Մ. ԹԱՂԻԱԴԵԱՆ

Մեր թուականէն աւելի քան 200 տարիներ առաջ Էջմիածինի Ժառանգաւորաց դպրոցէն աշակերտ մը գիշերով Երեւան կը փախչի. պատանին կը գտնուի եւ կը վերադարձուի վանք, ուր իր արարքին համար պատիժի կ՚արժանանայ: Նիւթը կը հասնի օրուան կաթողիկոսին. պատանին կը տարուի կաթողիկոսին մօտ. Վեհափառ Հայրապետը հարց կու տայ, թէ ի՞նչ է ուզածը. պատանին ինքնավստահ կը պատասխանէ. «Ուսո՛ւմ կ՚ուզեմ... ուսո՛ւմ»:

Այսօր այդ ուսումնատենչ պատանիին, գրականութեան պատմութեան մէջ մոռացութեան տրուած Մեսրոպ Թաղիադեանի մահուան 166-ամեակն է: Հակառակ երկու տասնեակ եւ աւելի աշխատութեան հեղինակ ըլլալուն, Թաղիադեան կը շարունակէ մնալ թանգարանացած գրող մը: Մենք ընդհանրապէս գրականութիւն ըսելով կը յիշենք Պոլսոյ Զարթօնքի սերունդը, մոռնալով, որ անոնցմէ առաջ եւս գրականութիւն մը գոյութիւն ունէր՝ թէեւ աւելի սահմանափակ, սակայն Թաղիադեանի եւ իր նման ուրիշներ իրենց կեանքը գիր գրականութեան նուիրած կը ստեղծագործէին:

Նոյնիսկ մեր թուականէն 120 տարիներ առաջ լոյս տեսած հրատարակութիւն մը կը յայտնէր, թէ Թաղիադեան հայ գրականութեան «չլուսաբանուած դէմքերէն մէկն է» եւ 120 տարուան երկար ժամանակաշրջան մը ցոյց կու տայ, թէ ան կը շարունակէ մնալ մոռցուած. այդ իսկ պատճառով անոր մահուան 166-ամեակը լաւագոյն առիթ կը նկատենք խօսելու անոր գործի մեծութեան մասին: Թաղիադեանէն մեզի հասած է 22 աշխատութիւն, սակայն ուսումնասիրութիւններ կը պարզեն, թէ բազմաթի՜ւ այլ գրութիւններ ձեռագիր վիճակի մէջ ըլլալով կորսուած են. օրինակի համար, անոր կորսուած աշխատութիւններէն են «Արա Գեղեցիկ», «Ազգային ծիսարան», «Հանդիսարան փորձանաց», «Փրկուած Երեւան», «Ճանապարհորդութիւն ի Պարսս» եւ այլ աշխատութիւններ, որոնք վստահաբար գնահատելի աշխատութիւններ պիտի ըլլային՝ ինչպէս հեղինակի միւս բոլոր գործերը:

Մեսրոպ Թաղիադեանի կեանքը հայ գրականութեան ու կրթութեան նուիրուած կեանք մը եղած է. ուսումի անյագ ծարաւ մը ունէր. պայքարած էր սորվելու համար գրաբարը, քերականութիւնը, ապա միջնորդներու ճամբով ընդունուած էր անգլիական հոգեւոր ճեմարան՝ սորվելու համար անգլերէն լեզուն. անոր մտաւոր կարողութիւնը ի յայտ կու գայ ի դիմաց այն փաստին, որ 1826 թուականին անգլերէն լեզու սորվելու կը սկսի եւ 1830 թուականին արդէն իսկ անգլերէնէ հայերէն եւ հայերէնէ անգլերէն գիրքերու թարգմանութիւններ կը կատարէ:

Իր ուսումի շրջանը աւարտելէ ետք Թաղիադեան կ՚ունենայ ուսուցչութեամբ զբաղելու նուիորական բախտաւորութիւնը։ Թաղիադեանի աշխատութիւններուն մեծ մասը գրուած է մանուկներուն ու պատանիներուն համար, որպէս դասագիրք ու ուղեցոյց. յայտնի է անոր կազմած «Մեսրոպեան Այբբենարան»ը, որ իր օրերուն մանկավարժական հրաշալի աշխատութիւն մը կը նկատուէր:

Թաղիադեանը միւս գրողներէն տարբերողը այն է, որ ան թէ՛ լեզուագէտ, թէ՛ մանկավարժ, թէ՛ պատմաբան եւ թէ բանասէր է եւ կարելի է իւրաքանչիւրին մասին հսկայական արժէք մը գտնել անոր մօտ. ապրելով Հնդկաստանի մէջ գրած է «Պատմութիւն հին Հնդկաստանի յանյիշատակ դարուց անտի ցյարձակումն մահմետականաց» աշխատութիւնը, այցելելով Պարսկաստան գրած է «Ճանապարհորդութիւն Մ. Դ. Թաղիադեանց ի Պարսկաստան» աշխատութիւնը։ Արձանագրած է բոլոր այն դէպքերը, վայրերն ու եղելութիւնները, որոնց ականատեսը եղած է. գրած է ուղեգրութիւններ, նամակներ, յօդուածներ եւ վաւերագրեր. անոր յայտնի աշխատութիւններէն մին կարելի է նկատել իր անտիպ օրագրութիւնները. անոր աշխատութիւնները իր ժամանակուան վկայութիւններն են. ան խօսած է ժողովուրդի ապրելակերպին, մշակութային հասկացողութեան, քաղաքակրթութեան, պետական բռնութիւններու եւ բոլո՛ր այն ճշմարտութիւններուն մասին՝ որոնք իր օրօք տեղի ունեցած են:

Այս բոլոր յատկութիւններուն կողքին պէտք է յիշել, որ ան մեծ հայրենասէր մըն էր. գուցէ մերօրեայ հայ ժողովուրդը չճանչնայ Մեսրոպ Թաղիադեանը, սակայն վստահաբար լսած են անոր «Տէր Կեցո՛ դու զՀայս» բանաստեղծութիւնը, որ մինչեւ օրս երգուող բացառիկ երգերէն մէկն է, որուն երաժշտութիւնը կը պատկանի մեծն Կոմիտասին: Փորձեցէք անգամ մը եւս լսել մեծ մշակի «Տէր Կեցո՛»ն. հոն պիտի գտնէք ամբողջ հայ ազգը՝ իր եկեղեցիներով, իր պայքարով, իր դժուարութիւններով ու յաղթանակներով. բառեր, որոնք աւելի քան 175 տարիներ ետք կը շարունակեն յիշուիլ եւ տակաւին երկա՜ր տասնամեակներ պիտի շարունակեն յիշուիլ:

Այս բոլորին կողքին Թաղիադեան հեղինակ է երկու վէպերու. «Վէպ Վարդենիսի» եւ «Վէպ Վարսենական»: Հեղինակ է նաեւ բանաստեղծութիւններու, որոնց մէջ յատկանշական են սիրայինները՝ նուիրուած իր կնոջ:

Այլ խօսքով՝ Մեսրոպ Թաղիադեան բառին ամբողջական իմաստով մտաւորական-գրող մըն է, սակայն չես գիտեր ինչո՛ւ կը շարունակէ մնալ մոռցուած, թէեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Աշտարակ շրջանի փողոցներէն մին կը կրէ իր անունը:

Թող այսօր եկեղեցիներուն մէջ հնչող «Տէր Կեցո՛»ն խունկ ու մոմ ըլլայ մեծ մտաւորականի յիշատակին:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար մարդ արարած կ՚ուզէ պատմութեան մէջ յիշուիլ:

Պատասխան. Մարդիկ կը ձգտին միշտ յիշուիլ ու այդ մէկը ներքին ցանկութիւն մըն է: Այս ձգտումը պայմանաւորուած է մահկանացու ըլլալու վախով եւ կեանքի վերջաւորութեան անյստակութեամբ. յիշուած ըլլալը կ՚ապահովէ անմահ ըլլալու զգացում: Այդ մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մարդիկ համոզուին, որ իրենց կեանքը ունէր նպատակ ու նշանակութիւն, ինչ որ կ՚ապահովէ հոգեկան գոհունակութիւն մը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2024