ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ ԱՅԴՊԻՍԻՆԵՐԷՆ…
Մարդ, կեանքի ընթացքին, բնականաբար կը դիմաւորուի զանազան անձերու հետ, այսինքն զանազան բնաւորութիւններու հետ։ Մարդ քանի որ կ՚ապրի հաւաքական-ընկերային կեանք, ուրեմն պարտաւոր է հանդուրժելու այդ տարբեր բնաւորութեան տէր մարդոց, ուզէ կամ չուզէ։
Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է՝ թէ ամէն մարդու բնաւորութիւն կարելի չէ որ յարմարութիւն ցոյց տայ իրարու, համաձայնութիւն գոյանայ անպայման, եւ ահաւասիկ, այս տեղ կարեւորութիւն կը ստանայ հանդուրժողութիւնը։
Հանդուրժողութիւնը մասամբ դիւրատար կ՚ընէ ընկերային կեանքը, բայց հանդուրժողութիւնն ալ չափ մը, սահման մը ունի։ Ամէն մարդու տարողութիւնը տարբեր է հանդուրժողութեան տեսակէտէ։ Զօրաւոր ջիղեր ունենալու է մարդ, եւ կա՛մք, որպէսզի կարենայ տոկալ եւ կարենայ հանդուրժել այն մարդոց՝ որոնք հակառա՛կ կը խորհին եւ հակառա՛կ կը գործեն իր հաւատալիքներուն, իր սկզբունքներուն։
Ի՜նչ դժուար, ո՜րքան անտանելի է ապրիլ այնպիսի մարդոց հետ, որ ինքնամոլ են, կը կարծեն, թէ միա՛յն իրենց հաւատալիքները շիտակ են եւ կ՚ուզեն տիրապետել իրենց անստոյգ գաղափարներով, անկայուն սկզբունքներով։ Արդարեւ «ճշմարտութիւն»ը մէ՛կ է, զայն դիտելու եւ տեսնելու տեսանկիւնները, տեսակէտները, համոզումները կը տարբերին։ Եւ ո՜րքան դիւրին է հասնիլ ճշմարտութեան, բայց զայն կը դժուարացնեն մարդիկ, պարզապէս իրենք զիրենք պարտադրելու, տիրապետելու համար ուրիշներու վրայ։ Այս իմաստով դժուա՛ր է ապրիլ, դժուա՛ր է համաձայնիլ եւ դժուա՛ր է զիրար հասկնալ եւ դժուա՛ր՝ ճշմարտութեան հասնիլ։
Մարդ մը, կը հարցնէ օր մը իմաստունի մը. «Ամբողջ կեանքիս ընթացքին միշտ հարուած ստացայ մարդոցմէ, ամէն մարդ ապտակ մը զարկաւ երեսիս։ Ի՞նչ կը յանձնարարէք որ ազատիմ այդ անիրաւութիւններէն»։
Իմաստունը կը պատասխանէ. «Զգուշացիր այդպիսիներէն՝ որոնք կը զգաս որ պիտի հարուածեն, պիտի ապտակեն քեզ»։
Մարդը կը հարցնէ. «Բայց ի՞նչպէս»։
«Պարզ է», կը պատասխանէ իմաստունը. «Հեռու կեցիր եւ հեռաւորութիւն պահէ քեզ հարուածելու հաւանութիւնը ունեցող անձերու հետ եւ միջոց մը դիր անոնց ու քու միջեւ, այնպէս որ անոնց ապտակը չկարենայ հասնիլ քեզի…»։ Եւ իմաստունը ի՛նքն ալ կը սկսի իր յանձնարարութիւնը կատարել այդ պահէն սկսեալ եւ յանձնարարութիւն ստացողն ալ գոհ կը մեկնի։
Այո՛, սիրելիներ, միջոց պահել, հեռաւորութիւն մը ստեղծել կարեւոր է անոնց համար, որ կը դժգոհին ուրիշներու վարուելակերպէն, վերաբերմունքէն իրենց հանդէպ։
Ամէն մարդէ նոյն վարմունքը սպասել կարելի չէ, ամէն մարդէ գովասանք լսել, գնահատուիլ կարելի չէ, քանի որ ամէն մարդու աշխարհայեացքը նոյնը չէ, ճաշակը կրնայ տարբեր ըլլալ եւ նաեւ ըմբռնելու կերպը, տարողութիւնը։
Բայց կան նաեւ մարդիկ, որոնք քննադատելու չափազանց եւ երբեմն ախտաւոր սովորութիւն մը ունին։ Անոնք ամէն ինչ, ամէն անձ կը քննադատեն, պարզապէս քննդատած ըլլալու համար, եւ կամ գիտնալ ձեւացնելու համար ամէն բան…։
Եւ մարդ եթէ չի կրնար հանդուրժել այդպիսիներուն, ապա ուրեմն պէտք է զգուշանայ, պէտք է հեռաւորութիւն պահէ անոնց եւ իր միջեւ։ Ըսինք, հանդուրժողութիւնը զօրաւոր կամք, զօրաւոր ջիղ կը պահանջէ, եւ եթէ այս առաւելութիւնները կը պակսին, ուրեմն նպաստաւոր է հեռու մնալ այդպիսիներէն։
Բայց ընկերային կեանքի մէջ այդքան ալ դիւրին չէ գործադրել ասիկա։ Մարդ իր դիրքին, ընկերային աստիճանին կամ պաշտօնին բերմամբ եթէ պարտաւոր է գործակցիլ այդպիսիներու հետ, ահաւասիկ կարեւորութիւն կը ստանայ անգամ մը եւս հանդուրժողութիւնը եւ ինչո՞ւ չէ, զգուշութիւնը, խոհեմութիւնը եւ մանաւանդ հնարամտութեամբ ձեռք բերուած նախամիջոցները կրնան օգնել եւ մասամբ դիւրատար ընել վնասուած փոխյարաբերութիւնը։
Եւ երբ կը դիտենք մարդկային յարաբերութիւնները, կը տեսնենք, թէ ո՜րքան իրաւացի է այն համոզումը, թէ՝ կեանքը պայքա՛ր մըն է։
Պայքար մը՝ նախ մարդուն ինքն իրեն դէմ եւ յետոյ իր նմաններուն հետ՝ մտաւոր, հոգեւոր պայքար մը՝ անվերջ, անհետեւանք մաքառո՜ւմ մը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ամէն մէկը կը կարծէ եւ կը պնդէ՝ թէ ի՛նք իրաւացի է…։
Բայց երկու հոգի, որ տարբեր համոզում ունի նոյն իրողութեան նկատմամբ, անոնցմէ միայն մին իրաւացի է եւ միւսը սխա՛լ, քանի որ «ճշմարտութիւն»ը մէկ է՝ կա՛մ մէկը, կա՛մ միւսը, երկուքէն միայն մէկը ճիշդ է։
Եւ զգուշանալ պէտք է անոնցմէ՝ որոնք առանց խորհելու, առանց դատելու կը յամառին, կը պնդեն, թէ իրենց տեսակէտը ճիշդ է։
Այս իմաստով վիճիլն ալ արուեստ մըն է, որ ցոյց կու տայ վիճողներուն մտային եւ բարոյական մակարդակը եւ նկարագրի ստուգանիշը կ՚ըլլայ։ Զանազան հաւանականութիւններ, կարելիութիւններ առանց նկատի ունենալու ճշմարտութեան հասնիլ կարելի չէ՛։ Ուստի ո՛չ մէկ բան տեսնուածին պէս է, ինչպէս ո՛չ մէկ խաւար տեսնուածին չափ մութ է, անպայման անոր մէջ լոյսի նշոյլ մը, շող մը կը գտնուի, նաեւ ո՛չ մէկ չար կարծուածին չափ չար է, ամէն չարի մէջ, անպայման կա՛յ բարի նկարագիր մը, եւ ո՛չ մէկ «տգէտ» այնքան տգէտ է, քանի որ ամէն ապրող նուազագոյն փորձառութիւն մը ստացած է կեանքէն, եւ անպայմա՛ն գիտէ բան մը՝ որ կրնան չգիտնալ «ամենագէտ» կարծուածները…։
Այս պատճառով պէտք է հանդուրժող ըլլայ մարդ, եւ նաեւ՝ զգուշաւոր, ուշադիր եւ խոհե՛մ։
Վերջացնենք Յիսուսի խօսքերով.
«Ապա Յիսուս ժողովուրդին եւ իր աշակերտներուն ըսաւ.
«Մովսէսի աթոռը նստան Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները։ Իրենց ըսածներուն հնազանդեցէք եւ կատարեցէք զանոնք. սակայն մի՛ ընէք ինչ որ իրենք կ՚ընեն. որովհետեւ անոնք կը սորվեցնեն, բայց չեն կատարեր։ Անոնք ծանր եւ դժուարին, դժուարակիր բեռներ կը դնեն մարդոց ուսերուն, մինչ իրենք նոյն բեռները կրելու նուազագոյն ճիգն իսկ չեն ըներ։ Ի՛նչ որ կ՚ընեն, մարդոց երեւելու համար կ՚ընեն։ Իրենց գրապանակները կը լայնցնեն եւ իրենց հագուստներուն ծոպերը կ՚երկնցնեն։ Ընթրիքներու ընթացքին պատուոյ տեղերը գրաւել կը սիրեն եւ ժողովարաններու մէջ՝ առաջին աթոռները։ Կը սիրեն հրապարակներու վրայ մարդոցմէ բարեւներ ընդունիլ, եւ -վարդապետ-, այսինքն -ուսուցիչ- կոչուիլ։ Բայց դուք ոեւէ մէկը վարդապետ մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք բոլորդ եղբայրներ էք եւ մէկ ուսուցիչ ունիք։ Երկրի վրայ ոեւէ մէկը -հայր- մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք մէկ Հայր ունիք, որ երկինքի մէջ է։ -Առաջնորդ- մի՛ կոչուիք, որովհետեւ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է։ Ձեր մէջէն մէկը՝ որ մեծ է, թող ձեր սպասաւորը ըլլայ։ Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (ՄԱՏԹ. ԻԳ 1-12)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 29, 2016, Իսթանպուլ