ՇԱՀԵՐ՝ ՈՐ ԿՈՐՈ՛ՒՍՏ ԵՆ

Կեանքի մէջ կան շահեր՝ որ մարդս կը խաբեն, քանի որ անոնք շահու կերպարանքին տակ իսկական կորուստներ են։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս «ոչխարի կերպարանքով մարդոց մօտեցող յափշտակիչ գայլեր», (ՄԱՏԹ. Է 15), որոնցմէ բարիք եւ օգուտ կ՚ակնկալելու, բայց անոնք միայն վնաս եւ կորուստ կը պատճառեն մարդոց։

Բարոյականութիւն, մաքրութիւն եւ խիղճ, որոնք կարելի է համախմբել «ուղղամտութեան» բարձր գաղափարին մէջ, նիւթապաշտ աշխարհը հեգնանքով կը դիմաւորէ ընդհանրապէս, զանոնք համարելով սնամէջ նախապաշարումներ, նկատելով որ անոնք արգելքներ են շահու եւ պատճառ՝ կորուստներու։

Ինքնամոլ, եսապաշտ անհատներն են միայն, որ կը խորհին միայն տեսանելի՝ նիւթական շահը եւ երբեք նկատի չեն ունենար անտեսանելի՝ բարոյական կորուստները այդ ժամանակաւոր եւ սահմանաւոր շահուն ետին։ Արդարեւ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ամէն շահ որ կ՚ապահովէ մարդ, իսկական իմաստով «շահ» չէ՛, այլ կորո՛ւստ։

Զոր օրինակ՝ շատ շահելու համար անընդհատաբար աշխատող ագահ մարդ մը կրնայ շատ շահիլ, բայց կրնայ կորսնցնել շահածէն շատ աւելի կարեւոր բան մը՝ առողջութի՛ւնը, եւ թերեւս իր ընտանեկան խաղաղութիւնը, երջանկութի՜ւնը։

Արդարեւ, ի գին կորուստի շահիլ, շատ սեպել միամտութիւն է, քանի որ մարդ երբ շահելով կը կորսնցնէ, ասիկա պարզապէս ինքնախաբէութիւն է։ Անշուշտ որ մարդ պիտի աշխատի եւ իր աշխատութեան արդար վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ իր շահը։ Որեւէ տարակոյս չկայ, չի կրնար ըլլալ այս մասին, քանի որ «մշակը արժանի է իր վարձքին»։ Ամէն արդար աշխատութիւն պէտք է վարձատրուի արդար վարձքով. արդարութիւնն ալ արդէն ա՛յս կը պահանջէ։ Այս ալ յստա՛կ է։

Բայց կարեւորը չափաւորութեան անայլելի եւ մշտնջենական սկզբունքին հաւատարիմ մնալն է։

Ուստի, ինչպէս յաճախ կը յիշենք, ժողովրդային իմաստութիւնը իրաւացի է, երբ կ՚ըսէ. «Չափաւորութիւնը կէս աստուած է»։ Չափազանցութիւնը, ծայրայեղութիւնը, ամէն մարզի մէջ, ո՛չ թէ շահ կ՚ապահովէ, այլեւ մանաւանդ՝ կորո՛ւստ։

Դուք, սիրելի՜ներ, մի նայիք բարոյականութեան, ուղղամտութեան, ճշմարտախօսութեան եւ խղճամտութեան բարձր գաղափարներուն հեգնանքով մօտեցողներուն՝ անոնց, որոնք նկատի չեն առներ, ժամանակավրէպ եւ անտեղի, եւ մինչեւ իսկ վնասակար կը համարեն բարոյական բարձր սկզբունքները։ Անոնք զո՛ւրկ են այն ներքին զօրութենէն՝ որ կրնայ դիմադրել վար քաշող ուժերու։

Այն անձը, որ անկարող է իր կամքին իշխանութեան ներքեւ առնել ինքզինք պզտիկցնող եւ ստորնացնող ամէն զգացում եւ կիրք, խորհուրդ եւ կամ արարք եւ իր սրտին եւ հոգիին խորութիւններուն մէջ չի զգար անոնց կործանարար հանգամանքը, եւ չի կրնար հաւասարակշռել իրական շահը եւ կորուստը իր կեանքին մէջ, այդ անձը, ահաւասիկ, «բարոյական խլեակ» մըն է ընկերութեան համար։

Տարի՜ներ առաջ, փաստաբան բարեկամ մը կը պատմէր. իր փոխանորդագրեալներէն մէկը խզեր է կապը իրեն հետ այն պատճառով, թէ ինք շատ ուղղամիտ եւ ճշմարտախօս է եղեր, եւ ասիկա արգելք կը հանդիսանայ իր շահերուն եւ մանաւանդ կորուստներու պատճառ կ՚ըլլայ։

Ի՜նչ մեծ պատիւ, ի՜նչ գովասանք այդ փաստաբան բարեկամին համար՝ որ ուղղամտութեանը եւ ճշմարտախօսութեանը պատճառով «գործ»ը կորսնցուցեր է։ Իրականին, ան չէ՛ կորսնցուցած, այլ շահած էր շատ բան իր ուղղամտութեան եւ ճշմարտախօսութեան, սկզբունքներուն հաւատարմութեան շնորհիւ…։

Եւ տարիներ վերջ, երբ օր մը հանդիպեցայ իրեն, հարցուցի, թէ իրապէս կորսնցուցա՞ծ էր, թէ՞ շահած, քաղցր ժպիտով մը պատասխանեց. «Դուն ի՞նչպէս կը տեսնեն. դէմդ կորսնցուցած թէ շահած մէկը կը գտնուի…»։ Նայեցայ եւ դէմս տեսայ կեանքի մէջ շահած եւ յաղթական մէկը՝ բարեկամ մը, որ շահու եւ կորուստի դաս մը տուած էր իր կեանքով, իր ընթացքո՛վ։

Ահաւասիկ, այսպէս է կեանքը. ոմանք ի գին շահելու շա՜տ բան կը կորսնցնեն, իսկ ոմանք ալ կորսնցնելով շա՜տ բան կը շահին։ Փաստաբան բարեկամս փաստա՛ծ էր այս ճշմարտութիւնը։ Սիրելի՜ ընթերցող բարեակմներու հետ բաժնել փափաքեցայ այս յիշատակը՝ որ իր մէջ կը բովանդակէ կեանքի ամբողջ դա՛ս մը։

Բնութիւնը արդար է եւ նաեւ՝ անողոք։

Ֆիզիքական, մարմնական կեանքի դէմ գործուած որեւէ յանցանք՝ խղճի, մաքրութեան եւ բարոյականութեան դէմ գործուած որեւէ յանցանք երբեք անպատիժ չի մնար. նիւթական, ֆիզիքական կարգ մը կորուստներէ, վնասներէ զատ, մարդու մը թանկագին դրամագլուխը կազմող պատիւը, արժանապատուութիւնը, բարի համբաւը, մարդկութեան անկեղծօրէն ծառայելու եւ օգտակար հանդիսանալու հաստատակամութիւնը, շուրջիններուն վրայ գործած ազդեցութիւնը եւ մարդոց իր մասին ունեցած յարգանքը եւ անկեղծ սէրը, վստահութիւնը կը տուժե՛ն եւ յաճախ՝ անվերադառնալի եւ անսրբագրելի կերպով։

Աշխարհ կարծուածին չափ անտարբեր, անգիտակ եւ սկեպտիկ չէ՛ հեգնուած այդ բարձր սկզբունքներուն արժէքին նկատմամբ։ Ամէն դարու, ամէն շրջանի մէջ եւ ամէն տեղ գտնուած են առաքինի եւ ազնիւ մարդիկ՝ որ հաւատացած եւ հաւատարիմ գըտնուած են այդ բարձր սկզբունքներուն, օգտաբեր գաղափարներուն զօրութեան եւ բարձրութեան եւ վստահութիւն են ներշնչած իրենց շուրջիններուն՝ հասարակութեան։

Ուստի աշխարհ շատ բան կորսնցուցած է եւ պիտի շարունակէ կորսնցնել, եթէ չհպատակի օրէնքներու՝ որոնք մարդը անասուն-անբանի աստիճանէն վե՛ր հանելով՝ մարդկութեան արժանաւոր պատուանդանին վրայ կը դնեն։ Եւ մարդ շատ բան կը կորսնցնէ, եթէ կորուստները շահ նկատելու պատրանքին մէջ ինքզինք կորսնցնէ…։

Եւ եթէ մարդ կը շարունակէ յուսալ, թէ ի վերջոյ պիտի հասնի երջանկութեան, այդ յոյսը, պէտք է գիտնայ, որ հիմնուած է խղճի, բարոյականութեան՝ ուղղամտութեան եւ ճշմարտախօսութեան, արդարութեան բարձր սկզբունքներու, վսեմ գաղափարներու մարմնացած օրէնքներուն վրայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 5, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 10, 2018