ԳՈՀԱՐԻԿԷՆ՝ ՄԵԼԻՍԱՅԻՆ
Յաճախ խօսած ենք այն մասին, որ սկսած ենք կամաց կամաց հեռանալ մեր արժէքներէն եւ արմատներէն. այս ահազանգը հնչեցնելէ երբեք պիտի չյոգնինք, որովհետեւ անոր դիմաց անտարբեր մնալն է, որ մեր ազգը այսօր հասցուցած է հոն՝ ուր որ է այսօր:
Այդ արժեչափերու փոփոխութիւնն ու հարազատ արմատներէն հեռանալը ձեզի փաստեմ հետեւեալ ձեւով: Այսօր կը կարդայի Պոլսոյ մէջ 1945 թուականին Թ. Ազատեանի պատրաստութեամբ լոյս տեսած «Պատմութիւն Էսաեան վարժարանի» յիսնամեայ յիշատակարանը. Էսաեան վարժարանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար այցելեցի դպրոցի «www.esayan.com» կայքը, ուր կար 1897 թուականէն մինչեւ մեր օրերը երկարող շրջանաւարտներու անուանացանկը: Այդ ցանկին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալը.-
Առաջին տասը տարիներուն շրջանաւարտ եղած են Արմէնուհին, Հայկանոյշը, Վարդուհին, Գոհարիկը, Իսկուհին, Նուարդն ու Սրբուհին, իսկ վերջին տասը տարիներուն շրջանաւարտ եղած են Մելիսան, Քարմէնը, Էտուինը, Կիլան, Քարլան, Միլենան, Տէնին, Տարլան եւ Ժուլիան... չեմ գիտեր, տարբերութիւններ կրցա՞ք գտնել շրջանաւարտներուն մէջ:
Եթէ բախտի բերմամբ կամ Աստուածային հրաշքով Մելիսան, Քարմէնը կամ Ժուլիան կարդան այս յօդուածը՝ թող չնեղանան, որովհետեւ իրենք չեն մեղաւորը իրենց անուններուն եւ վերջապէս անունը չէ, որ կ՚որոշէ հայրենասիրութեան չափը. վկայ Ուիլիըմ Սարոյեանը, որ թէեւ անունով օտար, սակայն արիւնով իսկական հայ մըն էր՝ «Անունս Արամ է» ըսելու աստիճան:
Անուններու տարբերութիւններուն նման եթէ իրար քով քովի բերենք գրեթէ ամէ՛ն բան, պիտի տեսնենք անոնց միջեւ յառաջացած հսկայական տարբերութիւնները: Բառին ամբողջական իմաստով նահանջի մէջ ենք այսօր:
«Պատմութիւն Էսաեան վարժարանի» յիսնամեայ յիշատակարանին մէջ դպրոցի հիմնադրութեան մասին պատմող էջերուն մէջ կարդացի, թէ անցեալին ունեցած ենք մեծ թիւով աշակերտներ, սակայն դպրոցի տարածքը անբաւարար ըլլալով նոր դպրոցներ հիմնելու աշխատանքին լծուած են մարդիկ. այսօր գացէ՛ք եւ նոյն այդ դպրոցները նայեցէք. մի քանի տարիներ առաջ Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը հրատարակեց ցանկը հայկական դպրոցներուն.-
Գէորգ էֆէնտի Մէրամէթճեանի սեփական հողամասին վրայ կառուցուող Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը նախատեսուած է 663 աշակերտներ ընդունելու. 2015 թուականին դպրոցը ունէր ընդհանուր 181 աշակերտ. երբեք յոյս մըն ալ չունիմ, որ աճ արձանագրած ըլլայ անցնող եօթ տարիներուն ընթացքին:
Շիշլիի Մխիթարեան վարժարանը նախատեսուած է 277 աշակերտներ ընդունելու. 2015 թուականին դպրոցը ունէր 62 աշակերտ. իսկ այսօ՞ր:
Կամաց կամաց կը նօսրանան բոլորը, մինչեւ որ հասնին այն հանգրուանին եւ յաւիտեան փակեն իրենց դռները, որովհետեւ ներկայ վիճակը այդ ցաւալի հեռանկարն է, որ ցոյց կու տայ: Ու այս նշուած թիւերուն առջեւ կ՚ուզեմ պահ մը առաջնորդուիլ շուկայական օրէնքներով. ա՛յն գործը որ աճ արձանագրելու փոխարէն վնաս կ՚արձանագրէ եւ կը նօսրանայ, ժամանակի ընթացքին սնանկ յայտարարուելով դուրս կը մնայ շուկայէն:
Դպրոցի կողքին նոյն ցաւալի վիճակին մատնուած է նաեւ հայ մամուլը, որ իր ընթերցողներու թիւը աւելցնելու փոխարէն եղածն ալ կը կորսնցնէ՝ ընթերցողները անդիի աշխարհ ղրկելով...: Պոլսոյ մէջ թիւով աւելի քան երկու հարիւր թերթեր անտարբերութեան պատճառով մահանալով յանձնուած են պատմութեան եւ հեռու չէ ճակատագիրը նաեւ կեանքի բռնուիլ փորձող գործող թերթերուն:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս անտարբերութեան վերջը. նորերը ստեղծելու փոխարէն եղածն ալ սկսած ենք կորսնցնել. նոր դպրոցներ հիմնելու փոխարէն եղածներն ալ սկսած ենք գոցել. աշխարհի վրայ ամէ՛ն ազգ թիւով աճ կ՚արձանագրէ:
Ու այսպէս անտարբերութեամբ Հայկանոյշը կը փոխարինենք Մելիսայով, Հորովելը՝ «քեզ խնդրումեմ մի գնա՛»ով, հայ գիրն ու գրականութիւնը լատինատառ այլանդակութեամբ. այսպիսով կը մեռնի ամէ՛ն բան որ հայկական է, իր տեղը տալով օտարներուն:
Անցեալին մեր յօդուածներուն մէջ յիշած ենք Յորդանանի դպրոցի ճակատագիրը, յիշած ենք Լիբանանի մէջ մէկ առ մէկ փակուող դպրոցներն ու հաստատութիւնները. տարիներ առաջ երբ կը գտնուէի Յունաստան, գաղութի ղեկավարները կը խօսէին հայկական միակ վարժարանի փակելու անհրաժեշտութեան մասին, նկատի ունենալով ծախսերու մեծութիւնն ու աշակերտութեան թիւի պակասը:
Եթէ մէկ դար ետք անունները այսքան փոփոխութիւն կրած են, պատկերացուցէք մեր վիճակը յառաջիկայ դարերուն՝ 2122-ին... եթէ անշուշտ հայն ու հայկականը պատմութեան էջերուն մէջ լոկ յիշողութիւն մը դարձած չըլլան:
Գոհարիկէն Մելիսային փոխուիլը պարզապէս անուանական փոփոխութիւն մը չէ. անոր մէջ պէտք է տեսնել շատ աւելին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
(1812-1880)
Մեր թուականէն 210 տարիներ առաջ՝ 10 մայիս 1912-ին Ուքրայնայի Թէոդոսիա քաղաքին մէջ ծնած է եկեղեցական, հասարակական գործիչ, բանասէր, պատմաբան, մանկավարժ ու թարգմանիչ Գաբրիէլ Այվազեան:
Գաբրիէլ Այվազեան եղբայրն է ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի. Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցէն ներս. ապա 1826 թուականին մեկնած է Վենետիկ, ուսումը շարունակելու տեղի Մխիթարեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք 1830 թուականներուն վարած է Մխիթարեան միաբանութեան քարտուղարի պաշտօնը:
Այվազեան 1842-1848 թուականներուն ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանէն ներս. 1843 թուականին հիմնած եւ առաջին խմբագիրը եղած է «Բազմավէպ» հայագիտական, բանասիրական եւ գրական հանդէսին:
Այվազեան 1848-1856 թուականներուն ստանձնած է Փարիզի Մուրատեան դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնը, ուր միաժամանակ դասաւանդած է հայոց լեզու եւ պատմութիւն:
Այվազեան 1856 թուականին իր կապերը խզած է Մխիթարեան միաբանութեան հետ եւ դարձած՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցի. այդ ժամանակամիջոցին Սարգիս Թէոդորեան եւ Ամբրոպիոս Գալֆայեանի հետ միասին Այվազեան Փարիզի մէջ հիմնած է Հայկազեան վարժարանը: Այվազեան եղած է նաեւ հիմնադիրը «Մասեաց Աղաւնի» հանդէսին: Ժամանակ մը ետք վերադառնալով ծննդավայր, 1858 թուականին հայ բարերար Խալիբեանի միջնորդութեամբ հիմնած է Խալիբեան վարժարանը, որուն տնօրէնը եղած է մինչեւ 1865 թուականը Խալիբեան վարժարանի մէջ շարունակած է հրատարակել «Մասեաց Աղաւնի» հանդէսը:
Այվազեան Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի հրաւէրով 1874 թուականին ստանձնած է Գէորգեան ճեմարանի տեսչութեան պաշտօնը՝ մինչեւ 1876 թուականը, որմէ ետք ստանձնած է Վայոց Ձորի թեմի առաջնորդի պաշտօնը:
Հասարակական գործունէութեան կողքին Այվազեան հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու եւ թարգմանութիւններու. անոր գործերէն յայտնի է «Պատմութիւն վարուց տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի», «Միջակ վարդապետարան ուղղափառ հաւատոյ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ», «Դասագիրք քրիստոնէական վարդապետութեան ըստ ուղղափառ հաւատոյ Հայաստանեայց» աշխատութիւններն ու բազմաթիւ ուրիշներ: Ֆրանսերէն լեզուէն հայերէնի թարգմանած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ ու յօդուածներ, որոնք հրատարակած է «Բազմավէպ»ի եւ «Մասեաց Աղաւնի» հանդէսներուն մէջ:
Այվազեան մահացած է 8 ապրիլ 1880-ին, Թիֆլիզի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024