ԽՂՃՄՏԱՆՔԻ ՏԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Բանականութեամբ օժտուած մարդկային արարածը միշտ պէտք է հնազանդի իր խղճմտանքին ստոյգ դատողութեան։ Այս կը նշանակէ ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել բանականութիւնը եւ խղճմտանքը։ Մարդ, եթէ ազատ կամքով այս ներդաշնակութեան դէմ գործէ, ինքզինք կը դատապարտէ։ Բայց, երբեմն կը պատահի որ «բարոյական խղճմտանք»ը տգիտութեան մէջ կը գտնուի եւ կ՚արձակէ թիւր՝ սխալ դատաստաններ՝ կատարելիք կամ արդէն կատարուած գործերուն մասին։

Մարդ պէտք է զգո՛յշ ըլլայ, եւ չընէ բան մը՝ որ յետոյ պիտի ըսէ. «Երանի թէ չընէի…»։ Եւ ահաւասիկ, զգուշութիւնը կը պահանջէ բանականութեան եւ խղճմտանքին ներդաշնակութիւնը։

Այս իմաստով՝ բարոյական խղճմտանքին տգիտութիւնը կրնայ յաճախ վերագրուիլ անձնական պատասխանատուութեան։ Այսպէս է պարագան երբ մարդ քիչ հոգ կ՚ընէ ճշմարիտը եւ բարին որոնելու եւ երբ մեղքին ունակութիւնը տակաւ առ տակաւ գրեթէ կը կուրցնէ խղճմտանքը։ Այս պարագային, անձը յանցաւո՛ր է իր գործած չարութեան եւ գէշութեան համար։

Քրիստոսի եւ Անոր Աւետարանին շուրջ «տգիտութիւն»ը ուրիշին տուած մեր յոռի՝ վատ օրինակները, ստրկացումը կիրքերուն, յաւակնութիւնը՝ խղճմտանքին սխա՛լ հասկցուած ինքնավարութեան մը, մերժումը Եկեղեցւոյ իշխանութեան եւ անոր ուսուցումին, պակասը հոգեփոխութեան եւ սիրոյն՝ կրնան ծնունդ տալ դատողութեան շեղումներուն մեր բարոյական վարքին մէջ։

Իսկ երբ մարդուս տգիտութիւնը անյաղթահարելի է կամ դատողութիւնը սխալ՝ առանց որ բարոյական ենթական պատասխանատու ըլլայ, այն ատեն անձին գործած չաութիւնը չի վերագրուիր անոր։ Ասիկա սակայն չի դադրիր ըլլալէ «բարոյական չարիք» մը, զրկում մը, անկարգութիւն մը։ Հարկ է ուրեմն աշխատիլ «բարոյական խղճմտանք»ը սրբագրելու իր սխալներէն։

Արդարեւ, բարիի եւ չարի բաղդատութեան մէջ՝ բարի եւ մաքուր խղճմտանքը լուսաւորուած է ճշմարիտ հաւատքո՛վ։ Ուստի, սէրը միաժամանակ կը բխի. «սուրբ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէն եւ անկեղծաւոր հաւատքէն». (Ա ՏԻՄ. Ա 5)։ Այս իմաստով, խղճմտանքը մարդուն ամենէն մտերիմ եւ ամենէն գաղտնի կեդրո՛նն է. սրբավայրը՝ ուր ան առանձին է Աստուծոյ հետ եւ ուր լսելի կը դառնայ Անոր ձայնը։ Բարոյական խղճմտանքն ալ, իր կարգին, դատողութիւն մըն է բանականութեան՝ որուն միջոցով մարդկային անձը կը ճանչնայ բարոյական որակը շօշափելի արարքի մը։ Այս ուղղութեամբ, չարը գործած մարդուն մէջ, խղճմտանքին վճիռը կը մնայ գրաւական մը դարձի եւ յո՛յսի։ Լաւ կազմուած խղճմտանքը ուղիղ է եւ ճշմարի՛տ։ Ան կը բանաձեւէ իր դատումները հետեւելով բանականութեան, Արարչին իմաստութենէն ուզուած «ճշմարիտ բարի»ին համեմատ։ Ամէն մարդ պէտք է ձեռնարկէ իր խղճմտանքը կազմելու միջոցներուն։

Տգիտութիւնը կրնայ նաեւ ակամայ ըլլալ. «ակամայ անգիտութիւն»ը կրնայ նուազեցնել կամ չքմեղել՝ ծանր յանցանքի մը վերագրումը։ Ո՛չ ոք սակայն, կ՚ենթադրուի, որ կ՚անդրադառնայ արարքին մեղանչական հանգամանքին ճանաչումին, անոր հակառակութիւնը Աստուծոյ Օրէնքին՝ որ է Բնութեան Օրէնքին, քանի որ բնութիւնը Աստուծոյ ստեղծագործման մէկ հետեւանքն է։ Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ բնութեան մէջ՝ բնութեան միջոցով։

Չար արարք գործողը կ՚ենթադրէ նաեւ ըստ բաւականի ինքնակամ հաւանութիւնը, որպէսզի դառնայ «անձնական ընտրանք» մը։ Կեղծուած անգիտութիւնը եւ խստասրտութիւնը. (ՄԱՐԿ. Գ 5-6), (ՂՈՒԿ. ԺԶ 19-31) չեն նուազեցներ գործուած մեղքին կամաւոր հանգամանքը, այլ կ՚աւելցնեն զայն։

Հոս, փոքր շեղում մը ընենք։

«Անգիտութիւնը երջանկութիւն է», «ignorance is bliss»։ Կը կարծուի, թէ կարգ մը բաներ չգիտնալ՝ երջանկութիւն է։ Սոկրատէսի մէկ խօսքն է ասիկա։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ տեղեկութիւն ունենալ որեւէ իրողութեան մասին, մտահոգութեան պատճառ կրնայ ըլլալ. զոր օրինակ, ցաւալի դէպքի մասին լուր չառնել՝ մարդս վշտաբեկ եւ ցաւատանջ ըլլալէ կ՚ազատէ։ Նաեւ՝ անգիտակ ըլլալ, մարդու երեւակայելու զօրութիւնը կ՚աւելցնէ, եւ ընդհակառակը՝ տեղեկութիւն ունենալ, երեւակայութեան արգելք կը հանդիսանայ։

Խորհելու վերջը չկայ, բայց ամէն խորհուրդ մարդուս էական կոչումին համապատասխա՞ն է։

Խնդրական է ասիկա…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 5, 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2023