ԳԵՐՅՈՒԶԱԿԱՆ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔ

Մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ տե­սակ տե­սակ բնա­ւո­րու­թեան եւ նկա­րագ­րի տէր մար­դոց հետ կը դի­մա­ւո­րուինք։ Մարդ զգա­յուն եւ յու­զա­կան խառ­նուածք ու­նե­ցող էակ մըն է եւ այդ պատ­ճա­ռով, ու­զէ կամ չու­զէ կ՚ազ­դուի եւ կը տպա­ւո­րուի իր շուր­ջը գտնուած մար­դոց­մէ եւ պա­տա­հած դէպ­քե­րէ։ Մա՛րդ ան­տար­բեր չի կրնար մնալ իր շրջա­պա­տին, քա­նի որ նախ՝ կը զգայ եւ յե­տոյ կը տրա­մա­բա­նէ, կը մտա­ծէ, կը դա­տէ ե­րե­ւոյթ­նե­րը ինք­նա­բե­րա­բար, եւ ան­շուշտ, այս պատ­ճա­ռով կը տպա­ւո­րուի ա­նոնց­մով՝ նպաս­տա­ւոր կամ անն­պաստ կեր­պով, դէպ­քին էու­թեան հա­մա­ձայն։

Հո­գե­բան­ներ բնա­կան կը նկա­տեն այս ազ­դե­ցու­թիւ­նը եւ տպա­ւո­րու­մը մար­դուն հա­մար, բայց կը պա­տուի­րեն նաեւ չչա­փա­զան­ցել այդ ազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ որ կրնայ հա­կա­ռակ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծել մար­դուս կեան­քի ըն­թաց­քին վրայ եւ վնա­սել ա­նոր ապ­րում­նե­րը եւ հո­գե­կան ա­ռող­ջու­թիւ­նը։

Այս ուղ­ղու­թեամբ կ՚ու­զենք խօ­սիլ այ­սօր մեր սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­նե­րու հետ գերզ­գա­յուն կամ գեր­յու­զա­կան խառ­նուած­քի վրայ, ան­շուշտ յար­գե­լով մաս­նա­գի­տա­կան գի­տու­թեան տէր ան­ձե­րու ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը այս շա­հե­կան նիւ­թին նկատ­մամբ։ Մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը կը դարձ­նենք պահ մը՝ մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քին վրայ եւ շուր­ջը գտնուող ան­ձե­րուն։ Ուս­տի տես­նուած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը նկա­տե­լու հա­մար «մաս­նա­գէտ» ըլ­լա­լու պէտ­քը չի սպա­սուիր շատ ան­գամ, քա­նի որ բա­ցա­յայ­տօ­րէն կ՚ե­րե­ւին ա­նոնք ա­մէ­նու­րեք, ե­թէ մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը դարձ­նենք ա­նոնց վրայ։ Օ­տար եւ հե­ռու չեն այդ տե­սա­կի մար­դիկ, ո­րոնք յա­ճախ ան­հանգս­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն թէ՛ ան­հա­տա­կան, թէ՛ հա­ւա­քա­կան կեան­քի մէջ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վրայ եւ ար­գելք կը հան­դի­սա­նան լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման։

«Գեր­յու­զա­կան կամ գերզ­գա­յուն խառ­նուածք» ը­սե­լով պէտք է հասկ­նալ շեշ­տուած կեր­պով շուտ յու­զուող, ազ­դուող եւ տպա­ւո­րուող բնու­թիւն մը։ Գեր­յու­զա­կան խառ­նուած­քը այս կեր­պով բնա­կա­նո­նէն կը շե­ղի եւ անբ­նա­կան եւ չա­փով մը «ախ­տա­ւոր» վի­ճակ մը, ձեւ մը կը ստա­նայ։ Այս խառ­նուած­քը եր­բեմն ի ծնէ կազ­մա­կան կ՚ըլ­լայ, եր­բեմն ալ ստա­ցա­կան։ Ա­ռա­ջին պա­րա­գա­յին՝ են­թա­կա­նե­րը ի­րենց ծնող­նե­րէն կը ժա­ռան­գեն գերզ­գա­յուն խառ­նուածք, այ­սինքն ծնա­յին է ան, քա­նի որ շատ կա­նու­խէն ի յայտ կը բե­րեն ա­նոր նշան­նե­րը եւ ի­րենց ամ­բողջ կեան­քի տե­ւո­ղու­թեան կը պա­հեն զայն։ Ստա­ցա­կան գեր­յու­զա­կան խառ­նուած­քը սո­վո­րա­բար բա­րո­յա­կան կամ ֆի­զի­քա­կան խո­շոր ցնցու­մի մը եւ կամ տակն ու վրա­յու­թեան մը հե­տե­ւան­քով մէջ­տեղ կ՚ել­լէ, եւ են­թա­կան ա­տեն մը կամ ընդ­միշտ գերզ­գա­յուն կը դարձ­նէ։

Ա­ռա­ջին պա­րա­գա­յին, այ­սինքն երբ ժա­ռան­գա­կան կամ ծնա­յին է ան, ար­դէն ի­րենց ծնող­նե­րը կամ ջլա­գա­րա­յին խառ­նուածք կ՚ու­նե­նան, կամ ալ գեր­յու­զա­կան կ՚ըլ­լան։ Տղաք թէ՛ այդ խառ­նուած­քին հա­կա­մի­տու­թիւ­նը կը ժա­ռան­գեն, թէ՛ անն­պաստ մի­ջա­վայ­րը զի­րենք դէ­պի հոն կը մղէ։

Գեր­յու­զա­կան խառ­նուածք ու­նե­ցող­նե­րը չա­փէ դուրս երկ­չոտ եւ վախ­կոտ կ՚ըլ­լան։ Այս վա­խը եր­բեմն կաս­կա­ծի, եր­բեմն ալ տար­տամ անստ­գու­թեան ձեւ մը կ՚առ­նէ եւ ծա­ւա­լուն բնոյթ մը ու­նի։ Այս­պի­սի տղաք, զոր օ­րի­նակ՝ ա­մէն բա­նէ կը վախ­նան եւ ո՛­չինչ մի­ջա­դէպ մը զի­րենք սար­սա­փա­հար կ՚ը­նէ։ Մե­ծե­րը կամ ան­ծա­նօթ մը երբ ի­րենց հետ խօ­սին, կը շուա­րին, կը կարմ­րին, եր­բեմն յու­զու­մը զի­րենք դողդ­ղա­լու կը մղէ, կը կա­կա­զեն, կը շուա­րին եւ մին­չեւ իսկ լե­զու­նին կը բռնուի, կը պա­պան­ձին։

Գերզ­գա­յուն խառ­նուած­քի են­թա­կայ ե­ղող­ներ սո­վո­րա­բար հո­գե­կան թէ ֆի­զի­քա­կան նշան­նե­րով կը մատ­նեն ի­րենք զի­րենք։ Յայտ­նի է, որ ի­րենց ջղա­յին եւ հո­գե­կան վի­ճա­կին մէջ կայ «խան­գա­րում» մը՝ ան­կա­նո­նու­թիւն մը, զոր չեն կրնար զսպել եւ կա­ռա­վա­րել կամ սան­ձել ի­րենց զգա­ցում­նե­րը։

Այդ է պատ­ճա­ռը, որ սո­վո­րա­կան պա­տա­հար մը՝ թէ բնա­կա­նոն վի­ճակ ու­նե­ցող մէ­կը ան­տար­բեր պի­տի թո­ղուր, գեր­յու­զա­կան­նե­րը տակն ու վրայ կ՚ը­նէ, կը խան­գա­րէ։

Այս վեր­ջին­նե­րը, օ­րի­նակ՝ պա­րա­գա­յի մը, նման ե­ղե­լու­թեան մը ա­տեն, կա՛մ կաս­կա­ծա­միտ կ՚ըլ­լան, կա՛մ կը գու­նա­թա­փին, եր­բեմն կու լան իս­կոյն, եր­բեմն ամ­բողջ մարմ­նով կը սկսին դողդ­ղալ կամ ալ ոտ­քէն գլու­խը կը քրտնին, ե­ւայլն։

Այս խառ­նուած­քը իր զա­նա­զան աս­տի­ճան­նե­րը կ՚ու­նե­նայ եւ այ­լե­ւայլ սաստ­կու­թիւն­նե­րով ի յայտ կու գայ։ Կրնայ ըլ­լալ թե­թեւ, շեշ­տուած եւ զօ­րեղ տե­սա­կէն։

Տղա­յու­թեան շրջա­նը շատ ա­ւե­լի հա­կա­մէտ կ՚ը­նէ փոք­րե­րը այս խառ­նուած­քին։ Մե­ծե­րուն քով նուազ յա­ճա­խա­դէպ կ՚ըլ­լայ եւ սո­վո­րա­բար ա­ւե­լի մեղ­մա­ցած։

Գեր­յու­զա­կան տղա­քը հասկ­նա­լի է, որ բա­ցո­րոշ կեր­պով ա­ւե­լի՛ ջղայ­նոտ կ՚ըլ­լան։ Սո­վո­րա­բար լաւ չեն քնա­նար եւ յա­ճախ գի­շե­րա­յին մղձա­ւանջ­ներ կ՚ու­նե­նան։ Եր­բեմն ըն­դոստ, ոստ­նա­լով՝ մէ­կէն ի մէկ կ՚արթն­նան գի­շե­րը եւ կը պո­ռան կամ ճիչ մը կ՚ար­ձա­կեն։ Ո­րե­ւէ մի­ջա­դէպ, զոր օ­րի­նակ՝ անն­շան դէպք մը, պարզ յան­դի­մա­նու­թիւն մը, վէճ մը զի­րենք տակն ու վրայ կ՚ը­նէ եւ եր­կար ա­տեն ա­նոր ազ­դե­ցու­թեա­նը տեկ կ՚ապ­րին ընկ­ճուած։ Այդ կար­գի մի­ջա­դէ­պեր եր­բեմն ալ մեկ­նա­կէ­տը կ՚ըլ­լան ախ­տա­ւոր վա­խե­րու եւ մտալլ­կում­նե­րու։ Ի՛նչ որ կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ, որ տէ­րը եւ իշ­խո­ղը չե՛ն ի­րենց ջղա­յին դրու­թեան։

Այս խառ­նուած­քը, են­թա­կա­նե­րը հա­կա­մէտ կ՚ը­նէ անձ­կու­թեան եւ մե­լա­մաղ­ձո­տու­թեան (=mélancolie)։ Ի­րենց մէջ կայ տար­տամ վախ մը եւ անձ­կա­գին վի­ճակ մը, որ ան­հանգս­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ տե­ւա­կան կեր­պով։ Ա­նոնք կը վախ­նան ու կը կաս­կա­ծին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէ, ար­կած­նե­րէ, մա­հէ, գա­լիք դժբախ­տու­թիւն­նե­րէ, ե­ւայլն։

Գերզ­գա­յուն խառ­նուած­քը տե­սակ մը ջղայ­նո­տու­թեան կը մատ­նէ են­թա­կա­նե­րը։ Ան­սո­վոր աղ­մուկ մը, մին­չեւ ան­գամ դրան զան­գա­կին ձայ­նը ի­րենց մերթ սրտի տրո­փում, մերթ դող եւ շփո­թու­թիւն, կաս­կած կը պատ­ճա­ռէ։ Վատ ու չար նա­խազ­գա­ցում­նե­րու ան­դո­հով կը շրջա­պա­տուին ո՛­չինչ պատ­ճառ­նե­րով։ Տե­ւա­կան թա­քուն վա­խի եւ յու­զում­նա­լից վի­ճա­կի մը մատ­նուած՝ ա­նոր գե­րի կ՚ապ­րին ա­նոնք։

Հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու ա­պա­քի­նու­մի շրջան­նե­րը, ինչ­պէս ֆի­զի­քա­կան, նո՛յն­պէս ե՛ւ հո­գե­կան տե­սա­կէ­տով տղոց մէջ կը սաստ­կաց­նեն գեր­յու­զա­կան (=hyperesthésie) վի­ճա­կը եւ խառ­նուած­քը։ Այս պատ­ճա­ռով, բժիշկ­ներ կը յանձ­նա­րա­րեն՝ թէ զգոյշ եւ ու­շա­դիր ըլ­լալ ծնող­նե­րուն, մե­ծե­րուն նման պա­րա­գա­նե­րու մէջ, որ­պէս­զի ա­ռիթ չտան գեր­յու­զա­կան խառ­նուած­քին ա­ւե­լի եւս վատ­թա­րա­նա­լուն եւ ա­ւել­նա­լուն։ Եր­բեմն ալ, այդ տղա­քը փո­խա­նակ ար­տա­քին տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րու նշան­նե­րը ան­մի­ջա­կան դրսե­րե­ւո­րե­լու՝ ի­րենց ան­գի­տակ­ցա­կա­նին մէջ կը պա­հեն։ Այն ա­տեն ի­րենց վա­խը անձ­կու­թեան եւ գէշ նա­խազ­գա­ցու­մի ձե­ւով ինք­զինք կը մատ­նէ։ Այս պա­րա­գան բա­ցո­րոշ կեր­պով հաս­տա­տուած է հո­գե­վեր­լու­ծու­մով։

Գերզ­գա­յուն խառ­նուած­քը են­թա­կա­նե­րը ո­չինչ պատ­ճառ­նե­րով կրնայ սար­սա­փա­հար վի­ճակ­նե­րու մատ­նել։

Սար­սա­փը իր կար­գին են­թա­կա­յին այ­լե­ւայլ գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը ո՛չ միայն կը խան­գա­րէ, այլ եւ կրնայ լու­ծել եւ կեց­նել։ Եր­բեմն ալ կրնայ շփո­թու­թեան եւ շուա­րու­մի մատ­նել։ Այս պա­րա­գա­յին են­թա­կա­նե­րը կը կորսնց­նեն ի­րենց դա­տո­ղու­թիւ­նը, ի­րենց գի­տակ­ցու­թիւ­նը ա­ղօտ վի­ճակ մը կը ստա­նայ եւ կրնայ զի­րենք վտան­գա­ւոր քայ­լե­րու մղել մին­չեւ իսկ։

Գերզ­գա­յուն խառ­նուած­քը տե­սակ մը անբ­նա­կան եւ ար­տա­սո­վոր վա­խով լե­ցուն վի­ճակ մըն է՝ ո­րուն մէջ վա­խի զգա­ցու­մը թէեւ տի­րա­պե­տող, բայց ու­րիշ տար­րեր եւս կը բար­դուին, զոր օ­րի­նակ՝ անստ­գու­թիւն, կաս­կած եւ գէշ նա­խազ­գա­ցում, տա­րա­կոյս, անվս­տա­հու­թիւն։ Վա­խը խան­գա­րող եւ ջլա­տիչ ազ­դե­ցու­թիւն մը ու­նի են­թա­կա­յին վրայ…։

- Օգ­տուե­ցանք՝ ջղա­յին եւ մտա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ Տքթ. Գ. Ա­մա­տեա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թե­նէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 12, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016