ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՆԵՐԸ…
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը մի՛շտ ալ դժբախտ ու արիւնոտ եղած է, որովհետեւ անձրեւէն խուսափիլ ուզելով կարկուտի բռնուած ենք եւ չենք կրցած այնպէս ալ գիտնալ, թէ ո՞րն էր լաւ: Հայ ժողովուրդը կարծեց, որ 2 դեկտեմբեր 1920-ին կնքուած հայ-ռուսական համաձայնագիրով Հայաստան պիտի մտնէր աւելի հանգիստ ու խաղաղ ժամանակաշրջան մը: Սոյն համաձայնագիրով «լուծուած» պիտի նկատուէր սահմանային հարցը, ռուսական բանակը իր հովանաւորութեան տակ առնելով Հայաստանը պիտի պաշտպանէր մեր Հայրենիքի «անկախութիւն»ը: Համաձայնագիրի համաձայն՝ հակասոցիալիստական կուսակցականներ իրենց պատկանելիութեան համար պիտի չհալածուէին: Հիմնուելով պայմանագիրին՝ Ռուսաստանի հայութեան պիտի տար ինքնորոշման իրաւունք եւ պիտի «չխառնուէր» Հայաստանի ներքին գործերուն եւ որոշումներուն:
Որպէս արտաքին յայտարարութիւն ու գովազդ 1920 թուականի պայմաններուն համաձայն հրաշալի կրնան թուիլ, սակայն առեւտուրի մէջ մի՛շտ գովազդը չի՛ համապատսխաներ իրականութեան, ինչ որ պատահեցաւ նաեւ այս պարագային: «Վարդագոյն» երազներուն տեղը եկան գրաւելու սեւերը: Ցաւ ի սիրտ, մինչեւ այսօր կան Սովետական Միութեան կորուստը սգացողներ, սակայն պէտք է յստակացնել, որ հայ ժողովուրդը այդ ժամանակաշրջանին եւս ապրեցաւ դժուարին օրեր:
Սովետական Միութեան ընդունման առաջին 30-32 տարիներուն ընթացքին հայ ժողովուրդը շնորհիւ ռուս տիրապետութեան ունեցաւ մեծ կորուստներ. 24 Ապրիլ 1915-ին տանիլ չյաջողածները Սովետական Միութիւնը յաջողեցաւ, որոնց շնորհիւ կորսնցուցինք հետեւեալ մեծութիւնները.
Ա.- Եղիշէ Չարենց.- Տարիներ շարունակ ապրած է աքսորի արհաւիրքը եւ իր հոգին աւանդած է Կեդրոնական բանտի հիւանդանոցին մէջ՝ անգիտակից վիճակի մէջ: Ունեցած է թոքերու բորբոքում ու զանազան հիւանդութիւններ ու այդ վիճակին մէջ իսկ զինք պահած են բանտերու մէջ:
Բ.- Ակսէլ Բակունց.- Ոչ միայն Ակսէլը, այլ նաեւ իր սիրածը՝ Ժենիան ձերբակալեցին ու բանտարկեցին. Ակսէլ Բակունց, ինչպէս նաեւ իր սիրածը մահացան բանտարկութեան ժամանակ 1937-1941 թուականներու ընթացքին:
Գ.- Վահան Թոթովենց.- Արձակագիրը բանտարկուեցաւ 1936 թուականին, մահուան դատապարտուեցաւ եւ 1938 թուականին գնդակահարութեամբ հոգին աւանդեց:
Դ.- Վահրամ Ալազան.- Գրող-բանաստեղծը 1946 թուականին ձերբակալուած ու բանտարկուած է Սովետական Միութեան տարածքին գտնուող տարբեր բանտերու մէջ: Որոշ ժամանակ ետք ազատ արձակուած է եւ 1949 թուականին ցմահ աքսորուած է Սիպիր: Արդարացուելով Սիպիրէն վերադարձած է Հայրենիք 1954 թուականին, արդէն իսկ առողջութիւնը ամբողջապէս քայքայւած վիճակով եւ մինչեւ իր մահ՝ տասն տարի գամուած մնացած է մահուան անկողնին:
Ե.- Մկրտիչ Արմէն.- Բանաստեղծ-արձակագիրը ձերբակալուած է 1937 թուականին եւ դատապարտուած աքսորի, ուր գրած է «Պատուիրեցին յանձնել ձեզ» պատմուածքներու ժողովածուն, որ աքսորի կեանքի յուշեր կը պարուանկէ:
Զ.- Զապէլ Եսայեան.- Յայտնի արձակագիրը (որ եղած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից) ձերբակալուած է 1937 թուականին եւ դատապարտուած է աքսորի: Անոր մահուան մասին տեղեկութիւններ կը պակսին, սակայն կատարած վերջին նամակագրութիւնները եղած են Պաքուի բանտէն:
Է.- Լեռ Կամսար.- Յայտնի գրող-երգիծաբանը ձերբակալւած է 1935 թուականին եւ աւելի քան քսան տարի անցուցած է նախնական Երեւանի եւ ապա տարբեր բանտերու մէջ՝ աքսուրուելով հեռաւոր ափեր:
Ը.- Գուրգէն Մահարի.- Գրողը 9 օգոստոս 1936 թուականին ձերբակալուած եւ տասնմէկ տարուան բանտարկութեան դատապարտուելէ ետք աքսորուած է Սիպիր. տասնմէկ տարի ետք աքսորէն վերադառնալէն մօտաւոր տարի մը ետք՝ 1949-ին դարձեալ դատապարտուած է աքսորի, ուր զբաղած է խոզեր պահելով եւ ազատ ժամերուն գրականութեամբ զբաղելով:
Թ.- Գուրգեն Վանանդեցի.- Յայտնի քննադատը ձերբակալուած է 1935-1936 թուականներուն եւ տարի մը ետք՝ 1937 թուականին մահացած է բանտին մէջ:
Ժ.- Ասատուր Կախոյեան.- Բանուոր Խեչօ անունով յայտնի լրագրող եւ յեղափոխական գործիչը դատուած եւ մահուան դատապարտուած է Ստալինի կողմէ եւ գնդակահարութեամբ սպաննուած 1955 թուականին:
ԺԱ.- Յովհաննէս Յակոբեան.- Գրական անունով որպէս Վարդ Շահենի ծանօթ Յովհաննէսը ձերբակալուած եւ 1938 թուականին մահուան դատապարտուած է Սովետական Միութեան կողմէ:
Տակաւին կարելի է շարքը երկարել եւ գրել Հրանդ Գալիկեանի, Վահրամ Մարտեանի, Սիմոն Յակոբեանի, Յակոբ Զօրեանի, Գուրգէն Էդիլեանի, Նշան Ալավերդեանի, Ա. Քալանթարի, Վռամ Կոստանեանի, Անուաշաւան Արզումանեանի, Մազմանեանի, Գ. Քոչարի եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներու մասին, որոնք անարդար զոհը դարձան ռուսական բռնատիրութեան: Մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակի մահը եւս մաս մըն էր այդ բարբարոսութենէն՝ արկածի տեսքով փոխուած պարզապէս:
Ապրիլի սեւ օրերուն աւելի քան 250 մտաւորականներու կորուստ, իսկ Սովետական Միութեան ժամանակ աւելի քան 100-150 մտաւորականներու կորուստ: Պահ մը կ՚ուզեմ մտածել, թէ այդ բոլորը ապրած ըլլային... կրնա՞ր տարբեր ըլլալ մեր ժողովուրդի ճակատագիրը:
Հաւանաբար...:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -91-
Պատմութիւնը յաճախ իր մէջ ունի զաւեշտալի դէպքեր...: Աշակերտ եղած ատենս կ՚ուսումնասիրէի մտաւորականի մը կեանքը, որ զոհը դարձած է ստալինեան բռնութիւններուն: Հետաքրքրականը հո՛ն էր, որ մտաւորականը չարչարելէ, տանջելէ եւ գնդակահարելէ ետք յետ մահու արդարացուցած էին: Սովետական Միութեան ընթացքին բռնադատուած, բանտարկուած, աքսորուած եւ մինչեւ իսկ մահուան դատապարտուած են բազմաթիւ մտաւորականներ, գործիչներ ու արուեստագէտներ, սակայն զարմանալին այն է, որ անոնց մեծամասնութիւնը յետ մահու արդարացուած են:
Միշտ ալ մտածած եմ. անձը չարչարելէ, դժոխքը ապրեցնելէ, անոր երիտասարդութիւնը բանտերու մէջ փճացնելէ ետք ի՞նչ օգուտ յետ մահուա արդարացում, այդ մէկը ի՞նչ ձեւով կը մեղմէ այդ բոլոր կատարուած անմարդութիւնն ու անարդարութիւնը... չե՛մ գիտեր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ