ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏԸ ԵՒ ԱՐԺԷՔԸ

Մարդ էա­կը, որ­պէս խոր­հող ա­րա­րած, դա­րե­րու ըն­թաց­քին, միշտ գիտ­նալ ու­զած է իր գո­յու­թեան ի­մաս­տը եւ ար­ժէ­քը։ Ար­դա­րեւ, կեան­քի ո­րե­ւէ շրջա­նին մէջ, մարդ կը հարց­նէ ինքն ի­րեն սա հար­ցու­մը. «Ի՞նչ է մար­դը»։­

Ա­մէն մարդ, իր կեան­քին մէջ քիչ կամ շատ, մի քա­նի ան­գամ­ներ խոր­հած է այս մա­սին։ Ո­մանք տե­ւա­կան, ո­մանք եր­բեմն հար­ցու­ցած են այս հար­ցու­մը. «մարդ ի՞նչ է, ին­չո՞ւ ստեղ­ծուած է եւ ինչ­պէ՞ս կա­նո­նա­ւո­րուած ու կազ­մա­կեր­պուած է իր կեան­քը այս աշ­խար­հի վրայ»։ Եւ ա­ւե­լի եւս կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նան այս հար­ցում­նե­րը, երբ կը տես­նուի, թէ իր կեան­քը այս աշ­խար­հի վրայ՝ ժա­մա­նա­կա­ւոր է, վերջ մը ու­նի։

Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ ու­նի իր ա­նու­նը, իր բնա­կա­վայ­րը, աշ­խա­տան­քը եւ գոր­ծը, պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ ո­րոնք ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին հետզ­հե­տէ կը փո­խուին, բայց կա՛յ բան մը որ կը մնայ. «Մա՛րդ» էու­թիւ­նը, մարդ կո­չու­մը, մարդ ըլ­լա­լու ար­ժէ­քը։

Ա­հա­ւա­սիկ հո՛ս է հար­ցու­մի կեդ­րո­նը. մարդ ի՞նչ է, ին­չո՞ւ կ՚ապ­րի, ի՞նչ է նպա­տա­կը կեան­քին եւ ա­պա ո՞ւր կ՚եր­թայ։

Մար­դը որ­պէս «ար­ժէք», որ­պէս «ի­մաստ» ին­չո՞ւ միայն ո­րոշ եւ սահ­մա­նա­ւոր ժա­մա­նա­կի մը հա­մար ստեղ­ծուած է։ Կ՚ար­ժէ՞ այս ժա­մա­նա­կա­ւոր էա­կին այս­քան կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յել։

Մարդ ե­թէ կա­րե­նայ ու­նե­նալ այս հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նը, ա­պա ու­րեմն կը ճանչ­նայ նաեւ ինք­զինք, գի­տակ­ցու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նայ իր գո­յու­թեան պատ­ճա­ռին, նպա­տա­կին, ի­մաս­տին եւ ար­ժէ­քին։

Մար­դուս ա­ռօ­րեա­յին մէջ աշ­խար­հա­յին նպա­տակ­ներ, գոր­ծեր, զբա­ղում­ներ մեծ մա­սամբ կը մոռց­նեն ի­րեն այս բո­լոր ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը, հար­ցե­րը, սա­կայն կեան­քի սո­վո­րա­կան ըն­թաց­քէն շե­ղում մը՝ ար­կած մը, դժբախ­տու­թիւն մը, ձա­խո­ղու­թիւն մը կը յի­շեց­նեն ի­րեն, թէ ա­տեն մը ինք գո­յու­թիւն չու­նէր այս աշ­խար­հի վրայ, եւ ներ­կա­յիս կա՛յ, գո­յու­թիւն ու­նի, կ՚ապ­րի եւ ցաւ ու վիշտ կը զգայ։

Բո­լոր այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը մար­դուս կը յի­շեց­նէ, կ՚անդ­րա­դարձ­նէ, թէ կար ժա­մա­նակ մը՝ որ չկայ, գո­յու­թիւն չու­նէր եւ պի­տի գայ ժա­մա­նակ մը՝ որ դար­ձեալ պի­տի չըլ­լայ, գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նայ։ Ա­հա­ւա­սիկ հար­ցը հոս է. «չկար», «կայ» եւ «պի­տի չըլ­լայ»։ Եւ ճիշդ այս կէ­տին է որ ար­ժէք կը ստա­նայ «ԻՆ­ՉՈ՞Ւ» հար­ցու­մը։

Ին­չո՞ւ չկար, ին­չո՞ւ կայ, եւ ին­չո՞ւ պի­տի չըլ­լայ…։

Ո­մանք ա­ւե­լորդ կամ ա­նի­մաստ, անն­պա­տակ կրնան նկա­տել այս մա­սին հար­ցում հարց­նել եւ խոր­հիլ. բայց ճշմար­տու­թիւն է՝ որ մարդ ժա­մա­նակ մը գո­յու­թիւն չու­նէր, մի­ջոց մը գո­յու­թիւն ու­նի եւ պի­տի գայ մի­ջոց մը, պա՛հ մը՝ որ գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նայ։ Այս է մար­դուն ըն­թաց­քը աշ­խար­հի վրայ, ո­րուն «կեանք» կ՚ը­սուի, բայց ին­չո՞ւ ու­նի այդ կեան­քը, ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է հար­ցը։

Ա­մէն ան­հատ, ա­մէն մարդ, ա­մէն անձ՝ երբ կը ծնի՝ աշ­խար­հի վրայ կեան­քի մը կը սկսի, «ԵՍ» մըն է այ­լեւս։ Մար­դուս մար­մի­նը կազ­մող մա­սե­րը կը փո­խուին, բայց նոյն մար­դը, նոյն­պէս կը մնայ, չի փո­խուիր։ Ու­րեմն այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ մար­դը զինք կազ­մող տար­րե­րէն ա­ւե­լի բան մըն է։ Մար­դը, ամ­բողջ մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ան­ցուց եւ տա­կա­ւին կ՚ան­ցը­նէ զար­գաց­ման շրջան մը։ Այս զար­գաց­ման մէջ կրնայ կեան­քը ա­ւե­լի եր­կա­րած ըլ­լալ, սա­կայն «մահ»ը ար­մա­տա­կան եւ ան­փո­փոխ վե՛րջն է. ու­րեմն Աս­տու­ծոյ այս հրա­շա­լի՜ զար­գաց­ման վախ­ճա­նը մա՞­հը պէտք է նկա­տուի։ Բո­լոր այս ըն­թաց­քը մա­հուա՞ն հա­մար է…։

Ընդ­հան­րա­պէս «մարդ» էա­կին հա­մար կ՚ը­սուի՝ թէ «հրա­շա­լի՜ գոր­ծիք մըն է» եւ «մե­քե­նա­կան խելք»։ Բայց հոս պէտք է նշել, թէ՝ ա­մէն գոր­ծիք մար­դուն Ստեղ­ծի­չին կող­մէ տրուած մտքին ար­դիւնքն է եւ ո՛չ թէ մարդ՝ ին­քը։

Մարդ­կա­յին զգա­ցում­ներ, գի­տակ­ցու­թիւն եւ հնա­րե­լու կա­րո­ղու­թիւն ան­ծա­նօթ են մե­քե­նա­յին։ Մե­քե­նան ո՛չ խելք, ո՛չ զգա­ցում ու­նի եւ ո՛չ թէ մե­քե­նան կը ստեղ­ծէ մար­դը, այլ մար­դը կը շի­նէ մե­քե­նան։ Ու­րեմն այս ի­մաս­տով մար­դը եւ մե­քե­նան հա­մե­մա­տել ճիշդ չէ՛։ Ար­դա­րեւ գի­տու­թիւ­նը, բնա­խօ­սու­թիւ­նը մա­նա­ւանդ, շատ բան կ՚ը­սէ մարդ­կա­յին մար­մի­նին մա­սին, բայց «մարդ»ը մար­մի­նէն՝ նիւ­թէն ա­ւե­լին է, ու­րեմն պէտք է փնտռուի հո­գե­կա­նը եւ մտա­ւո­րը։ Քա­նի որ մարդ մար­մին, հո­գի եւ միտք է, եւ այս ար­ժէք­նե­րէն մէ­կուն բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ան­կա­տար կը թո­ղու մար­դը։

Ուս­տի ա­մէն մարդ, ա­մէն անձ, նախ կը փնտռէ իր «ԵՍ»ը՝ յե­տոյ կը հան­դի­պի «ՈՒ­ՐԻՇ»ին՝ ու­րիշ­նե­րուն, ու­րիշ «Ես»ե­րու։ Այս հան­դի­պու­մով, մար­դը կ՚ըլ­լայ «հա­ղոր­դա­կան էակ» մը։

Այս հա­ղոր­դա­կա­նու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր ազ­դակն է՝ Սէ­րը։ Մարդ, սի­րե­լով դուրս կ՚ել­լէ ինք­նիր­մէ, կը նուի­րուի «ու­րիշ»ի եւ «ու­րիշ­ներ»ու, յատ­կա­պէս կը զո­հուի եւ ու­րի­շի հա­մար զո­հո­ղու­թիւն­ներ յանձն կ՚առ­նէ։

Եւ երբ մարդ ինք­զինք փնտռած ա­տեն հան­դի­պի ու­րի­շի եւ ու­րիշ­նե­րուն, այս պա­հուն ա­հա­ւա­սիկ կ՚անդ­րա­դառ­նայ իր գո­յու­թեան, եւ այ­լեւս կը սկսի հարց­նել, թէ ի՞նչ է ի­մաս­տը եւ ար­ժէ­քը իր գո­յու­թեան եւ ամ­բողջ Գո­յու­թեա՛ն։

Մարդ անդ­րա­դար­ձու­մի այս պա­հէն սկսեալ կը սկսի հար­ցաքն­նել իր «ԵՍ»ը, իր գո­յու­թեան ի­մաս­տը եւ ար­ժէ­քը, եւ ան­շո՛ւշտ պատ­ճա­ռը եւ նպա­տա­կը։ Եւ այս ճամ­բով կը հաս­նի այն ճշմար­տու­թեան՝ թէ մարդ­կա­յին կեան­քը եւ ա­մէն գո­յու­թիւն աշ­խար­հի վրայ, ու­նին պատ­ճառ մը, բա­նա­ւոր նպա­տակ մը եւ ի­մաստ մը եւ ար­ժէք մը։ Ար­դա­րեւ ե­թէ կա՛յ «գո­յու­թիւն», ա­պա կա՛յ նաեւ՝ ար­ժէք։

Մարդ իր հո­գե­կան կա­րո­ղու­թեամբ ո­րոշ չա­փով կը հե­ռա­նայ նիւ­թի կա­պե­րէն՝ ո­րուն ամ­բող­ջա­կան կա­տա­րե­լու­թեան պի­տի հաս­նի երբ ձգէ իր նիւ­թա­կան մար­մինն ալ։ Մարդ էա­կը, ինչ­պէս ը­սինք, ու­նի «միտք», «կամք» եւ «ա­զա­տու­թիւն»։ Այս ար­ժէք­նե­րը կը ծա­ռա­յեն իր փրկու­թեան կամ կո­րուս­տին։ Եւ այս կէ­տին մարդ կը հան­դի­պի իր յատ­կան­շա­կան ար­ժէք­նե­րէ մէ­կուն՝ «ա­զատ կամք»ի ազ­դա­կին։

Մարդ, որ­պէս բա­նա­ւոր էակ, իր միտ­քով, ա­զատ կամ­քով կ՚ո­րո­շէ իր «ճա­կա­տա­գիր»ը, եւ քա­նի որ «ճա­կա­տա­գիր» ը­սինք, ու­րեմն՝ մարդ իր իսկ ա­զատ կամ­քով կը գծէ իր կեան­քի ու­ղիին ըն­թաց­քը։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս պատ­ճա­ռով մարդ ան­հատ է ե՛ւ ԱՆՁ։

Մարդ «անձ» է, կը նշա­նա­կէ՝ «էակ մըն է», որ գի­տակ­ցու­թիւն ու­նի իր իսկ մա­սին, ա­զատ եւ պա­տաս­խա­նա­տու է իր ո­րո­շում­նե­րուն։ Ան նաեւ հա­ղորդ է ար­տա­քին աշ­խար­հի եւ սա­կայն միա­ժա­մա­նակ «գոր­ծա­ծե­լի ապ­րանք» մը՝ մե­քե­նայ մը չէ՛։

Սուրբ Գիր­քին մէջ «Մարդ»ը կը ներ­կա­յա­ցուի որ­պէս «Ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան թա­գը», քա­նի որ ստեղ­ծուած է եւ կ՚ապ­րի հաս­նե­լու հա­մար իր Ա­րար­չին-Ստեղ­ծո­ղին հետ կապ հաս­տա­տե­լով՝ կա­տա­րեալ միու­թեա՛ն։

Բո­լոր ա­սոնք մե­զի ցոյց կու տան, թէ կեան­քը պատ­ճառ մը, ար­ժէք մը, նպա­տակ մը եւ բո­լոր ա­սոնց հետ ի­մա՛ստ մը ու­նի։

Կ՚ար­ժէ՛ խորհր­դա­ծել այս մա­սին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 1, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2016