Ս. ՀՈԳԻԻՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը եւ զօրութիւնը բոլորովին կը փոխէ եւ կը վերանորոգէ մարդը։ Արդարեւ, Ս. Հոգիին զօրութեամբ, «հին մարդ»ը կ՚ըլլայ «նոր մա՛րդ», եւ նոր շունչով, նոր հոգիով կը շարունակէ ապրիլ։ Ծննդոց Գիրքին մէջ առաջին անգամ կը հանդիպինք Ս. Հոգիին ներգործութեան, երբ կ՚ըսէ Աստուած. «Իմ հոգիս միշտ մարդու վրայ չմնայ, վասնզի անիկա մարմին է, բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի ըլլան», (ԾՆՆԴ. Զ 3)։

Իսկ Աւետարանին մէջ՝ Յիսուսի մկրտութեան ատեն կը յայտնուի Ս. Հոգին. «Եւ ահա երկինքը բացուեցաւ, եւ տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի նման կ՚իջնէր եւ կու գար Իր վրայ։ Եւ ահա երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր.- Ատիկա է Իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ», (ՄԱՏԹ. Գ 16-17)։

Յիսուս մկրտուելէն ետք, Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար։

Երբ «փորձութիւն» կ՚ըսենք, մարդուս համար կայ երեք տեսակ փորձութիւն, որոնց կ՚ենթարկուի իր ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ զանազան առիթներով։

Այս երեք փորձութիւններէն առաջինն է՝ Աստուծոյ կողմէ փորձութեան ենթարկուիլ։ Արդարեւ այս փորձութիւնը երբեք քանդիչ, կործանարար փորձութիւն չէ, ընդհակառակը՝ շինիչ, նորոգիչ եւ զօրացնող փորձութիւն մըն է։ Այս փորձութիւնը կը նմանի այն գործողութեան՝ ուր ոսկին զտելու համար կրակի մէջ կը թողուն, եւ աւելի մաքուր, զուտ ոսկի ձեռք կը ձգեն։ Ուստի Աստուած մարդս կը փորձէ, փորձութեան կ՚ենթարկէ՝ աւելի եւս զօրացնելու, սրբացնելու, աւելի եւս հաստատելու համար անոր դիրքը, զոր օրինակ՝ Աբրահամի փորձութիւնը՝ անոր հաւատքը աւելի՛ հաստատ հիմերու վրայ դնելու, անիկա աւելի զօրացնելու համար էր։ Եւ այս իմաստով կարելի է տեսնել Աստուծոյ կողմէ կատարուած փորձութիւններ, որոնք ենթական զօրացուցած եւ սրբացուցած են։

Փորձութեան երկրորդ տեսակը՝ մարդուս՝ իր նմանը փորձութեան ենթարկելն է։ Ասիկա, ահաւասիկ, կործանող, քանդող փորձութիւն մըն է, քանի որ այս տեսակ փորձութեան դրդապատճառը մարդկային վատ զգացումներն է՝ նախանձ, անարդար մրցակցութիւն, ատելութիւն, վնաս պատճառելու մտադրութիւն, արժանապատուութեան վիրաւորանք, եւ այլն, որոնք երբեք շինիչ չեն եւ ո՛չ իսկ բարենպատակ։ Մէկու մը ուրիշ մէկը փորձելը՝ ընդհանրապէս ծածկուած, քօղարկուած նպատակի մը հասնելու համար միջոց մըն է։ Մէկու մը տկարութիւնը, թերութիւնը, անկատարութիւնը բացայայտելու եւ զայն վարկաբեկելու առիթ մը, միջոց մըն է այս տեսակ փորձութիւնը։

Փորձութեան այս երկրորդ տեսակը շա՜տ հազուադէպօրէն բարի նպատակով մը կը գործածուի։

Մարդկային բնաւորութիւնը մի՛շտ հակամէտ է եղած՝ փորձութեան ենթարկելու, մէկը միւսը, չար նպատակներու ծառայելու համար։

Եւ վերջապէս, փորձութեան երրորդ տեսակն է՝ Սատանային փորձութեան ենթարկելը, ինչ որ ամենէն վնասակար, ամենէն ահաւոր եւ ամենէն կործանիչ տեսակն է։ Արդարեւ, փորձութեան այս տեսակը կրնայ մարդս կորստեան մատնել, քանի որ Սատանան անողորմ է, երբեք գութ չունի…։

Սատանան, մարդը փորձութեան կ՚ենթարկէ, զայն ընկճելու համար՝ իրեն գերի դարձնելու եւ անոր բոլոր ինքնութիւնը՝ զօրութիւնը, իմացականութիւնը, մտածողութիւնը իրեն հպատակեցնելու համար՝ անձէն հրաժարած ստրուկի մը վերածելով զայն։

Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ.

«Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝ ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։

«Տէրոջը համար պիտի ըսեմ.- Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ։

«Արդարեւ ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն, ապականիչ ժանտամահէն.

«Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ եւ իր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս։

«Անոր ճշմարտութիւնը վահան մը եւ ասպար մը պիտի ըլլայ քեզի։

«Պիտի չվախնամ գիշերուան զարհուրանքէն եւ ցորեկը՝ թռչող նետէն։

«Ոչ ալ՝ մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն եւ կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուածէն։

«Հազար հոգի քու քովէդ եւ տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ պիտի իյնան, բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ։

«Միայն քու աչքերովդ պիտի նայիս եւ ամբարիշտներուն հատուցումը պիտի տեսնես։

«Որովհետեւ դուն Տէրը՝ իմ Ապաւէնս, Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր…» (ՍԱՂՄ. ՂԱ)։

Արդարեւ, իմաստուն եւ գիտակից բժիշկ մը կ՚ըսէ.

«Թէեւ վէրքը ես կը պատեմ եւ կը փակեմ, բայց Աստուա՛ծ է որ վէրքը կը բժշկէ»։

Բժիշկներու մասին, դարձեալ կ՚ըսուի, թէ՝ անոնք, Աստուծոյ երկրի վրայ մատներն են։

Եւ երբ նկատի ունենանք, թէ՝ Ղուկաս Աւետարանիչ ալ բժիշկ մըն էր, անուղղակի կերպով, այս խօսքին ճշգրտութիւնը արդէն յայտնուած կ՚ըլլայ, քանի որ Աստուծոյ Խօսքը յանձնուած եւ ներշնչուած է նաեւ բժի՛շկի մը։

«Որովհետեւ, Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ։ Որովհետեւ, Աստուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ», (ՅՈՎՀ. Գ 16-17)։

Ուրեմն, Աստուած բազմաթիւ միջոցներով կը մօտենայ մարդուն՝ զայն խնամելու համար։ Եւ այս մօտեցումներուն մէջ ամենէն յատկանշականը եւ կարեւորն է, Աստուծոյ Իր միածին Որդին ղրկելը։ Եւ անշուշտ յաճախ Ս. Հոգիի ներգործութեամբ, Աստուած կը հոգայ, կը խնամէ, կը պահպանէ մարդը, ի՛նչ որ կը նշանակէ, թէ Ան իր արարածներուն մէջ յատուկ որդիական սէր ցոյց կու տայ անոր։

Հարցը սա է. մարդ որքա՞ն արժանի կ՚ըլլայ այդ մտերմութեան, այդ Հայրական անկեղծ եւ կատարեալ սիրոյն։

«Հայրս ամէն ինչ տուած է ինծի, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Որդին՝ բացի Հօրմէն, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Հայրը՝ բացի Որդիէն, կամ բացի անկէ՝ որուն յայտնել ուզէ Որդին», (ՄԱՏԹ. ԺԱ 27)։

«Դուն տարիները որպէս եօթը շաբաթ համրէ, այսինքն եօթը անգամ եօթը տարի, այնպէս որ տարիներուն եօթը շաբաթներուն ժամանակը քառասունըինը տարի թող ըլլայ։ Ապա եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը ազդարարութեան փողը պէտք է հնչեցնես, քաւութեան օրը ձեր բոլոր երկրին մէջ պէտք է հնչեցնէք փողը։ Եւ յիսուներորդ տարին պիտի սրբէք եւ երկրի վրայ անոր բոլոր բնակիչներուն համար ազատութի՜ւն պէտք է քարոզէք։ Ասիկա ձեզի Յոբելեան տարի պէտք է ըլլայ», (ՂԵՒՏ. ԻԵ 8-10), այսինքն՝ «Նորոգման Տարի՛…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 30, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2018