ԽՍՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՈԿՄԱ

«Խստապաշտութիւն» (=Puritanism) կը նշանակէ՝ կարգ մը մարդկային արարքներու, նոյնիսկ անոնք եթէ բացայայտ կերպով ազդեցութիւն մը չունենան մարդոց վրայ, ըստ էութեան մեղք չհամարուելով հանդերձ, «մեղք» նկատուելով՝ անոնց որեւէ ճամբով արգելք ըլլալու պահանջքը զգացող, եւ այդ համոզումով արգելքներու դիմող վարդապետութիւն։ Ուստի «խստապաշտ» (=Puritain) անձը այն է՝ որ ամէն արարքի մէջ «մեղք»ի գոյութիւն կը տեսնէ եւ արգելքներու միջոցաւ անոնք կասեցնել կը ջանայ։ Եւ այս իմաստով, խստապաշտութիւնը ծայրայեղութիւն է, որ մարդս այդ չափազանցութիւններուն մէջ կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, ինչ որ ներհակ է իր կոչումին եւ թէ՝ Աստուծոյ ծրագրին։

Խստապաշտութիւնը առաւել եւս կը սնանի եւ կ՚աճի կանխակալութեամբ եւ նախապաշարումներով։ Մինչդեռ ճշմարիտ հաւատքը երբեք չ՚ընդունիր այս երկուքը, կը մերժէ անոնք, քանի որ ճշմարիտ հաւատքը պէտք է ըլլայ գիտակցութեամբ՝ հաւատալ հասկնալով եւ հասկնալ հաւատալով։ Ուստի, կանխակալութիւնը եւ նախապաշարումը մարդը անգիտակից կը դարձնեն եւ կը վերածեն «մեքենայ»ի մը։

Հաւատքը, կրօնը երբե՛ք հրամայականոն (=dogmatique), «վարդապետութիւն վարդապետութեան մէջ» դրութիւններ չեն։ Արդարեւ, «տոկմա»ն՝ դրութիւն մըն է, որ կը պնդէ եւ ո՛չ մէկ առարկութիւն թոյլ կու տայ։ Եւ աս ալ բոլորովին հակառա՛կ է ճշմարիտ հաւատի, եւ չի համաձայնիր Աստուծոյ ծրագրին մէջ մարդուս կոչումին։

Արդարեւ, Քրիստոսէն ստացուած իշխանութիւնը Եկեղեցւոյ Ուսուցումի Հեղինակութիւնը լիովին յանձնառու կ՚ընէ՝ յանձնառու կը դարձնէ, երբ ան կը սահմանէ «հրամանակարգ վարդապետութիւն» մը՝ «տոկմա» մը, այսինքն երբ աստուածային Յայտնութեան մաս կազմող ճշմարտութիւններ կ՚առաջարկէ բանաձեւով մը, որ քրիստոնեայ ժողովուրդը կը ստիպէ հաւատքին անյետսկոչելիօրէն փարելու, կամ նաեւ երբ վերջնական ձեւով կ՚առաջարկէ ճշմարտութիւններ՝ որոնք անհրաժեշտ կապակցութեամբ առընչուած են վերի ճշմարտութիւններուն հետ։ Եւ այս պատճառով տոկման, հրամայակարգ վարդապետութիւնը (=dogme), իր սկզբունքներով ընդունիլ կարելի չ՚ըլլար, քանի որ մարդ բանաւոր եւ կամքի ազատութեամբ ստեղծուած «արարած» մըն է։

Այս կէտին, կարեւորութեամբ եւ բծախնդրութեամբ պէտք է զանազանել քրիստոնէական հրամայական սկզբունքներու եւ հրամայականոն դրութեան ուսուցումները։ Պէտք է խորհիլ եւ ընդունիլ, որ մարդուս կամքի ազատութիւնը եւ ընդհանրապէս «ազատութիւն»ը անսահման չէ՛ եւ կան եւ եղած են միշտ «արգելք»ներ ստեղծագործութեան շրջանէն իսկ. «Եւ Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով.- Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս». (ԾՆՆԴ. Բ 16-17)։ Այս ուղղութեամբ, մարդ պէտք է զանազանէ աստուածային պատուիրանները եւ «հրաման»ները, եւ հրամայականոն դրութիւնը…։ Ուստի կա՛ն աստուածային պատուիրաններ եւ հրամաններ, որոնց մարդ պարտի հնազանդիլ, հպատակիլ եւ համակերպիլ առա՛նց առարկութեան։ Աստուածային պատուէրներ եւ հրամաններ լոյս են մարդուս կեանքի ճամբուն վրայ, իսկ հրամայականոն դրութեան վարդապետութիւնը՝ խաւա՛ր։

Արդարեւ, մարդուս հոգեւոր կեանքին եւ աստուածային պատուէրներու միջեւ օրկանական կապ մը գոյութիւն ունի։ Եթէ մարդուս կեանքը ուղիղ է, իր իմացականութիւնը եւ իր սիրտն ալ բա՛ց պիտի ըլլան՝ ընդունելու համար աստուածային պատուէրներուն լոյսը։ Ուստի աստուածային պատուէրներու եւ հրամաններու միջեւ փոխադարձ եւ համընթաց կապերը եւ յարակցութիւնը կարելի է գտնել Քրիստոսի Յայտնութեան խորհուրդին մէջ՝ անոր ամբողջութիւնը նկատի առնելով։

Բոլոր հաւատացեալները -արդարեւ, հարկը կը զգանք աւելցնելու՝ «բոլոր ճշմարի՛տ հաւատացեալները»- յայտնեալ ճշմարտութեան հասկացողութեան եւ փոխանցումին բաժնեկից են։ Անոնք ընդունած են Սուրբ Հոգիին օծումը, որ կ՚ուսուցանէ զանոնք եւ կ՚առաջարկէ անոնց հետեւիլ «դէպի ամբողջական ճշմարտութիւն». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13) եւ կ՚առաջնորդէ զանոնք այս նպատակին։

Ահաւասիկ, հո՛ս ալ յայտնի է աստուածային պատուէրի եւ հրամայականոն դրութեան տարբերութիւնը։

Աստուածային պատուէրները շարժման մէջ կը դնեն մարդը, իսկ հրամայական դրութիւնը «dogmatique» վարդապետութիւնը ամլութեան կը մատնեն զայն եւ կը վերածեն «մարդամեքենայ»ի մը։ Մարդ միա՛յն Աստուծոյ ծրագրին համաձայն կը շարժի եւ ո՛չ թէ մարդկային ծրագրի մը կազմաւորումով։ Անշուշտ մարդ կը ծրագրէ. բայց մարդուն ծրագրին գործունէութեան վերածուիլը կախում ունի ո՛չ թէ իր, այլ բացարձակապէս Աստուծոյ կամքէն։

Ուրեմն, աստուածայինը եւ տոկման հասկնալու համար մարդ պէտք է գիտնայ, թէ ո՛րն է Աստուծոյ կամքը եւ որը՝ մարդուն կամքը։ Արդարեւ, տոկմաները աստուածային պատուէրներուն յեղաոշրջուած ձեւերն են, ինչպէս՝ չարը բարիին վատասերած արտայայտութիւնն է։

Սուրբ Աւանդութիւնը եւ Սուրբ Գիրքը նուիրական միա՛կ աւանդն է Աստուծոյ Խօսքին։

Նախապաշարումներ, կանխակալութիւններ, որոնք կը ծնին տոկմայէն հեռո՛ւ պէտք է մնան հաւատքէն. շնորհիւ ճշմարիտ եւ ուղիղ հաւատքին իր գերբնական իմացումին՝ Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդը՝ մարդկութիւնը կ՚ընդունի աստուածային Յայտնութեան պարգեւը, խորապէս կը թափանցէ անոր եւ լիապէս կ՚ապրի անով։

Ճշմարիտ հաւատքը դէ՛մ է ամէն նախապաշարումի. ուստի սիրելի՜ բարեկամներ, նախապաշարումները եւ տոկմաները, եթէ կան մեր կեանքին մէջ, դուրս նետենք զանոնք եւ ապրինք մեր ճշմարիտ եւ ուղիղ հաւատքին շնորհներով եւ լոյսով…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 8 2022, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2023