ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ ԱՐՔ. ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ (1846-1934)
Ստեփաննոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեան իրապէս բացառիկ հոգեւորականի մը տիպարը եղած է։ Ծնած է Նիկոմիդիոյ Տաղ գիւղը՝ աւազանի անունով Սուրէն։
Ան ընդունուած է նախ Արմաշի Դպրեվանք, եւ սակայն երկար չէ մնացած հոն եւ անցած է Զմիւռնիա, եւ աւելի վերջ՝ Կ. Պոլիս, ուր աշակերտած է Խասգիւղի Նուպար-Շահնազարեան վարժարանին։
Ապա, 1873 թուականին վարդապետ ձեռնադրուած է Նիկոմիդիոյ Առաջնորդ Ներսէս Եպիսկոպոս Վարժապետեանէն։ Երբ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուեցաւ Ներսէս Եպիսկոպոս Վարժապետեան 1876 թուականին, իրեն յաջորդեց Ստեփաննոս Վարդապետ։ Իսկ Ներսէս Եպիսկոպոս Վարժապետեան յաջորդեց Մկրտիչ Պատրիարք Խրիմեանին։
Ստեփաննոս Վարդապետ Յովակիմեան Նիկոմիդիոյ առաջնորդ ընտրուեցաւ 1880 թուականին, եւ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Տ.Տ. Մակար Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն՝ 1886 թուականին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Ստեփաննոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեան եղած է իրաւ հոգեւորական մը՝ կորովի եւ շինարար Առաջնորդ մը, ճշմարիտ եւ տիպար հովիւ մը իր հօտին մինչեւ վերջ։ Թեմէն ներս մեծ թիւով քահանաներ ձեռնադրած է, որոնցմէ մին է նաեւ Թովմա Ա. Քահանայ Շիկահերը՝ հայրը մեր սիրելի բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերին։
Ստեփաննոս Սրբազան երկու առիթներով՝ 1909 եւ 1910 թուականներուն, Արմաշի Դպրեվանք հրաւիրուած է վանահայր Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Նարոյեանի կողմէ եւ կատարած՝ եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու շրջանաւարտներու ձեռնադրութիւնը, նկատի ունենալով որ Արմաշի մէջ նոյն տարիներուն եպիսկոպոս չկար։
Ձեռնադրեալներն էին Սուրէն Վարդապետ Գալէմեան, Վահրամ Վարդապետ Նազարէթեան, Գեղամ Վարդապետ Թէվէքէեան, Հմայեակ Վարդապետ Պաղտասարեան, Հրանդ Վարդապետ Յովասափեան եւ Համազաստ Վարդապետ Եղիսէեան։ Ստեփաննոս Արքեպիսկոպոս աւելի առաջ իր թեմէն ներս ձեռնադրած էր նաեւ երկու վարդապետներ՝ Մկրտիչ Արքեպիսկոպոս Աղաւնունի եւ Կարապետ Արքեպիսկոպոս Մազլըմեան, որոնք յետագային թեմակալ առաջնորդներ եղան՝ առաջինը Եգիպտահայ թեմին, իսկ երկրորդը՝ Յունահայ թեմին։
Ստեփաննոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեան, իր երկարամեայ առաջնորդութեան շրջանին կառուցանել եւ հաստատել տուած է բազմաթիւ եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ նոյնիսկ գիւղեր, որոնց տուած է յատուկ անուններ, ինչպէս՝ «Գեղամ գիւղ», «Արազ գիւղ», «Մանուշակ գիւղ», «Հովիւ գիւղ», «Արմաւիր գիւղ»։
«Պարտիզակն ու Պարտիզակցին» հատորին մէջ յատկանշական պարագայ մը գրուած է, շատ պարզ, որ ինքնին դա՛ս մըն է հոգեւորականութեան, երբ Ստեփաննոս Սրբազան Հայր, առաջնորդարանին եւ գրասենեակին պատուհանէն կը նկատէր փոքրիկ տղայ մը՝ որ դպրոցէն տուն կը ճամբուէր, կը կանչէր զինք եւ փոքրիկ աշակերտը կ՚ըսէր, թէ հարկ եղած եւ պահանջուած դրամը չէր բերած եւ ուսուցիչը զինք տուն կը ճամբէր…։ Կը հարցնէր՝ որքան դրամ պէտք էր եւ գրպանէն «ղրուշ»ները տալով փոքրիկ տղուն, զինք կը վերադարձնէր դասարան։ Իրաւ եւ տիպար հոգեւորականի կեցուածք մը ահաւասի՛կ։
Եւ ուրիշ օր մըն ալ, դարձեալ, փոքրիկ տղայ մը նոյն կացութեան մատնուելով նոյն կերպով կը կանչուէր Սրբազանէն որ վերադառնար, եւ այս անգամ պահանջուած գումարը Սրբազան Հայրը իր գրպանը չգտնելով, կ՚ըսէր. այսքանը տո՛ւր եւ ըսէ, թէ Սրբազանը մնացեալը վաղը կու տայ։ Եւ ահաւասիկ, հոգեւորականի ազնուութիւն եւ վեհանձնութի՛ւն։
Ահաւասիկ իսկակա՛ն նուիրումը՝ որուն մէջ դրամը ո՛չ մէկ արժէք ունի…։
10 Մարտ 1934 թուականին, այս պատկառելի հոգեւորականը՝ Ստեփաննոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեան կը վախճանէր պաշտօնի վրայ՝ Պուլկարիոյ Սոֆիա մայրաքաղաքը իր 88 յառաջացեալ տարիքին, 62 տարիներու անխոնջ, խիզախ, աննահանջ եւ նուիրեալ ծառայութենէ ետք։
Յուղարկաւորութեան կը նախագահէր եւ վերջին օծումը կը կատարէր Երուանդ Արքեպիսկոպոս Փերտահճեան՝ Արմաշական հոգեւորականը եւ կը կարդար Խորէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ցաւակցական գիրը յանուն Մայր Աթոռի միաբանութեան եւ Հայաստանեայց Եկեղեցիին։
Իր մեծ վաստակով Ստեփաննոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեան կը հանդիսանար հնօրեայ աւանդապահ եւ բարեպաշտ բացառիկ հայ եկեղեցականը, վարելով Նիկոմիդիոյ (=Իզմիտ) թեմին առաջնորդութիւնը 35 երկար աննախընթաց տարիներ՝ մինչեւ իր ընտրութիւնը Պուլկարահայ թեմին առաջնորդ, իրեն օգնական ունենալով Արմաշական Երուանդ Եպիսկոպոս Փերտահճեանը։ Ան կը հանդիսանար հոգեւորականներուն մէջ ամենէն երէցը, մնալով միշտ իր հօտին գլուխը մինչեւ Պուլկարիա՝ ուր անհաւատալիօրէն ի նորոյ կը վարէր թեմին առաջնորդութիւնը հակառակ իր տարիքին՝ ցմա՛հ։
Իր վախճանումին առիթով իր հիացման արժանի դարձուցած է «ՍԻՈՆ»ի գրագէտ ու իմաստուն խմբագիրը՝ Երուսաղէմի Տ. Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան՝ որ սապէս գրած է.
«Ստեփաննոս Արքեպիսկոպոս ամբողջ իր հովութեան շրջանին իր ժողովուրդին եւ ամէնքէն սիրուած եւ յարգուած եկեղեցական մը եղաւ, եւ իր անբամբաս կենցաղին անդադրում գործունէութեան եւ աւետարանական բազում շնորհներով զարդարուած՝ հայրը եղաւ բոլորին»։
Իսկ իր վախճանումէն առաջ Տ.Տ. Խորէն Ա. Մուրատբէգեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը (1932-1938), իր Յունուար 28, 1933 թուակիր օրհնութեան գիրով «որպէս աւագագոյն հոգեւորական եւ միաբան Մայր Աթոռի» կ՚ողջունէր Ստեփաննոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեանը, հետեւեալ գնահատանքի արտայայտութեամբ։
«65 տարի շարունակ հայ ժողովուրդի առաջնորդ հովիւ եղած, իւր ժողովուրդի սակաւաթիւ ուրախութիւններով եւ անհամար ցաւերով եւ դառնութիւններով ապրած եւ նրանից սիրուած Հայաստանեայց Եկեղեցու աւագագոյն Արքեպիսկոպոսին ու Մայր Աթոռի աւագագոյն Միաբանին սրտաբուխ մաղթանքները մեր ընտրութեան եւ օծման առիթով գնահատելի են Մեզ համար եւ մխիթարական»։
Իրապէ՛ս «տիպար հոգեւորական»ի մը հարազատ օրինակը եւ եկեղեցականի արժանահաւատ վկան է եղած Ստեփաննոս Արքեպիսկոպոս Յովակիմեան։ Եւ այսպէս իրաւ հոգեւորականներն են որ միշտ վե՛ր պիտի պահեն Հայ Եկեղեցիի արդար արժանիքը։ Նուիրուած, ծառայասէր եւ մանաւանդ անկեղծ հոգեւորականը կրնա՛յ պէտք եղած կերպով հովուել ժողովուրդը…։
- Մեծ մասամբ օգտուեցանք՝ Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեանի «Հայ Եկեղեցւոյ Բարձրաստիճան Հոգեւորականներ»էն՝ Հրատարակութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին, 2013։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 1, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024