ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

Անձը երբ ունի հաւատարմութիւն բարձր սկզբունքներու, երբ ունի հաւատալիքներ, որոնք սերտօրէն կապուած են իր ինքնութեան, սկզբունքներ եւ ինքնութիւն, կերպով մը նոյնացած են՝ այդ անձը ահաւասիկ անհատականութիւն ունեցող մէկն է։

Արդարեւ, սկզբունքներու մասին յաճախ կը խօսուի եւ շատ անգամ ակնարկութիւններ կ՚ըլլայ անոնց մասին։ Բայց երբ սկզբունքը կեանքի չի վերածուիր, այլապէս ո՛չինչ կ՚արժէ։ Ուստի, երբ մարդ անկեղծութեամբ մտադիր ըլլայ, կը տեսնէ, որ մարդկութիւնը սոսկ սկզբունքներով չի զարգանար, այլ սկզբունքները գործադրող, կեանքի վերածող, անոնց հաւատարիմ անհատներու օրինակով եւ առաջնորդութեամբ։ Այս իսկ պատճառով ալ, մարդիկ բնազդաբար աւելի անհատներու արժէք կ՚ընծայեն, աւելի կարեւորութիւն կու տան եւ կը հետեւին քան թէ սկզբունքներու։ Որովհետեւ սկզբունքը կենդանացնողը, անոր կեանք տուողը անհա՛տն է։

Դարագլուխ կազմող մեծ դէպքեր եւ յեղաշրջումներ, ո՛չ թէ սկզբունքներու արդիւնք, այլ անհատականութեան տէր անձերու գործեր են, եւ հիմնաւոր է այն ընդհանուր տեսութիւնը, թէ պատմութիւնը մեծ մարդոց կենսագրութի՛ւնն է։

Եւ արդարեւ, խորհի՛նք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, գեղեցիկ խօսքեր եւ սկըզ-բունքներ ի՛նչ ազդեցութիւն կ՚ունենան եւ կ՚արժեն մէկու մը բերնին մէջ՝ որ զանոնք չէ իւրացուցած, զանոնք չ՚ապրիր, կեանքի չի կոչեր, չի մարմնաւորեր իր անձին վրայ։ Այսինքն՝ սկզբունքը եւ անձը չէ նոյնացած եւ չէ վերածուած անհատականութեան։ Եւ հոն՝ ուր անհատականութիւն չկայ, լոկ սկզբունքը չի կրնար արժէք ներկայացնել։ Մէկը կրնա՞յ, որքան ալ պերճախօս, ճարտասան ըլլալ համարուի, եւ համոզիչ փաստեր բերէ, բարքերու մաքրութեան, նկարագրի ազնուութեան, առաքինութիւններու, ազգային, ընկերային եւ ընտանեկան սրբութիւններու մասին ճառել, պատգամներ անձակել, եւ արտաքնապէս շինարար տպաւորութիւն թողուլ իր ունկնդիրներուն եւ համակիրներուն վրայ, երբ ինք իր իսկ կեանքով այդ բոլորին կատարեալ ժխտումն է եւ անոնց բոլորովին հակառակ կը գործէ։

Մարդս տպաւորողը խօսքէն աւելի խօսողին անհատականութիւնն է՝ անոր տիպա՛րը։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, չէ՞ք հանդիպած շատ անգամ, երեւոյթով պարզ եւ համեստ խօսողներու, պատգամներ արձակողներու, թերեւս թերի եւ տկար իրենց արտայայտութիւններուն մէջ, որոնք սակայն, իրենց ապրած կեանքին գրաւչութեամբ, տիպար կենցաղով անհատականութեան անդիմադրելի հարպոյրով, կրցած են սիրտերու եւ միտքերու իշխել եւ բազմութիւններ քաշել իրենց ետեւէն։

Այս կէտին կարեւորութիւն կը ստանայ նաեւ անկեղծութիւնը՝ որ իրապէս առաքինութիւն մըն է եւ կ՚ամրացնէ անհատականութիւնը, ներշնչելով կատարեալ վստահութիւն մարդոց մէջ։

Այն որ անկեղծ չէ իր արտայայտութիւններուն մէջ, չի կրնար տիպար մը ըլլալ եւ չի կրնար վստահութիւն ներշնչել իր շուրջիններուն, քանի որ իր խօսածները ինք չէ իւրացուցած։

Շատեր իբրեւ լայնախոհութիւն կը պատճառաբանեն, թէ հանրային մարդիկ եւ վարիչներ, առաջնորդներ, բաւակա՛ն է որ իրենց դիրքին եւ պաշտօնին պահանջած կարողութիւններով եւ պատրաստութեամբ օժ-տըւած ըլլան, իրենց պարտականութիւնը կէտ առ կէտ կատարեն, եռանդով գործեն, շատ բաներ խոստանան եւ հրապուրեն եւ որեւէ կերպով չթերանան. ատկէ անդին, ի՛նչ որ ալ ընեն, ի՛նչ կեանք որ ալ ապրին եւ ի՛նչ ալ ըլլան անհատական-անձնական կեանքի մէջ, այդ իրենց անձնականն է եւ իրենց գիտնալիք գործն է, ո՛չ ոք միջամտելու, խառնելու իրաւունք ունի…։

Այս տեսութիւնը ո՛րքան իրաւացի է՝ շիտակը խնդրական է։

Բայց սա գիտենք, որ մարդ՝ որպէս անհատականութիւն ամբողջ մըն է իր անհատական եւ ընկերային կեանքով։ Մարդուս ընկերային փոխյարաբերութիւնները եւ անհատական կեանքը՝ մտային եւ հոգեւոր ինքնութիւնը անբաժան են իրարմէ. մէկ խօսքով՝ մարդուս ներքինը եւ արտաքինը կարելի չէ զատել իրարմէ, քանի որ անհատը ի՛նչ որ կ՚երեւի արտաքնապէս, ներքնապէս ալ նոյնը ըլլալու է, ինչ որ անկեղծութիւն կ՚ենթադրէ։

Արդարեւ, հինէն մնացած ասութիւն մը կայ, որ ճիշդ այս մտածումը կը յայտնէ. «Ամէն շինիչ խրատի մտիկ ըրէ եւ հետեւէ, բայց ամէն խրատ տուողի քալած ճամբէն մի՛ երթար»։ Արտաքնապէս հրապուրիչ մէկը կրնայ ներքնապէս բոլորովին տարբեր անձնաւորութիւն մը ըլլալ, եւ ուրեմն պէտք է ուշադիր եւ զգոյշ ըլլալ այս մասին։ Այս կը նշանակէ՝ եթէ շինիչ է, խօսքէն տարուիլ, բայց եթէ խօսողը անկեղծ չէ, հեռո՛ւ մնալ…։

Արդարեւ հոն՝ ուր անկեղծութիւն գոյութիւն չունի, որեւէ տեսութիւն շիտակ եւ առողջ համարել կարելի չ՚ըլլար։ Արժանիքը եւ արդիւնքը, որեւէ դիրքի եւ ասպարէզի մէջ, ձիրքերով չի փայլիր, խօսքով եւ սկզբունքներով չի ճոխանար, այլ անհատին կեանքով եւ օրինակո՛վ։ Բարոյական կատարելութիւնը եւ գերազանց անհատականութիւնը, ուրիշ ո՛չ մէկ կարողութեամբ կրնայ փոխարինուիլ, եւ ժողովուրդի մը առաջնորդներուն վրայ զանոնք փնտռելը, նեղմտութիւն եւ բծախնդրութիւն չէ։

Տիպար անհատը՝ անհատականութի՛ւնն է որ կը հրապուրէ մարդս եւ իրապէս օգտակար տարր մը կը հանդիսանայ ժողովուրդին։ Հանրային մարդը, որ ընկերութեան մէջ իր գրաւած դիրքին պատշաճ վարկ եւ պատիւ կը վայելէ, փոխադարձաբար իբրեւ անհատ պատասխանատուութիւններ ունի, որոնցմէ չի կրնար ինքզինք զերծ համարել եւ խուսափիլ, ազատամտութեան, լայնախոհութեան կամ ուրիշ չքմեղանքներով։

Ուստի բախտաւորուած են եւ երջանիկ կ՚ըլլան միշտ այն ժողովուրդները՝ որոնց մէջ գերընտիր անհատականութեամբ առաջնորդողներ կը ծնին միշտ եւ երբեք չե՛ն պակսիր, եւ իրենք ալ գիտեն հետեւիլ անոնց…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 4, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2019