ԱԴԱՄ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴԻՆ
«Ադամ Աստուծոյ որդին է» (ՂՈՒԿ. Գ 38), քանի որ ան Աստուծմէ ստեղծուեցաւ։ Ադամ, իբրեւ Աստուծոյ «մարդեղէն որդի»ն՝ կատարեալ էր, քանի որ Աստուծոյ ստեղծածն էր, եւ Աստուած կատարեալ է եւ Անոր գործն ալ նոյնպէս եւ մի՛շտ կատարեալ է։ Ադամ այնպէս ստեղծուած էր որ իր կամքը գործածելով իր Արարչին հնազանդ ըլլար եւ իրեն ընծայուած կեանքին օրհնութիւնները վայելելու առիթը ունենար, եւ կամ գիտակցաբար՝ իր կամքով անհնազանդ ըլլար։
Արարչին հնազանդութիւնը եթէ կեանքը վայելել է, անհնազանդութիւնն ալ պատճառ է որ կորսնցնէ Ադամ իր կեանքը եւ կեանքի բոլոր իրաւունքները։ Արդարեւ «ազատ կամք»ի բնական հետեւանքն է ասիկա։ Հետեւաբար, Ադամ կատարեալ ըլլալով հանդերձ, իր հաւատարմութիւնը եւ հնազանդութիւնը փորձուելու ենթակայ էր։ Ադամ գիտակցաբար մեղանչեց՝ եւ այդպէս դադրեցաւ «Աստուծոյ որդի»ն ըլլալէ. «Ադամ չէր որ խաբուեցաւ» (Ա ՏԻՄ. Բ 14), հետեւաբար՝ կամովին եւ գիակցաբար ընտրած մեղքին համար ան մահուան դատապարտուեցաւ եւ որոշ ատենին մեռաւ, իր բոլոր զաւակները, մենք եւ մեր նախահայրերը, անոր մեղանչելէն վերջ ծնած ըլլալով, նոյն դատապարտութեան ենթարկուեցանք։
Ադամի զաւակները կրնային կամովին Աստուծոյ ծառայել իրենց «անկատար կարողութիւններ»ուն ներած չափով, եւ կամ՝ կրնային իրենց կեանքին սակաւաթիւ տարիներուն իրենց սիրտը կարծրացնել Անոր բարութեանը նկատմամբ։
«Ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ որո՛ւ պիտի ծառայէք… Բայց ես եւ իմ տունս Աստուծոյ պիտի ծառայենք» (ՅԵՍ. ԳԴ 15)։ Սակայն նոյնիսկ անոնք որ հաստատ կերպով մտադրած էին Աստուծոյ ծառայել՝ անզօր էին իրենց անձերուն համար յաւիտենական կեանք ձեռք բերել առանց Աստուծոյ օգնութեանը։
«Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ, եւ այն մեղքէն մահը, եւ այնպէս ամէն մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանի որ ամէնը մեղանչեցին» (ՀՌՈՄ. Ե 12), կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ, ակնարկելով Ադամի մեղանչումին։
Եւ իբրեւ կատարեալ մարդ մը՝ Յիսուս նախկին «կատարեալ մարդ» Ադամի համահաւասար աստիճան ունէր. արդա՛ր, անմե՛ղ, անթերի՛ մարդեղէն արարած ըլլալով. Ան կատարեալ մարդ էր. «Թէպէտ Աստուածորդի էր, բայց իր չարչարանքներու փորձառութեամբ սորվեցաւ՝ թէ ի՛նչ բան է հնազանդութիւնը։ Եւ այսպէս, կատարեալ ըլլալէ ետք, յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ բոլոր անոնց համար՝ որոնք իրեն կը հնազանդին, քանի Աստուած զինք քահանայապետութեան կոչած էր, Մելքիսեդեկ քահանային պէս» (ԵԲՐ. Ե 8-10)։ Իր անթերի հնազանդութեամբ Յիսուս ոչ միայն Իր Ֆիզիքական՝ հապա նաեւ Իր նուիրման կատարելութիւնը ցոյց տուաւ Իր Հօրը, եւ ատոր համար Ան խիստ բարձրացուեցաւ եւ մեծ Քահանայապետը եղաւ որ «բուն երկինք»ը մտնէ եւ Իր մարդկային կատարեալ զոհագործութեան արժանիքը ընծայէ «բոլոր իրեն հնազանդող»ներուն համար։
Ուստի Ադամի որդեգրածէն տարբեր ուղղութեան մը հետեւելով, որ Աստուծոյ օրէնքին չհնազանդելով ամբողջ մարդկութիւնը մահուան ենթարկած էր, Յիսուս իբրեւ փառաւորեալ Քահանայապետ այդ փրկագինը երկնից մէջ ներկայացնելով՝ ի վիճակի է Ադամի զաւակներուն մէջ գտնուող հաւատացեալները ազատել այն ժառանգական անկարողութիւններէն՝ որոնց ներքեւ ծնած էին։ Իր զոհագործութեան արժէքը անոնց հաշւոյն գործածելով՝ Ան զանոնք կը գնէ, մեղքէ եւ մահէ կը փրկէ, որպէսզի անոնք Հօրը առջեւ արդարանան Որդւոյն միջոցաւ. (Ա ԿՈՐՆԹ. Զ 20, Է 23)։
Ադամ այդ «փրկուած»ներէն չէ։ Քանի որ ան կամովին, գիտակցաբար մեղանչեց. արդարօրէն մահուան դատապարտուեցաւ եւ մեռա՛ւ, եւ Աստուած չէր կրնար Իր արդար դատաստանը փոխել եւ կեանք շնորհել Ադամի։ Աստուած ողորմած է բայց նաեւ՝ արդա՛ր։ Ուստի Ադամ կատարեալ կեանք մը ունէր եւ կորսնցուց զայն։
Փրկանքը Ադամի համար որեւէ կարգադրութիւն չէ ըրած։ Սակայն՝ ի՛նչ որ Ադամ ըրաւ իրմէ վերջ ծնած իր խոշոր ընտանիքին համար, ատոր ճիշդ հակառակը՝ Յիսուս Քրիստոս հաւատացեալները համապատասխան գնով մը կը փրկէ։
Այդ փրկագնին արժէքը գործածելով՝ Յիսուս Ադամի ընտանիքին «շատեր»ուն վրայէն ժառանգական դատապարտութիւնը կը վերցնէ, եւ անոնք կ՚ըլլան «փրկուած»ները։
«Բոլոր մարդոց կեանքի արդարութեան շնորհք եղաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (ՀՌՈՄ. Ե 18)։ Ուստի անհատ մը իր բռնած ընթացքովը կը վճռէ թէ ինք ի վերջոյ Քրիստոսի փրկանքի զոհագործութենէն օգուտ պիտի ստանա՛յ թէ ոչ։ Փրկանքի արժէք եւ կեանք բռնութեամբ չի տրուիր գիտակցօրէն ամբարշտութիւն ընողներուն, Աստուծոյ կարգադրութեան նկատմամբ խստասրտութիւն ցոյց տուողներուն, այլ. «Ան որ Որդւոյն կը հաւատայ, յաւիտենական կեանք ունի. եւ ան որ Որդւոյն չի հնազանդիր, անիկա կեանք պիտի չտեսնէ հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ կը մնայ» (ՅՈՎՀ. Գ 36)։ Այսպէս երեւան կը բերուի Աստուծոյ, Մեծ Փրկչին անաչառութիւնը։
Աստուծոյ յիշողութեանը մէջ գտնուող մեռեալներուն յարութիւնը եւ ի վերջոյ անոնց կեանք ստանալը միեւնոյն փրկանքի կարգադրութեան հետ կապուած է։ Յիսուս Իր Անձը «փրկանք» տուաւ այն «ամէնուն» համար՝ որ զԻնք իբրեւ Միջնորդ ընդունելով Աստուծոյ հետ ուխտ կ՚ընեն. (ՏԻՄ. Բ 5-6)։ Փրկանքը պարտականութիւն մը եւ սքանչելի՜ պատահութիւն մըն է անկէ օգտուողներուն համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 5, 2019, Իսթանպուլ