ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿ Է ՄԻՏՔԸ
Անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդ միշտ ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ, որոնք կը ստեղծեն տարակոյսներ, անորոշութիւններ։ Մարդ շատ անգամ կը դժուարանայ հաւատալու որեւէ «իրողութեան»՝ որքան ալ ան ըլլայ «ճշմարտութի՛ւն»։
Արդարեւ, մարդկային թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն հիմնական պատճառը անոր սահմանափակ միտքն է, եւ մանաւանդ այն՝ որ մարդ շատ անգամ չ՚ընդունիր իր մտքին անկատարութիւնը եւ կը յաւակնի, կը յանդգնի խորհելու, թէ կատարեալ է՝ անթերի եւ ամենագէ՛տ։ Եւ շատեր սկեպտիկութեան թելադրութիւններէն կը վրդովին երբեմն։ Ինքզինք «կատարեալ» կարծել յուսախաբութիւններու պատճառ կ՚ըլլայ եւ մարդ կը տարակուսի, անորոշութեան կը մատնուի, որ կեանքին խաւար վիճակն է. անորոշ մարդը մութի դատապարտուած կը մնայ եւ ճշմարտութեան լոյսէն հետզհետէ կը հեռանայ՝ խաւարին մէջ կորսուելու կը դատապարտուի։ Այս իմաստով, գիտնալ կարծել՝ սորվելու, գիտնալու ամենամեծ եւ վտանգաւոր արգե՛լքն է։
Սահմանափակ միտքերու համար անհնա՛ր է կատարելապէս ըմբռնել «Անհուն»ին նկարագիրը եւ անոր արտայայտութիւնները եւ գործերը։
Ամենասուր մտքին, ամենէն գերազանց զարգացում ունեցող իմացականութեան, յաւէ՜տ խորհուրդ պիտի մնայ այդ «Անհուն»ը՝ անըմբռնելի, անհասանելի գերազանց Էակը։ Ուստի, Աստուծոյ Խօսքը, Իր աստուածային Հեղինակին նման, կը ներկայացնէ խորհուրդներ՝ որ երբե՛ք կատարելապէս պիտի չհասկցուին սահմանափակ էակներէ։
Եւ մտքին այս «սահմանափակ» վիճակը տարակոյսներու առիթ կու տայ։ Սուրբ Գիրքին մէջ վկայուած եւ ներկայացուած անթիւ նիւթեր, իրողութիւններ՝ խորհուրդներ են ա՜յնքան խորին, որ մարդկային միտքը զանոնք ըմբռնելու եւ բացատրելու անկարող է։
Բայց մենք բնաւ պատճառ չունինք Անոր Խօսքին նկատմամբ տարակուսելու՝ քանի որ կարող չենք հասկնալ Իր նախախնամութեան բոլոր խորհուրդները։ Բնական աշխարհին մէջ անիմանալի, անհասանելի խորհուրդներով շրջապատուած ենք յարաժամ։
Այսուամենայնիւ Աստուած երբեք չի պահանջեր մեզմէ հաւատալ՝ առանց տալու բաւական ստոյգ ապացոյց, որպէսզի իբր հիմ ծառայէ մեր հաւատքին։ Այս կը նշանակէ, թէ ընդհանրապէս հաւատքը հրամայականոն՝ «dogmatique» դրութիւն մը չէ, այլ որոշ սահմաններու մէջ հասկնալի իրողութիւն մըն է ան։
Արդարեւ, Աստուծոյ էութիւնը եւ գոյութիւնը, Իր նկարագիրը, Իր Խօսքին ճշմարտութիւնը՝ բոլորը հիմնուած, հաստատուած են «վկայութիւն»ներով՝ որոնք կո՛չ կ՚ընեն մեր բանականութեան։
Սուրբ Գիրքի մէջ բաւական առատ են այդ վկայութիւնները։ Այսուհանդերձ անոնցմէ շատեր կը մնան միշտ «խորհո՛ւրդ». ուստի ճշմարտութեան մէջ վկայուած ամէն իրողութեան մէջ պէտք է ուշադրութիւն ընել ըմբռնելին եւ խորհուրդը՝ որոնք բարակ գիծով մը զատուած են իրարմէ։ Բայց վկայուած կամ խորհուրդ, երկու իրողութիւններն ալ ճշմարտութի՛ւն են անայլայլելի եւ մշտնջենաւո՛ր։
Բայց, Աստուած երբեք չէ վերցուցած տարակոյսի հաւանականութիւնը կամ կարելիութիւնը։
Արդարեւ, մեր հաւատքը պէտք է հիմնուի ստոյգ ապացոյցներու, վկայութիւններու վրայ, եւ ո՛չ թէ ցուցական եւ խաբէական ենթադրութիւններու կամ վարկածներու վրայ։ Ուստի մարդկային բանականութիւնն ալ ա՛յս կը պահանջէ։ Անոնք որ կ՚ուզեն տարակուսիլ՝ պատեհութիւնը պիտի ունենան անշուշտ տարակուսելու, մինչդեռ անոնք որ իրապէ՛ս կը ցանկան ճշմարտութիւնը գիտնալ, պիտի գտնեն բաւական ստուգութիւններ, վկայութիւններ եւ ապացոյցներ՝ որոնց վրայ պիտի կարենան հաստատել եւ զարգացնել իրենց ճշմարիտ հաւատքը։
Պետրոս առաքեալ կ՚ըսէ, թէ՝ Սուրբ Գիրքերուն մէջ «դժուարիմաց բաներ կը գտնուին, զորս տգէտներ եւ անհաստատներ ծուռ կողմը կը դարձնեն… իրենց անձին կորստեանը համար», (Բ ՊԵՏ. Գ 16)։ Եւ ո՜րքան վտանգաւոր եւ վնասակար բան մըն է՝ չհասկնալ խօսք մը եւ զայն մեկնաբանել կամ բացատրել ջանալ իր մտքին հասկցածին կերպով՝ սխալ եւ ծո՛ւռ…։
Ահաւասիկ, այստեղ կը տեսենք այն իրողութիւնը, թէ՝ գաղափար եւ տեսակէտ կարենալ արտայայտելու համար, անհրաժե՜շտ է այդ մասին բաւական գիտութիւն եւ հմտութիւն, ինչ որ կ՚իրականանայ փորձառութեամբ եւ առողջ բանականութեա՛մբ։
Սկեպտիկներ՝ տարակուսողներ եւ կասկածամիտներ այդ «դժուարիմաց» նիւթերը ձեռք կ՚առնեն՝ իբր «զէնք» գործածելու համար Սուրբ Գիրքին դէմ։ Բայց ընդհակառակը՝ այդ դժուար ըմբռնելի՝ դժուար իմանալի կէտերը զօրաւոր ապացոյցներ են անոր «աստուածային յայտնութիւն» մը ըլլալուն։ Եթէ Սուրբ Գիրքը պարունակէր Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւններ, վկայութիւններ՝ ինչ որ կարենային հասկնալ, ըմբռնել, եթէ հունաւոր՝ սահմանաւոր միտքեր կարող ըլլային ըմբռնել Անոր մեծութիւնը եւ մեծավայելչութիւնը, այն ժամանակ Սուրբ Գիրքը աստուածային հեղինակութեան ան-սըխալելի եւ ստոյգ դրոշմը պիտի չկրէր։
Ուստի Սուրբ Գիրքին մէջ վկայուած եւ ներկայացուած բազմաթիւ նիւթերուն մեծութիւնը եւ խորհրդաւոր բովանդակութիւնը պէտք է մեզ մղեն հաւատալու թէ՝ իրա՛ւ Աստուծոյ Խօսքն է ան։ Սուրբ Գիրքը այնքան պարզութեամբ եւ մարդկային սըր-տին պահանջներուն եւ բաղձանքներուն ա՜յնքան կատարեալ յարմարութեամբ կը պարզէ ճշմարտութիւնը՝ որ սքանչացում եւ հիացում է պատճառած ամենաբարձր զարգացում ունեցող միտքերու, եւ համեստ, տրուպ եւ անուս մարդիկը կարող կ՚ընէ փրկութեան ճամբան հասնելու։ Անոնք հասկնալէ աւելի՝ կը զգան եւ կ՚ապրին Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնները։
Եւ ո՜րքան կարեւոր է ճշմարտութիւնը զգալ եւ իւրացնել, քան հասկնալ բայց օտա՛ր մնալ անոր։
Գիտնալ թէ կարող չե՛նք կատարելապէս հասկնալ Սուրբ Գիրքին մեծ ճշմարտութիւնները, պարզապէս ընդունիլ թէ հունաւոր՝ սահմանափակ միտքը անբաւական է ըմբռնելու անսահմանը, թէ մարդ իր սահմանափակ գիտութեամբ չի՛ կրնար հասկնալ Ամենագիտութեան դիտաւորութիւնները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 6, 2018, Իսթանպուլ