ՊԱՐՏԻԶԱԿԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔ ՄԸ

Վեր. Ա. Ա. Պետիկեանի -ԱՊԱ- «Գրչանկարներ Պարտիզակ Գիւղին» գիրքին մասին, Հալէպէն Մ. Հ. Մարկանեան յունիս 20, 1953 թուակիր «The Gotchnag - The Armenian Weekly» շաբաթաթերթին մէջ «Մի՛ կարդար եթէ կրնաս» խորագրով կը ներկայացնէ իր տպաւորութիւնները։ Ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք այս գրութենէն՝ հաւատարիմ մնալով բնատիպին։

«Երկու գլխաւոր պատճառներով գրքին բովանդակութիւնը, ծայրէ ծայր, սրտիս զգայուն թելերուն դպած է ուժգնօրէն. մին՝ այն է թէ ես ալ գեղացի -Զէյթունցի- մըն եմ պարզապէս։ Իսկ միւսը՝ վերջերս գեղջական շրջանի մը մէջ (Քեսապ) պաշտօնավարելուս պարագան է, ուր կեանքը գրեթէ յար եւ նման է Պարտիզակեան մտայնութեան եւ ապրելակերպին։ Վեր ի վերոյ իմ մանկութենէն ի վեր տեսած, լսած եւ զգացած բաներս էին որ կը նկարագրուէին հոն, սակայն հեղինակին յատուկ կուռ ոճովն ու ներշնչումովը։

«Շատեր շատ բան կը տեսնեն եւ կը լսեն, սակայն, քիչեր միայն կրնան տեսածնին տեսնել եւ լսածնին լսել։ Ու ահաւասիկ, Վեր. Պետիկեան այն քիչերէն մէկն է որ իր խորաթափանց աչքերով կրցած է պարզ դէպքերն ու դէմքերը կենդանացնել սուր յիշողութեամբ եւ վառ երեւակայութեամբ մը։

«Մարդիկ, ընդհանրապէս, քաղքենի կեանք է որ կը սիրեն ապրիլ եւ նկարագրել իր շատ մը հաճելի, հրապուրիչ եւ երբեմն ալ բիրտ միջավայրով։ Գրիգոր Զօհրապ, այս սեռի կարողագոյն վարպետն էր կարծես իր -Կեանքը ինչպէս որ է-ներով։ Գաւառական եւ կամ գեղջկական գրականութիւնը մեր մէջ հոգի եւ թափ առաւ կարծես Թլկատինցիով եւ շարունակուեցաւ Ռ. Զարդարեանով եւ Համաստեղով։ Երկրորդին -Ցայգալոյս-ը եւ վերջինին -Գիւղը- ու -Անձրեւ-ը լաւագոյն գործեր են այս կարգի գրականութեան մը։ Վեր. Պետիկեան այս սեռին տարբեր մէկ ձեւովը ներկայ վարպետներէն մին է որ հրապարակ կու գայ իր -Գրչանկարներ- երկասիրութեամբ։

«Պէտք է հոս անցողակի յիշել թէ, այս գիրքը իրեն առաջինը չէ. մաղթենք որ վերջինն ալ չըլլայ։ Այս երկը, սակայն, յատկանշական եւ ուշագրաւ է միանգամայն այն իմաստով որ, անիկա գիւղին ո՛չ թէ միայն բարի եւ գեղեցիկ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները կը նկարագրէ, այլ կու տայ նաեւ, անվերապահօրէն, յոռի բարքերէն մի քանի նմոյշներ։ Ու ահա ճիշդ հոս է որ գիրքը իր արժէքը կը կրկնապատկէ։ Պարտիզակ այն հարուստ հանքն է ուրկէ վարպետ հանքագէտը գիտէ ի լոյս հանել ամէն կարգի ատաղձներ։

«Ընդհանրապէս, շուկայի մը ճոխութիւնն ու բազմամարդութիւնն են որ կը գրաւեն մեր ուշադրութիւնը քաղաքներու մէջ։ Պարտիզակի Չարշուն, սակայն, ո՛չ ճոխ է եւ ո՛չ ալ բազմամարդ. եւ սակայն անգամ մը որ հոն մտնես դիւրին դիւրին չես կրնար դուրս ելլել։ Քանզի հոն կը հանդիպիս հնակարկատ -Արթին Աղբար-ին որ հինով հինցածը նորոգելու վարպետութիւնն ունէր։ -Շէքէրճի Կարապետ-ին, որ դպրոցական տղոց բերնէն ջուր հոսեցնելու գաղտնիքին տիրացած էր։ -Պարգեւ Աղբար-ին իր սիւլիւկներով աւելի հիւանդ կրնար բժշկել քան արդի ոեւէ մասնագէտ բժիշկ կամ հիւանդապահուհի։ -Պախալ Աւետ-ին որ առեւտուր մը ընելէ աւելի Աղքատախնամի իր պաշտօնով հոգեկան գոհունակութիւն կը զգար։ -Հօթէլճի Ստեփան-ին որ իր Պարտիզակի -Ուալտորֆ Ասթորիա-ով գիւղացիներուն զայրոյթը կը գրգռէր, անոնց ասպնջականութեան հոգին եղծանելով։ Հապա -Խասապ Պարոն Մկրտի՞չը- որ իր խանութէն կախուած ոչխարի զոհերով կը հպարտանար եւ անոնց վրայ շարունակ թառող ճանճերը կը վռնտէր ձիու պոչով մը։

«Չարշուէն ելլել կարելի չէ առանց -Վատանուն Ձորին- Պարտիզակեան անուշ հոտը ըմբոշխնելու։ Հոս հոտ, հոն հոտ, ամէն տեղ հոտ։ Հոտ -պէօճէկի-, հոտ -աղի ձուկի-, հոտ -կաշիի ու եէմէնիի-, եւ վերջապէս, հոտ փռան հացի եւ քէպապի։ Ճիշդ այս րոպէիս, իմ քիթս ալ կը ծակէ գիւղիս -թապախանէ- (խաղաղորդ) եւ -Սալախանէ-ին (սպանդանոց) վատանուն ձորին հոտը։ Ու երանի կը կարդամ ամէն անոնց որոնք այս տեսակ համով հոտով միջավայրի մը մէջ ծնած ու մեծցած են։

«Յիշատակուած դէմքերուն մէջ խոր եւ անջնջելի տպաւորութիւն մը ձգեց վրաս գիւղին քահանան - Տէր Կարապետը։ Շատ քահանաներ տեսած՝ եւ շատերու մասին ալ կարդացած ենք, բայց Տէր Կարապետի տիպէն Աստուծոյ պաշտօնեայի մը քիչ անգամ հանդիպած ենք։

«- Տէր Կարապետը գիւղին բոլոր առողջ աւանդութիւններուն կենդանի ներշնչարանն էր։ Ծեր էր, անշուշտ, եւ դանդաղոտն քալելու եւ շարժելու արդարացում ունէր, բայց ատկէ աւելի՝ կեանքի սկզբունքն էր դանդաղութիւնը։ Ժամանակին հետ միջոց չունէր։ Աստուծոյ պարգեւն էր ժամանակը, առատ եւ անսպառ, ուստի առատութեամբ կը գործածէր ան, հոգ չունէր թէ կը հատնի ան -։

«- Մենք ենք որ այդ մտահոգութենէն բանտուած ենք։ Հինգ վայրկեան շահելու կամ կորսնցնելու հաշիւներով կը մաշինք օրն ի բուն։ Պարտիզակի մէջ հինգ վայրկեանը արժէք չունէր որովհետեւ ընելիք չունէր։ Մենք հինգ վայրկեանը կը գործածենք կեանք մաշեցնելու համար -։

«- Տէր Կարապետ չէր քարոզե՜ր, միայն կը պատարագէր։ Բայց ժողովուրդին հոգիին մէջ կ՚ապրէր։ Հոգեւոր հարստութիւն մը կը ներկայացնէր ան գիւղին համար։ Ամէն ոք տեղն զտեղին կը ճանչնար, մեծ եւ պզտիկ, նաեւ ինծի նմաններ…։ Թէեւ Պարտիզակը մէյ մըն ալ պիտի չտեսնեմ, բայց Տէր Կարապետին հանդիպելու աղօտ յոյս մը ունիմ, եթէ երկինք երթամ։ Եթէ հոն տասը մարդ տեսնել փափաքիմ, մէկն ալ Տէր Կարապետը պիտի ըլլայ -։

«- Պարտիզակի եկեղեցին իր նուիրականութիւնը կ՚ստանար անոր համար որ Աստուծոյ մէկ հաւատացեալ ծառան կը կենար ժողովուրդին առջեւ։ Պարտիզակի եկեղեցին - կենդանի ջուրի աղբիւր մը դարձած էր շնորհիւ Տէր Կարապետին -։

«Երանի այն ժողովուրդին որուն երէցները Տէր Կարապետի տիպէն են եւ որոնք գիտեն իրենց ժողովուրդները Աստուծոյ գահուն առջեւ հանել, ինչպէս բարի հովիւը - խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ եւ հանդարտ ջուրերու քով կ՚առաջնորդէ - զանոնք։ Մաղթենք որ քահանայապետը, ինքը անձնադիր հովիւներ հանէ ազգին մէջէն։

«-Գրչանկարներ-ու Վեր. հեղինակը միայն Տէր Կարապետով չգոհանար իր գրքին մէջ։ Մեզ կը տանի նաեւ գիւղին հաւատքին եւ կրօնքին որոնց մէջ թաղուած կը գտնենք - Հաբէշեան Էֆէնտիներու - պէս կրօնասէր անձեր որոնք վարդապետ ըլլալէն վերջ գիւղին հոգին դարձան։ Անանիա Վարդապետ, այս էր իր վերջին անունը եւ Պատուելի Յարութիւն կենդանի ներկայացուցիչներն էին գիւղին հաւատարիմ՝ իրենց հետ ունենալով նաեւ հայ կաթոլիկ կղերէն ուրիշ մի քանիներ։

«Հին ատեններ մարդիկ կը հաւատային, ա՛լ աւելի անտեսանելիին - Աստուծոյ։ Յոբի պէս եթէ ոտքէն մինչեւ գլուխը պալարներով ծածկուէին նորէն չէին փորձուեր Աստուծոյ դէմ տրտնջելով բողոք բարձրացնելու։ Ներկայիս, սակայն, ժամանակները փոխուած են, փոխուած են նաեւ մարդիկ ժամանակներու հետ. ու անոնց հետ բնականաբար իրենց կեանքի ամբողջ հոգեբանութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը։

«- Ներկայիս շատ մը մարդոց հաւատքը առեւտրական հիման վրայ է, այսինքն կը հաւատան անոնք Աստուծոյ մը որ իրենց բարի է, կամ պայմանաւ որ իրենց բարի ըլլայ։ Եթէ Աստուած կու տայ, եւ որքան ատեն որ կու տայ, կայ, եթէ ոչ՝ չկայ -։ - Պարտիզակի մէջ պարագան այսպէս չէր։ Աստուած տար կամ ոչ շատ տարբերութիւն չէր ըներ։ Անիկա միշտ կար ու կը մնար -։

«Եկեղեցին այդ օրերուն, ահաւասիկ, այս հաւատքը կը ներշնչէր հայ հաւատացեալներուն։ Եթէ մէկ կողմէն ներշնչարանը Տէր Կարապետն էր, միւս կողմէն Անանիա Վարդապետն ու Պատուելի Յարութիւնը նուազ դեր չէին ունեցած այս վիճակին համար։ Անոնք միայն քարոզներ չէին արտասաներ, այլ կ՚ապրէին - կեանքի կեանքը։

«- Անանիա Վարդապետին դերը գիւղին մէջ, - զԱստուած թարգմանել էր ժողովուրդին, եւ կամ զԱնիկա ընել էր կենդանի եւ ընտանի փորձառութիւն մը -։

«Ներկայիս դաւանանքը կեանքէն առաջ կու գայ։ Հին օրերուն կեանքը դաւանանքէն առաջ կու գար, որովհետեւ կրօնքն ու հաւատքը ապրող երէցներ կային»։

Մ. Հ. ՄԱՐԿԱՆԵԱՆ

Հալէպ, 1953

***

Երբ հետաքրքրութեամբ կը կարդայինք այս տողերը, ամենէն շատ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց սա տողերը. «Երանի՜ այն ժողովուրդին որուն երէցները Տէր Կարապետի տիպէն են եւ որոնք գիտեն իրենց ժողովուրդը Աստուծոյ գահուն առջեւ հանել…»։ Ուրեմն երանի՜ Պարտիզակի Տէր Կարապետ քահանայ հօր, որ տիպա՛ր մըն է եղեր հոգեւոր անկեղծ  ծառայութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 29, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019