ԵՐՋԱՆԻԿ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ
Ամուսնութիւնը, եւ ամուսնութեամբ կազմուած ընտանիքը՝ մարդկային անհատական եւ հաւաքական կեանքին հի՛մն է։ Ուստի ամուսնութիւնը, մարդկային ամենահին եւ էական միութիւնն է, քանի որ մարդկութիւնը կը գոյատեւէ որդեծնութեան շնորհիւ եւ կը շարունակէ սերունդէ՜ սերունդ՝ ընտանիքներու բազմացման հետեւանքով։
Եւ ամուսնութեան առաջին նպատակն է՝ սերունդներ հասցնել բնականոն պայմաններու մէջ եւ ապահովել մարդկութեան գոյապահպանումը ե՛ւ գոյատեւումը։ Արդարեւ, ընտանիքը կը կազմէ այդ բնականոն պայմանները, կը պատրաստէ պատշաճ միջավայրը։ Իսկ ընտանիքը կը հիմնուի եւ հաստատուի օրինաւոր սուրբ ամուսնութեան մը վրայ։ Եւ այս իսկ պատճառով՝ ամուսնութիւնը «խորհուրդ» մըն է, եւ մարդկային կեանքի ամենաբարձր արժէքներէն մին, եւ ինչո՛ւ չէ՝ առաջնակարգը։ Այս պատճառով է, որ ընտանիքը կոչուած է՝ «առտնին եկեղեցի», իսկ ամուսնութիւնը՝ սո՛ւրբ։ Ստեղծագործութեան պահէն իսկ, «մարդ»ը երբ ստեղծուած է, անոր արարչութեան անմիջապէս յաջորդած է ամուսնութիւնը, Ադամին որպէս օգնական Եւան ստեղծուելով։
Ադամ եւ Եւայի արարչութիւնը առաջին ամուսնութիւնն է, որ պսակուած է ուղղակի Արարչին կողմէ՝ Աստուծմէ՛։
Այս առաջին սուրբ ամուսնութիւնը օրինակ է բոլոր ամուսնութիւններուն՝ որոնք նոյնպէս սուրբ են։ Ամուսնութիւնը, այս իմաստով կը ներկայացնէ մարդկային արժանաւորութիւնը եւ արժանապատուութիւնը։ Ամուսնութիւնը պատիւն ու պարծա՛նքն է մարդկութեան, որուն միջոցով կոչումը կը ստանան ամուսիններ՝ ամուսնացած այր-մարդ եւ կին-մարդ, շարունակել աստուածային կենսական գործ մը՝ մարդոց արարչութիւնը՝ որդեծնութեան շնորհիւ։ Ուրեմն, ամուսիններ, ամուսնութեան ճամբով կը ստանան կենսական կարեւոր պարտականութիւն մը ե՛ւ պատասխանատուութիւն մը, թէ՛ Աստուծոյ հանդէպ, թէ՛ գալիք սերունդներու, մարդկութեան ապագային նկատմամբ։
Եւ երբ այսքան էական հաստատութիւն մը, միութիւն մըն է ամուսնութիւնը, եւ թէ «սուրբ», ապա ուրեմն ան պէտք է խնամուի զգուշութեամբ, պէտք է հոգալ բծախնդրութեամբ եւ պէտք է պահուի ու պահպանուի ուշադրութեամբ։ Ընտանիքը մարդկութեան ապագան պատրաստող հաստատութիւն մըն է՝ ընտանիքը պահել կը նշանակէ ապագան ապահովութեան տակ առնել։ Ուրեմն հարկ է կարեւորութիւն ընծայել ամուսնութեան՝ որ ընտանիքի հիմը կը կազմէ եւ նախապատճա՛ռն է։
Ուրեմն ինչպէ՞ս խնամել, հոգալ ընտանիքը եւ անոր կազմութեան ամենաէական համաձայնութիւնը՝ ամուսնութիւնը։ Եւ այսօր ցաւով կը տեսնուի, որ ամուսնութիւնը կը տեսնուի բոլորովին ձեւական արարք մը՝ առանց նկատի ունենալու անոր կենսական արժէքը։ Պարզապէս արտաքին տեսքը եթէ նկատի առնուի որեւէ արժէքի, կարելի չ՚ըլլար այլեւս անոր էութիւնը հասկնալ, բայց միայն ձեւականօրէն՝ պարտադրաբար կատարուած գործ մը, արարք մը՝ որ տեղւոյն վրայ կը կատարուի եւ այդ պահէն վերջ որեւէ արժէք չի՛ ներկայացներ, բայց ամուսնութիւնը՝ կեանք մը, նոր կեանք մը ստեղծել կը նշանակէ։ Ձեւականութեամբ հասկնալ կարելի չէ՛ ամուսնութիւնը։
Եւ քանի որ ա՛յսքան կենսական է ամուսնութիւնը, ապա ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել՝ զայն կարենալ վայելու ու վայելելու համար ըստ իր արժէքին ու կարեւորութեան։
Ամուսնութեամբ հաստատուած ընտանիքը պահպանելու համար, պէտք է ամուսիններ, այսինքն ամուսնացած այր-մարդ եւ կին-մարդ համբերատար ըլլան, զիրար հասկնան, ամուսնութեան պատիւը վեր պահեն, բարձր արժէք տան եւ միշտ զուարթ ըլլան՝ ուրախ ու երջանիկ իրենց միութենէն։ Եւ եթէ այս զգացումները ունին եւ անկեղծօրէն կը յայտնեն, այս կը նշանակէ թէ՝ հաստատուն հիմերու վրայ հաստատուած ամուսնութիւն մը ունին։
Անշուշտ այս չորս հիմերը իրար կապող զօրաւոր կապը՝ սէ՛րն է, որմէ կը ծնի ամէն բարիք, ամէն առաքինութիւն եւ ամէն ազնիւ վարմունք։
Եթէ ամուսիններ ունին անկեղծ սէր իրարու հանդէպ, ապա ուրեմն ունին նաեւ համբերութիւն, իրերհասկացողութիւն, ամուսնական պատիւ եւ ուրախութիւն, որ կ՚երջանկացնէ զիրենք։ Եւ եթէ անկեղծ ու ճշմարիտ սէր կայ, ամէն ինչ կա՛յ. համբերութիւն, իրերհասկացողութիւն, պատիւ, ուրախութիւն, եւ նաեւ՝ հաւատարմութիւն, հնազանդութիւն, որոնք կը լրացնեն, կ՚ամբողջացնեն միւս առաքինութիւնները եւ կ՚ապահովեն կատարեալ ամուսնութիւն մը։
Ըսինք, որ ամուսնութեան նպատակն է որդեծնութիւն, բայց նոյնքան կարեւոր է ամուսիններուն երջանկութիւնը։ Ուստի ըսել կարելի է. ամուսնութեան նպատակը երջանիկ ընտանիք մը կազմել է՝ ուր պիտի ծնին ու հասնին զաւակներ, որ պիտի կազմեն ապագան՝ նոր սերունդներ, որոնք պիտի տեւականացնեն մարդկային մեծ ընտանիքը, համայն մարդկութիւնը՝ առողջ, հասուն եւ զօրաւոր՝ բարոյապէս։ Արդարեւ ասիկա կարելի է իրականացնել ամուսնութեան պէտք եղած կարեւորութիւնը ընծայելով, արժէք ճանչնալով եւ կազմուած ընտանիքը հոգալով, խնամելով, երբեմն զոհուելով, երբեմն զոհելով՝ միշտ տալով, փոխանակ առնելու, քանի որ տալը աւելի երջանկաբեր է քան առնելը, մանաւանդ օրինաւոր եւ սուրբ ամուսնութեամբ կազմուած եւ սիրոյ վրայ հաստատուած ընտանիքին մէջ։
Համբերութիւն, իրերհասկացողութիւն, պատիւ եւ զուարթութիւն. ահաւասիկ չորս հիմերը երջանիկ ամուսնութեան մը։ Եւ եթէ կ՚ուզէք գիտնալ, թէ ո՞րն է այս չորս հիմերու սկզբնակէտը, ըսենք, եւ կրկնենք. սէ՜ր, սէ՜ր, սէ՜ր եւ սէ՛ր։
Ամուսնութիւնը կը ճառագայթէ սիրոյ, նուիրաբերումի բեղմնաւոր կեանքով։
Ընտանիքը սո՛ւրբ է եւ սուրբ պէտք է պահել, քանի որ ան սիրոյ վրայ հաստատուած միութիւն մըն է եւ Աստուած միշտ հոն ներկայ է, որովհետեւ Աստուած սէ՛ր է, եւ եթէ տեղ մը սէր կայ, կը նշանակէ որ հոն Աստուած Ի՛նք ներկայ է։ Եւ ի զուր չէ, թէ ընտանիքը կոչուած է «Առտնին Եկեղեցի՛»։
Ուրեմն ամուսնութեան եւ ընտանիքի նայինք այս տեսանկիւնէն, մօտենանք ու վայելենք անոր սրբութիւնը, բարիքը, աստուածատուր վայելքները եւ զօրաւոր կերպով պահենք ու պահպանենք անիկա։ Ընտանիքի արժէքը եւ պատիւը միշտ բարձր, աւելի բարձր բայց նաեւ մեր սրտին մօտ, նոյնիսկ մէջը զետեղենք։
Ամուսութիւնը «նոր կեանք»ի սկիզբն է՝ որ կը կոչուի «ընտանիք»։ Ան Աստուծոյ տո՛ւնն է...։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 8, 2016, Իսթանպուլ