ԿԵԱՆՔԸ ԴՊՐՈՑ ՄԸՆ Է
Մարդ ամէն ատեն, ամէն տեղ եւ ամէն պարագայի մէջ ամէն մարդէ սորվելիք շա՜տ բան ունի։ Ուստի մարդ երբեք պէտք չէ ստորագնահատէ ոեւէ մէկը գիտութեան տեսակէտէ, քանի որ ամէն մարդ, իր նմաններուն անպայման սորվեցնելիք բան մը ունի եւ գիտութիւնը սահման չունի։ Գիտութիւնը հորիզոնին կը նմանի՝ որքան մօտենալ փորձէ մարդ անոր, ան միշտ հեռու է իրմէ եւ երբեք կարելի չէ հասնիլ հորիզոնին։ Գիտութիւնն ալ նոյնն է՝ մարդ որքան սորվի, որքան շատ բան գիտնայ, միշտ պակաս մը գոյութիւն ունի։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով մարդ իր նմաններէն ամէն ատեն կրնայ բան մը սորվիլ եւ անշուշտ, փոխադարձաբար կրնայ ուրիշի մը բան մը սորվեցնել…։
Այս իրողութիւնն է որ ահաւասիկ ցոյց կու տայ, թէ կեանքը ամբողջ անվերջ դպրոց մըն է, ուր ամենէն գիտունն ալ, ամենէն համեստ գիտութիւն ունեցողն ալ աշակերտներ են։ Եւ որքան հետաքրքրական է որ կեանքը դպրոց մըն է՝ ուր ուսուցիչն ալ, դաստիարակն ալ դարձեալ կեա՛նքն է։
Այս իմաստով, կեանքը կրթութիւն է, ուր մարդ հետզհետէ կը զարգանայ, կը կատարելագործուի։ Եւ ուրեմն կրթութիւնը՝ ներքին անտեսանելի փոփոխութիւններու, եւ աստիճանական զարգացման մէջէն անցնելով «բարձրագոյն գոյավիճակ»ի մը հասնիլ կը նշանակէ։
Արդարեւ, մարդուս ներաշխարհը, ներքին կեանքը հսկայ ովկիանոս մըն է, որուն հազիւ մէկ մասին կը գիտակցինք դեռ։ Թէեւ անոր մակերեսը խաղաղ կ՚երեւի, բայց խորքը կ՚եռեւեփի յորձանքներով։ Եւ որքա՜ն հետաքրքրական է սակայն մարդուս ներաշխարհի ալքերուն եւ խորութիւններուն մէջ պտոյտ մը՝ նպատակ ունենալով այնտեղ լաւագոյնս ուսումնասիրել հոգիին ներքին եւ թաքուն, ծածուկ անցուդարձերը։
Մարդուս ներաշխարհը միօրինակ եւ խաղաղ չէ։ Ան միապաղաղ անդորրութիւն չի ցուցաբերեր եւ ո՛չ իսկ մանկութեան շրջանին։ Այնտեղ կան խորհրդաւոր անցուդարձեր, որոնց ուսումնասիրութիւնը արդարեւ շատ շահեկան պիտի ըլլայ միշտ. ասոնք կ՚անուանուին «անգիտակից ապրումներ»։
Անկենդան իր մը, մի՛այն դուրսի ազդեցութիւններու ենթակայ է, ներսէն չի փոխ-ւիր, չի շարժիր, բայց կենդանի, ապրող էակ մը անբացատրելի, անիմանալի զօրութիւն մը ունի իր մէջ՝ կեա՛նք, որ կ՚աճի, կը բարեշրջի, կը բարեփոխուի եւ այդ աճումը եւ բարեփոխումը արդիւնք մը կը ստեղծէ, գործ կ՚արտադրէ, ընդհանուր առմամբ «պտուղ» կու տայ։ Անշուշտ այդ «պտուղ»ը պարագայի համեմատ տարբեր հանգամանքներ, տարբեր երեւոյթներ կը ստանայ։ Բայց անպայմա՛ն արտադրութիւն մը կ՚ունենայ…։
Այս արդիւնքը յառաջ բերելու եւ իր գոյութեան նպատակին ծառայելու համար ամէն ապրող՝ կենդանի էութիւն պէտք ունի սնանելո՛ւ։ Եւ ամէն կենդանի էութիւն, զանազան արտաքին ազդակներու ազդեցութեան տակ աճի, զարգանայ, զօրանայ, վեր ելլէ եւ ի վերջոյ արտադրէ։ Արտադրութիւնը ամէն կենդանի էակի վերնագոյն կոչո՛ւմն է։
Ուստի կրթութիւն իր լայնագոյն առումով կը նշանակէ՝ «ներսէն փոխուիլ», կեանքի ուժերը դուրս բերել, «նկարագրի մա՛րդ»ը պատրաստել եւ արտադրել, «պտուղ տալ»՝ զոհողութեան, անձնուիրութեան, քաջասրտութեան, սրբութեան եւ ծառայութեան «պտուղ»ները՝ որոնցմով սրտեր ուրախանան, կեանքեր փրկուին։
Ահաւասիկ, ա՜յս է կեանքի կրթութիւնը՝ ապրիլ ո՛չ թէ ունենալու, տիրանալու, գիտնալու եւ կամ վայելելու համար, այլ որպէսզի «մարդ» ըլլալու առանձնաշնորհութեանը անդրադառնայ մարդ էակը, այսինքն՝ կրթուելու համար, մէկ խօսքով՝ «մարդ ըլլա՛լու»՝ ազնուական, առաքինի, ընտիր եւ անձնանուէր ա՛նձ։
Եւ կեանքի այս կրթութիւնը ստանալու համար պէտք է յանձն առնել նեղութիւններ, դժուարութիւններ եւ տառապանք։ Որովհետեւ հարուածը կը զօրացնէ հարուածուողը. զոր օրինակ, լաւ պողպատը ձեռք կը ձգուի զօրաւոր հարուածներ տալով ջրդեղուած երկաթին, եւ նաեւ հովը եւ փոթորիկը ծառին հարուած կու տան եւ պատճառ կ՚ըլլան, որ անոր տերեւները թափին, ճիւղերը ցնցուին, սակայն ծառին արմատները կը խորացնեն, ներքին ուժերը կ՚ուռճանան այս կերպով եւ ծառին աճմանը կը նպաստեն։ Ահաւասիկ, դժուարութիւններ, նեղութիւններ, տառապանքներ եւ ամէն ցաւ՝ ձախողութիւն, կորուստներ, հիւանդութիւններ, մահեր խոր վիշտ կը պատճառեն թէեւ մարդուս, կը ցնցեն հոգիները խորքերէն եւ մարդ կը սկսի տրտնջել, հառաչել, վհատիլ, յուսահատիլ, յուսալքուիլ. բայց գիտնալու է, թէ այդ բոլոր ցաւերը կեանքի էական մասն են եւ մարդուս աճման, կատարելագործման եւ «մարդ» հանգամանքին անդրադառնալուն, ինքզինք իրապէս «մա՛րդ» զգալուն պատճառ կ՚ըլլան եւ անոնք ա՛յնքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ, որքան ժպիտը, ուրախութիւնը, հաճոյքը եւ յաջողութիւնը։ Չէ՞ որ մարդ յաջողութեան արժէքը կը հասկնայ երբ ձախողի, կամ իր ունեցածին արժէքին կ՚անդրադառնայ երբ կորսնցնէ զայն…։
Դասեր երբեմն անհաճոյ կ՚երեւին, նոյնիսկ անտանելի՛. սակայն իմաստուն եւ փորձառու ուսուցիչը գիտէ, թէ տղուն մտքի բազմակողմանի զարգացմանը համար, անոր ապագայի յաջողութիւններուն համար, կեանքի համար պէտք է, որ աշակերտը չսիրած եւ զինք նեղացնող, անհանգիստ ընող դասընթացքէն ալ անցնի, քանի որ այս կը պահանջէ անոր բարձրագոյն բարին։
Յաջողութեան ճամբան դիւրին չէ, ինչպէս լայն դուռը բարիք չի բերեր, այլ նեղ դուռն է, որ մարդս կը հասցնէ իր նպատակին։ Նեղ դուռնէն քիչեր կ՚անցնին եւ քիչեր կը հասնին իրենց նպատակին։ Կեանքի ճամբան դժուար ճամբայ է՝ համբերութիւն, տոկունութիւն, հաստատամտութիւն կը պահանջէ։ Կեանքի դպրոցն ալ ցաւի դասընթացքներ ունի՝ որոնք երբեմն կը վհատեցնեն մարդը, կը դառնացնեն սրտերը, հոգիներէ տրտունջներ կը բարձրանան, մարդիկ յուսահատութեան կը մատնուին, կը յուսալքուին. սակայն եթէ աճիլ, բարձրանալ, ազնուանալն է ապրելու գերագոյն նպատակը, պէտք է անտրտունջ հետեւի մարդ կեանքի դպրոցին դասընթացքներուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 8, 2020, Իսթանպուլ