ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐՈՒԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ

Տաղաւար տօներու կը յաջորդէ մեռելոց հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալներն ալ մասնակից ընելու համար տօնական օրերու խանդավառութեան եւ ոգեւորութեան։

Ահաւասիկ ա՛յս է հոգեհանգստեան պաշտօնի էական իմաստը եւ նպատակը։ Արդարեւ, հոգեհանգիստը աղօթքի արարողութիւն մըն է, որ կը կատարէ եկեղեցին՝ Քրիստոսով ննջող իր անդամներուն անմահ հոգիներուն համար։ «Եկեղեցւոյ անդամ» եւ «Աստուծոյ որդեգիր» կը կոչուին բոլոր մկրտուողները։ Իսկ Քրիստոսով ննջած կ՚ըլլան հանդերձեալ յաւիտենական կեանքի մեկնած այն անդամները՝ որոնք իրենց երկրաւոր կեանքի ընթացքին հաւատքի մէջ մնացած են։ Նոյնպէս Քրիստոսով ննջած կը սեպուին եկեղեցւոյ այն անդամները՝ որոնք թէեւ մեղսալից կեանք ապրած կ՚ըլլան, սակայն իրենց վերջին շունչը չփչած դարձի կու գան։

Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը գաղափարային կրօն մըն է, եւ այդ բարձր գաղափարի պաշտպանութեան եւ պահպանութեան համար հաւատացեալներ պայքարած են դարերէ ի վեր։ Կրօնը հաւատացեալին համար խղճի խնդիր մը չէ՛, այլ՝ գիտակցութեան, հաստատ եւ խորին համոզումի ամուր հաւատքի, աներկբայ յոյսի, գոյութեան խնդիր մըն է։

Ահաւասի՛կ, այս իմաստով Եկեղեցին կ՚աղօթէ եւ կը խնդրէ Յիսուս Քրիստոսէ, որ վերջին դատաստանի օրը ի առատ ողորմութեամբը ներէ ննջեցեալներուն մեղքերը եւ արժանացնէ զանոնք երկինքի արքայութեան։

Դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ այն մեղաւորներուն հանդէպ՝ որոնք անզգամ եւ ամբարտաւան եղած են։ Շարունակ դէմ եկած են, դէմ կեցած են Սուրբ Հոգւոյն՝ մահացու մեղքեր գործելով, եւ զղջումի նշան ցոյց չեն տուած։

Սակայն պարագան բոլորովին տարբեր է Քրիստոսով ննջող մեղաւորներուն համար, որոնք կոտրած սրտեր ունեցած են։ Յիսուս իր իսկ խօսքերով մեզի կը յայտնէ, թէ մարդկային տկարութեան եւ անկատարութեան արդիւնք եղող մեղքերը զղջումով եւ ապաշխարութեամբ կը թողուին, սակայն կամակորութեամբ եւ ամբարտաւանութեամբ Սուրբ Հոգւոյն դէմ եղած մեղքերը ներումի պիտի չարժանանան ո՛չ այս աշխարհի մէջ եւ ոչ ալ հանդերձեալին մէջ։

Յիսուսի խօսքերուն մէջ յստակօրէն մեզի կը յայտնուի, թէ ննջեցեալներէն շատեր վերջին դատաստանի օրը ողորմութիւն գտնելով թողութիւն եւ քաւութիւն պիտի ստանան, պիտի ներուին իրենց այն մեղքերուն համար, որոնք քաւութեան համար կարելի չէր եղած աղերսել երկրի վրայ ապրած ատենին։ Ուրեմն, հոգեհանգիստի պաշտօնով՝ մենք կ՚աղօթենք նաեւ ննջեցեալներու թողութեան համար, նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց երկրային կեանքին առիթը չեն ունեցած թերեւս իրենց կարգ մը մեղքերուն համար թողութիւն խնդրել, եւ կամ անոնք անդրադարձած չեն իրենց գործած կարգ մը մեղքերուն։ Արդարեւ, չկա՛յ մարդ, որ իր կեանքի ընթացքին մեղանչած չըլլայ եւ ուրեմն բոլորին համար աղօթել մեր՝ երկրային կեանք ապրողներուն պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնն է։

Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին ուղղած իր նամակին մէջ հետեւեալ մաղթանքը կ՚ընէ Քրիստոսով ննջած Ոնեսիփորոսի համար.

«Տէրը իրեն տայ որ այն օրը Տիրոջմէն ողորմութիւն գտնէ». (Բ ՏԻՄ. Ա 16-18)։

Ըստ Սուրբ Գիրքի՝ ննջեցեալները դատաստանի օրը Տիրոջ ողորմութեան շնորհիւ պիտի արժանանան երկինքի արքայութեան եւ յուսով կը սպասեն ստանալու համար այդ ողորմութիւնը, որուն մենք պիտի ձայնակցինք մեր աղօթքներով՝ հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագի եւ արարողութեան մասնակցելով։

Այս կէտին, պէտք է յիշել, որ հոգեհանգստեան այս արարողութիւնը երբեք պարզ ձեւական պարտաւորութիւն մը չէ՛, այլ պարտականութիւն մը՝ որուն հարկ է մօտենալ գիտակցաբար եւ հոգւոյ անկեղծութեամբ եւ գիտնալ, թէ Որո՞ւ, որո՞ւ համար եւ ինչո՞ւ կ՚աղօթենք։ Մարդկային էական պարտականութիւն մըն է ան՝ որով կ՚աղօթակցինք մեր հանգուցեալ սիրելիներուն հետ, կ՚ապրինք անոնք իրենց անմեռ՝ անմահ հոգիներով։ Եւ այս իմաստով՝ հոգեհանգստեան արարողութիւնը առիթ մըն է աղօթքով վերապրելու մեր սիրելիները եւ վայելել զանոնք հոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։

Հոգեհանգիստի արարողութեան, ուրեմն, պէտք է մօտենալ հոգեւոր իմաստով, իր էական արժէքով եւ ո՛չ թէ ձեւական արարք մը։

Ի վերջոյ, պէտք չէ մոռնալ որ Աստուծոյ սէրը, գութը եւ ողորմութիւնը անչափ եւ անսահման են եւ վեր կը մնան մարդոց չափանիշներէն։

Արդարեւ, Եկեղեցին կրնայ խնդրել որեւէ բան՝ որ Աստուծոյ կամքին հակառակ չէ։ Ամէն տեղ եւ ամէն ատեն՝ ուր Տիրոջ կողմէ ողորմութիւն կը շնորհուի, հաւատացեալը արտօնութիւն ունի համարձակօրէն զայն խնդրելու իրեն եւ ուրիշներու օգուտին համար. (Ա ՅՈՎՀ. Ե 14-15)։

Հոգեհանգիստի արարողութեամբ հոգիով կը միանանք մեր հանգուցեալ մերձաւորներուն. այս իմաստով, հոգեհանգիստի արարողութիւնը հոգեւոր խնջոյք մըն է՝ ուր կը միանան երկրի վրայ ապրողներ, երկինք տեղափոխուած հոգիներ։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս պատճառով է, որ Տաղաւար տօներու կը յաջորդէ հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2024