ՄԱՆՈՒԿԻ ԱՆՄԵՂՈՒԹԻՒՆ
Մանուկներու անմեղութիւնը արդիւնքն է՝ իրենց պարզամտութեան, աննենգութեան եւ դիւրահաւանութեան։
Արդարեւ հոս կը յիշենք այն նշանաւոր խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Անգիտութիւնը երջանկութի՛ւն է»։ Միամիտ ըլլալ, պարզամիտ ըլլալ շատ անգամ մարդս հեռո՛ւ կը պահէ նենգութիւններէ, նենգամտութենէ, խորամանկութիւններէ, կեղծութիւններէ եւ խարդախութիւններէ։
Մանուկները անկեղծ եւ անմեղ են, քանի որ տակաւին չեն ճանչցած աշխարհը, կեանքը եւ չեն ծանօթացած «մարդ»ուն հետ՝ եւ միայն իրենց ծնողները՝ որ իրենց հանդէպ միշտ անկեղծ են՝ սիրազեղ ու կաթոգի՛ն։
Այս պայմաններուն մէջ մանուկը միշտ ապահով է՝ վստահելի ծնողք մը եւ անկեղծ ընտանիքի միջավայր մը ունի։ Մանուկը չէ ծանօթացած կեանքի միւս երեսին հետ, ամէն ինչ մաքուր է՝ ջինջ եւ յստա՛կ։ Մանուկը երբեք չի խորհիր, չի կրնար խորհիլ՝ թէ իր շուրջինները կ՚ըսեն ու կ՚ընեն այն՝ ի՛նչ որ իրենց իսկական միտքը չէ, ան երբեք չի գործածեր «արդեօք» բառը իր մտքին մէջ, քանի որ ամէն ինչ տեսնուածին եւ եղածին պէս է…։
Երբ խօսքը մանուկներու անմեղութեան մասին է՝ կը մտաբերենք առակ մը, որ կ՚ուզենք բաժնել մեր շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամներուն հետ, նկատելով որ տալը, բաժնելը միշտ արդիւնաւոր է եւ երանաւէ՛տ։
Առակը քաղեցինք «Հայելի Վարուց, Բարոյախրատական Պատումներ. Սուրբ Էջմիածին - 2007»էն։
«Փոքրիկ մանուկ մը, մօրմէն հաց առնելով, դուրս ելաւ եւ ուտելով այս ու այն կողմ շրջիլ սկսաւ, ինչպէս այդպիսի փոքր երախաներ, սովորութիւն է որ ընեն։ Այնպէս պատահեցաւ, որ մանուկը եկաւ հոն՝ ո՛ւր Աստուածամօր՝ Կոյս Մարիամի պատկերը կար՝ մանուկ Քրիստոս Աստուած իր գիրկը։
«Փոքրիկ մանուկը պատկերին նայելով՝ երախայաբար ու քաղցրութեամբ մանկացեալ Քրիստոսին ըսաւ.
«Ո՜վ սիրելի, կ՚աղաչեմ, առ ասիկա, որ յօժարութեամբ քեզի կու տամ։
«Իսկ պատկերը, թէպէտեւ գեղեցիկ նկարուած էր, քանի որ անզգայ էր, անշարժ կը մնար՝ ո՛չ մանուկին տուած հացը կ՚առնէր, ո՛չ ալ պատասխան կու տար։ Իսկ մանուկը չէր դադրեր աղաչելէ Յիսուս մանուկին՝ որպէսզի հացը ուտէ իրեն հետ։ Եւ երբ երկար ժամանակ անցաւ, մինչ ան ստէպ ստէպ կը շարունակէր աղաչել, որպէսզի յայտնի ըլլայ, թէ Աստուծոյ ո՜րքան հաճելի են մանուկներու խնդրանքները, նոյն պատկերը՝ Աստուծոյ զօրութեամբ երկարեց ձեռքը, առաւ մանուկէն հացը եւ ըսաւ.- Ահաւասիկ, ինչպէս որ կը կամենաս, որ այդ հացը առնեմ քեզմէ, կ՚առնեմ, բայց երեք օրէն, այդ կ՚ուզեմ հատուցանել քեզի։
«Մանուկը այս պատասխանը լսելով, ախ քաշելով տուն դարձաւ եւ միեւնոյն ժամանակ ալ հիւանդացաւ։ Երբ երրորդ օրը հասաւ, Տէրը՝ Կոյս Մարիամի Որդին, կանչեց մանուկը, որ հոգին աւանդէ Աստուծոյ, որպէսզի յաւիտենական կեանքի հացին եւ երկինքի արքայութեան բնակութեանը արժանանայ»։
Այս առակը անշուշտ կը տխրեցնէ մարդս, քանի որ տրտմագին է, բայց ցոյց կու տայ նախ մանուկի միամտութիւնը, անմեղութիւնը՝ որ կը վարձատրուի, կը պարգեւատրուի բազմապատիկ շնորհով եւ անգնահատելի հատուցմամբ։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին է, որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի արքայութիւնը» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 14)։
Երանելի Սուրբ Օգոստինոս գիրք կը գրէր Սուրբ Երրորդութեան մասին։ Աշխատանքէն եւ հոգեւոր գործունէութենէն յետոյ՝ երեկոյան ժամերուն, ան ծովեզերքը շրջելու սովորութիւն ունէր։
Քահանաները անկէ հեռու կը մնային, որպէսզի իրենց խօսակցութիւններով չխանգարէին զայն եւ իր իմացական տեսութենէն չշեղէին։ Ուրեմն, այսպէս շրջելով երբ կը քալէր, Սուրբ Օգոստինոս, անգամ մը տեսաւ գեղեցիկ եւ վայելուչ մանուկ մը՝ ծովեզերքը նստած, որ փոքր փոս մը կը փորէր, ինչպէս մանուկները սովորութիւն ունին ընել ընդհանրապէս խաղալու համար։
Փոս փորող մանուկը արծաթ դգալով մը ծովէն ջուր առնելով՝ փորած փոսին մէջ կը լեցնէր։
Սուրբ Օգոստինոս այս տեսնելով, տղուն մօտեցաւ եւ հետաքրքրութեամբ հարցուց. «Ի՞նչ կ՚ընես»։
Մանուկը պատասխանեց. «Կ՚ուզեմ այս բովանդակ ծովը այս փոսին մէջ լեցնել»։
Սուրբ Օգոստինոս ծիծաղելով հարցուց. «Ո՜վ որդեակ իմ, ինչպէ՞ս կրնաս այդպիսի բան մը ընել. ծովը լայնատարած է, իսկ դգալդ՝ անհամեմատօրէն փոքր, փոսն ալ նոյնպէս, որ կարենաս ամբողջ ծովը լեցնել, ան ալ փոքրածաւալ է…»։
Ապա մանուկը ըսաւ. «Ինծի համար աւելի դիւին է այդ ընել, ի՛նչ որ ես կը խորհիմ, քան քեզի համար ընել, ի՛նչ որ դուն կը մտածես»։
«Ի՞նչ կը նշանակէ», հարցուց Սուրբ Օգոստինոս Եպիսկոպոսը՝ շատ զարմացած։ Իսկ մանուկը պատասխանեց. «Կը մտածեմ ու կը կարծեմ ես փոքր գիրով կամ խօսքով պարփակել եւ բովանդակել այն, թէ ի՛նչ է անբաժանելի Երրորդութեան անճառելի խորհուրդը, որ մինչեւ կատարես, ես ծովը ամբողջութեամբ կը լեցնեմ այս փոսին մէջ»։
Եւ մանուկը այս ըսելով անյայտացաւ։
Իսկ Սուրբ Օգոստինոս գոհութիւն տուաւ Քրիստոս Աստուծոյ եւ իսկոյն հասկցաւ, որ այդ մանուկին կողմէ ըսուածը ճշմարիտ էր…։
Սիրելի՜ներ, երբեմն կը պատահին անակնկալներ, եւ բնաւ չսպասուած ատեն մը, չակնկալուած մէկէ մը կը լսուի ճշմարտութեան խօսքը։ Եւ մանաւանդ մանուկներ՝ որոնք շատ անգամ կարեւոր հարցերու մասին կ՚անտեսուին, որոնց միտքը, գաղափարը, տեսակէտը անկարեւոր կը նկատուի՝ կարելի է լուծում բերեն հարցերու։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ անոնք թէեւ գիտութիւն եւ փորձառութիւն չունին, բայց մաքուր, պայծառ, յստակ, չապականած հոգի մը ունին եւ առողջ միտք՝ որ բացայայտ կերպով, վճիտ կերպով կրնայ տեսնել ճշմարտութիւնը։ Մաքուր սիրտը եւ պայծառ միտքը շատ աւելի մօտ է բարիին, գեղեցիկին եւ ճշմարիտին։ Բնական, պարզ եւ անաղարտ ամէն արժէք շատ աւելի յարգ կը վայելէ՝ քան կեղծ ու շեղած նպատակներով շարժող պղտոր միտքերու արտադրած խաբէութիւնները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 5, 2016, Իսթանպուլ