ՄՆԱՑ ՔԱՆԻ ՄԸ ՕՐ

Ժամացոյցի սլաքները հետզհետէ կը դանդաղին: Օդի մէջ կը զգացուի թթուածինի պակասութիւն: Այլեւս ո՛չ շնչելը դիւրին է, ո՛չ ալ արտաշնչելը: Ամէն օր կը մահանանք, սակայն ոտքի ենք: Կը շարունակենք ուտել ու խմել, շնչել, մինչդեռ չկանք՝ մահացած ենք:

Յոյսի ու դժոխքի օղակը օրէ օր կը սեղմուի:

Օրերը, ժամերը կը մօտենան:

Յունիսի 20:

Այդ օրը սոսկ վարչապետի, ազգային ժողովի ընտրութիւններ չկան: Տարածաշրջանի մէջ՝ հայոց պետականութեան, հայ ժողովուրդի լինելութեան հարցը կայ: Յունիսի 20-ին կա՛մ մենք մեզի համար, մեր ձեռքով տապանաքար պիտի շինենք, կա՛մ քարը քարի վրայ դնելով, ուս ուսի հայրենիք պիտի կերտենք, բուժենք ու ծաղկեցնենք: Ամէն ինչ, իսկ այդ օրը գրիչը մեր ձեռքին պիտի ըլլայ: Նշանով մը պիտի ընտրենք չարը կամ բարին, պիտի ընտրենք Հայաստանն ու Արցախը, կամ՝ գաղթի ճամբան:

Իմ սպասումները...

Իմ սպասումները աղքատիկ են: Բնակչութեան ստուար հատուած մը կը շարունակէ մնալ մոլորութեան մէջ: Մարդիկ կը տեսնեն, կը լսեն, սակայն կուրացած ու խուլացած են հոգիով: Սատանան վերջիններս մատնած է մեծ մոլորութեան: Նենգաբար շահելով որոշներու վստահութիւնն ու համակրանքը, հայոց նեռը զանոնք դարձուցած է իր ձեռքի խաղալիկը. կը գործածէ, ինչպէս որ կ՚ուզէ:

Նեռը ամէն օր կը շարունակէ յոխորտալ ու բարբաջել: Ամէն օր կը շանթահարուինք: Ամէն օր մեր սպիները ա՛լ աւելի կը խորացնէ: Նմանած ենք մեր լեռներուն՝ կը դիմանանք: Աստուած ուժ կու տայ:

Յոյսը կ՚ապրի:

Այն աւելի շատ կ՚ապրի Արցախի մէջ: Արցախցին վստահ է, որ ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ: Պիտի կարենանք մեր երկիրը փրկել չար ուժերէ: Սակայն իրականութիւնը գոհացուցիչ չէ: Մոլորութեան մէջ, արդարներն անգամ կը շարունակեն գլորիլ մեղքերու յատակը: Վստահ չեմ, թէ այս անգամ Տէրը կ՚ողորմէ մեզի, քանզի մեր մեղաւոր սիրտը չէ ամչցած:

Ռոբերտ Քոչարեան:

Արցախի ցաւով տառապողները, Հայաստանի ապագայով մտահոգները, արցախահայոց, ազգի գիտակից եւ ուշիմ հատուածի միակ թեկնածուն է՝ Արցախի հերոս, Արցախի առաջին եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան: Խաւարի մէջ առկայծող լոյս մըն է շատերուս համար: Ուրիշ ո՞վ, եթէ ոչ ինքը: Միայն ան կրնայ Աստուծոյ օգնութեամբ երկիրը հանել այս օրհասական վիճակէն:

Արցախի առաջին ազատամարտի տարիներուն ունեցանք բազմաթիւ հերոսներ, որոնք հզօր ու զարգացած Հայաստանի գրաւականն էին՝ Մոնթէ, Վազգէն Սարգսեան, Թաթուլ Կրպէյեան, Աշոտ Ղուլեան եւ ուրիշներ: Հայաստանի արտաքին թշնամիները արհեստավարժ կերպով վերոնշեալ հերոսներու կեանքին դրին վերջակէտ: Նոյնիսկ անոնց մահը նենգօրէն փորձեցին բարդել ողջ մնացած հերոսներու վրայ: Հայաստանի սիւներէն մէկը կենդանի ձգեցին: Ինչո՞ւ... Միթէ կ՚երկմտէի՞ն անոր կարողութիւններու վրայ, թէ՝ աւելի վատ վախճան սահմանած էին:

Ռոպերթ Քոչարեանի իւրաքանչիւր վերելք որպէս գահավիժում կը մատուցուէր ժողովուրդին: Լաւ գործերը կը մրոտուէին, իսկ թերութիւններն ու վրիպունմերը՝ կ՚ուռճացուէին: Սկսան առասպելներ շրջան ընել երկրորդ նախագահի անունի ու աստղաբաշխական կարողութիւններու շուրջ: Ի վերջոյ, փչուկը այնքան շատ փչուեցաւ, որ պայթեցաւ: Ճշմարտութիւնը ելաւ ջուրի երես:

Ներկայիս իշխանութեան ձգտելով՝ ի՞նչ շահ պիտի ունենայ Ռոպերթ Քոչարեան: Հայրենասիրութենէ դրդուած, երկրի ապագայով մտահոգ Արցախի հերոսը մի կողմ կը դնէ իր անհոգ կեանքը, իր թոռնիկներու հետ աւելի շատ լաւ ժամանակ անցընելու հնարաւորութիւնը եւ իր անցաւ գլուխը կը խրէ ցաւի մէջ: Յաջողութեան պարագային՝ ան աւերակներու կոյտի վերածուած երկիրը պիտի կառուցէ հիմնովին: Իր կեանքի հոլովոյթին բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած, երկու պետութիւններու նախագահը, կեանքի մայրամուտին ինչո՞ւ պիտի վերադառնայ քաղաքականութիւն... Պատճառը յայտնի է՝ վիրաւոր հայրենիքը օգնութեան կը կանչէ: Իսկ ազգասէր հերոսը առանց վարանելու կ՚անցնի իր պարտականութիւններու կատարման: Ինչպէս Ռոպերթ Քոչարեան փաստած է, իր կողմէ առնուազն դաւաճանութիւն պիտի նկատուէր ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակին ոչինչ ընելը:

Թող Աստուոյ կամքը ըլլայ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021