ԳԻՏՈՒՆ Ե՛Ւ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԸԼԼԱԼ

Կոնֆիկիոս կ՚ըսէ, թէ՝ «գիտուն է այն մարդը՝ որ երբեք հարցում հարցնելէ չի խուսափիր, անդադար կը հարցնէ»։

Արդարեւ, իմաստութիւնը պէտք է միանայ գիտութեան, որպէսզի կատարեալ եւ իրագործելի ըլլայ ան։ Եւ սորվելու՝ գիտութիւնը աւելցնելու համար հարցնելը ինքնին իմաստութի՛ւն է։ Իմաստութիւն է նաեւ չգիտցածին անդրադառնալ։ Յաճախ կը յիշենք այն խօսքը, որ կ՚ըսէ թէ՝ գիտնալ կարծել սորվելու ամենամեծ արգե՛լքն է։

Սորվելու՝ գիտնալու առջեւ երկրորդ արգելք մըն է՝ գիտցածը բաւարար նկատել, եւ կամ գիտցուածը լման գիտութիւն կարծել, գիտցածով գոհանալ։ Մինչդեռ գիտութիւնը անսահման է՝ հորիզոնի նման, մարդ որքան մօտենայ, այնքան կը հեռանայ եւ անոր հասնիլ կարելի չ՚ըլլար, եւ ինչպէս կ՚ըսէ Իմաստունը, մարդուս յստակ գիտցած մէկ բան կայ՝ այն որ գիտցածը միշտ պակաս է եւ տակաւին սորվելիք շա՜տ բան կա՛յ…։

Ո՞վ է գիտուն եւ իմաստուն մարդը։

Այս հարցումին ալ դարձեալ կը պատասխանէ Կոնֆիկիոս եւ կ՚ըսէ. «Իմաստուն գիտունը այն է, որ սորվածը ուրիշներուն կը սորվեցնէ, գիտութիւնը կը բաշխէ ուրիշներուն եւ գիտութիւնը միշտ կ՚օգտագործէ ի նպաստ մարդկութեան»։

Արդարեւ, ի՜նչ պիտի արժէր գիտութիւն մը՝ որ չ՚իրագործուիր, չ՚օգտագործուիր եւ կը մնայ միայն «գիտութիւն»։

«Տիեզերքի մէջ որեւէ բան չի կորսուիր երբեք, այլ կը ձեւափոխուի, կ՚այլակերպուի»։ Այս ճշմարտութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ գիտութիւնը՝ սովորաբար սորվելիքները՝ միշտ գոյութիւն ունին, եւ այն որ կը հետաքրքրուի՝ կը տիրանայ անոր։ Արդարեւ գիտութիւնը՝ ոմանք անկարեւոր կը նկատեն, վստահելով իրենց խելքին, բայց կը սխալին։ Անոնց համար գիտութիւնը անպէտ բան մըն է, եւ թերեւս «նախապաշարում» մը, կամ չափազանցութիւն մը։ Ոմանք, գիտութեան արժէքը գնահատելով, հետաքրքրութեամբ կը մօտենան անոր եւ կ՚օգտուին, ուրիշներ ալ մասնակից կ՚ընեն անոր օգտակարութեան, այսինքն կը սորվեցնե՛ն։ Եւ ո՜րքան երանելի են անոնք՝ որ կը սորվին եւ կը սորվեցնեն, գիտութիւն կը բաշխեն։ Ուրիշ առիթով ալ յիշեցինք. այն որ կը սորվեցնէ՝ «վեհագոյն աշխատաւոր» մըն է եւ գերադաս՝ բոլոր աշխատութիւններու եւ ծառայութիւններու նկատմամբ։

Այս իմաստով, մեծ եւ վսեմ են անոնք՝ որ կը սորվեցնեն, անոնք՝ որ գիտութիւն կը բաշխեն։ Եւ մեծ եւ վսեմ անձնաւորութիւններ չե՛ն մեռնիր. անմա՛հ են եւ կ՚ապրին իրենց գիտութիւն բաշխածներուն մէ՛ջ։ Արդարեւ, մարդ միշտ կ՚ապրեցնէ, կ՚անմահացնէ ան՝ որմէ սորված է բան մը, որ դիւրացուցած եւ ուղեցոյց եղած է կեանքի ընթացքին։

Մարդկային ընդհանուր փորձառութիւնը կը հաստատէ այս իրողութիւնը։ Սորվեցնողը չի՛ մեռնիր, իսկ սորվողը՝ ապահով կը շարունակէ ապրիլ կեանքը։

Եւ երբ մարդ ետ կը նայի հին դարերու վրայ՝ հոն կը տեսնէ անմահացած Հոմերոսը եւ Տանթէն, Վոլթէրը եւ Ռուսօ, Կէօթէ եւ տակաւին շատեր, որ այստեղ յիշել կարելի չէ, անմահ անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց մարդկութեան սորվեցուցածներով անմահներու կարգին տեղ կը գրաւեն, եւ որպէս «մեծ» եւ «վսեմ» վեհագոյն աշխատաւորներ միշտ կ՚ապրին եւ կը շարունակեն ապրեցնել անոնք՝ որոնք իրենց սորվեցուցածներէն բաժին առնելու տրամադիր են…։

Արդարեւ, «վսեմ եւ օգտակար խօսք» մը, վսեմ նուագ մը, վսեմ գործ մը, արարք մը, վսեմ խորհուրդ մը, վսեմ զգացում մը իրենց ազդեցութիւնը կը յաւերժացնեն, եւ զայն կը փոխանցեն սերունդներուն եւ դարերուն, ինչպէս Ովկիանոսին ջուրերուն մէջ նետուած խիճի մը յարուցած ծփանքը յառաջ կ՚երթայ ալիքէ՜ ալիք, մինչեւ անծանօթ եւ անծայրածի՜ր հորիզոններ։

Եւ ժամանակը, որ մարմարն եւ կրանիթն ալ կը մաշեցնէ եւ կ՚ուտէ, անզօր է վսեմութեան ազդեցութիւնը բնաջինջ ընելու։ Արդարեւ, մեծ եւ վսեմ է ան՝ որ կը միացնէ, կը ներդաշնակէ գիտութիւնը եւ իմաստութիւնը եւ պատշաճ կերպով կը բաշխէ զանոնք մարդկութեան՝ սերունդէ՜ սերունդ։

Մարդը՝ բանականութեամբ օժտուած այս էակը անասուն-անբան կենդանի էակէն գեր ի վեր էակ մը հանդիսացնողը անոր կեանքին եւ հոգիին մէջ գոյութիւն ունեցող «աստուածային տարր»ն է՝ գիտակցութիւնը՝ «ուրիշ»ին, գիտակցութիւնը՝ բաժնելու եւ բաշխելու, զոհելու եւ զոհուելու, եւ անշուշտ, գիտակցութիւնը իր անցեալին եւ ապագային, երբ տակաւին կ՚ապրի ներկա՛ն։ Արդարեւ, մարդը «մա՛րդ» ընողը այս գիտակցութիւններու ամբողջութիւնն է, ուր ան կը համադրէ շատ մը հակադրութիւններ, առաւելութիւններ եւ թերութիւններ, տկարութիւններ եւ զօրութիւններ։ Մարդ, այս իմաստով, անկարելին կարելիութեան վերածելու յատկութիւնը ունեցող միակ էակն է իր բանականութեամբ, գիտութեամբ եւ իմաստութեամբ։ Եւ իմաստուն գիտունն է ճշմարիտ գիտնականը եւ ճշմարիտ իմաստունը։

Եւ մարդուն մէջ այս գիտակցութիւններու համադրութիւնը, աստուածատուր յատկութիւնը անմա՛հ է երկրի վրայ եւ նոյնիսկ շիրիմէն ալ անդին։

Այս գիտակցութիւններու ամբողջութիւնն է, որ կը կարողացնէ մարդը ապրիլ՝ բնազդներէ վե՛ր, հոգեկան եւ մտային անսահման կարելիութիւններու մէջ։

Եւ ա՛յս է նաեւ մարդուն իրական չափանիշը։

Արդարեւ, մարդ իր բանականութեամբ եւ գիտակցութեան կարողութեամբ, իմացականութեամբ մեծ է եւ անմահ՝ իր աստուածատուր հանճարին, զոհողութեան եւ մանաւանդ սիրոյն չափովը։

Մարդուն հոգին որ կը ծնի, յարութիւն կ՚առնէ եւ կ՚անմահանայ, այն հոգին է, որ կրնայ իշխել իր ստորին բնազդներուն, կիրքերուն վրայ. այն հոգի՛ն՝ որ կրնայ մահացնել եւ թաղել ի՛նչ որ երկրաքարշ է եւ մեղապարտ. այն հոգին՝ որուն մէջ կը փթթին բարութեան, գեղեցկութեան, ճշմարտութեան, արդարութեան եւ առաքինութիւններու եդեմաբոյր ծաղիկները։ Եւ ահաւասի՛կ, մարդուն գիտակցութիւնը եւ իմացականութիւնն է յարութիւնը, վերակենդանութիւնը եւ անմահութիւնը՝ որոնց կոչուած է սկիզբէն։

Եւ ահաւասի՛կ մեր աւանդական եւ ճշմարիտ հաւատքը, նախահայրերէ փոխանցուած հաւատքը, այն հաւա՛տքն է, որ անժամանակ է, ինչպէս անժամանակ է այս հաւատքին Հիմնադիրը, Յիսուս Քրիստոս, նո՛յնն է երէկ, այսօր եւ յաւիտեա՛ն։ Ո՛չ թէ նոյն անհրաժեշտապէս՝ արտաքին տեսքով եւ երեւոյթով՝ ձեւականօրէն, որ դարուն եւ յառաջդիմութեան ոգիին հետ կրնայ ձեւափոխուիլ, բարեփոխուիլ. բայց նո՛յն է իր աստուածային անայլայլելի եւ մշտնջենական ոգիով եւ հաստատ սկզբունքներով. նոյն՝ իր փրկաւէտ զօրութեամբ եւ մխիթարար ներշնչումներով. նոյն՝ իր յաւիտենական կենսապարգեւ եւ օրհնաբեր անուրանալի ճշմարտութիւններով։

Ուրեմն «գիտնալ» չի՛ բաւեր, նաեւ «իմաստո՛ւն» ըլլալու է զայն գործադրելու եւ օգտագործելու եւ տարածելու համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 5, 2018, Իսթանպուլ      

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2018