Ո՞Վ ԵՍ ԴՈՒՆ… Ո՞Վ ԵՄ ԵՍ…

Կեանքի մէջ կան հարցումներ, որոնք ժամանակէն անդին երթալով ցմահ կը մնան որպէս հարցում եւ հակառակ տարիներու թաւալումին՝ անջնջելի հետք մը կը ձգեն: Այդ հարցումներէն մին ինծի տրուեցաւ, երբ տակաւին 13 տարեկան պատանի մըն էի. իմաստուն ուսուցիչի մը հետ առաջին դասապահն էր. հրահանգեց ամէն բան վերցնել եւ մեր դիմաց դնել մաքուր թուղթ ու գրիչ մը. կաւիճը վերցնելով գրատախտակին վրայ գրեց հետեւեալ հարցումը. «Ո՞վ ես դուն», եւ պատուիրեց մէկ էջի սահմաններու մէջ մենք մեզ ներկայացնենք:

Շա՜տ պարզ թուացող, սակայն խորքին մէջ աշխարհի ամենէն դժուար հարցումներէն մին եղող հարցը պատանեկան տարիքիս համաձայն մի քանի տողի սահմաններուն մէջ կրնար բաւել միա՛յն. «Հրայր Տաղլեան... հա՛յ եմ...»: Կրնար անոր միանալ հաւանաբար տարիք եւ ընտանեկան մի քանի մանրամասնութիւններ, սակայն պարզ էր, որ հարցումը այդ բոլորէն աւելի վեր ու ծանրակշիռ բան մըն էր: Հոն է, որ սկսայ առաւելաբար հասկնալ, թէ ի՞նչ ըսել է մեր նախնիներէն մեզի եկող կեանքի կարեւորագոյն հրահանգներէն մին. ծանի՛ր զքեզ։ Իմաստուն այն խօսքը, որուն մասին Խրիմեան Հայրիկ «Դրախտի ընտանիք... ի պէտս հայոց ընտանեաց» աշխատութեան նախաբանին մէջ կը գրէ. «Ընտանեկան սրահիդ սեմոց վրայ այս առած գրէ ԾԱՆԻՐ ԶՔԵԶ։ Այդ իմաստուն առածը մի՛ մոռնար, կարդա՛, միշտ...»: Չէ՞ որ նոյն խրատը կու տայ Յովհաննէս Մանդակունի, իր 22-րդ ճառին մէջ, ըսելով «Ով մարդ, հայեաց ՚ի քեզ եւ տես, ո՞ւր կաս, զո՞վ տեսանես»:

Այսօր գրեթէ վերջ գտած է այդ սովորութիւնը, սակայն անցեալին ամէ՛ն դպրոց իր մուտքին կը գրէր «Ծանի՛ր զքեզ», այդ մէկը տրուելիք ուսումներուն ամենակարեւորը նկատելով, որովհետեւ նախնիները կը հաստատէին, թէ մարդը մարդ ընողը ինքզինք ճանչնալն է:

Այդ հարցումէն 16 տարիներ ետք՝ այսօր հայելիին դիմաց նոյն հարցումն է որ կը ծագի. ո՞վ եմ ես, իսկ դուն ո՞վ ես: Երբեք փորձա՞ծ ես հայելիին արտացոլումին մէջէն ինքզինքդ տեսնելով պատասխան փնտռել այդ հարցին: Հաւանաբար ընդունիլը դժուար է, սակայն ես ալ դուն ալ օտարներ ենք մենք մեր անձերուն նկատմամբ. անծանօթներ ենք՝ որովհետեւ մեր եսասիրութիւնն ու անձնասիրութիւնը շատ անգամ վարագոյր կը քաշէ մեր եւ մեր անձերուն միջեւ, որովհետեւ Ես-ի ախտէն մղուած մենք մեր անձերը քննելու եւ ճանչնալու կարիքը չենք զգար՝ մենք մեզ կատարեալ ու անսխալական արարածներ կարծելով: Մեր Ես-ը մեր սխալներն ու այլանդակութիւնները մեզ կը ներկայացնէ որպէս լաւ ու բնական երեւոյթներ, մինչ ուրիշներու թերութիւնները՝ որպէս խոցելի երեւոյթներ եւ ա՛յդ է պատճառը, որ բոլորս ալ մասնագէտ կը դառնանք ուրիշը քննադատելու, ուրիշին սխալները մատնանշելու, առանց անձնականը տեսնելու:

Այդ բոլորը պատճառ կը դառնան, որպէսզի դուն ալ, ես ալ մեր կեանքը անցընենք ասոր-անոր սխալները «սրբագրել» փորձելով, ուրիշին մեր անձին նկատմամբ փորձած «սրբագրութիւն»ը զրպարտութիւն ու անհիմն սեպելով ու կեանք մը ամբողջ կը դառնայ պայքար սեփական անձը ճանչնալ չփորձելու եւ գուցէ չուզելու:

Մանուկ ժամանակ ինքնավստահ թուղթին գրեցի, թէ ես Հրայր Տաղլեանն եմ. իսկ այսօր հազարաւոր այլ թուղթերու դիմաց հարցին դիմաց հարց կը ծագի, իսկ ո՞վ է Հրայր Տաղլեանը...: Այդ ժամանակ հպարտութեամբ գրեցի թուղթին վրայ թէ ՀԱՅ եմ, սակայն այսօր միտքիս մէջ դարձեալ հարց կը ծագի. Հայ եմ՝ որովհետեւ հա՞յ ծնած եմ պարզապէս, թէ հայ եմ՝ որովհետեւ հայ կը զգամ ու կ՚ապրիմ: Թուղթին վրայ գրած էի Քրիստոնեայ եմ. կեանքի ճակատագրէն ինձ վիճակուած բա՞ն մըն էր այդ մէկը, թէ իրապէս Քրիստոս ու Քրիստոնէութիւն կայ այսօր իմ կեանքիս մէջ: Տակաւին մանուկ տարիքէն մեզի կը սորվեցնէին, թէ «ես մարդ մըն եմ, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերով». եթէ այդ ուսումը ինքնաճանաչողութեան մաս կը կազմէ, իրապէս ա՞յս է վիճակը Աստուծոյ պատկերին:

Բազմատասնեակ մարդոց վիրաւորանքներն ու սխալները յաճախ կը տողանցեն մտքէս. բայց ուրիշներ չկա՞ն՝ որ իրենց կարգին իմ ըրած սխալներս տողանցքի կը հանեն։ Արդարացման համար կարելի է հազար ու մէկ պատճառաբանութիւն ստեղծել, կարելի է կեղծել, սակայն ճշմարտութի՞ւնը: Մենք մեր ընթացքով աւելի վտանգաւոր ենք քան մարդակերները. անոնք բացայայտօրէն կը կատարեն իրենց արարքները. անոնց դէմքէն, շարժումներէն կարելի կ՚ըլլայ կռահել անոնց ինչութիւնը. իսկ ես ու դո՞ւն, որ տակաւին մեր ինչ ըլլալուն մասին տեղեկութիւն անգամ չունինք. չե՞ս կարծեր, ծածկուած չարութիւնը աւելի վտանգաւոր է քան բացայայտը:

Անասունը անասուն կը սպաննէ, որովհետեւ անոր գիտակցութիւնը չունի. անասունէն չենք կրնար ինքնաճանաչողութիւն ակնկալել. սակայն երբ բանականութեան տէր մարդը մարդուն սպաննէ. դիտեցէ՛ք աշխարհը. մարդը անասունը փորձեց մարդացնել, սակայն ինք կամաց կամաց դարձաւ... անասուն:

Այս բոլորէն ետք, ո՞վ ես դուն եւ ո՞վ եմ ես... պէտք է լաւապէս սկսինք մտածել, որպէսզի մեզի համար ալ օր մը չըսեն «Նա ամէն բան դաս առեր. երկինք եւ երկիր իր խելքով կքննէ եղեր, բայց «Ծանիր զքեզ» չէ դաս առեր»:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅՈՒՀԱՆՆԱ ԱԲԳԱՐԻՈՍ
(1832-1886)

Մեր թուականէն 190 տարիներ առաջ՝ 11 յունուար 1832-ին Պէյրութի մէջ ծնած է տնտեսագէտ, բանաստեղծ, լեզուաբան եւ պետական գործիչ Յուհաննա Աբգարիոս (բուն անունով՝ Յովհաննէս Աբգարեան, արաբներու կողմէ ծանօթ նաեւ Ժան անունով):

Յովհաննէս զաւակն է կարգաթող եկեղեցական Յակոբ Եպիսկոպոս Աբգարիոսին: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է յունական դպրոցի մէջ եւ ապա ընդունուած է Յիսուսեաններու դպրոցը, ինչպէս նաեւ հետեւած անհատական դասընթացքներու: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք որոշ դասընթացքներու հետեւելէ ետք որպէս հաշուապահ ընդունուած է «Պանք Օթոմանի» դրամատան մէջ: Յովհաննէս ունեցած է լեզուներ սորվելու շնորհք եւ փոքր տարիքէն տիրապետած է հայերէն, յունարէն, արաբերէն, թրքերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ իտալերէն լեզուներուն: Յովհաննէս Աբգարիոս 1860 թուականներուն եղած է Պէյրութի անգլիական հիւպատոսութեան թարգմանիչ եւ ապա պետական պաշտօն ստանձնելով մեկնած է Եգիպտոս, սակայն երկար չմնալով իր պաշտօնին վրայ Գահիրէի մէջ զբաղած է առեւտուրով եւ հասած է մեծ յաջողութիւններու: Յովհաննէս Աբգարիոս այդ տարիներուն նշանակուած է նաեւ Հոլանտայի եւ Եգիպտոսի պատուակալ հիւպատոս: Ան ամուսնացած է Եգիպտոսի մէջ, սակայն կարճ ժամանակ ետք կորսնցնելէ ետք իր կողակիցը դարձեալ վերադարձած է Լիբանան եւ Եգիպտոսէն բերած իր հարստութեամբ Լիբանանի մէջ հիմնած է ժամանակին Միջին Արեւելքէ ներս յայտնի «Պանք Աբգարիոս-Աքրաշ» դրամատունը: Նոյն այդ շրջանին, Լիբանանի մէջ Յովհաննէս Աբգարիոս զբաղած է նաեւ գրականութեամբ եւ արաբերէն լեզուով գրած բարոյական պատմուածքներ. իր առաջին աշխատութիւնը՝ «Եկեղեցական պատմութենէն փոխ առնուած պատմուածքներ»ը հրատարակուած է 1874 թուականին, որուն յաջորդած են «Մտածումներու պտոյտը» (1877), «Ժամանցի նուէր» (1898), «Ծաղկաքաղ» (1883) եւ այլ աշխատութիւններ:

Յովհաննէս Աբգարիոսի կարեւորագոյն գործերէն է անգլերէն-արաբերէն պատրաստած բառարանը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր Միջին Արեւելքի մէջ: 

Յովհաննէս Աբգարիոս մահացած է 17 փետրուար 1886 թուականին, Լիբանանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 11, 2022