ԾԱՐԱՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ

Յաճախ շուրջս կը տեսնեմ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք ամուսնական կեանքի «վարդագոյն» երազներով տարուած, կեանքի նպատակ կ՚ընդունին պսակուիլը, առանց անգիտանալու, որ պսակը պարզապէս միջոց է աւելի լաւ ապագայի մը հասնելու եւ այդ «լաւ ապագան» երաշխաւորուած է ո՛չ թէ պսակադրութեամբ, այլ՝ ուսումով ու գիտութեամբ: Շատ անգամ կը փորձեմ անոնց բացատրել, որ ուսումն ու գիտութիւնը սիրածէն եւ ընտանիքէն առաջ պէտք է դասել, որովհետեւ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս հանգիստ ապրելու համար գիտութիւնը անհրաժեշտութիւն է, ինչ որ կ՚օգնէ առողջ դատողութիւն կատարելու, տրամաբանելու, եզրակացնելու եւ որոշում կայացնելու:

Անցեալին մեծերէն կը լսէի. «սէրը փոր չի՛ կշտացներ». կը կարծէի այդ մէկը աղերսուած է լոկ նիւթական սնունդին, սակայն իմաստը քիչ մը վեր է նիւթական ըլլալէ:

Վերջերս համալսարանական մի քանի երիտասարդի հետ զրոյց ունեցայ, որ վրաս յուսահատ ազդեցութիւն մը ունեցաւ: Համալսարանական այդ երիտասարդներէն մէկուն հարց տուի, թէ ո՞ր թուականին պատահած է Համաշխարհային երրորդ պատերազմը. պատասխան՝ 1989. հարց տուի, թէ ո՞րն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը. Գալիֆորնիա: Հարց տուի, թէ ո՞ր եկեղեցականը մասնակցած է Վարդանանց ճակատամարտի. նախ Սայաթ Նովա եւ ապա Կոմիտաս Վարդապետ: Հարց տուի, թէ ի՞նչ պատահած է 1918-ին. շուրթերէն կախուած «Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան անկախացում» սպասեցի:

Մտային սահմանափակութեան չափանիշը պարզելու համար տարի մը առաջ սրամիտ հաղորդավարուհի մը Երեւանի փողոցներուն մէջ անցորդներու հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ. հարցումը հետեւեալն էր. «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշած է Հայաստանի մէջ ծով շինել. ձեր կարծիքով ո՞ւր պէտք է կառուցուի նոր ծովը». Պատասխա՞ն... Արարատեան դաշտ, Արտաշատ, Վրաստանի սահման՝ ջուր փոխադրելու դրութիւն ստեղծելու համար: Պատկեր՝ որ լաց ու ծիծաղ միատեղ կը հրամցնեն:

Չեմ ակնկալեր, որ բոլորը գիտնան Արիստոտէլի եւ կամ Պղատոնի մասին, Սոկրատի եւ կամ Դաւիթ Անյաղթի մասին, սակայն կը կարծեմ կան տարրական գիտելիքներ, որ մարդ անհրաժեշտ է գիտնայ: Մարդ պէտք է գիտակցի, որ ներկայ դարու մէջ մարդիկ չե՛ն դատեր համալսարանական վկայականի եւ կամ զբաղեցուցած պաշտօնի տիտղոսի հիման վրայ. ներկայ ընկերութեան մէջ փոխանցուած մի քանի տողն իսկ բաւարար է որոշելու բանիմաց եւ կամ նեղմիտ ըլլալը. ներկայ ընկերութիւնը ո՛չ թէ վկայականներու, այլ մտային կարողութեան հիման վրայ կ՚որոշէ յարգել կամ անարգել մարդը:

Վկայականները չափանիշ ու արժեչափ չեն ներկայ ընկերութեան համար. թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայրենիքի մէջ տեսայ բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք հակառակ համալսարանական վկայական ունենալու՝ իրենց ուսանած ճիւղին մասին ընդարձակ տեղեկութիւն չունին: Անցեալին Հայաստան ծանօթ էր վկայականներու վաճառականութեամբ. դրամը մարդուն առանց ուսումի բժիշկ, փաստաբան եւ նոյնիսկ աստղագէտ կը դարձնէր:

Նման երիտասարդներու մէջ գիտութեան կարեւորութիւնը յաճախ փորձած եմ շեշտել հետեւեալ ձեւով.- ապագային երբ ամուսնանաք ու զաւակներ ունենաք, պիտի նկատէք, թէ անոնց համար՝ մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն մանաւանդ, դուք «ամենագէտ»ներ էք, եւ անոնք իրենց հարցումներն ու բացատրութիւնները ձեզմէ պիտի պահանջեն. այնպիսի՜ հարցեր պիտի տան, որոնց դիմաց լուռ մնալու իրաւունք պիտի չունենաք: Կասկածէ վեր է, որ գալիք սերունդը աւելի՛ աչքաբաց պիտի ըլլայ քան ներկայինը եւ երբ սերունդներու միջեւ անդունդներ ստեղծուին՝ հետեւողաբար յարգանքն ու մեծարանքն ալ պիտի պակսի անոնց միջեւ:

Պահ մը փորձեցէք ուսումնասիրել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գողերու, աւազակներու, մարդասպաններու եւ թմրամոլներու ինքնութիւնը. մեծաւ մասամբ անուս ու անգրագէտ անհատներ են: Մտաւորական եւ գրող Աւետիս Ահարոնեան կ՚ըսէ. «Միայն տգիտութիւնը, խաւար անգիտակցութիւնը հնարաւոր կը դարձնէ գազանութիւնները, անգթութիւնը դէպի մարդ արարածն ու անասունները»: Նոյն այդ գիտութեան ու իմաստութեան կարեւորութիւնը շեշտելու համար էր գուցէ, որ Մեսրոպեան սերունդը առաջին անգամ հայերէնի թարգմանեց «իմանալ զբանս հանճարոյ» հռչակաւոր տողերը:

Միաւորուած Ազգերու կազմակերպութեան փոխանցած տուեալներուն համաձայն՝ աշխարհի վրայ աւելի քան 773 միլիոն մարդ՝ մեծամասնութեամբ կիները, կը շարունակեն մնալ անուս եւ անգրագէտ. անոնցմէ շատեր նոյնիսկ իրենց անունը գրել եւ կամ կարդալ չեն գիտեր:

Այսօր աշխարհի վրայ յարգանքը նոյնիսկ գիտութիւն եւ ուսում կը պահանջէ. նոր սերունդը, հիներուն հակառակ պաշտօնները չէ՛ որ կը յարգէ, այլ մարդու իմացական կարողութեանց համաձայն խումբերու կը բաժնէ: Նայեցէ՛ք անցեալին. միլիոնաւոր մարդիկ համալսարանական վկայական ստացած են, սակայն անոնցմէ քիչերն են, որ կը յիշուին. այն քիչերը՝ որոնք կրցած են լաւապէս ըմբոշխնել գիտութեան կարեւորութիւնը եւ որպէս գիտութեան արգասիք ժառանգ ձգած են իրենց ետին՝ ըլլայ գրական, մշակութային թէ այլ:

Ծարաւութեան զգացողութիւնը ահաւոր բան է մարդ արարածի համար, սակայն գիտութեան ծարաւն ու պապակը փափաքելի է եւ անհրաժեշտ, որովհետեւ ամօթը քիչ բան գիտնալուն մէջ չէ, այլ՝ տգէտ մնալուն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ
(1876-1937)

Մեր թուականէն 84 տարիներ առաջ՝ 10 դեկտեմբեր 1937-ին, Երեւանի մէջ սպաննուած է ռազմական գործիչ, ռուսական բանակի գնդապետ, հայկական բանակի հրամանատար եւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան երկրորդ ռազմական նախարար Քրիստափոր Արարատեան: 

Արարատեան ծնած է 18 յունիս 1876-ին, Թիֆլիզի մէջ: Քրիստափոր 10 տարեկանին ընդունուած է Թիֆլիզի կրտսերներու բանակային ջոկատ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 20 մայիս 1893 թուականին: Աւարտելէ ետք ընդունուած է Սեն Փեթերսպուրկի Միխայլովեանի անուան հրետանիի դպրոցը, ուր դարձած է լաւագոյն երեք աշակերտներէն մին, իրաւունք ստանալով ընտրել յետագայ ծառայութեան վայրը։ Արարատեան շրջանաւարտ եղած է 12 օգոստոս 1896 թուականին եւ ծառայութեան անցած Կոջորի մէջ, ստանալով կրտսեր սպայի կոչում: Արարատեան 1902 թուականին նշանակուած է Կովկասի երկրորդ հրետանաւորներու ջոկատի գլխաւոր հրամանատարի օգնական, իսկ նոյն տարուայ օգոստոս 25-ին ստացած է շտապի հրամանատարի կոչում. 1905 թուականի ապրիլին ծառայութեան մեկնած է Խարբին եւ իր ծառայութեանց համար արժանացած է Ս. Աննայի երկրորդ կազմի շքանշանի՝ թուրերով եւ ժապաւէնով: Ապա 1906 թուականին գործուղուած է եւրոպական երկիրներ, այնուհետեւ վերադարձած՝ Կովկաս եւ զբաղեցուցած դատարանի անդամի պաշտօնը։ 1907 թուականին ստացած է սպայի կոչում:

Արարատեան մեծ գործունէութիւն ունեցած է Համաշխարհային առաջին պատերազմին եւ իր ծառայութիւններուն համար արժանացած է Ս. Սթանիսլաւի չորրորդ կարգի, Ս. Աննայի երկրորդ կարգի, Ս. Սթանիսլաւի երկրորդ կարգի, Ս. Գէորգի չորրորդ կարգի շքանշաններուն:

Քրիստափոր Արարատեան 1916 թուականին մեկնած է Ռումանիոյ ճակատամարտ, իսկ 1917-ին իր ծառայութիւններուն համար արժանացած է Ռումանիոյ Թագ կոչումին: Ապա 1917-ի վերջերը եւ 1918 թուականի սկիզբները՝ հայ-թրքական ճակատումներուն եղած է հրետանիի ջոկատի հրամանատար: Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան առաջին տարիներուն նշանակուած է հայ-թրքական յանձնաժողովի անդամ, որուն նպատակն էր սահմանագծել հայ-թրքական համատեղ սահմանը:

Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, 1937 թուականին կը ձերբակալուի ռազմական գործիչ Մովսէս Սիլիկեան. յաջորդող օրերուն Քրիստափոր Արարատեան Ներքին գործոց վարչութեան բաժինը մօտենալով կը խնդրէ զինք եւս ձերբակալել իր հրամանատարի հետ։ Այսպիսով երեք ամիս բանտարկութենէ ետք 10 դեկտեմբեր 1937-ի առաւօտեան ժամը 5-ին Արարատեան, Տիմիթրի Միրիմանովի, Մովսէս Սիլիկեանի, Աղասի Վարսոյեանի, Ստեփան Օհանեսեանի, Յակոբ Մկրտչեանի եւ Յարութիւն Յակոբեանի հետ Նորքի ձորի մէջ գնդակահարութեամբ կը սպաննուի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021