ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Ի.)

ԽՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄԷՋ

Մինչեւ այսօր խօսեցանք զանազան հարցերու մասին, սակայն ընտանիքի անդամներուն միջեւ խտրութեան հարցը միւս բոլոր հարցերէն աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ այս երեւոյթը շատ աւելի մեծ վէրքեր կրնայ յառաջացնել՝ քան միւս բոլոր երեւոյթները:

Առաջին հերթին պէտք է ընդունիլ, որ այնպէս ինչպէս ամէն ուսուցիչ կ՚ունենայ իր նախասիրած աշակերտը, նոյնպէս բազմազաւակ ընտանիքներու մէջ ծնողներ կ՚ունենան իրենց նախասիրած զաւակը, ինչ որ հիմնուած կ՚ըլլայ անհատականութեան, հետաքրքրութիւններու, փոխյարաբերութեան, ինչպէս նաեւ այլ գործօններու վրայ: Այս մէկը մեր կողմէ ինչքան ալ որպէս «նախանձ» ընկալուի, իրականութեան մէջ նախանձ ըլլալէ հեռու է, որովհետեւ ինչպէս նախապէս ըսինք, մանուկ-պատանին դիտելու, տեսնելու, քննելու եւ հասկնալու մեծ կարողութիւն ունի: Շատ անգամ ծնողքը չի նկատեր իր դրսեւորած խտրութիւնը, սակայն զաւակներու կողմէ այդ մէկը դիւրութեամբ կը զգացուի եւ այս յոռի երեւոյթը կրնայ լուրջ բացասական ազդեցութիւններ ունենալ: Դժբախտաբար յաճախ այս երեւոյթը կ՚ունենայ մշտական ու շարունակական բնոյթ:

Պակաս կարեւոր ըլլալու զգացումը մանուկ-պատանիին մօտ կը յառաջացնէ ինքնագնահատումի նուազում. ինքզինք կարեւոր չզգալու երեւոյթը կրնայ երկու ծայրայեղութիւններու առաջնորդել զանոնք. ոմանք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, դարձեալ «սիրաշահելու» համար ծնողքի սէրը, իսկ ուրիշներ ամբողջութեամբ առաջինին հակառակ աւելի ինքնամփոփ կեանք մը կ՚ունենան: Սիրաշահիլ ըսելով յայտնենք, որ անոնք պայման չէ սխալ մը գործած ըլլան՝ խտրութեան արժանանալու համար. այդ մէկը ո՛չ թէ մանուկէն, այլ ծնողքէն կախեալ երեւոյթ մըն է:

Ծնողքի կողմէ դրուած խտրութիւնը զաւակներու մէջ կը ստեղծէ ոչ առողջ մրցակցութիւն մը եւ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ քոյր-եղբայր յարաբերութիւններուն մէջ եւ ինչպէս յաճախ կը տեսնենք, այդ մրցակցութիւնը երբեք լաւ արդիւնքի մը չի յանգիր: Այդ մրցակցութիւնը ժամանակ մը ետք կրնայ վերածուիլ լարուածութեան եւ համերաշխութեան պակասի: Դժբախտութիւնը այն է, որ այդ լարուածութիւնը մանկութեան եւ կամ պատանեկութեան տարիքէն սկիզբ առնելով կը շարունակուի մինչեւ երիտասարդութիւն եւ նոյնիսկ շատ անգամ աւելի:

Խտրութեան զոհ դարձող մանուկ-պատանին կրնայ հոգեկան բարդոյթներ ունենալ եւ վարքային լուրջ խնդիրներու դիմաց գտնուիլ, իրենք զիրենք զգալ անբախտ եւ մինչեւ անգամ աւելորդ ներկայութիւն մը, որովհետեւ խտրութիւնը մեծապէս կ՚ազդէ անոնց յուզական աշխարհին վրայ:

Մանկութեան եւ պատանեկութեան ընթացքին ի գործ դրուած խտրութեան արդիւնքը առաւելաբար երիտասարդութեան շրջանին ի յայտ կու գայ. անոնք ժամանակ մը ետք քոյր-եղբօր յարաբերութիւններէն անդին լուրջ խնդիր կը ստեղծեն զաւակ-ծնողք յարաբերութիւններու մէջ եւս: Ծնողներու կողմէ չնկատուող այս յոռի երեւոյթը ժամանակ մը ետք ընտանիքին մէջ կը ստեղծէ տարաձայնութիւններ, լարուածութիւն եւ վէճեր, ինչ որ կը խանգարէ ընտանիքին ներդաշնակութիւնը։ Նման երեւոյթներու դիմաց ծնողներ յաճախ դարձեալ կը մեղադրեն խտրութեան զոհ դարձած մանուկ-պատանին՝ առանց նկատելու, որ այդ բոլորը հունձքն է իրենց նախապէս սերմանածներուն:

Դժբախտաբար խտրութեան զգացումը ներքին ընտանեկան կեանքէն դուրս, մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ նաեւ անոնց արտաքին կեանքի յարաբերութիւններուն մէջ. որովհետեւ շատ անգամ ընտանիքի անդամներուն կողմէ սիրուած չըլլալու զգացումը անոնց մէջ կը ստեղծէ նաեւ արտաքին աշխարհի կողմէ սիրուած չըլլալու զգացումը, ինչ որ զանոնք մեկուսացման կ՚առաջնորդէ: Այս բոլորը ինքնաբերաբար կ՚ազդեն նաեւ իր ինքնավստահութեան վրայ եւ անոր մօտ եւ կ՚ազդեն անոր աճին ու զարգացման:

Կան երեւոյթներ, որոնք մանուկին մօտ ժամանակաւոր ազդեցութիւն կ՚ունենան, սակայն կան ուրիշներ՝ որոնք ամբողջ կեանքի մը վրայ կրնան ազդել եւ ծնողներու դրսեւորած խտրութիւնն ու անհաւասար վերաբերմունքը վերջին՝ անջնջելի խումբին մաս կը կազմէ: Անարդար վերաբերմունքը անոնց հոգին կը վիրաւորէ եւ շատ դիւրաւ վիրաւորուող այդ հոգին այնքան ալ դիւրին չ՚ըլլար բուժել՝ մանաւանդ երբ ընտանիքը չի նկատեր իր ի գործ դրած խտրութիւններն ու անհաւասարութիւնը:

Այս բոլորը կը գրենք ծնողներուն համար. սիրելի ծնող, մանուկ-պատանին խտրութեան զգացումը կը զգայ ամենէն աննշան երեւոյթներու մէջ նոյնիսկ, օրինակ՝ տան պարտաւորութիւններու անհաւասար բաշխումի, ազատութեան տարբեր սահմաններու գոյութեան, ինչպէս նաեւ երեւոյթներու դիմաց ձեր դրսեւորած հակազդեցութիւններուն մէջ. աւելի յստակեցնելու համար բացատրենք օրինակներով: Օրինակ՝ պատկերացուցէք թէ ձեր մեծ զաւակը գաւաթ մը կոտրեց. այն հակազդեցութիւնը որ կ՚ունենաք մեծի պարագային, պէտք է նոյն հակազդեցութիւնը ունենաք երբ միւս զաւակը գաւաթ մը կոտրէ. մէկուն պարագային «վնաս չէ»ով մօտենալը, սակայն միւսին վրայ բարկանալ կամ պոռալը ինքնաբերաբար անոր մօտ կը պարզեն անարդար վերաբերմունքի հանդէպ համոզում:

Ինչպէս միշտ, դարձեալ կ՚ըսենք, թէ զաւակ լոյս աշխարհ բերելը դիւրին, սակայն ծնողք դառնալը դժուար բան մըն է, այդ իսկ պատճառով ծնողք ըլլալը արուեստ մըն է՝ որ տրուած չէ բոլորին: Մեր զաւակներուն կեանքի ճարտարապետը մենք ենք եւ անոնց ապագան ու ամբողջ կեանքը ո՛չ թէ շրջակայ աշխարհէն, այլ մեր ծնողական կեանքէն կախեալ է: Այդ իսկ պատճառով կարեւոր կը նկատենք, որ մեր կրթական ծրագիրին մաս կազմեն այս բոլորը, որպէսզի յաջողինք առողջ ընտանիքի մը հիմքը դնել մեր ապագայ սերունդներուն միջեւ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Ծնողքը ծերանոց դնելը վա՞տ բան է:

Պատասխան.- Սիրելի մէկը, ինչպէս՝ մայրը կամ հայրը ծերանոց դնելու որոշումը բարդ խնդիր է եւ կրնայ տարբեր հանգամանքներէ կախեալ ըլլայ: Իրականութեան մէջ կարելի չէ այդ մէկը որպէս «վատ» բնորոշել, սակայն պէտք է հասկնալ որոշումի հիմքը, մտադրութիւնն ու պատճառները:

Որպէս հիմք ու պատճառ կրնայ ներկայանալ մասնագիտացուած խնամքը, որովհետեւ շատ անգամ ընտանիքի անդամներ չեն կրնար տրամադրել այն խնամքը՝ ինչ որ ծերերը խնամող հաստատութիւններ ի գործ կը դնեն:

Յաճախ ընտանիքի անդամներ աշխատանքի պարտաւորութիւններու եւ կամ հեռաւորութիւններու պատճառով կը դժուարանան ամբողջական ձեւով խնամք տրամադրել եւ հետեւաբար գործնական լուծում կրնայ ըլլալ ծերերը խնամող հաստատութիւնները:

Յամենայնդէպս, ոմանց մօտ այս մէկը կրնայ արթնցնել մեղաւորութեան զգացում՝ պարտաւորութիւններու եւ պարտականութիւններու պակասի եւ կամ անտեսումի պատճառով: Շատ անգամ զաւակներ կրնան արժանանալ հասարակութեան կամ ընտանիքի միւս անդամներու քննադատութեան, որովհետեւ շատ մը մշակոյթներու եւ հասարակութիւններու մօտ ընդունուած է տան տարեցը ընտանիքին մէջ խնամելու հասկացողութիւնը:

Ի վերջոյ ծեր մը ծերերը խնամող հաստատութիւն տանիլը պէտք է հիմնուած ըլլայ տարեց անհատի բարեկեցութեան վրայ: Այդ ընտրութիւնը պէտք է կատարուի անոնց շահերը նկատի առնելով՝ որպէսզի անոնք ստանան անհրաժեշտ խնամք ու աջակցութիւն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2023