«ԲԱԽՏ» Կ՚ԸՍԵՆ ՈՄԱՆՔ…
Կեանքի մէջ յաջողութիւններ ո՛չ անպատասխանատու դիպուածի մը, ոչ ալ կոյր բախտին արդիւնքն են։ Ուստի, ամէն լուրջ յաջողութիւն, աշխատութեան մը արդիւնքն է, որուն կ՚ընկերանան ընդունակութիւն, հաստատամտութիւն՝ որ կը նշանակէ յարատեւութիւն, ձեռներէցութիւն, հեռատեսութիւն։ Ահաւասիկ այս բոլորին արդիւնքն է յաջողութիւնը թէ ո՛չ՝ բախտը, ինչպէս կ՚ըսեն ոմանք…։
Սակայն, իրեն յաջողութիւն բերող այս ազդակներուն համար ենթական շատ ալ հպարտանալու իրաւունք չունի, քանի որ ասոնք իր հետ ծնած ծինային ժառանգական՝ ընդոծին յատկութիւններ են։ Թերեւս ներկայ յաջողութեան մը «բախտ»ի արդիւնք ըլլալը ըսողներ, ենթակային այդ ընդոծին յատկութիւնները ունենալը ըսել կ՚ուզեն, քանի որ որեւէ մէկուն բոլորովին կամքէն անկախ է ունենալ այդպիսի բնածին յատկութիւններ։ Արդարեւ, մա՛րդ չի կրնար ընտրել իր ծնողները, իր կեանքը եւ իր ծինային յատկութիւններու գոյութիւնը։
Անշուշտ կան ստացական՝ աշխատանքով, սորվելով յառաջ բերուած արժանիքներ։ Գիտութիւն, փորձառութիւն, կարգապահութիւն այս արժանիքներէն են, որոնք ընդոծին յատկութիւններու հետ միանալով յաջողութիւն կը ստեղծեն։ Եւ այս երկու տեսակ յատկութիւնները յարմար ձեւով միացնել, ներդաշնակել եւ օգտագործել՝ ենթակային հմտութեան կը կարօտի, որ ան ալ ծինային ժառանգական յատկութիւն մըն է։ Եւ յաջողութեան համար այս բոլոր յատկութիւնները որքան ալ կարեւոր բայց ի վերջոյ բաւարար «դրամագլուխ» մը չեն կազմեր. ինքնին բաւարար ազդակներ չեն։
Այս բոլոր յատկութիւններուն հետ, թէ՛ ժառանգական եւ թէ՛ ստացական, եւ թերեւս ասոնցմէ ալ աւելի, աշխատանքի սէր եւ անթեքելի ուղղամտութիւն մը գործի մնայուն յաջողութեան մը անհրաժեշտ պայմաններն են։ Անշուշտ, վիճելի է, թէ աշխատասիրութիւնը եւ ուղղամտութիւնը ժառանգական, այսինքն ընդոծին են, թէ ստացական, այսինքն վարժութեամբ, աշխատանքով ձեռք ձգուած յատկութիւններ։ Ամէն աշխատասէր ծնողքի զաւակը անպայման աշխատասէր կ՚ըլլա՞յ, եւ կամ ուղղամիտ հօր եւ մօր զաւակ մը անպայման ուղղամիտ կ՚ըլլա՞յ։
Թէեւ այս հարցը հոգեբաններու եւ ընկերաբաններու մասնագիտութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուի, բայց կեանքի փորձառութիւնը եւ կարգ մը վկայութիւններ ցոյց կու տան, թէ ուղղամիտ հօր եւ մօր զաւակ մը կրնայ երբեմն շեղիլ ուղղամտութենէ, ինչպէս աշխատասէր ծնողքի մը զաւակը կրնայ երբեմն կատարեալ ծո՛յլ մը ըլլալ։
Այս կէտին կ՚ուզենք կեդրոնանալ ուղղամտութեան վրայ։ Այնպէս կարելի է խորհիլ, թէ «ուղղամտութիւն» բառը եւ անոր ներկայացուցած գաղափարը մեր օրերուն շատ ալ հեշտ չի հնչեր, քանի որ ընդհանրապէս պակսած կ՚երեւի անկեղծութիւնը մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ, մանաւանդ այն փոխյարաբերութիւններուն մէջ, որոնց առանցքը կը կազմէ «շահ»ը, մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ է «անձնական շահ»ը…։ Եւ այս իմաստով «ուղղամտութիւն»ը հեգնական քմծիծաղի մը առարկան կը դառնայ շատ ատեն։
Երբ ոմանք գործի կեանքի մէջ «ճարտարօրէն» խօսուած սուտ մը առեւտուրի անհրաժեշտ պայմանը կը նկատեն, եւ խորամանկ խաբէութին մը «ճարպիկութիւն» կը համարուի, ուղղամտութիւնը, կերպով մը արգելք կը նկատուի առեւտուրի մէջ շահելու, ընդհանրապէս նպատակի մը հասնելու։ Իրապէս ուղղամտութիւնը խոչընդո՞տ մըն է առեւտուրի կեանքին մէջ. ուղղամիտ մարդը իրապէս չի՞ յաջողիր, չի՞ շահիր գործի կեանքի մէջ։ Ուղղամտութիւնը աւելորդ եւ անտեղի ծայրայեղութի՞ւն մըն է եւ կամ նախապաշարո՞ւմ մը պէտք է նկատուի, որ երբեք չի կրնար տեղ մը գրաւել առեւտուրի մէջ։ Ճերմակը՝ սեւ, սեւը՝ ճերմակ ցոյց տալ իրապէս ճարպիկութի՞ւն է, թէ ինքնախաբէութի՛ւն։
Այս ուղղութեամբ, ուղղամտութիւնը, ճշմարտախօսութիւնը, անկեղծութիւնը, դըժ-բախտաբար, արգելք, իսկ կարծեցեալ ճարպիկութիւնը յաջողութեան պայման նկատել սովորական է դարձած։ Անշուշտ այսպէս խորհողներու քով կայ ազնիւ մեծամասնութիւն մը՝ որ ուղղամտութեան շնորհիւ յաջողութեամբ կը շարունակեն իրենց գործի կեանքը։ Բայց, ուղղամտութիւնը յաջողութեան համար արգելք նկատող սխալ եւ նոյնքան վնասաբեր մտայնութիւնը դժբախտաբար գետին գտած է։
Ուղղամիտ յաջող առեւտրականներ սակայն իրենց կեանքով, կեցուածքով եւ վկայութեամբ այդ սխալ համոզումին հակառակը կը հաստատեն բարեբախտաբար։
Ուղղամտութիւնը, առանց նկատելու անոր բարոյական հայեցակէտը, անհրաժեշտ պայման մըն է ճշմարիտ եւ արդար յաջողութեան. բաւական է, որ մարդ քաջաբար եւ յարատեւօրէն զայն իր գործին մէջ կիրարկելու կամեցողութիւնը եւ կորովը ունենայ։ Արդարեւ, «Ուղղամտութիւնը լաւագոյն աշխարհավարութիւնն է», կ՚ըսէ անգլիական առած մը։ Եւ կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ յաջող բազմաթիւ առեւտրականներ իրենց ունեցած հարստութիւնը, վարկը եւ պատիւը որքան իրենց յատկութիւններուն եւ կարողութիւններուն, որքան իրենց հմտութեան, ընդոծին եւ ստացական առաւելութիւններուն, նո՛յնքան ալ ուղղամտութեան հաւատարիմ մնալու իրենց ընտրութեան եւ որոշումին կը պարտին։
Կը կարծուի, թէ ուղղամիտները, ճշմարտախօսները, սկզբունքի տէր մարդիկ կը կորսնցնեն, բայց սխա՛լ է այդ կարծիքը, որովհետեւ իսկականին անոնք կը շահին՝ կը շահին բաներ, որոնք երբեք ետ պիտի չառնուի իրենցմէ. անոնք յարգ եւ պատիւ, փառք կը շահին, եւ ամենէն կարեւորը՝ իրենց շուրջիններուն վստահութիւնը կը շահին, եւ թերեւս հարստութիւն չեն թողուր իրենց յաջորդներուն, իրենց զաւակներուն, բայց որպէս ժառանգ մաքուր անուն մը կը թողուն, որ ամէն ինչ կ՚արժէ։
Նիւթական ժառանգը կրնայ փճանալ, բայց մաքուր անուն մը միշտ կը մնայ որպէս լուսեղէն պսակ մը ճակատներուն վրայ։
Մաքուր անուն մը կարելի է շահիլ եւ ժառանգել միայն ուղղամտութեամբ եւ սկզբունքներու մի՛շտ հաւատարիմ մնալով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 3, 2020, Իսթանպուլ