ԵՐԲ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻՆ ԲԱՐՔ ԵՒ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Երբ երկու հին բարեկամ տարիներ վերջ իրարու հանդիպին, իրենց առաջին հարցումը կ՚ըլլայ. «Ինչպէ՞ս ես, ի՞նչ կ՚ընես կ՚ըլլաս…»։ Եւ հարցում հարցնողն ալ կը դիմաւորուի փոխադարձ նոյն հարցումով. «Դուն ինչպէ՞ս ես, դուն ի՞նչ կ՚ընես կ՚ըլլաս…»։ Իրականին՝ երկուքին ալ պատասխանը նոյնն է ընդհանրապէս. «Փա՜ռք Աստուծոյ, շատ աղէկ եմ…»։ Բայց երկուքն ալ գիտեն, որ անցեալի կարօտով, տենչանքով համակուած, լեցուած են իրենք։
Արդարեւ, սովորութիւն եղած է հարցնել այդ աւանդական հարցումը. «Ինչպէ՞ս ես»։ Շատ անգամ ալ ողջոյնի, բարեւի տեղ կը գործածուի այդ հարցումը։ Կը հարցուի, բայց պատասխանը միշտ յայտնի է…։
Հին բարեկամներու այդ հանդիպումը, անոնց երեւոյթը, դէմքերուն արտայայտութիւնը, այս հարցումին շեշտը եւ հարցումին աւանդական պատասխանը. «Փա՜ռք Աստուծոյ, շատ աղէկ եմ…», է։ Բայց ո՛րքան «աղէկ» են. այդ յայտնի չէ՛, քանի որ անոնք միշտ «անցեալին մէջ կ՚ապրին» եւ «աղէկ եմ» կ՚ըսեն՝ անցեալը կ՚երեւակայեն։
Հի՜ն բարեկամներ… սպիտակ մազ, երբեմն ճաղատ, երբեմն մօրուք, երբեմն պեխ, երբեմն մօրուք եւ պեխ, խորշոմնապատ ճակատ, թնթռկած խորշոմած երես, ատամնազուրկ բերան եւ կամ կեղծ ատամներ, եւ կզակներ, որոնք դէպի վեր կ՚ելլեն երբ կը խօսին, կոր քամակ եւ յողդողդ անհաստատ, խախուտ գնացք։ Եւ երբ երկու հին բարեկամ այդ շարժումի եւ կեանքի կեդրոնին մօտ իրարու հանդիպին, հի՜ն օրերու այդ բարեկամները, որոնք երկար ատենէ ի վեր զիրար տեսած չէին եւ այդ երեւոյթը կը պարզէին, կարօտով կ՚ողջագուրուին եւ հետաքրքրութեամբ կը հարցնեն. «Ինչպէ՞ս ես…»։
Եւ ի՛նչպէս ըլլան անոնք, երբ փոխուած են բարք եւ կենցաղ, ապրելակերպ. սիրելիներ հեռացած, մահը խլած, վերջապէս բոլորովին տարբեր կեանք մը ապրելու պարտաւորուած… ի՛նչպէս ըլլայ մարդ, եթէ կորովի է նոր կեանքի մը պայմաններուն վարժուելու ջանքին մէջ՝ անով է զբաղած։ Անշո՛ւշտ որ նորեր, նորութիւններ միշտ սիրելի են, բայց մարդ կը փնտռէ նաեւ իր սովորութիւնները, իր վարժուածները եւ իր մանկութիւնը… եւ այս պայմաններու տակ ի՛նչպէս ըլլայ մարդ։
Հինը փնտռել յանցանք մը չէ՛. հինին կառչած մնալ՝ ա՛յդ է սխալը, որ վնաս կը պատճառէ թէ՛ անհատին եւ թէ՛ անոր մարդկային յարաբերութիւններուն, քանի որ ամէն շրջան ունի իր հրապոյրը եւ սիրելի է ան։
Մարդ, նախ զաւակն է իր ծնողներուն, թոռն է իր մեծ հօր եւ մեծ մօր, յետոյ դերեր կը փոխուին՝ ինչպէս կը փոխուին բարք եւ ապրելակերպեր՝ զաւակը կ՚ըլլայ ծնող իր զաւակներուն, ապա՝ մեր հայրը կամ մեծ մայրը իր թոռներուն… եւ կեանքի շրջանը այսպէս կը դառնայ, սերունդներ սերունդներու կը յաջորդեն, եւ կը փոխուին բարք եւ կենցաղներ… Բայց ան որ կրնայ համակերպիլ եւ քայլ յարմարցնել կեանքի այս բնական փոփոխութիւններուն եւ կրնայ քալել ինքնավստահ, երբեք չի գանգատիր կեանքի այս ընթացքէն, ան իրապէս լա՛ւ է եւ երջանիկ։ Եւ երբ իրեն հարցնեն. «Ինչպէ՞ս ես…», ան գոհունակութեամբ եւ անկեղծօրէն կը պատասխանէ. «Լա՛ւ եմ, եւ երջանի՛կ»։
Բայց իրապէ՛ս երջանիկ ըլլալու համար պէտք է կեանքը ընդունիլ՝ ինչպէս որ է՝ ամէն շրջանի, ամէն պարագայի մէջ։ Եւ իրապէ՛ս ինչո՞ւ դժգոհիլ, ինչո՞ւ գանգատիլ կեանքէն, քանի որ ան պարգեւ մըն է՝ ապրիլ, շնչել եւ վայելել կեանքը…
Անցեալի զաւակները՝ այսօր հայր կամ մայր են. անցեալի թոռնիկները՝ այսօր մեծ հայրիկ կամ մեծ մայրիկ են, ո՜հ ասիկա հրաշք մը չէ՞, ասիկա կեանքի հրաշալի ընթացքին հետեւանքը չէ՞, ասիկա երջանկութի՜ւն չէ՞… ապա ուրեմն ինչո՞ւ վարանիլ պատասխանելու հարցումին, թէ՝ «Ինչպէ՞ս ենք…»։
Այո՛, սիրելի՜ բարեկամներ, հին կամ նոր, միշտ բարեկամնե՛ր. որ շրջանի մէջ ալ ըլլանք լա՛ւ ենք, երջանիկ ենք, մանուկ, պատանի, երիտասարդ, հասուն մարդ եւ ո՛չ ծեր, բայց տարեց… տարիները չե՛ն որ կը ծերացնեն մարդը, այլ վատ զգացումները՝ սիրոյ պակասը, յուսալքուած վիճակը, անկարեւոր եւ անօգուտ ըլլալու վատ զգացումը, բանի մը չծառայելու կարծիքը, եւ վերջապէս ապագայ չունենալու մտահոգութիւնը. մինչդեռ ընտանիքը երբ կը շարունակէ, հոգ չէ որ փոխուած բարք եւ ապրելակերպով՝ ասիկա երջանիկ ըլլալու համար առաջնակարգ պատճառն է։
Հայրիկս երբ պատշգամէն ծովի տեսարանը կը դիտէր յաճախ կ՚ըսէր. «Ո՜վ գիտէ այս տեսարանը այս պատշգամէն ովքեր պիտի դիտեն, որոնք ես պիտի չճանչնամ իսկ…»։ Այո, սիրելի՜ներ, դիտողները կը փոխուին, բայց տեսարանները միշտ նո՛յնը կը մնան, ա՛յս է կեանքը ահաւասիկ…։
Նոյեմբեր 4 2022, Իսթանպուլ