ՅԱՋՈՂԵԼՈՒ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Տնտեսական կեանքը՝ որ կը համապատասխանէ «նիւթական կեանք»ի, բոլոր անհատներու եւ ընկերութիւններու բարօրութեան, ըսենք՝ երջանկութեան հիմունքն է։

Եւ շրջանի մը մէջ՝ ուր ա՛յնքան բազմապահանջ է կեանքը, եւ ուր այնքան անհամար վայելքներու տիրանալու համար տարիները այնքան կարճ, ամէնուն հոգեւին ջանքն է բուռն թափի մը ատեն՝ զոր իր գործունէութեանը մէջ կը դնէ, յաջողի՛լ իր ձեռնարկներովը, աշխատութիւններովը։ Ուստի, իւրաքանչիւր անհատի մէջ «յաջողելու անհրաժեշտութեան գիտակցութիւն»ը այնքան ուժեղ կերպով արմատներ է ձգած, որ անվերջ մտածողութիւն մը, մինչեւ իսկ մտահոգութիւն մը անընդհատ կը կրծէ զինք եւ անլուր ճիգեր ընել կու տայ իրեն, գտնելու համար այն «գաղտնի ճամբայ»ն՝ որով պիտի կարենայ դիմել յաջողութեա՛ն։

Քաղաքակրթութիւնը ամէնուն մէջ անհատականութիւնը կը շեշտէ, եւ ասով իւրաքանչիւր ոք կը հարկադրուի, ինքն իրեն, առանց ուրիշին վրայ յուսադրելու իր գոյապահպանման եւ գոյատեւման պայքարը մղել։ Եթէ աւելի «նահապետական պայման»ներու մէջ ամենէն աւելի բախտաւորներուն, ամենէն աւելի օժտուածներուն յաջողութեամբը շատեր կը չքաւորուէին, բարոյական արդի ըմբռնումով յաջողածները անտարբերութեամբ անցնելով չյաջողածներուն առջեւէն, միայն հիւանդներուն, անկարներուն առջեւ կանգ կ՚առնեն։

Ձեռներէցութեան, յարատեւութեան եւ աշխատանքի դասալիքները, հետեւաբար իրենց գործունէութեամբ վիժածները կը մնան իրենց ապիկարութեան եւ զրկանքներուն հետ։

Այս «նահապետական ըմբռնում»ը, թէ չյաջողածները պէտք է մաս սպասեն յաջողածներու սեղանէն, շատ անգամ բարքերու մէջ ամուր տեղ մը չ՚ունենար, եւ նշաններ ցոյց չեն տար բոլոր գործերուն մէջ, որով իւրաքանչիւր ոք ի՛ր հաշուին պէտք է ճամբայ ելլէ՝ իր բովանդակ անհատականութիւնը իր գործերուն մէջ դնելով։ Եւ այս կը նշանակէ՝ ամէն մէկ անհատի միայն իր սեփական ուժերուն վստահութեամբ շարժիլը։ Եւ դարձեալ, այս մտայնութիւնը կը տանի այն «ինքնակեդրոն» կեանքին՝ ուր ամէն ոք կ՚ապրի ինք իրեն համար։

Բայց երբ իրերօգնութիւնը մարդուն համար անայլայլելի եւ մշտնջենական սկըզ-բունք մըն է, ապա ուրեմն, այսպիսի ինքնակեդրոն եւ ինքնաբաւ ապրելու գաղափարը ներհա՛կ է մարդուս արարչութեամբ ստացած կոչումին։

Անգլիական ժողովրդական առած մը կ՚արտայայտէ կեանքի մասին իմաստասիրական ըմբռնումը, թէ՝ «Դուն քեզի օգնէ, որ Աստուած ալ քեզի օգնէ»։ Այնքան աստուածասէր ժողովուրդի մը բերնէն, անհատականութեան այս շեշտումը նոյնիսկ գերագոյն Գոյութեան հանդէպ, կը մատնէ արդէն այդ ժողովուրդի աշխարհահայեցողութեան մէջ առողջ, կենսական ջիղի մը բոյն դրած ըլլալը։

Երբ նախնական հաւաքականութիւններու մէջ ընկերական պայմանները «նահապետական» էին, յաջողածներու թիւը ստուար բանակ մը կը կազմէր տակաւին։ Յաջողութիւնը շատ աւելի՛ ցանցառ է դարձած հետզհետէ ընկերային կեանքի մէջ անհատներու քով, ինչ որ հաւաքականութեան անկման պատճառ է դարձած։ Երբ անհատները չյաջողին՝ ընկերութիւնն ալ անոնց համընթաց կը յետադիմէ, մինչեւ իսկ անկումի կրնայ երթալ։ Այս բացայայտ կերպով կը յայտնուի նաեւ «բարոյական անկում»ի մէջ, քանի որ նիւթական յարատեւ անկումը՝ հարկա՛ւ իրեն արդիւնք կ՚ունենայ բարոյական անկո՛ւմը։ Ուստի նահապետական կեանքի մը եւ դարավերջիկ կեանքի մը ըմբռնումներուն միջեւ անխուսափելի հակասութեան մատնուած՝ հետզհետէ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ հաւաքաբար կը կորսնցուի կենսականութիւնը։

Ուստի, ո՛ւր որ յաջողութիւնը դժուարահաճ է անհատներու հանդէպ, հո՛ն տնտեսական ե՛ւ բարոյական կեանքը տխուր գոյութիւն մը կ՚ունենայ։ Յաջողութիւնը տըն-տեսական եւ բարոյական կեանքին մղիչ ո՛ւժն է՝ շարժառիթը երջանկութեա՛ն։

Ուրեմն, հարցը սա է. մարդիկ երբեմն ինչո՞ւ չեն յաջողիր։ Այս է մարդուն ամենէն կենսական խնդիրը։

Մարդիկ երբեմն չեն յաջողիր, քանի որ նոր նախաձեռնութիւններու յղացման մրցումի մը մէջ անկարող կը մնան իրենց դիրքը պահելու համար։ Այս մրցումը նախ պէտք է ըլլայ ինքն իրեն հետ՝ յառաջդիմելու, զօրանալու եւ նպատակի մը հասնելու համար։ Ապա, շուրջիններու յաջողութիւններէն պէտք է ներշնչուիլ՝ առանց նախանձելու եւ դասեր քաղել անոնցմէ։

Ինչո՞ւ չեն յաջողիր կարգ մը հանրային հաստատութիւններ, զոր օրինակ՝ դպրոցներ։

Չեն յաջողիր այն դպրոցները, որովհետեւ հասարակութիւնը իր բարքերուն բերումովը չի տար անոնց այն դիրքը՝ որով անոնք օգտակար հաստատութիւններ պէտք էին ըլլալ։ Եւ անյաջողութեան պատճառներէն մին ալ՝ հին բարքերը եւ նորերը իրար հաշտեցնելու, ներդաշնակելու կարողութենէն զո՛ւրկ գործիչներ, կարծեցեալ եւ երբեմն ալ ինքնակոչ անձնակազմերու յանձնուած է այդ հաստատութիւններու գիտարուեստական պատասխանատուութիւնը։ Անբաւարար, անկարող եւ անգիտակից ձեռքերու յանձնուած հաստատութենէ մը յաջողութիւն սպասել՝ ամենապարզ կերպով, միամտութի՛ւն է։

Եւ ընտանիք կազմելու՝ ընտանիքի սրբութիւնը, հաւատարմութիւնը պահելու մէջ ինչո՞ւ անյաջող են ընտանիքը կազմող անդամներ, ամուսիններ՝ այր թէ՛ կին։ Այո՛, ինչո՞ւ չեն յաջողիր ընդհանրապէս անհատներ, երջանիկ, տեւական ընտանիքներ կազմել, եւ ընդհանրապէս «խառնակիչ սատանան բոյն դրած» կ՚երեւի ընտանեկան յարկերու տակ։ Ինչո՞ւ այս անյաջողութիւնը ընտանիքներու։ Որովհետեւ, բառը իր ամենէն լայն իմաստով ըմբռնելով, «ընտանեկան բարոյական»ը հի՛ն եւ փտած է, եւ քանի որ ընտանեկան ժամանցի ճաշակը եւ ըմբռնումը բոլորովին կորսուած է։ Եւ դարձեալ, ինչպէս ուրիշ հաստատութիւններ՝ դպրոց եւ այլն, չեն կարողացած հինը եւ նորը, անցեալը եւ ներկան համաչափել, ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել։ Իսկ եթէ այս չկատարուի՝ ապագան կը մնայ անորոշ, եւ ահաւասի՛կ պատճառ մը անյաջողութեան…։

Եւ ինչո՞ւ չեն յաջողիր հոգեւորականներ, եւ ժողովուդը հետզհետէ, օրէ օր կը պաղի, կը հեռանայ իրենցմէ եւ անշուշտ Եկեղեցիէն։ Եւ ինչո՞ւ պարապ են եկեղեցիներ ընդհանրապէս չհաշուելով յատուկ օրեր եւ շրջաններ։

Ատիկա պէտք է հարցնել ժողովուրդին, սիրելի՜ բարեկամներ։ Կարելի է կարծել, որ կրօնքի անխառն մաքրութիւնը չի ներկայացուիր իրենց եւ մանաւա՛նդ կը պակսի անկեղծութի՛ւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018