ՄՏՔԻՆ ԹՌԻՉՔ ՏԱ՛Լ

Դարուս մէջ մանաւանդ «թռիչք»ը անսահմանօրէն կը տարածուի միջոցին մէջ։ Այն ամէն ինչ որ անտեսանելի եւ անկարելի է մարդկային աչքին ու մտքին, գիտութեան շնորհիւ կարելի եւ սովորական կ՚երեւի այլեւս։ Ասիկա որքան գիտութեան յառաջդիմութեան, նո՛յնքան ե՛ւ մարդկային մտքին «թռիչք» ստանալուն բնական ու բանական մէկ հետեւա՛նքն է։

Արդարեւ, գիտութիւնը կը յառաջդիմէ մտքին թռիչքներուն շնորհիւ եւ մտային թռիչքներու սահմաններն ալ կ՚ընդլայնին գիտութեան լուսաւորութեան շնորհիւ։ Ուստի, գիտութեան եւ մտային թռիչքի միջեւ փոխադարձ նպաստ մը խնդրոյ առարկայ է, առանց մէկուն՝ միւսը չի կրնար գործել։

Մարդոց համար, ուրեմն, մտքի սահմաններու ընդլայնումը կենսական հարց մըն է յառաջդիմութեան եւ մտապէս լուսաւորութեան համար։

Եւ ո՜վ գիտէ մարդկային աչքը եւ միտքը դեռ մինչեւ ո՛ր անդրաշխարհները, մինչեւ ո՛ր աներեւակայելիներուն, մինչեւ ո՛ր անտեսանելիներուն պիտի հասնի՝ մտքին թռիչքներուն եւ գիտութեան փոխադարձ ներգործութեանը շնորհիւ։

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է՝ թէ կան իրեր, իրողութիւններ, երեւոյթներ, որոնք գոյութիւն ունին եւ սակայն «ծածկուած» են մարդկային տեսողութեան առջեւ։ Եւ ահաւասի՛կ, մարդկային մտքին թռիչքն է որ զանոնք հետզհետէ քօղազերծ կ՚ընէ եւ տեսանելի կը դարձնէ՝ գիտութեան լոյսին շնորհիւ։ Զոր օրինակ, աստղ մը՝ որ աստեղագէտին հեռադիտակովը միայն կ՚երեւի, եւ սակայն անտեսանելի է մարդկային մարմնական աչքին…։

Ուրեմն, մարդուս համար կարեւորը՝ հեռուն կարենալ տեսնա՛լն է՝ անդրադառնալ այն իրին կամ իրողութեան, որ կերպով մը ծածկուած է եւ անտեսանելի։ Մարդ երբ «անտեսանելի»ն տեսնելու ջանքը ունի, ապա ուրեմն անիկա «տեսիլք» ունի եւ կրնայ «պատին ետին» տեսնել, այն՝ ի՛նչ որ ուրիշներու համար անկարելի եւ աներեւակայելի՛ է։

Ոմանք ձիրքը ունին՝ հեռատես ըլլալու։

Եւ անոնք որ հեռատես են, կը գերազանցեն ուրիշները, քանի որ իրենց ծրագիրը ըստ այնմ կ՚ընեն՝ անտեսանելին տեսնելո՛վ եւ աներեւակայելին երեւակայելո՛վ։ Ասոր համար ալ պէտք է թռիչք տալ մտքին՝ ընդլայնել մտաւոր աչքի տեսողութեան սահմանները, որ մարմնաւոր աչքը չի կրնար երբեք հասնիլ ու անցնիլ զանոնք։

Մարդ կ՚երազէ, մարդ կ՚ենթադրէ, մարդ կ՚երեւակայէ, եւ բոլոր ասոնք գործնականի կը վերածուի երբ մտքին թռիչք կը տրուի՝ երազէ ենթադրութենէ, երեւակայութենէ «տեսիլք»ի կը վերածուի՛։

Պատմութիւնը կը վկայէ մարդկային կեանքի բարեփոխութեան՝ երէկ՝ անկարելին, անհաւատալին, աներեւակայելին, այսօր՝ կարելի, փորձարկելի եւ իրականալի առաջադրութիւն մը եղած է։ Եւ ի՜նչ մեծ նշանակութիւն ունի՝ «անկարելի»ին «կարելի» ըլլալը մարդկային մտքին, մարդկային բանականութեան եւ իմացականութեան համար. ան կը նշանակէ՝ հետզհետէ, քայլ մը եւս առնել դէպի Աստուած, դէպի Ճշմարտութի՛ւն։

Մարդուն յաղթանակը եւ «փորձուած թռիչքներ»ը որոնք վաղը անպատճա՛ռ պիտի յաջողին նիւթական աշխարհի վրայ, անոր յառաջդիմութիւնն է, լուսաւորութիւնն է՝ հասնի՛լն է ճշմարտութեան։

Մարդկային միտքը, այսօր կը պարծենայ իր գիտութեամբ՝ նիւթական աշխարհի գաղտնիքներով, ծածուկ ճշմարտութիւններու ծանօթութեան փափաքը գոհացնելու հաճոյքը վայելելով։ Մինչեւ երէկ՝ մարդուն գիտութեան սահմանները գծուած էին այն մոլորակով՝ որուն վրայ դրուած է եւ կ՚ապրի։ Սահմանը նեղ շրջանակ մըն էր մարդուն, հոն՝ ո՛ւր կ՚ապրէին «մարդկային էակ»ներ, անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր։ Բայց սա մեր ապրած նորագոյն ժամանակներուն՝ տարուած են մարդիկ՝ անզուսպ մարմաջէ մը, տիեզերքը ամբողջ ճանչնալու՝ այնքան մօտէն, որքան երկիրը կը ճանչնան։ Իսկ երկիրը ո՛րքան կրցած են ճանչնալ, այդ ալ տարբեր հարց մըն է։

Մարդ, որ ինքզինք չէ՛ ճանչցած կատարելապէս, կարելի՞ է որ ճանչնայ իր վրան ապրած երկիրը, եւ երբ երկիրը չէ հասկցած՝ տիեզերքը ինչպէ՞ս պիտի հասկնայ…։ Մարդկային մտային կարողութիւնը բաւարար չէ՛ հասկնալու նախ ինքզինք, յետոյ՝ աշխարհը, եւ վերջապէս՝ տիեզերքը։

Բայց միջոց մը պէտք է ըլլայ հասկնալու՝ անկարելի կարծուածը կարելիի վերածելո՛ւ։

Ահաւասիկ հո՛ս է կարեւորութիւնը մտքին թռիչք տալու, որ ան թեւածէ եւ հասնի հոն՝ ո՛ւր անկարելին կը վերածուի կարելիի, անտեսանելին՝ տեսանելիի, երեւակայականը՝ իրականութեա՛ն։

Սակայն մարդ պէտք չէ՛ որ կարճամտի, պէտք չէ որ աճապարէ. տիեզերքի գիտութեան երբ հասնի, ատիկա չի՛ նշանակեր, թէ տիրացած է տիեզերքի ամբողջ գաղտնիքներուն, քանի որ տիեզերքը եւ անոր գիտութիւնը անհուն է՝ անսահման եւ անհասանելի՛։ Ուստի հարցին պէտք չէ՛ մօտենալ նիւթապաշտական ոգիով, այլ՝ մտաւոր եւ հոգեւո՛ր։

Միշտ ի մտի ունենալու է «հոգեւոր տիեզերք»ը՝ որը կ՚ամբողջանայ «մտային տիեզերք»ով, մէկ խօսքով. «հոգեմտաւոր» աշխարհով։ Եւ հոգեմտաւոր տիեզերքի սահմանները շատ աւելի ընդարձակ են քան նիւթական տիեզերքը՝ որուն մէջ թռչելու եւ մինչեւ որոշ կէտի մը հասնելու հնարամիտ միջոցը ունի մարդ էակը։ Մարդ կարո՛ղ է իր հոգիի եւ մտքի թեւերը բացած՝ հասնիլ ճշմարտութեա՛ն, մինչեւ իսկ Աստուծոյ Բնակարանը։ Ոմանք կրնան երթալ տիեզերքի որեւէ կէտը, ուրիշներ կը նախընտրեն աւելի հեռո՛ւն երթալ՝ մինչեւ որ Աստուծոյ հասնին՝ արեւէն ալ անդին՝ Լո՛յսին…։

Ուստի բանաւոր էակ՝ մարդը կը խորհի եւ ամէն խորհող մարդ՝ հոգեւոր տիեզերքի մէջ աւելի հեռո՜ւները կը թռչի քան որեւէ հրթիռ կամ սաւառնակ՝ որ կրնայ կտրել նիւթական տիեզերքին անհաշուելի՝ անհո՜ւն հեռաւորութիւնները։

Մէկ խորհուրդի մը խորքը՝ աւելի խորունկ է քան արեւի մը հեռաւորութիւնը երկար է Երկրէն։ Եւ Շէյքսփիրեան մեծ միտք մը, երբ դեռ չէր չափուած տիեզերքի որեւէ հեռաւորութիւն, կը խուզարկէր «մարդկային հոգիին տիեզերք»ը, որ այնքա՜ն անհուն է որքան նիւթական տիեզերքը։ Հասնիլ՝ մարդկային սրտին սիրոյ տարողութեան, կամ մտքին՝ անհամեմատօրէն, անբաղդատելիօրէն աւելի՛ արկածախնդիր թափանցում է «հոգեւոր տիեզերք»ին մէջ քան Երկրէն տիեզերքի որեւէ կէտ ճամբորդութիւն մը։ Ուրեմն ո՞ր մէկը՝ «գիտուն» նիւթապաշտ իմաստով, թէ «գիտնական»՝ հոգեւոր իմաստով…։

Պատասխանը դո՛ւք տուէք սիրելի՜ բարեկամներ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 2, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 10, 2017