HAYAՏԱՌ

Or me gouzeyı aysbes hotvadz krel... որովհետեւ նոր սերունդին համար աղաւաղուած հայերէնը շա՜տ աւելի հասկնալի է այսօր՝ քան նոյնինքն հայերէնը:

Տարիներ առաջ երբ Լիբանանի հայկական կազմակերպութիւններէն մէկուն մէջ կ՚աշխատէի, յայտարարութիւն տարածեցի, թէ կարիքը ունինք քարտուղարի՝ պայմանով որ հայերէն գրաշարել գիտնայ: Դիմումին ընդառաջեց Ռիթա անունով երիտասարդ աղջիկ մը. համակարգիչին դիմաց նստեցնելով խնդրեցի, որ ամփոփ կենսագրական մը գրէ, որպէսզի վարչութեան անդամները իրենց կարգին քննելով ներկայացողին ենթահողը որոշեն ընդունին թէ ոչ: Տասը վայրկեան վերջ մօտեցայ եւ տեսայ, թէ կենսագրութիւնը ամբողջութեամբ գրած է լատինատառ եւ համոզուած է, թէ ինք «հայերէն գրաշարել գիտէ»:

Ռիթան մինակը չէ՛ որ այս վիճակին մէջ կը գտնուի... եւ ցաւ ի սիրտ այս ընթացքով պիտի հասնի օր, որ մեր հայկական դպրոցներէն ներս նոյնիսկ աշակերտներ իրենց դասերը արտագրեն լատինա«հայերէն»ով:

Երբ կը մտածեմ համացանցային հայերէնի ներկայ վիճակին մասին՝ զարմանքով կը յիշեմ, թէ ինչպէս մեր թուականէն 71 տարիներ առաջ՝ 1951 թուականին «Այսօր»ի էջերուն մէջ Եւգինէ ստորագրութեամբ յօդուածագրուհի մը մարգարէութեամբ կը գրէր. «Մեր Այբ-Բեն-Գիմը լատինատառի փոխելը սրբապղծութիւն կը համարեմ, զի մեր Սուրբ Մեսրոպեան տառերը աստուածապարգեւ են...» (նոյն նիւթը կարելի է կարդալ նաեւ Ֆրանսայի մէջ հրատարակուած «Այսօր-Ապագայ» թերթի ուրբաթ, 5 հոկտեմբեր 1951, Ա. տարի, թիւ 227, 3-րդ էջին մէջ):

Մեր թուականէն 71 տարիներ առաջ լատինատառ գրելու հանդէպ բողոք... 1951, ուր տակաւին համացանցը չկայ:

Եւ կարծես չի՛ բաւէ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի տարբերութիւնները, լատինատառ տարբերակին մէջ նոյնիսկ կայ երկուութիւն. Արեւմտահային համար «Խ» տառը կը գրուի որպէս «KH», մինչ Արեւմտահայը «Խ» տառը կը գրէ «X»։ Առնուազն հայերէն լեզուն աղաւաղելու մէջ կարենայինք համաձայն ըլլալ եւ երկուութիւն չստեղծել. աղաւաղելու մէջ նոյնիսկ աղաւաղուած ենք:

Այսօր թէեւ նեղացած, նոր սերունդին լատինատառ գրելուն հանդէպ մեր սրտնեղութիւնն ու զայթոյթը եւս ժամանակավրէպ է, որովհետեւ հասած ենք այնտեղ, որ սկսած ենք նախընտրել հայուն լատինատառ գրելը՝ քան ամբողջութեամբ լեզուով խօսիլն ու արտայայտուիլը, որովհետեւ մեր հայրենիքին «Hayasdan» կամ «Hayastan» գրողը «Armenia» ըսողէն շա՜տ աւելի նախընտրելի է:

Այս նոյն հարցերուն դիմաց սրտնեղութեան մը ծնունդը ըլլալու է լիբանանահայ ծրագրաւորող Շանթ Տէմիրճեանին կողմէ ստեղծուած «www.HAYADAR.com» կայքը. կայք՝ որ մեր ցաւալի վիճակը աւելիով ցոյց կու տայ. ծրագրաւորողը Շանթին պատրաստած կայքը լատինատառ սերունդին լատինատառը կը փոխէ Մեսրոպեան Այբուբենի. լատինատառ գրող մը կրնայ կայքին մէջ գրել «Parev» եւ ծրագիրը այդ մէկը կը փոխէ «Բարեւ»ի... այլ խօսքով լատինահայերէնը հայերէնի կը «թարգմանէ». կայք՝ որ մօտաւորապէս 8-10 տարիներ ետք ամբողջ նոր սերունդը պէտք պիտի ունենայ:

Հաւանաբար յիսուն տարիներ ետք այս լատինատառը մուտք գործէ նաեւ մայրենի լեզուի ուսուցումներուն մէջ եւ ուսուցիչներ սկսին բացատրել, որ «Ծաղիկ» գրելու համար քերականականօրէն «D» եւ «Z» տառերուն միացո՞ւմ նէ ճիշդ, թէ ոչ «T» եւ «Z» տառերունը. գուցէ լատինատառի չտիրապետելու պատճառով աշակերտ մը նոյնիսկ դասարանը ձախողելու խնդիրին դէմ յանդիման գտնուի:

Այս բոլորին դիմաց Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին հակառակ գետնի վրայ աշխատողները՝ անգլերէն լեզուն աղաւաղել փորձողները. օր մը քալեցէք Երեւանի փողոցներով եւ փորձեցէք կարդալ խանութներու անուններն ու ցուցափեղկերու յատարարութիւնները.- «Սիթի», «Մոպայլ», «Սթար», «Թրավլ», «Ֆաշըն» անունները, որ վստահաբար մե՜ծ «ցաւ» կը պատճառէ այսօր ամերիկացի ժողովուրդին, որոնք մտահոգուած են իրենց լեզուի աղաւաղումով:

Ի՜նչ տարօրինակ ազգ ենք. հայերէնը կ՚օտարացնենք, իսկ կը փորձենք օտարինը հայացնել, որովհետեւ ունինք այն թիւր կարծիքը, որ օտարինը աւելի գրաւիչ ու աչքառու է՝ քան հայունն ու հայկականը:

Պոլսոյ մէջ 1800-ական թուականներուն հայկական թերթերէն շատեր հայատառ թրքերէնով լոյս կը տեսնէր. այլ խօսքով Պոլսոյ մէջ ապրող շատ մը հայեր հայերէն տառերը աւելի լաւ կը ճանչնային, քան թրքական. այսօր պատկերը հակառակն է. պոլսահայերուն մէջ կան շատեր, որոնք հայերէն արդէն իսկ կարդալ չեն գիտեր. այսպիսով հայատառ թրքերէն կարդացող սերունդի մը թոռները այսօր թրքատառ հայերէն կարդալ կ՚ուզեն, որուն կէսը հազիւ թէ հասկնան:

Աստուած մեր հայրնիքին եւ մեր հայութեան վերջը բարին ընէ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍՈՒՐԷՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
(1895-1971)

Մեր թուականէն 127 տարիներ առաջ՝ 10 յունիս 1895-ին Ռումանիոյ մէջ ծնած է քանդակագործ, մանկավարժ, արուեստագէտ եւ ժողովրդական նկարիչ Սուրէն Ստեփանեան:

Սուրէն Ստեփանեան եղբայրն է քանդակագործ Արմենակ Ստեփանեանին: Նախնական կրթութիւն ստացած է ծննդավայրին մէջ ապա 1915 թուականին ընդունուած է Սեն Փեթերսպուրկի համալսարան: Համալսարանական ուսման կողքին քանդակագործութեան անհատական դասեր ստացած է յայտնի քանդակագործ Լէոնիտ Շերվուտէն: Համաշխարհային Ա. պատերազմի պատճառով որոշ ժամանակ ուսումը կէս ձգելով մասնակցած է Համաշխարհային Ա. պատերազմին. պատերազմէն ետք՝ 1918 թուականին մեկնած է Թիֆլիզ, ուր ուսումը շարունակած է Կովկասեան ընկերութեան գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ուսումնարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1920 թուականին:

Ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ աշխատած է զանազան արհեստանոցներէ ներս եւ ապա 1927 թուականին գալով Երեւան աշխատանքի անցած է ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի ղեկավարած արհեստանոցէն ներս:

Ստեփանեան 1945-1971 թուականներուն ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է Երեւանի Գեղարուեստի եւ թատրոնի կաճառէն ներս, ուր 1947 թուականին ստացած է տոքթորի կոչում:

Ստեփանեան 1926 թուականէն սկսած է մասնակցիլ ցուցահանդէսներու. անոր քանդակներէն շատեր մինչեւ օրս կը զարդարեն Երեւանի փողոցները. ինչպէս՝ Դերենիկ Դեմիրճեանի, Պերճ Պռոշեանի, Ստեփան Աղաջանեանի, Յովսէփ Օրբելիի, Արա Սարգսեանի, դերասանուհի Սիրանոյշի եւ այլոց արձանները: Անոր այլ ժանրի յայտնի գործերէն են «Վերադարձ շուկայից», «Կուժով գեղջուհին», «Երեխային լողացնող մայրը», «Երեխայի լոգանք» եւ այլ աշխատութիւններ: Քանդակագործին գործերը կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, Մոսկուայի Արեւելքի ժողովուրդներու պետական թանգարանին, ինչպէս նաեւ յայտնի այլ պատկերասրահներու եւ թանգարաններու մէջ:

Շնորհիւ իր վաստակին, արուեստագէտը 1950 թուականին արժանացած է Հայաստանի Ժողովրդական նկարիչ կոչումին:

Ստեփանեան մահացած է 29 դեկտեմբեր 1971 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2022