ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Իրաւունք»ի բացատրութիւնը կը պատկանի իսկութեան մէջ ո՛չ թէ իրաւաբանական գիտութիւններու առ հասարակ եւ մեր գիտութեան մասնաւորապէս, այլ իրաւական եւ իրաւաբանական փիլիսոփայութեան։ Բայց յայտնի է, որ փիլիսոփայութեան մէջ ամէն տեսակ ճշմարտութիւններ կը ստանային եւ կը ստանան շատ բազմաթիւ մեկնութիւններ եւ բացատրութիւններ՝ համաձայն իւրաքանչիւր փիլիսոփայի աշխարհահայեացքին, նկատի առնուած նպատակին, ներկայ պայմաններուն, եւ այլն։
Ուստի, անտեղի եւ անյարմար պիտի ըլլար մտնել իրաւունքի այդպիսի բազմազան փիլիսոփայական բացատրութիւններու մէջ։ Այս ուղղութեամբ պէտք է բաւականանալ նկատի ունենալ «իրաւունք» այն յատկութիւնները կամ էական տարրերը՝ որոնք ընդունուած են ընդհանուր կերպով։
«Իրաւունք»ի մէջ կայ երեք գլխաւոր կամ էական տարր՝
1- Անձնական, ենթակայական. «subjectivus»,
2- Առարկայական, իրապաշտ. «objectivus»,
3- Նիւթական կամ էական. «substantionalis»։
Մարդ իր կեանքի ընթացքին եւ կեանքի գոյատեւման համար զանազան պիտոյքներու կը կարօտի, իբրեւ անհրաժեշտ պահանջներ, հարկաւոր է անպատճառ բաւարարութիւն տալ անոնց։ Այդ պահանջները կ՚ըլլան բնական եւ ստացական։ Մարդը երբ դեռ մանուկ է, կարող չէ մինչեւ որոշ մէկ հասակը անձամբ անձին ձեռք բերել իր բնական եւ ստացական պահանջները։
Որպէս մարդ, նոյնպէս եւ «իրաւաբանական անձ»ը կամ ընկերութիւնը, եթէ բաւարարութիւնը չտան իրենց բնածին եւ ստացական պահանջներուն, կա՛մ կարող չեն հասնիլ իրենց նպատակներուն. ուրեմն՝ անոնք պէտք է ունենան կարողութիւն, «իրաւունք» այդ պահանջները գոհացնելու։ Երբ անոնք կարող չեն անձամբ լրացնել իրենց պահանջները, անոնք կարողութիւն ունին որոշ անձերու կամ ուրիշ ընկերակցութիւններու օգնութեան. ուրեմն պահանջել եւ ստանալ այդ օգնութիւնը ուրիշէն նոյնպէս կը դառնայ անոնց իրաւունքը։ Եւ ահա՛ մարդու կամ «իրաւաբանական անձ»ի այն ընդունակութիւնը, կարողութիւնը եւ իշխանութիւնը՝ որով կը զգացուին բնածին եւ ստացական պահանջները եւ կը կատարուին զանազան գործողութիւններ անոնք լրացնելու համար, կը կազմեն իրաւունքի անձնական տարրը կամ «անձնական իրաւունք», «jus subjectivum». որովհետեւ անոր տէրը «անձ»ն է, «sujectus», թէ՛ անհատ է եղած՝ մարդ եւ թէ՛ «իրաւաբանական անձ»։
Թէ՛ մարդը եւ թէ՛ ընկերակցութիւնները իրենց ամէն տեսակ պիտոյքները լրացնելու համար պէտք է ունենան անշուշտ եւ հարկաւոր միջոցներ։ Այդ՝ միջոցները նոյնպէս զանազան տեսակի են՝ բայց կ՚ամփոփուին գլխաւորապէս երեք բաժանմունքի մէջ՝ մտաւորական-բարոյական, զոր օրինակ՝ կեանք, պատիւ, ազատութիւն, արդարութիւն, գիտութիւն, եւ այլն. նիւթական օրինակ՝ ամէն տեսակ նիւթեղէն իրեր եւ գործողական օրինակ՝ ուրիշներու գործողութիւնները՝ ծառայի սպասաւորութիւնը, եւ այլն։ Այս զանազան տեսակի միջոցները կը կազմեն իրաւունքի առարկայական տարրը, կամ կարելի է ըսել. «առարկայական իրաւունք». «jus objectivum» այսինքն՝ իբրեւ ինքն իրաւունքը կը դառնայ «առարկայ». «objectus», որով մարդը կամ ընկերակցութիւնը՝ հաւաքականութիւնը որպէս անոր տէ՛րը, իբրեւ «անձ» «subjectus», կը գոհացնէ, կը լիացնէ իր պահանջները, միւս կողմէ՝ բոլոր այն պայմանները՝ որով անձը կարող է ունենալ, տիրանալ եւ տիրել, օգտուիլ եւ գործադրել այդ միջոցները։
«Իրաւական անձ»ը՝ «subjectus»ը, իբրեւ տէր իրաւունքի եւ իրաւական առարկայի ամբողջութեան՝ «objectus»ներու, իբրեւ միջոցներ, յարաբերութիւններէ յառաջ կու գայ առանձին ընդարձակ շրջան մը բազմազան երեւոյթներու՝ որ եւ կը կազմէ իրաւունքի երրորդ գլխաւոր տարրը՝ նիւթական կամ «էական իրաւունք»՝ «jus substantiale»։ Նկատի առնելով մէկ կողմէ իրաւունքի այդ երեք տեսակ գլխաւոր տարրը կամ յատկութիւնը, միւս կողմէ այն՝ որ Եկեղեցին, իբրեւ կրօնական ընկերակցութիւն եւ հաստատութիւն, ունի իր սեփական պահանջները եւ նպատակները՝ որոնց գոհացումը կատարելու համար գործադրելու է միջոցներ՝ որ Եկեղեցին նոյնպէս կարող է ըլլալ նիւթ, առարկայ կամ բովանդակութիւն իրաւունքի։
Ուստի, անձնական իրաւունքը՝ «jus subjectivus»ը կը ծագի անձի «subjectus»ի բնական եւ ստացական պահանջներէն եւ մարդու գլխաւոր եւ էական պահանջներէն մէկն է եւ անոր կրօնական զգացումները եւ անոնց պահանջքը գոհացնելու իրականացումը։
Կրօնական ամէն զգացմունք եւ պահանջք կրնայ կազմել անձնական իրաւունք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 9, 2023, Իսթանպուլ