ՀԱՄԲՈՅՐԻ ԶԳԱՑՈՒՄԸ

Համբոյրը՝ մարդուս ծնելէն վերջ ստացած միջոցն է զգացումները արտայայտելու համար։ Ուստի ստացական այս արտայայտութիւնը չի՛ ժառանգուիր սերունդէ սերունդ։ Նաեւ պէտք է գիտնալ, թէ աշխարհի վրայ կը գտնուին ժողովուրդներ, որոնք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ է համբոյրը, որուն մասին տեղեկութիւն իսկ չունին եւ համբոյրով արտայայտուելու սովորութենէն զուրկ են։ Համբուրելու սովորութիւնը որքան ալ տարածուած ըլլայ, թէեւ հազուագիւտ, բայց կան ժողովուրդներ եւ մշակոյթներ՝ որոնք օտա՛ր են համբոյրի։

Երբ համբոյրը «ստացական վարուելակերպ» մըն է, ապա կարելի է հարցնել, թէ՝ մանուկ մը ե՞րբ կը սորվի համբուրել։ Ամենապարզ կերպով կարելի է ըսել, որ ասիկա բոլորովին կախում ունի մանուկին շուրջը գտնուող անձերու ընթացքէն։ Բնական եւ բանական է ասիկա, քանի որ համբոյրը «ստացական» արտայայտութեան ձեւ մըն է եւ թէ սորվելով կը ստացուի եւ մանաւանդ տեսնելով եւ փորձով։ Եւ այս իսկ պատճառով՝ համբոյրի արտայայտութեան մասին անհատէ անհատ յայտնի տարբերութիւններ կը տեսնուին։

Համբոյրը «արտայայտութիւն» մըն է, եւ ուրեմն իւրաքանչիւր անձ իրեն յատուկ արտայայտութեան ձեւ մը, ոճ մը, կերպ մը ունի։ Արդարեւ, ամէն մարդ նոյն հակազդեցութիւնը ցոյց չի տար նոյն արտայայտութեան։ Ուրեմն, համբոյրն ալ ըմբռնումի եւ համոզումի հարց մըն է։ Մարդիկ երբեմն շատ չափաւոր, երբեմն ալ ցուրտ են իրենց արտայայտութիւններուն մէջ։ Ասիկա ալ կախում ունի իրենց հասած միջավայրէն, ընտանիքէն, անոնց համոզումներէն, հաւատալիքներէն, մարդկային փոխյարաբերութիւններու տրուած կարեւորութենէն, մշակոյթէն։

Ոմանք սիրալիր կը վարուին իրենց նմաններուն հետ՝ մօտ կը զգան ամէն անոնք, որ կը գտնուին իրենց անմիջական շրջանակին մէջ։ Ոմանք ալ բոլորովին անտարբեր եւ ցուրտ են իրենց շրջապատին նկատմամբ եւ ընդհանրապէս մարդոց հանդէպ։ Եւ այս բոլորը, ինչպէս ըսինք, կախում ունի իրենց միջավայրէն՝ ուրկէ հասած են։ Եւ ո՜րքան սխա՛լ է այս մասին ամէն մարդէ նոյն մտերմութիւնը եւ անկեղծութիւնը սպասել։

Եւ քանի որ ստացական շարժում մըն է համբոյրը, սորվեցնողի եւ սորվողի համեմատ փոփոխութիւններ ցոյց տալն ալ բնական է։ Ինչպէս անհատէ անհատ, նոյնպէս սեռերու միջեւ ալ զանազանութիւններ կարելի է տեսնել՝ այրերու եւ կիներու մէջ։ Զոր օրինակ՝ աղջիկ զաւակներ աւելի շուտ կը սորվին համբուրել, քան մանչ զաւակներ։ Եւ դարձեալ գիտական փորձեր ցոյց տուած են, թէ աղջիկ զաւակներ աւելի յաճախ եւ աւելի երկար կը համբուրեն, քան մանչ զաւակներ։

Արդարեւ, մանուկներու պէտք է սորվեցնել նախ իմաստը համբոյրին՝ թէ զգացումներու՝ սիրոյ կամ յարգանքի արտայայտութեան միջոց մը, կերպ մը ըլլալը։

Եւ քանի որ ըստ էութեան համբոյրը զգացումի կամ յարգանքի արտայայտութիւն է, ապա ուրեմն, պէտք է անկե՛ղծ ըլլայ՝ սրտաբուխ եւ իրական, եւ ո՛չ թէ ձեւական պարզ շարժում մը կամ ստիպողական վարմունք մը։ Որեմն, պէտք է համբուրել՝ անկեղծ զգացում մը արտայայտելու համար, եւ ո՛չ թէ որովհետեւ սովորութիւն է կամ ստիպողութիւն։ Մարդ՝ մանուկ կամ հասուն, աղջիկ կամ մանչ, պէտք է նախ թափանցէ համբոյրին իմաստին եւ պատճառին, այլապէս համբոյրը կը մնայ միշտ «ձեւապաշտութեան միջո՛ց»։

Մանուկ մը որքա՛ն քիչ կ՚ըմբռնէ համբոյրին նշանակութիւնը, թերեւս խաղ մը, հարկաւոր կամ անհրաժեշտ շարժում մը։ Բայց երբ սրտաբուխ չըլլայ համբոյրը, որեւէ իմաստ չ՚ունենար՝ թէ՛ համբուրողին եւ թէ՛ համբուրուողին նկատմամբ։

Մանուկը թէեւ իր կեանքին առաջին տարիներէն իսկ հազարաւոր անգամներ իր ծնողքին, մերձաւորներուն եւ մանաւա՛նդ մօր կողմէ համբուրուած կ՚ըլլայ, ինք մինչեւ որ այդ շարժումին իմաստը չհասկնայ, չի կրնար փոխադարձել նոյն կերպով։

Այս մասին մասնագէտներ՝ հոգեբաններ եւ մանկավարժներ կատարած են զանազան փորձեր եւ ուսումնասիրութիւններ, հետազօտութիւններ։ Եւ այս աշխատասիրութիւններ, ընդհանրապէս յանգած են գիտական եզրակացութիւններու։ Զոր օրինակ, մանուկը երբ 11 օրուան է, եւ մայրը զինք համբուրէ, անիկա մօր շրթունքը անոր ծիծը կարծելով կաթ կը սպասէ եւ իր շրթունքը դէպի առաջ կ՚երկարէ։

Միեւնոյն մանուկը 32 շաբթուան մէջ, այլեւս զինք համբուրող շրթունքին նկատմամբ նոյն շարժումը չ՚ըներ, բայց որպէս հաճելի առարկայ կը մօտենայ անոր, բայց ո՛չ որպէս ծիծ՝ ուրկէ կաթ կը սպասէ։ Իսկ 33-րդ շաբթուան մէջ, մանուկը կը թողու որ մօր շրթունքը մօտենայ իրեն՝ առանց հակազդելու, առանց փոխադարձ շարժում մը ընելու եւ կամ հակառակելու։

Յաջորդ ամիսներուն, սակայն, առանց իր մօր համբոյրները փոխարինելու՝ ցոյց կու տայ համբոյրը փոխարինելու հակամիտութեան նշաններ։ Մանուկը 51 շաբաթուան երբ ըլլայ, եւ երբ մայրը զինք համբուրէ՝ այդ պահուն իր կերած հացի կտորը կ՚երկարէ մօրը՝ ապահովաբար որպէս փոխարինութիւն անոր տուած համբոյրին։

Եւ նոյն մանուկը երբ 12 ամսուան է, կը սկսի փորձել համբոյրի ատեն բերանի մը բացուածքին ճիշդ ձեւը ընել յաջող կերպով։ Իսկ 13-րդ ամսուան մէջ, մանուկը տակաւին յստակ գաղափար մը չունի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ համբոյրը։ Իրեն համար համբոյրը հաճելի բան մը չէ՝ համբոյր ստանալ հաճոյք չի պատճառեր իրեն, քանի որ իւրաքանչիւր անգամ երբ մէկը զինք համբուրել փորձէ, միշտ երեսը անդին կը դարձնէ. առանց նայելու, թէ ո՛վ է զինք համբուրել փորձողը։ 15 ամսուան մէջ, «համբոյր մը տո՛ւր» խօսքին վրայ, մանուկը երեսը կը մօտեցնէ եւ յաճախ շրթունքներն ալ համբուրելու ձեւով մը կ՚ամփոփէ։ Այս երեւոյթէն սակայն պէտք չէ խաբուիլ եւ հետեւցնել, թէ մանուկը այլեւս սորված է եւ գիտէ համբոյրին նշանակութիւնը։ «Համբոյր մը տո՛ւր» խօսքին մանկան կողմէ տրուած պատասխանը տեղի ունեցած է միա՛յն բառերու հասկցուելովը եւ ո՛չ թէ համբոյրին նշանակութիւնը ըմբռնելով։

19-րդ ամսուան մէջ, երբ մանկան անծանօթ անձեր «համբոյր մը կ՚ուզեն» իրմէ, գլուխը ետ կը տանի մերժողակա՛ն ձեւով մը։ Այս տարիքին մէջ է որ մանուկ մը կը սկսի խտրութիւն դնել իրմէ «համբոյր ուզող»ներու միջեւ։ 20-րդ ամսուան մէջ, դէմքին, մասնաւորաբար այտերուն շարժումներովը, դիմագիծերով ցոյց կու տայ մանուկը, թէ համբոյրի ատեն դիմացինին մօտենալը անհրաժե՛շտ է։ Եւ համբոյրի ատեն «մերձենալ»ու այս ըմբռնումը կարելի է արդէն համբոյրի փոխարինութեան իբր նախնական ձեւ մը նկատել։ Այս տարիքին, մանուկը իր գլուխը կը ծռէ դէպի իրմէ համբոյր ուզողին դէմքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 4, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2017