ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ
Հայերէն դպրութեան գաղափարը իրագործելու, պաշտամունքը հայերէն դարձնելու նուիրական աշխատանքին առջեւ մեծ արգելք էր ասորի հոգեւորականութիւնը, որ օգտուելով Պարսից պետութեան հովանաւորութենէն, վճռական դեր ունեցած է Հայ Եկեղեցիի նկատմամբ։ Ուստի Հայ Եկեղեցիի արարողութիւնը եւ պաշտամունքը ասորերէն եղած է։ Իսկ ասորի կրօնաւորներ չեն ուզած զիջիլ այդ ազդեցութիւնը եւ շնորհը՝ թուլացնել չեն փափաքած իրենց դիրքը։
Այս վիճակին ելք մը գտնելու նպատակով Սահակ Ա. Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց, գումարած են Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով՝ «Երանելի Միաբաններու Աշխարհահոգ Խորհուրդ»։ Բայց ասորի հոգեւորականներու ազդեցութեամբ եւ ճնշումով՝ ժողովը հայ գիր ունենալու հարցին արտօնութիւն եւ հաւանութիւն չտուաւ։ Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Ա. Պարթեւ Կաթողիկոս ժողովէն յետոյ դիմեցին Վռամշապուհ թագաւորին։ Թագաւորը, Մեսրոպ Մաշտոցը ուղարկեց Ասորեստան՝ հոգեւոր եւ քաղաքական իշխանութիւններու հետ ասորերէն բանակցելու եւ անոնց միջոցով ներազդելու Հայաստան գործող ասորի հոգեւորականութեան վրայ։
405 թուականին Մեսրոպ Մաշտոց իր խումբ մը աշակերտներուն հետ գնաց Ասորեստան՝ ուր ընդունուեցաւ երկրի հոգեւոր ու աշխարհիկ իշխանութիւններու կողմէ։ Հայոց գիրերու մասին խորհրդակցեցաւ ասորի հոգեւորականներու հետ՝ բայց, դժբախտաբար ապարդիւն մնաց իր ջանքերը։
Կորիւնի վկայութեամբ, Մեսրոպ Մաշտոց Եդեսիոյ (=Ուրֆա) մէջ կազմեց հայոց այբուբենը. «Նա իր սուրբ աջով հայրաբար ծնեց նոր ու սքանչելի ծնունդներ՝ հայերէն լեզուի նշանագրեր»։
Մեսրոպ Մաշտոց նորաստեղծ կամ նորագիւտ տառերը դասաւորած է՝ օգտուելով յունարէն այբուբենի յաջորդական՝ հերթականութենէն, տառերու տուած է անուններ՝ «այբ», «բեն», որոշած է անոնց թուային ար-ժէքները՝ «Ա=1», «Ժ=10», «Ճ=100», «Ռ=1000»։
Ապա Մեսրոպ Մաշտոց իր հիմնական աշխատանքը կեդրոնացուց Սամոսատ՝ ուր իրեն կ՚օգնէին տեղւոյն հոգեւորականները եւ մտաւորականները։
Մեսրոպ Մաշտոցի քրտնաջան աշխատանքը ի վերջոյ կը պսակուի յաջողութեամբ եւ 405 թուականին ան կը կարողանայ ստեղծել նոր եւ միանգամայն կատարեալ հայկական այբուբենը ու կը վերադառնայ հայրենիք, ուր իր ջանքերով կը բացուին դպրոցներ, դպրանոցներ եւ կը սկսի հայ մանուկներու գրականութեան ուսուցումը։
Մեսրոպ Մաշտոց ապրած է 80-81 տարի, ան վախճանած է 440 թուականի Փետըր-ւար 17-ին, Վաղարշապատ, եւ թաղուած է Արագածոտն գաւառի Օշական գիւղը՝ ուր մինչեւ այսօր մեծ սրբութեամբ պահպան-ւած է իր գերեզմանը։
Ան թէեւ իր կեանքի մեծ մասը տրամադրած է հայկական նոր տառերու ստեղծման, դպրոցներ բանալու, գիր ու գրականութիւն տարածելու նուիրական գործին, սակայն անոր հետ միասին ան մեծ եռանդով զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով եւ ինքնուրոյն ստեղծագործութիւններով։ Իր իւրայատուկ աշխատանքներէն միայն մէկը պահպանուած է՝ որ յայտնի է «Յաճախապատում Ճառք» վերնագրով։ Թէեւ այդ աշխատանքին Մեսրոպ Մաշտոցի գրչին պատկանելու մասին որոշակի յիշատակութիւն ունի Մաշտոցի կենսագիր Կորիւն, բայց հայ պատմիչ Ագաթանգեղոսը ըստ երեւոյթին, այդ գործին աւելի մեծ հեղինակութիւն տալու դիտաւորութեամբ, այն վերագրած է Գրիգոր Լուսաւորչին։
Այս հակասական տեղեկութիւններն ալ պատճառ են դարձած «Յաճախապատում Ճառք»ի հեղինակի հարցի շուրջ ծաւալուած երկարատեւ վէճերու՝ որոնք այժմ կարծէք թէ վերջնականապէս լուծուած են Մեսրոպ Մաշտոցի ի նպաստ։
Ուստի Մեսրոպ Մաշտոցի «Յաճախապատում Ճառք»ը կազմուած է 23 ինքնուրոյն ճառերէ՝ որոնք բոլորն ալ ունին կրօնաբարոյախօսական եւ կրօնափիլիսոփայական բովանդակութիւն։ Անոր համար ալ այդ աշխատասիրութիւնը դարե՜ր շարունակ օգտագործուած է ժողովուրդը քրիստոնէական ոգիով դաստիարակելու համար։
Ոմանք կ՚ենթադրեն, որ «Յաճախապատում Ճառք»ը հայերէն տառերով ստեղծուած առաջին ինքնուրոյն գործն է։ Ուստի Մեսրոպ Մաշտոց՝ առաջին հայերէնի ուսուցիչը եւ դաստիարակը։
Մեսրոպ Մաշտոց փիլիսոփայ գիտնական է նաեւ։
Իր կարծիքով՝ ամէն ինչի, ամէն գոյութեան սկիզբն ու արարիչը Աստուած է, որը անսկիզբ, անվախճան եւ յաւիտենական՝ Աստուած Որդիի եւ Սուրբ Հոգիի հետ կը կազմէ Սուրբ Երրորդութիւնը։
«Մի բնութիւն է նոցա», կ՚ըսէ հեղինակը, շարունակելով. «եւ մի անփոփոխ իսկութիւն եւ մի արարչութիւն, մի աստուածութիւն եւ մի զօրութիւն եւ չիք ուստիք եկամուտ եւ զօդուած կամ յաւելուած յանսկիզբն Երրորդութիւնն, այլ նա է աղբիւր եւ ի նմանէ բաժանումն ընդ ամենայն արարածս»։
Աստուած ամէն ինչի արարիչն է, եւ զԱստուծ ամէն ինչի ստեղծիչը համարելով, Մեսրոպ Մաշտոց շատ կարեւոր տեղ կը յատկացնէ նաեւ մարդուն։
Մարդը ըստ Մաշտոցի, երկրորդ աստուածն է, որ իր հանճարին ու տաղանդին շնորհիւ կրնայ ներգործական դեր մը կատարել բնութեան վրայ եւ վերափոխել զայն իր օգտին համար։
Այս միտքերը Մեսրոպ Մաշտոց հետեւցուցած է Աստուածաշունչի Ծննդոց Գիրքէն, սակայն կուրօրէն չի կրկներ զանոնք, այլ տրամաբանական զարգացման շնորհիւ վերացականէն կը հասնի մարդուն ստեղծագործական հանճարի ճանաչման։ Մաշտոց կ՚եզրակացնէ, թէ մարդը աշխատանքի միջոցով կը հասնի իր հանճարի գագաթնակէտին։ Այս իրողութենէն պարզ կերպով կ՚երեւի, որ ան իր ժամանակի տիրապետող՝ ազդու գաղափարախօսութեան քրիստոնէական դրսեւորման պատգամաբերն է։
Բոլոր փիլիսոփաներու նման, ան կը յանգի սա եզրակացութեան, թէ մարդը ունի հոգի, առանց որու ան առհասարակ կը կորսնցնէ իր բանական յատկութիւնները։ 14-րդ ճառին մէջ կրկնելով հին մտածողներու գաղափարները, թէ բոլոր երեւցող-տեսանելի եւ չերեւցող-անտեսանելի արարածները շրջապատող բնութեան հետ միասին կազմուած են չորս տարրերէ՝ հողէն, ջուրէն, կրակէն եւ օդէն, Մեսրոպ Մաշտոց կը յանգի այն մտքին, որ Աստուած ոչինչէն է ստեղծած ամէն ինչ։
«Յաճախապատում Ճառք»ի հեղինակը կը շօշափէ նաեւ չարի (սատանայի) եւ բարիի (Աստուծոյ) փոխյարաբերութեան հարցը եւ կը յանգի այն ճիշդ եզրակացութեան, թէ «բացարձակ չար եւ բացարձակ բարի հասկացողութիւններ գոյութիւն չունին»։ Գնահատելով մարդու դրական-հաստատական կողմերն ու առաքինութիւնները եւ պախարակելով՝ պարսաւելով անոր վատ արարքները՝ Մաշտոց, քրիստոնէական Աստուածաշնչեան գաղափարախօսութեան դիրքերէն կը զարգացնէ չարին չդիմադրելու աւետարանական սկզբունքը՝ մարդու բարոյական ամենաբարձր յատկանիշը համարելով հեզութիւնը, համեստութիւնը, համբերութիւնը։
Այս մտածումներէն նոյնպէս կը հետեւի, թէ մարդիկ պէ՛տք է աշխատին փոխադարձաբար իրար զիջիլ՝ մեղմանալ, նահանջել, տեղի տալ, ապրին հաշտ ու խաղաղ աշխատանքային, ստեղծագործական հոգերով ու նպատակներով մանաւանդ։
(Սկզբնաղբիւր.- «Հանրագիտարան Հայոց Լեզուի եւ գրականութեան՝ Մեսրոպ Մաշտոց - ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտու-թիւններու Ինստիտիւտ Հայոց Լեզուի»)։
Եւ այսպէս, կը տեսնուի, որ Մեսրոպ Մաշտոց բազմակողմանի ձիրքերով ու տաղանդով օժտուած անձ մըն է եղած։ Որպէս անհատ, Մաշտոց, Խորենացիի վկայութեամբ, գերազանցած է. «Բոլոր առաքինի մարդկանց, որպիսիք այն ժամանակ կային։ Որովհետեւ ամբարտաւանութիւնը, հպարտութիւնը եւ մարդահաճութիւնը (շողոքորթութիւն, երեսպաշտութիւն, կեղծաւորութիւն, երկերեսութիւն եւ քծինք) անոր վարքում երբեք տեղ չգտան, այլ հեզ, բարեացակամ եւ բարեմիտ լինելով, երեւում էր բոլորին երկնայիններու սովորութեամբ զարդարուած։ Որովհետեւ նա հրեշտակի տեսք ունէր, բեղմնաւոր միտք, պայծառ էր խօսքով, գործերով ժուժկա՛լ»։
Եւ դարձեալ, Մեսրոպ Մաշտոց կը հա-մարուի «երկրորդ Լուսաւորիչ», քանի որ Գրիգոր Լուսաւորիչ եթէ ազգը քրիստոնեայ դարձուց, Մեսրոպ Մաշտոցն ալ՝ քրիստոնէութիւնը ազգայնացուց։ Այս իմաստով՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Մեսրոպ Մաշտոց զիրար կը լրացնեն եւ կը կազմեն «ամբողջ» մը՝ ժողովուրդին հոգեմտաւոր կատարելութեանը նկատմամբ։
Եւ երբ կը յիշենք ու կը հաստատենք այս բոլորը՝ պատմական վկայութիւններով, իրապէս «ցա՛ւ» կը զգանք, եւ այդ ցաւով կը տանջուինք երբ կը տեսնենք մեր շուրջը ընդհանրապէս անտարբեր ու անհոգ անհատներ, որոնք կ՚անտեսեն այս արժէքները՝ այն արժէքները՝ որ զիրենք «անձ»ի կը վերածեն, իրենց «ինքնութիւն» կու տան։ Եւ դարձեալ, վստահ եմ, որ շատեր տեղեակ չեն զինք «Ինք» ընող այս արժէքներուն գոյութենէն։
Ամենաթեթեւ եւ պարզ որակումով՝ ասիկա «ապերախտութի՛ւն» է՝ իրենք «Ինք» ընող արժէքները անտեսել, անխնամ թողուլ, կարեւորութիւն չընծայել…։
Ցա՜ւ կը զգանք, քանի որ երբ կը գրեն հայերէն (անշուշտ եթէ կը գրեն…), չեն հետա-քըրքրուիր, թէ ո՞ւրկէ է, ո՞րմէ է այդ գիրին աղբիւրը, ակը եւ մեքենաբար կը գրեն…։ Անոնք կը նմանին այդ ժառանգորդներուն՝ որոնք չեն գիտեր արժէքը իրենց ժառանգուածին, իրենց աւանդուածին եւ զայն կը գործածեն անխնայ կերպով, անխղճօրէն եւ չարաչար, եւ երբեք երախտագիտութիւն չեն զգար զայն իրենց ժառանգողին։
Մինչդեռ ամէն արժէք՝ որ արդար աշխատանքի արդիւնք չէ, ամէն արժէք, որ զայն աւելի եւս զարգացնելու, բազմապատկելու ջանքը կը զլացուի, ի վերջոյ իր արժէքը կորսնցնելու դատապարտուած է։ Արժէք գնահատել, երախտագիտութիւն բարձր, ազնիւ զգացումներ են եւ առաքինութի՛ւն, եւ երբ հետզհետէ կը պակսի ան, կը նուազի նաեւ ամէն բարոյական արժէք՝ որ մարդս «մա՛րդ» կ՚ընէ։ Եւ երբ մարդ իր ունեցած արժէքները չի գնահատեր, տէր չի կանգնիր ու չի պահպաներ զանոնք, ապա ուրեմն ի՜նչ իրաւունք ունի օտարներէն պահանջելու, որ արժէք գնահատեն, յարգանք ունենան եւ պահեն զանոնք։ Մարդ պէտք է նա՛խ ինք տէր կանգնի իրեն պատկանածին եւ յետոյ ուրիշներէն պահանջէ, որ յարգանք ցոյց տան անոր։ Սիրելի ընթերցող բարեկամ, խնդրե՜մ, յիշեցուր Թարգմանչաց տօնը, թարգմանիչները, հայ գիրը, գրականութեան կարեւորութիւնը ամէն անոնց՝ որ կ՚անտեսեն, կ՚անգիտանան անոնց։ Մենք սիրե՛լ գիտնանք մեզի պատկանածը, որպէսզի ուրիշներէն ալ սպասենք, որ համակրին անոր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 1, 2015, Իսթանպուլ