ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԷՆՔԻ ԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐ
Երբ Դ. դարուն քրիստոնէութիւնը «քաղաքական կրօնք» դարձաւ, այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ սկսան եկեղեցիներ կառուցուիլ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռքով, եւ կամ հին մեհենական շինութիւններ եկեղեցիներու վերածուեցան։ Հայոց եկեղեցիներու արդեան՝ ներկայ «խաչաձեւ» յատակագիծը արդէն Դ. դարէն գոյութիւն ունէր։ Արդեօք արտաքին սրածայր գմբէթը եւս այն ժամանակներէն է՞. այս կէտը դժուար է որոշել, քանի որ ո՛չ հին եկեղեցիներու նկարագրութիւնները գոյութիւն ունին եւ ոչ ալ այն ժամանակներէն մնացած հաստատուն շէնքեր։
Եկեղեցւոյ շէնքի ներքին բաժանմունքը այն ժամանակներուն եւս այնպէս էր՝ ինչպէս այսօր, ժողովուրդին ոտքի կամ նստած գտնուած տեղէն աստիճանով մը կամ վանդակով բաժնուած էր քահանայական դասը՝ ուր իրաւունք ունէին մտնելու միմիայն քահանաները, նաեւ հաւատացեալ թագաւորներ եւ ուր կը գտնուէին թէ՛ եպիսկոպոսի եւ թէ քահանաներու աթոռները։
Քահանայական դասուն մէջ էր նաեւ սեղանը՝ որ նախապէս փայտեղէն էր։ Ժողովուրդին եկեղեցւոյ մէջ կարգ եւ կանոնով պահպանողը, ապաշխարողներուն եւ երեխաներուն պատարագէն դուրս գալու ժամանակը որոշողը սարկաւագն էր։
Նախնական եկեղեցիներու մէջ գաւիթ գոյութիւն չունէր, ինչպէս որ շատ հին եկեղեցիներ ալ չունին, եւ ապաշխարողներ եւ երեխաներ եկեղեցւոյ դրան մօտ կը կանգնէին եւ կ՚աղօթէին. «առ դրունս ելէք եւ աղօթեցէ՛ք», եւ վերջերը միայն գաւիթներ շինուեցան եւ որոնք ճաղերով անջատուեցան ժողովուրդին կանգնած տեղէն։
Դ. դարէն արդէն սովորութիւն եղած է եկեղեցիները զարդարել մարտիրոսներու եւ Հին կտակարանի անցքերու սրբանկարներով։
Ե. դարուն առարկողներ եղան, թէ պատկերները մտած են Պապ թագաւորի օրով՝ անշուշտ Մեծն Ներսէսի ձեռքով, որ Հայ Եկեղեցին ընդհանուր քրիստոնէական եկեղեցւոյ կարգերով կազմակերպեց։ Եկեղեցւոյ պատերու վրայ յունաց սովորութեան համեմատ կը նկարուէին նաեւ հայրապետներու պատկերները. Ժ. դարուն այս կէտի նկատմամբ բացարձակ վկայութիւն կը գտնուի Յովհաննէս պատմաբանի մօտ։
Եկեղեցւոյ շէնքին մօտ կը գտնուէին բնակարաններ՝ ուր քահանաներ կը բնակէին, եւ կար նաեւ առանձին մկրտատուն։
Եկեղեցական տօները եւ պաշտամունքները Դ. դարուն մեծ շքեղութեամբ կը կատարուէին, ինչպէս որ կը վկայէ Փաւստոս Բիւզանդ. «Պատմութիւն հայոց»։
Տօներէն մանաւանդ շքեղութեամբ կը տօնուէր Բագրեւանդ գաւառին մէջ Յովհաննէս Մկրտչի տօնը-հայոց մկրտութեան տարեդարձը, որուն ներկայ կը գտնուէին թագաւորը եւ նախարարները, ինչպէս երբեմն հեթանոսութեան ժամանակ «Ամանոր Աստուծոյ» տօնին։
Իբրեւ սրբազան օր արդէն Դ. դարուն վերջնականապէս հաստատուած էր կիրակին, եւ եկեղեցին այդ դարուն հրէաբար շաբաթ օրը սուրբ պահողները կը դատապարտէ։
Եկեղեցական տօներէն ամենահնագոյնն է Զատկի տօնը՝ որ առաքեալներու ժամանակներէն արդէն կը կատարուէր, իբրեւ յիշատակ Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ յարութեան։ Բ. եւ Գ. դարուն այս տօնի օրուան նկատմամբ երկար վէճեր պատահեցան արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ փոքրասիացիներու Նիսան ամսու 14-ին՝ հրէից զատկին. «Դուք այսօր ելաք, Ապիպ ամսուան մէջ» (ԵԼԻՑ ԺԳ 4)։ Ուստի, զատկական գառն կ՚ուտէին այս տօնին։ Եւ ապա երրորդ օրը, ինչ օրուան որ հանդիպէր՝ յարութիւնը կը տօնէին։ Իսկ արեւմուտքի կողմը զատկի տօնը միշտ կիրակի կը տօնուէր։
Այս խնդիրը արծարծուեցաւ Նիկիոյ Ա. Տիեզերական ժողովի մէջ եւ որոշուեցաւ զատիկը չտօնել հրեաներու հետ, այլ այն կիրակին՝ որ կու գայ գարնան լուսնի լրումէն յետոյ։
Այս կանոնը ընդունեցին նաեւ արեւելեան եկեղեցիները եւ այդպէս ալ խնդիրը փակուեցաւ։
Անտիոքի ժողովը այս որոշումը հաստատեց…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 9, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/22/2024
- 11/22/2024