ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Պատկերացուցէք անձ մը, որ իր սեփական տան մէջ ազատ շրջելու իրաւունքը անգամ չունենայ. անձ մը՝ որ կը սարսափի իր իսկ տան անդամներէն. նման տպաւորութիւն մը ունեցաւ մի քանի օրեր առաջ, երբ տեսայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի Երեւանեան պտոյտը՝ շրջապատուած հինգ-վեց թիկնապահներով: Մեր կարծիքով, իշխանութեան մը արժեւորումը կարելի է կատարել այս երեւոյթով, որովհետեւ եթէ տակաւին երկու տարի առաջ հեծանիւով ազատութեամբ փողոցներ շրջողները այսօր առանձին փողոց դուրս գալ չեն համարձակիր... կը նշանակէ ձախողած է այդ իշխանութիւնը:

Եթէ ժողովուրդին կողմէ ընտրուածները կը սարսափին եւ կը վախնան իրենց պաշտօնի կանչած ժողովուրդէն՝ կը նշանակէ այդտեղ գոյութիւն ունի փտածութիւն մը, որովհետեւ պաշտպանուելու կարիքը կը զգայ ան՝ որ գիտակցութիւնը ունի իր կատարած սխալներուն: Նման երեւոյթներ կը տեսնենք բոլոր ա՛յն երկիրներուն մէջ՝ ուր գոյութիւն ունի ահաւոր փտածութիւն. ինչպէս օրինակ, Լիբանան, Հնդկաստան եւ բոլոր այն երկիրները՝ ուր պետութիւնը օրէ օր կը հարստանայ, մինչ ժողովուրդը աւելիով կ՚առաջնորդուի աղքատութեան:

Ժողովուրդը երկու առիթով հեռու կը մնայ քաղաքականութենէն. երբ երկիրը ապահով ու ժողովուրդը նիւթապէս ապահով է եւ կամ ամբողջութեամբ հակառակը՝ ժողովուրդը աղքատ ու երկիրը անապահով վիճակի մէջ է եւ մեր՝ հայերուս պարագային վստահաբար երկրորդն է. մեծամասնութիւնը չի հետեւիր քաղաքական իրադարձութիւններուն, որովհետեւ այդտեղէն աւետիս մը ստանալու ակնկալութիւնը գոյութիւն չունի անոնց մէջ. աւելին, յուսախաբութիւն մըն է պարզապէս: Ամէն անգամ որ մեր ժողովուրդը լաւ ակնկալութիւններով ականջ կու տայ խորհրդարանին՝ քիչ մը աւելիով կը յուսահատուի, որովհետեւ կա՛մ թանկացում մը առաջ կու գայ եւ կամ ներքին թշնամութիւն մը պիտի գտնէ:

Այսօր Հայաստանի մէջ ապրող ժողովուրդին մեծամասնութիւնը քաղաքական իրադարձութիւններուն չի հետեւիր, որովհետեւ ժողովուրդը ունի այն համոզումը, որ մեր քաղաքականութիւնը ո՛չ թէ ժողովուրդին, այլ սեփական շահերը հետապնդող կուսակցութիւններով պայմանաւորուած է. անիմաստ պայքար մը՝ իրարու սխալները գտնելու, բացայայտելու եւ հրապարակելու եւ կամ գուցէ դերասանական ներկայացում մը՝ նիւթապէս ապահովուած նոյնինքն աղքատ ժողովուրդին ունեցուածքով:

Սակայն քաղաքական գործիչները մեղադրելը անիմաստ է, որովհետեւ հիմնական մեղաւորները մենք ենք՝ ժողովուրդը. յետ Արցախեան պատերազմին նախարարներէն մին առաջարկեց իրենց մէկ ամսուան աշխատավարձը նուիրել զինուորներուն, որոնք իրենց կեանքի գնով պատերազմեցան եւ անոնցմէ շատեր վերադարձան մարմնական ահաւոր վնասուածքներով, շատեր առանց ձեռքերու եւ ոտքերու եւ չես գիտեր ինչ երեսով նախարարները մերժեցին այդ մէկը կատարել. ու հիմա այդ դէպքէն տարիներ ետք զարմանքով կը յիշեմ, թէ ինչպէ՞ս ժողովուրդը լուռ մնաց նման երեւոյթի մը դիմաց. փառքի ու հարստութեան մէջ ապրող նախարարները մեր զինուորներուն չզիջեցան անգամ իրենց մէկ աշխատավարձը՝ որուն հազարապատիկը ունին եւ կը շարունակեն ունենալ, սակայն մենք կուրաբար շարունակեցինք մեր կեանքը՝ բան մը չեղածի պէս:

Արցախեան պատերազմի ժամանակ մեր պետութիւնը վրաններու չգոյութեան մասին կը բարձրաձայնէր եւ անոր լոյսին տակ կը քննադատուէր այս կամ այն կուսակցութեան հրապարակի վրայ դրած մէկ-երկու վրանները, սակայն այդ վրաններուն չգոյութիւնը բարձրաձայնող պետութիւնը իր նախարարներուն, մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանին կը տրամադրէ թանկարժէք ինքնաշարժներ. վա՜յ եկեր է այն ազգին, որուն նախարարները աւելի՛ կարեւոր են՝ քան բանակն ու ծառայող զինուորականները:

Վերջին Արցախեան պատերազմի ժամանակ թշնամին չյաղթեց, այլ մենք ենք որ պարտուեցանք, որովհետեւ յստակ տարբերութիւն կայ պարտուելուն եւ յաղթուելուն միջեւ:

Մերօրեայ նախարարները չեն տարբերիր աւելի քան դար մը առաջ Պոլսոյ մէջ ապրող աղաներէն, որոնք ամբողջ երկիրին տէրն ու տիրակալը ըլլալ կը կարծէին: Ժողովուրդին հոգեբանութենէն դուրս պէտք է բերել այն համոզումը, որ այս երկիրը առաջ ղեկավարներուն եւ յետոյ ժողովուրդին կը պատկանի. ղեկավարները պաշտօնեաներ են պարզապէս, իսկ երկրի իսկական տէրերը՝ ժողովուրդը, սակայն ժողովուրդը կ՚անգիտանայ իր ունեցած ուժին. Քաղաքական գործիչներ ամբողջ իրենց գործունէութեան ընթացքին կը մոռնան ժողովուրդն ու ժողովուրդին վիճակը եւ յանկարծ ընտրութիւններու շրջանին որպէս ծառայ ու սպասաւոր խոնարհաբար դուրս կու գան ժողովուրդին դիմաց աւելիով հարստանալու համար բախտ մը մուրալու աղքատ ժողովուրդէն, որ չես գիտեր ինչ տրամաբանութեամբ կը շարունակէ ծափահարել:

Թող բոլոր նախարարներն ու քաղաքական գործիչները մարտահրաւէր ընդունին եւ ազատութեամբ ու առանձին դուրս գան փողոց, քայլեն, խօսակցին ժողովուրդի զաւակներուն հետ եւ անկաշկանդ վայելեն իրենց իսկ առաջնորդած հայրենիքը. ո՛վ որ կարենայ այս մէկը ընել՝ առանց թիկնապահներու եւ զօրքի մը ընկերակցութեամբ՝ արժանի է ղեկավար դառնալու եւ մնալու:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -214-

Յունաստան ապրած ժամանակ պարտաւորուած էի ամէն շաբաթ մէկ քաղաք մեկնիլ՝ դասընթացքներ կազմակերպելու համար: Օր մը նախընտրեցինք այդ «ճամբորդութիւն»ը կատարել գնացքով. հետս ընկերացող հայը գնացքին մէջ մարդ մը ցոյց տուաւ: Կոկիկ հագուած, համեստ երեւոյթով մարդ մըն էր. փաստօրէն շրջանը ներկայացնող քաղաքական գործիչ մըն էր, որ մահկանացուներուս նման գնացքով կ՚երթար իր գործերուն՝ առանց թիկնապահի ու զինանոցի, առանց ժողովուրդին հաշւոյն մսխումներու:

Նոյն վիճակն ու ապրումները ունէր մեր վարչապետը՝ սակայն նախքան պաշտօնի կոչուիլը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2023