջ մուրացկանները ոչ միայն կը ծածկեն երթեւեկի ազդանշանները, ճանապարհային հանգոյցները, ռազմավարական նշանակութեան վայրերը, այլեւ՝ նորակառոյց առեւտուրի կեդրոններուն առջեւի տարածքները եւ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն, որովհետեւ անյարմարութիւններ կը ստեղծեն քաղաքին մէջ հասարակութեան համար՝ նկատի առնելով, որ կանխիկ գումար կը խնդրեն իւրաքանչիւրէն, որ կու գայ այդ վայրը:
ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԻԿՈՒՆՔԻՆ ԱՃՈՂ ՈՒԺԸ
Կայ կազմակերպուած «Մուրացկաններու մաֆիա», որ կրնայ ամէն բան ընել իր նեղ անձնական շահերը պաշտպանելու համար, նոյնիսկ չվարանելով վնասել կամ ընդմիշտ հաշմանդամ դարձնել երեխան, երիտասարդ տղան կամ աղջիկը, ծեր մարդը կամ կինը:
«Մուրացկաններու մաֆիա»ն յանցագործներու խիստ բարդ եւ կազմակերպուած ցանց է, որ ոչ միայն երեխաները, այլ ոեւէ անձ այլանդակելով, զանոնք կը ստիպէ փողոցներուն մէջ մուրացկանութիւն ընելու: Մաֆիայի դաժան ուղիները սահմաններ չունին: Մաֆիայի հակակշիռին տակ գտնուող ոեւէ անձ ծեծի եւ խոշտանգումի կ՚ենթարկուի, սովորաբար կ՚այլանդակուի՝ խղճահարութիւն եւ համակրանք յառաջացնելու համար մարդոց մէջ, որոնք իրենց կարգին աւելի շատ ողորմութիւն կու տան: Գիները կը սահմանուին այն վայրին համար, ուր մէկը կ՚ուզէ մուրալ, իսկ որոշ երկիրներու մէջ տոկոս կը սահմանուի իշխանութիւններուն համար, որպէսզի բոլորը կարողանան բաժին ունենալ մուրացկաններու օրական եկամուտէն:
«Մուրացկաններու մաֆիա»ն շատ գործուն կը զբաղի նորածիններու եւ երեխաներու առեւանգումով, անոնք փրկագին չեն պահանջեր, բայց մարդիկ կ՚առեւանգեն զանոնք օգտագործելու համար իրենց բարգաւաճող «ճարտարարուեստին» մէջ: Առեւանգուած նորածիններն ու երեխաները օրերով չեն կերակրուիր, որպէսզի անոնք անընդհատ եւ անընդհատ լան: Լացող այս նորածինները ապա կը պահեն մայթերուն վրայ, բանուկ շուկաներու դիմաց, իսկ հաշմանդամ այլ մուրացկան մը՝ իրենց կողմին մէջ, որպէսզի համակրող հանրութիւնը առատաձեռն նուիրատուութիւն կատարէ:
Իրականութեան մէջ բաւարար սնուցման բացակայութեան պատճառով նորածիններուն մարմինները ի վերջոյ անբնական կերպով կ՚այլափոխուին: Այն երեխաներուն, որոնք պէտք է խաղան մանկապարտէզներու մէջ կամ յաճախեն նախակրթարաններ, կը սորվեցնեն մուրացկանութեան զանազան ձեւեր: Երեխաները ստիպուած են սորվիլ եւ գիտնալ մուրացկանութեան համապատասխան եւ առաւել շահաւէտ տեղերը, մարդոցմէ դրամ խնդրելու ձեւեր՝ համակրանք յառաջացնելու համար: Բոլոր մուրացկանները հաշուետու են՝ ամէն օր պարբերաբար զեկուցելու եւ իրենց օրուան ողորմութիւնը յանձնելու: «Մուրացկաններու մաֆիա»ն հասարակութեան կողմէ աւելի շատ համակրանք ստանալու նպատակով, ամէն միջոց կ՚օգտագործէ փոքր երեխաները այլանդակելու համար, նախքան զանոնք փողոց ուղարկելը՝ մուրացկանութեան:
«Մուրացկաններու մաֆիա»ն երեխաներուն թմրեցուցիչ կը տրամադրէ, որպէսզի անոնք ապագային թմրամոլ չկարենան վերադառնալ բնականոն ընտանեկան կեանքին, նոյնիսկ եթէ իրաւապահ մարմինները զանոնք վերադարձնեն իրենց ընտանիքներուն:
Մուրացկանութիւն կատարելու համար օգտագործուող բոլոր երեխաները չեն առեւանգուիր, բայց որոշ պարագաներու «Մուրացկաններու մաֆիա»ն երեխաները կը գնէ այն ծնողներէն եւ հարազատներէն, որոնք չեն կրնար զանոնք պահել: Այս դժբախտ երեխաները ծեծի կ՚ենթարկուին եւ օրերով սնունդ չեն ստանար, որպէսզի աղքատ եւ թշուառ տեսք ունենան: Երեխաները փողոց կ՚ուղարկեն թշուառ պայմաններու մէջ, բոպիկ եւ պատռտուած հագուստով՝ հասարակութեան ուշադրութիւնը եւ համակրանքը գրաւելու համար: Անոնք կը քալեն բազմութեան մէջ՝ խնդրելով մարդոցմէ գումար տալ իրենց եւ իրենց հաշմանդամ ծնողներուն համար սնունդ գնելու:
ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿՆԵՐ
Ամբողջովին պիտանի, առողջ եւ լաւ հագած անձը հիմնականին մէջ կը ներկայացնէ կեղծ պատմութիւններ այն մասին, թէ ինչպէս ան պարզապէս կորսնցուցած է դրամապանակը, դրամը, տունը մոռցած է իր դրամները, կողոպտուած է եւ այժմ պիտի վերադառնայ տուն, սակայն դրամ չունի եւ ձեզմէ կը խնդրէ, որ օգնէք: Բազմաթիւ պարագաներու այդպիսի մարդիկ շատ լաւ կը խօսին եւ գիտեն տեղական լեզուները, եւ կը կարծէք, թէ պատմութիւնը իրական է, եւ կու տաք անոր ամբողջ ծախսը:
Մուրացկան կիներ կը խաղան մարդկային զգացումներու հետ՝ ցոյց տալով բժիշկներու դեղագիրները՝ նորածին երեխաներ տեղափոխելու ատեն, հասարակութեան համակրանքը շահելու համար եւ աղաչելով մարդոց գումար տալ իրենց հիւանդ երեխան բուժելու: Երբեմն մուրացկան կիներու կապուած նորածինները ծանրօրէն կը հիւանդանան ամրան տաքին եւ ձմրան ցուրտին պատճառով:
Երեխաներու կողմէ փողոցային վաճառքը նոյնպէս մուրացկանութեան ձեւ է: Փոքր երեխաներուն սովորաբար կը ստիպեն փողոցներուն մէջ զանազան տեսակի փոքր եւ աժան ապրանքներ վաճառել, մինչ այդ անօգուտ իրերու վաճառքի նպատակը միայն այլ բան է՝ մուրալ:
ՁԵՐ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴԸ ԿՐՆԱՅ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆ ԴԱՐՁՆԵԼ
Եթէ մարդը անուս է, ուրեմն անոր համար կան համապատասխան աշխատատեղեր: Կան միլիոնաւոր անուսներ, որոնք կ՚աշխատին դրամ շահելու համար եւ չեն մուրար: Մեր առատաձեռնութիւնը կրնայ ոմանց մտածել տալ, որ «ինչո՞ւ ան պէտք է աշխատի: Ինչո՞ւ դրամ չմուրալ: Որոշ պարագաներու, եթէ մենք չենք օգներ մուրացկան երեխաներուն, անոնց ծնողները կրնան զանոնք դպրոց ուղարկել: Բայց եթէ անոնք ամէն օր լաւ եկամուտ կը ստանան իրենց երեխաներէն, ինչպէ՞ս զանոնք դպրոց ուղարկեն: Մուրացկաններուն գումար տալու կամ անոնց օգնելու ատեն պէտք է նկատի առնել քանի մը կէտ. արդեօք մենք իսկապէ՞ս կ՚օգնենք աղքատներուն: Արդեօք ան իսկապէ՞ս օգնութեան կարիք ունեցող անձն է: Մեզմէ շատերը չեն ալ մտածեր նման հարցերու մասին, փոխարէնը կը վճարենք կամ կ՚օգնենք անոնց, նախքան ստուգելը: Բայց լաւ պէտք է մտածել, որովհետեւ մեր առատաձեռնութիւնը նոյնպէս կրնայ սխալ ըլլալ, բազմաթիւ մարդիկ, որոնք մուրացկանութիւնը ընտրած են որպէս իրենց մասնագիտութիւնը, նոյնիսկ եթէ անոնք առողջ են եւ կրնան լաւ աշխատիլ:
Իսլամութիւնը յստակ կը դատապարտէ մուրացկանութեան սպառնալիքը եւ կարիքաւորներուն յարգանքով եւ պատուով օգնելու համար ստեղծած է ԶԵՔԱԹ համակարգը (հարստութեան եւ ունեցուածքի մէկ մասը, որ իսլամները պէտք է տարեկան վճարեն օգնելու իրենց համայնքի աղքատներուն): Մուրացկաններու պատմած պատմութիւնները կեղծ չեն. մարդու քսակը կամ դրամապանակը կրնան գողնալ: Մենք իսկապէս կը հաւատանք, որ կարիքաւոր մարդիկ կան աշխարհի գրեթէ իւրաքանչիւր մասին մէջ, բայց մենք պէտք է անոնց հետ զրուցենք՝ փորձելու եւ աւելի լաւ հասկնալու զանոնք, թէ ինչ բան զանոնք կը խանգարէ եւ ինչպէ՛ս կրնանք օգնել անոնց: Քանի մը մետաղադրամ նետել մուրացկանին՝ չի նշանակեր, որ մենք առատաձեռն ենք եւ անոնց օգնած ենք, բայց երբ հասկնանք անոնց խնդիրը, մենք աւելի լաւ վիճակի մէջ կ՚ըլլանք ճիշդ եւ լաւ օգնելու համար:
Մուրացկանութիւնը անէծք է որեւէ հասարակութեան համար, բոլոր պայմաններու եւ հանգամանքներու մէջ: Բայց Աֆղանիստանի նման աղքատ երկրի մը համար ատիկա ոչ միայն անէծք է, այլ նաեւ դրամական մեծ բեռ: Աղքատութիւնը կը շարունակէ մնալ փտածութեան, վատ կառավարման, անապահովութեան եւ գործազրկութեան իբրեւ հետեւանք: Փտածութիւնը արմատախիլ ընել կարելի չէ, բայց եթէ փտածութիւնը նուազի եւ աշխատանքային առիթներ ստեղծուին, կառավարութիւնները եւ մարդասիրական կազմակերպութիւնները կրնան փողոցային մուրացկանները վերազինել ճարտարագիտական հմտութիւններով՝ իրենց քրտնաջան աշխատանքի միջոցով դրամ շահելու, այլեւ ոչ թէ ապրուստի համար մուրացկանութեամբ յարգուած կեանք վայելելու:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան