ԼՔՈՒԱԾ ԵՒ ՄՈՌՑՈՒԱԾ

Մարդ, ամբողջ կեանքի ընթացքին կը ստիպուի ապրիլ զանազան դժբախտութիւններ՝ ցաւեր, վիշտեր, տառապանքներ. բնական երեւոյթ մըն է ասիկա, քանի որ սովորական եւ ընդհանուր է եւ չկայ մէկը, որ այդ ապրումները ապրած չըլլայ իր կեանքին մէջ՝ կարճ ժամանակ մը եւ կամ տեւապէս։ Արդարեւ, այս աշխարհը, մարդուս համար վարդաստան մը, հանգստարան մը չէ՛, նեղութիւններ միշտ կը պատահին, եւ մարդ կոչուած է անոնց դէմ պայքարելու, իր կեանքը պահպանելու եւ գոյատեւելու համար։

Նեղութիւններ, ցաւեր, վիշտեր, դժբախտութիւններ՝ ամէն մէկու համար ծանր է, եթէ նոյնիսկ ուրիշի մը աչքով թեթեւ տեսնուի, քանի որ իւրաքանչիւրին ցաւը միշտ աւելի՛ մեծ է քան մէկ ուրիշինը։ Ամէն մարդ իր իսկ մորթին վրայ զգացած ցաւը աւելի ծանր կը կարծէ՝ մինչեւ որ տեսնէ ուրիշի մը անմխիթար եւ անդարմանելի վիշտը։ Բայց աստիճանը ինչ որ ալ ըլլայ՝ ցաւը, վիշտը միշտ կ՚ազդէ մարդուս եւ կը փոխէ անոր ընդհանուր տրամադրութիւնը, կեանքին ընթացքը եւ հայեցակէտը կեանքին նկատմամբ։ Եւ այսքան փոփոխութիւններու երբ պատճառ կ՚ըլլայ վիշտը, կարելի է հարցնել, թէ՝ մարդուս նկարագիրն ալ կրնա՞յ փոխել ան։

Այդպէս կարծելի է, թէ նկարագրի մը փոփոխութիւնը՝ անոր հաստատ կամ յեղյեղուկ ըլլալէն կախում ունի։ Հաստատ նկարագրի մը խորհրդանիշն է՝ քաջութիւնը, հաստատակամութիւնը, իսկ յեղյեղուկինը՝ վախկոտ ու յարափոփոխ բնաւորութիւնը։

Հաստատամիտ նկարագրի տէր անձեր ո՛րքան որ վստահութիւն կը ներշնչեն իրենց շուրջիններուն, յարափոփոխ բնաւորութիւն ունեցողներ ա՛յնքան անվստահելի են։ Այս իմաստով՝ քաջ մարդը վստահելի՛ մարդու երեւոյթը ցոյց կու տայ, իսկ վախկոտը՝ անվստահելի եւ կասկածելի՛։ Եւ վստահութեան եզրը, մարդկային յարաբարութիւններու մէջ կարեւոր, դրական դեր մը կը խաղայ, անհրաժեշտ տա՛րր մըն է։

Տագնապի ենթարկուած մէկու մը՝ անոր դէմ կեցուածքը ցոյց կու տայ անձին նկարագիրը՝ թէ քա՞ջ է, կամ վախկոտ, զօրաւո՞ր է թէ տկար։

Կեանքի մէջ, ըսինք, տարբեր աստիճաններով ցաւեր, վիշտեր, դժբախտութիւններ կը գտնուին, եւ սակայն երբ դասաւորում մը կատարուի, կը տեսնուի, որ «կորուստ»ը իր ընդհանուր առումով եւ տեսակներով մարդկային ցաւերու, դժբախտութիւններու կարեւոր եւ առաջնակարգ պատճառը եւ աղբիւրն է։

Եւ կեանքի մէջ կորուստները ա՜յնքան շատ են, որ կարելի չ՚ըլլար անոնք մէկ մէկ թուել։ Արդարեւ ամէն կորուստ՝ ենթակային համար մե՛ծ է եւ կարեւոր, ինչպէս անոր ստեղծած ցաւն ու վիշտը։

Մարդուս ո՞ր կորուստները աւելի մեծ ազդեցութիւն կը գործէ։ Անոնք՝ որոնք կը փոխեն իր կեանքի ընթացքը, անոնք՝ որոնք կը փոխեն անոր տրամադրութիւնը, եւ անոնք՝ որոնք խորապէս կը տպաւորեն անոր հոգին եւ միտքը։ Ուստի մարդ անդրադառնալու է ցաւին, ապրելու է ցաւը, բայց պէտք չէ՛ գերին ըլլայ անոր, թոյլ պէտք չէ՛ տայ անոր տիրապետութեան իր ամբողջ կեանքին, ամբողջ էութեան, ամբողջ նկարագրին վրայ։ Ցաւեր կու գան ու կ՚անցնին, բայց նկարագիրը, մարդուս ինքնութիւնը, էութիւնը կը մնայ եւ եթէ անփոփոխ կը մնան անոնք, ահաւասիկ այդ մարդը զօրաւո՛ր մարդ է, քա՛ջ մարդ է, վստահելի՛ մարդ է եւ «մա՛րդ» է՝ իր կոչումին հաւատարիմ մարդ…։

Տեսնենք, թէ ինչ կորուստներ կրնայ ունենալ մարդ, ինչեր կրնայ կորսնցնել՝ որ վիշտ կը պատճառեն իրեն։ Անշուշտ այս համրանքը հաւանական կամ ենթադրական կորուստներ կը բովանդակէ, քանի որ հաստատ թիւ մը տալ կարելի չէ անոնց համար։

Կորուստներ կան՝ որոնք նիւթական կորուստներ են, կորուստներ կան՝ որոնք հոգեկան, բարոյական, մտային կորուստներ են։ Մարդուս աշխարհահայեացքին եւ կեանքի ըմբռնումին համեմատ կը փոխուի այդ կորուստներուն կարեւորութիւնը եւ անոնց պատճառած ցաւին աստիճանը, ծանրութիւնը։

Բայց կորուստը մի՛շտ «կորուստ» է, ամէն կորուստ անպայմա՛ն ցաւ կը պատճառէ։

Այս հաւանական կորուստներէն մին է մարդուս արժանապատուութեան կորուստը՝ որ է վիրաւորուած արժանապատուութիւն մը։ Թէ ի՞նչ է արժանապատուութեան կորուստը։ Մատնուած ըլլալ բարեկամէ մը, լքուած ըլլալ սիրելիէ մը, ուրացուած ըլլալ հաւատարիմ ընկերէ մը, ընդհանրապէս մոռցուած ըլլալ իր մտերիմ կարծուած, անկեղծ նկատուած մերձաւորէ մը, հոսկէ հո՜ն քաշկռտուած ըլլալ, անիրաւուած, նախատուած ըլլալ, եւ բարոյապէս վիրաւորուած զգալ ինքզինք, արժանապատուութեան վիրաւորանք եւ կորուստներ են մարդուս համար, որոնք բոլորովին կը փոխեն կեանքը, նեղութեան կը մատնեն զայն։

Արդարեւ, կեանքի մութ ու խաւար պահերուն, այն՝ որ չի կորսնցներ իր ինքնութիւնը, հաստատ կը մնայ իր սովորական ընթացքին վրայ, չի վարանիր, չի տատամսիր, չ՚երկմտիր, այլ հաստատ կերպով կը շարունակէ իր ճամբան՝ ո՛չինչ համարելով զինք պատող մութն ու խաւարը…, ահաւասիկ ճշմարի՛տ քաջը ա՛յն է, զօրաւորը եւ յաղթականը կեանքի պայքարին մէջ։ Ուստի քա՛ջ ըլլալ կը նշանակէ՝ ետ քայլ չնետել արգելքներու առջեւ, հաստատամիտ ու հաստատակամ շարունակել իր սկզբունքներու հաւատարմութիւնը, մութին ու խաւարին մէջ նշմարել լուսաւոր ճամբան եւ հետեւիլ անոր, միշտ վեր պահելով մարդկային արժանապատուութիւնը եւ ամէն բարձր արժէք։

Արհամարհանք, ատելութեան ենթարկուիլ, անտեսուիլ, ուրացուիլ, լքուիլ, ապերախտութեամբ, վատութեամբ դիմաւորուիլ, այս եւ ասոնց նման մոլորութիւններ, որոնք դժբախտաբար սովորական են դարձած մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ ամէն շրջանի, ամէն ժամանակի, կը վիրաւորեն մարդկային բարձր արժէքները, եւ իրապէ՛ս «մարդկային արժէքներու կորուստ»ներ կը նկատուին, ցաւ ու վիշտ կը պատճառեն ամէն ողջախոհ ու արդարամիտ հոգիի։

Մարդ աւելի եւս կը վիրաւորուի, աւելի եւս կորուստի կը մատնուի երբ իր բարոյական արժէքները կը վնասուին, հետզհետէ կ՚անհետանան եւ անոնց տեղը կը գրաւէ կեղծը, սուտը, տգեղը եւ չա՛րը։

Մարդուս բարձրագոյն արժէքներն են՝ գեղեցիկը, բարին եւ ճշմարիտը, իսկ անոնց անէացումը՝ մարդուն, մարդկութեան իրաւ կորուստներն են, քանի որ առանց այդ արժէքներուն մարդ էակը կը կորսնցնէ իր էութիւնը, իր հանգամանքը, կը շեղի իր կոչումէն, անհաւատարիմ կ՚ըլլայ իր հաւատալիքներուն եւ հիմնական սկզբունքներուն։

Ուրեմն, մարդ անդրադառնալո՛ւ է իր էութեան, իր արժէքներուն, կորուստներու կարեւորութեան, պէ՛տք է զգայ անոնց պատճառած վիշտը ու ցաւը, որպէսզի զգաստանայ եւ արթնն՛այ իր թմբիրէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 6, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017