ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ՝ ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆԻՆ

Սիրելի՛ Գ. Իփէկեան,

Թէեւ 71 տարուայ ուշացումով, առիթը ունեցայ ընթերցելու «Ազդակ»ի կիրակի, 1 յունուար 1950 թուականի «Ի՞նչ կ՚ընենք հայապահպանման համար» խորագրեալ ձեր յօդուածը, ուր 20-րդ դարակիսուն ինքնաքննութեան կը հրաւիրէիք ազգը՝ խորհրդածելու հայապահպանման համար մեր բոլոր ըրածներուն եւ չըրածներուն մասին:

Թող պատմութիւնը ներէ ինծի, որ իրաւունք կը վերապահեմ անարժանաբար պատասխանելու ձեզի, գիտակցելով որ աւելի՛ գերադաս է հող դառնալ՝ քան մտնել ծանրութեանը տակ այն բեռին՝ որ մեր ներկայ չարաբաստիկ ու տարաբախտ ազգի իրականութիւնը կը ներկայացնէ:

Ձեր յօդուածին մէջ հարց կու տայիք ըսելով. «Կրցա՞ծ ենք աւելցնել հայ դպրոց յաճախող հայորդիներու թիւը, կապել նոր սերունդը եւ անոնց ծնողները հայեցի կրթութեան, կրցա՞ծ ենք հայ վարժարանը դարձնել աւելի գրաւիչ եւ յաջող մրցակից օտար վարժարաններու»: Սկսելով ձեր վերջին հարցէն, ըսեմ, որ «բարեբախտաբար» յաջողած ենք մեր վարժարաններն ու դպրոցները մրցակից դարձնել օտարներուն եւ շատ անգամ գերազանցած ենք զանոնք, սակայն ո՛չ կրթութեան զարգացման կամ ուսման մակարդակի բարձրացման մէջ. երնէ՜կ կարենայինք այդ ոլորտին մէջ գերազանցել:

Եթէ հարց պիտի տաս, թէ ի՞նչ բանով գերազանցած ենք, անբախտութիւնը ունիմ յայտնելու, որ գերազանցած ենք զիրենք մեր կրթաթոշակներու աներեւակայելի բարձրացումով: «Պահպանենք հայ դպրոցը, ապահովենք անոր ապագան» լոզունգով տակաւ առ տակաւ բարձրացուցինք վճարումները՝ առանց երբեք որակի բարձրացման մասին մտածելու: Գիները հասցուցինք ա՛յն աստիճանի, որ հայ ծնողքը վճարելու անկարող սկսաւ իր երեխան ղրկել օտար դպրոցներ՝ ուր չկայ հայեցի դաստիարակութիւն, ուր չկայ հայ ինքնութիւն:

Սակայն, սիրելի պարոն Իփէկեան, երբեք անոր յանցանք ու մեղաւորութիւնը, ինչպէս միշտ, մեր մէջ չփնտռեցինք, այլ մեր ազատարար աւանդութեան համաձայն բեմերէն ու ամպիոններէն ամբաստանեցինք հայ ծնողքը, կշտամբեցինք նորապսակները:

Ձեր յօդուածին մէջ հարց կու տաք, թէ «Կրցա՞ծ ենք աւելցնել հայ դպրոց յաճախող հայորդիներու թիւը» եւ ենթադրաբար եթէ ողջ ըլլայիք այսօր վստահաբար այդ տողերը պիտի վերածէիք «ինչպէ՞ս կրնանք գոնէ եղածը պահենք»ի, որովհետեւ ցաւ ի սիրտ, հազար մեղայով, չկրցանք աւելցնել, սակայն լաւապէս «յաջողեցանք» նուազեցնել, մինչեւ հասնինք հոն՝ որ նորերը հիմնելու տեղ, սկսած ենք դպրոցները փակել: Եւ խնդրեմ, ներկայ դարու վարժարաններն ու դպրոցները չհամեմատէք ձեր ժամանակաշրջանի հայկական դպրոցներու հետ, ու չզարմանաք, եթէ տեսնէք հայկական վարժարան աւարտած նոր սերունդի պատկանող երիտասարդ մը՝ որ խելքը գլուխը երկու-երեք բառ հայերէն քով քովի բերել չի՛ գիտեր...:

Ձեր հարցադրումներու շարքը շարունակելով հարց տուած էք. «Ուսուցչութիւնը դարձուցե՞ր ենք զբաղում մը, որ ընդունակ կոչում ունեցողներ, օժտուած մարդիկ կարենան ընտրել այդ ասպարէզը, պատրաստուիլ անոր համար եւ ամբողջովին նուիրուիլ մանուկներու, այսինքն ապագայ հայութեան իբրեւ հայ կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին»: Բառին ամբողջական եւ բուն իմաստով, այո՛, կրցած ենք դարձնել զբաղում, սակայն ո՛չ ընդունակ կոչում եւ նուիրում ունեցողներու. ներկայ դարուս, մանաւանդ եթէ խնամիական ու բարեկամական կապերը հաստատ են, անգրագէտ մարդն անգամ կրնայ ուսուցիչ դառնալ հայկական վարժարանէ ներս, որովհետեւ շատերու աչքին այդ գործը աշխարհի ամենէն դիւրին գործերէն մէկը ըլլալ կը թուի. «մինչեւ կէսօր կ՚երթաս, ուսուցչարանը քիչ մը սուրճ կը խմես..., մէկ երկու ժամ դասի կը մտնես, «դուն նստիր, դուն ոտքի ել, կարդա՛, գրէ՛» ու պահը կը վերջանայ. մնացած կէս օրը տունն ես...»: Չափանի՞շ. հայերէն գիտե՞ս, արդէն Սարգիսին կամ Մարտիրոսին ծանօթն ես... ահաւասիկ դարձար ուսուցիչ:

Ձեր հարցին, թէ «գէթ նուազագոյն չափով կրցա՞ծ ենք բարձրացնել ուսուցչութեան նիւթական պայմանները: Առանց այդ պայմաններու բարելաւման, ի զուր է ուսուցչութեան պահանջքներ դնել կամ սպասել, որ իր կոչումին բարձրութեան վրայ գտնուողներ կարենան նուիրուիլ այդ ասպարէզին», ըսեմ, որ նկատի ունենալով խնամիական կապերը, վճարումները վատ վիճակի մէջ չեն, սակայն ի դիմաց այդ վճարումներուն ըսեմ, որ ի սփիւռս աշխարհի հարիւրաւոր դպրոցներու առյաւէտ փակումով հազարաւո՜ր ուսուցիչներ մնացին անգործ ու թշուառական, իսկ խնամիական կապերու պակասին հետեւանքով չկրցան նոր դըպ-րոցներ մուտք գործել: Հիմա արդէն «գնա՛ դիմէ»ն փոխուած է «Կեցի՛ր Յակոբին կամ Սարգիսին հետ խօսինք»ի, այլապէս Սեւակ ալ ըլլաս, Շահնուր ալ ըլլաս իմաստ չունի:

Զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ. վերջապէս ի՛նչ ալ խօսինք, կու գանք այն եզրակացութեան, որ ժողովուրդն է մեղաւոր, ժողովուրդն է անհոգը եւ ո՛չ մէկ բան կրնանք ըսել մեծաւորներու անտարբերութեան եւ կամ շահամոլութեան մասին:

Մէկ բան բացայայտ է. առանց զգալու ետդարձի ճամբուն մէջ ենք արդէն, կը նահանջենք գործո՛վ, սակայն երբեք բանիւ. բանի՛ւ տակաւին յաղթանակի ու նուաճումի մէջ ենք:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԿՐՏԻՉ ԽԷՐԱՆԵԱՆ
(1899-1970)

Մեր թուականէն 122 տարիներ առաջ՝ 10 Օգոստոս 1899 թուականին, Վան քաղաքին մէջ ծնած է բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Մկրտիչ Խէրանեան:

Խէրեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Վանի ծխական դպրոցին մէջ. ապա ընդունուած է Վարագայ վանքի ժառանգաւորաց բաժին, ուրկէ անցած է Հայկազեան կեդրոնական վարժարան: Մեծ Եղեռնի տարին գաղթած է Արեւելեան Հայաստան եւ ընդունուած Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան:

Ճեմարանը աւարտելէ ետք, մինչեւ 1955 թուականը վարած է ուսուցչութեան պաշտօն, Էջմիածնի եւ Երեւանի տարբեր միջնակարգ դպրոցներու մէջ: 1939 թուականին եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ։

Բանաստեղծը հրատարակած է բանաստեղծական եւ հեքիաթներու տարբեր աշխատութիւններ: Անոնցմէ են «Խնդութիւն», «Մեռնող գործիքներ», «Մոկաց Միրզա», «Արհեստ սովորող կատուն» եւ ուրիշներ: Բացի բանաստեղծութիւններէն ու հեքիաթներէն, Խէրանեան գրաբար եւ ռուսերէն լեզուներէ կատարած է թարգմանութիւններ, որոնցմէ ամենէն նշանաւորն է Նարեկի «Մատեան ողբերգութեան»ի թարգմանութիւնը:

Հայաստանի Ազգային գրադարանը հայ գրականութեան մատուցած ծառայութեան ու գրական վաստակին համար Մկրտիչ Խէրանեանի յետմահու շնորհած է Յակոբ Մեղապարտի անուան շքանշան:

Գրողը մահացած է 27 յունիս, 1970 թուականին, Երեւանի մէջ:

***

Տեսայ, օ՜, տեսայ,
Աչքերո՛վս այս ես տեսայ հոգեվարքն իմ ժողովրդի։
Ի՛ր իսկ հայրենի հողի վրայ սուրբ
Ու տարագնաց ճամբեքի վրայ
Եւ արեւակէզ անապատներում
Իմ ժողովրդի մա՜հը տեսայ ես
Ու լռութի՜ւնը լսեցի ահեղ՝ մեռնող գիւղերի ու քաղաքների…

Մ. ԽԷՐԱՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2021