ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ ՄԸ (Ա.)
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններէն ետք եթէ որպէս լուծում կ՚ուզենք գիտնալ, թէ ինչ կարելի է եւ պարտաւոր ենք ընել՝ պէտք է դասեր քաղենք անցեալէն:
Մեր կարծիքով մեծագոյն լուծումը այս պարագային համազգային ժողով մըն է՝ ինչ որ նախապէս կատարուած էր մեր թուականէն 104 տարիներ առաջ. 24 փետրուարէն մինչեւ 22 ապրիլ թուականները տեղի ունեցաւ Փարիզի «Ազգային համագումար»ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ անուանի դէմքեր ու մտաւորականներ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքի ամբողջ տարածքէն:
Կազմակերպուած համագումարը ունէր հիմնական մէկ նպատակ. «Հայութեան տառապանքին վերջ տալ եւ ունենալ սեփական հայրենիք»:
Առանց կուսակցական պատկանելիութիւններ նկատի ունենալու, հնչակեան, ռամկավար, դաշնակցական եւ չէզոք մտաւորականներ ի մի համախմբուելով փորձեցին հայ ազգի բարիքներուն մասին խօսիլ: Յատկանշական է, որ այս ժողովներուն «խնամի ծանօթ բարեկամ»ի ճամբով պաշտօններու հասած մարդիկ մասնակցութիւն չբերին, այլ ժամանակի ամենէն կարկառուն դէմքերը տեղ գտան: Կուսակցական հարցերու գծով Փափազեան կը գրէր հետեւեալը. «Կուսակցական կիրքերը երբեմն երեւան կու գային - կը բռնկէին երբ ոեւէ հարց անձերու ղուրջ դառնար, իսկ երբ հայութեան կենսական ապահովութեան խնդիրներ ծագէին կամ մեր քաղաքական պահանջներու շուրջ դառնար - ամէնքը կը մոռնային իրենց անձնական նախասիրութիւնները կամ համակրանքի եւ հակակրանքի զգացումները»։ Ցաւ ի սիրտ, Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններու գծով մեր կուսակցական գործիչներու մօտ չտեսանք նոյն մօտեցումը:
Այս ժողովի մանրամասնութիւնները կարելի է գտնել բժիշկ եւ քաղաքական գործիչ Վահան Փափազեանի «Իմ յուշերը» աշխատութեան երրորդ հատորին մէջ, որուն մէջ գրողը մանրամասն կը ներկայացնէ այդ ժողովի մասնակիցները եւ անոնց մասին փոքր արժեւորումներ կը կատարէ:
Այդ ժողովի մասնակիցներէն կարեւորագոյններէն մին կարելի էր նկատել Պօղոս Նուպար Փաշան եւ Եղիշէ Արք. Դուրեանը. հայեր՝ որոնք խորապէս ազդուած ու լծուած էին հայ գաղթականներու հարցին. հայեր՝ որոնք թէեւ յուսախաբ, լաւատես էին հայութեան ապագայով:
ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ
ԵՂԻՇԷ ԱՐՔ. ԴՈՒՐԵԱՆ.- Դուրեանը եկեղեցական մըն էր, որ հոգեւորին չափ եւ քիչ մը աւելի հետաքրքրուած ու զբաղուած է ազգային գործերով ու մանաւանդ ապագայ սերունդներու դաստիարակութեամբ: Փափազեան անդրադառնալով Եղիշէ Արք. Դուրեանի՝ կը բաւարարուի հետեւեալ հարցը տալով. «Ո՞վ չի ճանչնար այս գեղատիպ եւ առաքինի մեծ մարդը եւ բանաստեղծ պատմաբանը». այլ խօսքով Փափազեան աւելորդ կը նկատէ խօսիլ Դուրեանի արժանիքներուն մասին, նկատի ունենալով որ ամէն հայ անպայմանօրէն կը ճանչնայ այդ մեծանուն մարդու աշխատանքներն ու արժէքը:
ՓՐՈՖ. Ա. ՏԷՐ-ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Փափազեան կը յիշէ, որ այս Տէր-Յակոբեանը չէզոք մարդ մըն էր, որ իր մասնակցութիւնն ու նպաստը բերած էր բազմաթիւ բարենորոգումներու աշխատանքին մէջ:
Ա. ՍԻՆԱՊԵԱՆ.- Օսմանական կառավարութեան ժամանակ եղած էր նախարար. կուսակցական պատկանելիութիւն չունէր եւ որպէս չէզոք կը մասնակցէր ժողովին. մասնակցած էր Բարեգործական ընկերութեան ձեռնարկներուն. Փափազեանի կարծիքով՝ խղճամիտ, մեղմ եւ բարեացակամ մարդ մըն էր:
ՊՕՂՈՍ ՊԷՅ ՄԸՍԸՐԼԵԱՆ.- Իրականութեան մէջ չենք գիտեր, թէ այս Պօղօս պէյ Մըսըրլեանը կապ ունի՞ Մըսըրլեան տոհմին հետ՝ որ իր բարերարութիւններով անունը անմահացուցած է պատմութեան մէջ, որովհետեւ այդ տոհմին մէջ եւս կը գտնենք «Պօղոս պէյ Մըսըրլեան» մը. չենք գիտեր ինչու, սակայն Փափազեան լաւ ձեւով չի յիշեր այս Պօղոս պէյը. Փափազեանի բառերով՝ «անգոյն եւ թեթեւամիտ մարդ մը, որ կարծեմ առաջին անգամն էր, որ կը զբաղէր հայութեան գործերով. լաւ հայերէն չէր գիտեր»: Կրնայ ըլլալ Փափազեան տոհմին հետ աղերս չունենայ, որովհետեւ Փափազեան անոր կաթոլիկ ըլլալը կը յիշէ:
Ա. ԹԷՐԶԻՊԱՇԵԱՆ.- Կովկասէն էր՝ բնիկ վանեցի: Անցեալին եղած էր մեծահարուստ մարդ մը. Փափազեանի վկայութեամբ բաւականին խելացի եւ պատրաստուած անձ մըն էր. Ռամկավար կուսակցութեան անդամ:
ՏՔԹ. ՆԵՎՐՈՒԶ.- Նեվրուզի անունը պատմութեան ընթացքին զանազան տեղերը կը տեսնենք՝ մանաւանդ Եգիպտոսի հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրելու ժամանակ։ Փափազեան Նեվրուզի մասին կը գրէ. «Համեստ եւ բարեմիտ ընկեր մը, որ առանց երեւնալու գործած է Պոլիս, Եգիպտոս: Հանրային շահերով ապրող մարդ մը»:
Լ. ՇԱՆԹ.- Այդ ժամանակ Լեւոն Շանթ կ՚ապրէր Եգիպտոսի մէջ։ Փափազեանի վկայութեամբ՝ տակաւին այնքան մեծ դեր չունէր Դաշնակցութեան մէջ, սակայն որպէս մտաւորական իր անունը արդէն իսկ սկսած էր լսուիլ հայկական շրջականներու մէջ։ Փափազեան անոր մասին կը գրէ. «Համակրելի, պարկեշտ եւ կտրուկ իր արտայայտած միտքերու ատեն, թէեւ շատ խօսողներէն չէր»:
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ.- Ռամկավար կուսակցութեան անդամ էր, սակայն կուսակցական ըլլալէ առաջ մոլեռանդ հայ մըն էր Թէքէեան։ Փափազեան սքանչացումով կ՚արտայայտուի Թէքէեանի մասին. «Հաճելի էին նոյնիսկ իր ընդդիմախօսութիւնները եւ հակաճառութիւնները. միշտ կը ջանար տրամաբանօրէն խօսիլ։ Անկակասկած մոլեռանդ հայրենասէր, զգայուն մարդ, բանաստեղծ մըն էր: Եղած էր ուսուցիչ, խմբագիր, Կեդրոնական Ազգային ժողովի գործօն անդամ»:
ՏՔԹ. ՍԱՅԵԱՆ.- Պուլարիոյ շրջանի Դաշնակցական գործիչներէ էր. եղած էր ազգային եւ կրթական գործիչ։ Փափազեանի համար համակրելի եւ մաքուր տիպար մըն էր:
Ս. ՀԻՆԴԼԵԱՆ.- Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն էր. պաշտօնով իրաւաբան էր. գուցէ կուսակցական հակառակութիւններէ մղուած Փափազեան այնքան ալ լաւ արտայայտութիւն չ՚ունենար. զինք կը քննադատէ իր «բռնազբօսիկ պերճախօսութեան» եւ «բուռն ու երկարաշունչ բառերուն» համար:
Յ. ԽԱՆ ՄԱՍԷՀԵԱՆ.- Մտաւորական մըն էր, որ երկար տարիներ զբաղուած էր թագմանութեամբ եւ հայերէնի թարգմանած էր Շէյքսփիրի գործերը։ Նախապէս Լոնտոնի մէջ եղած էր Պարսկաստանի դեսպան։ Փափազեանի խօսքերով՝ այս մարդը միշտ մօտէն հետեւած եւ աջակցա է հանրային գործերու:
Գ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- կը մասնակցէր Անգլիոյ շրջանէն։ Ցաւ ի սիրտ, Փափազեան այս անձին մասին յիշատակութիւն մը չ՚ըներ. կը բաւարարուի յիշելով, որ Յակոբեան պոլսեցի մըն էր:
Գ. ՖՆՏԳԼԵԱՆ.- Ռամկավար կուսակցութեան անդամ էր. երկար տարիներ նուիրած էր հայկական խնդիրներու ուսումնասիրութեան. գործօն մասնակցութիւն բերած էր հանրային գործերու մէջ:
ԳԱԲՐԻԷԼ ՆՈՐԱՏՈՒՆԿԵԱՆ.- Կը մասնակցէր Զուիցերիոյ շրջանէն. պաշտօնով միջազգային իրաւունքներու մասնագէտ էր: Միաժամանակ կը զբաղէր մտաւորական աշխատանքով. հեղինակ էր թուրք եւ օտար դաշնագիրներու առընչուած եռհատոր աշխատութեան մը: Եղած էր Սանասարեան դպրոցի հիմնադիրներէն եւ եղած էր խնամական նախագահը: Դիւանագիտական շրջանակներու մէջ ճանչցուած դէմք մըն էր։ Փափազեանի բառերով՝ «Խորագէտ, մեծ տաղանդ ունեցող եւ միջին ճամբաներ գտնող մեծ վերպետներէն էր»:
ՏՔԹ. ՆՇԱՆ ՏԷՐ-ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ.- Ռամկավար կուսակցութեան անդամ էր։ Փափազեանի բառերով՝ «Անսքօղ եւ շիտակ իր արտայայտութիւններով, համակերլի իր յարաբերութիւններուն մէջ»: Ան իր մասնակցութիւնը կը բերէր Իտալիոյ շրջանէն, ուր ճանչցուած էր որպէս հանրային գործիչ:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -364-
Յունաստան ապրած ժամանակ շրջանը որոշեց գումարել մեծ ժողով մը, որուն ներկայ պիտի գտնուէր նաեւ Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէ ժամանած մի քանի ներկայացուցիչներ: Սակայն ունէին մէկ պակաս. չկար անձ մը՝ որպէսզի հայերէնով ատենագրութիւն պատրաստէր եւ կարողանար ներկայացնել, թէ ի՛նչ խօսուեցաւ ժողովի ընթացքին: Շրջանի ներկայացուցիչներու խնդրանքով՝ այդ պաշտօնը ինծի յանձնեցին:
Ժողովը սկիզբ առաւ հայերէն, սակայն տասն վայրկեան ետք ժողովը շարուակեցին յունարէն լեզուով, որովհետեւ հայ գաղութի ներկայացուցիչները իրենց միտքը յունարէնով աւելի յստակ կ՚արտայայտէին՝ քան հայերէնով:
Ատենագրութիւնը գրած ժամանակ մտածեցի. գաղութ կը ղեկավարուի հայերու կողմէ՝ որոնք ո՛չ հայերէն գրել գիտեն եւ ոչ ալ խօսիլ... (Հարցը միայն Յունաստանի համար չվերցնենք. բոլոր հայկական գաղութները այսօր այդ խնդիրը ունին...):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան