ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ (393-451)

Պարսիկներու Յազկերտ Բ. թագաւորը իր բովանդակ թագաւորութեան ժամանակ այն քաղաքականութեան կը հետեւէր, թէ իր տէրութեան ապահովութեան համար անհրաժեշտ է հպատակ ազգերը ձուլել պարսիկներու հետ, եւ այն՝ կրօնական հիմքերով։

Այս ծրագիրը իրագործելու համար առաջին գործը կ՚ըլլայ եկեղեցականներու ձեռքէն առնել անոնց վայելած ազատութիւնները եւ ամէնքին հարկեր սահմանել՝ անոնք խռովքի մատնելու համար։ Վերջապէս ժողովուրդին ալ ծանր հարկեր սահմանելով անոնք նեղութեան կը մատնէ։ Բայց ժողովուրդը համբերութեամբ կը տանի այս բոլոր զրկանքները եւ կը գոհացնէ կեղեքիչ հարկահանները։

449 թուականի վերջերը Միհրներսեհը Յազկերտի կողմէ նամակ մը կ՚ուղարկէ Հայոց նախարարներուն եւ բացարձակօրէն կ՚առաջարկէ թողուլ քրիստոնէութիւնը եւ ընդունիլ զրադաշտական վարդապետութիւնը։

Այս  նամակին պատասխանելու համար 450 թուականին սկիզբները հայոց իշխաններու հրաւէրով ժողով կը գումարուի Արտաշատի մէջ։ Ժողովին ներկայ կ՚ըլլան 18 եպիսկոպոսներ, բազմաթիւ երէցներ եւ վանականներ։ Իսկ հայ իշխաններէն անոնք՝ որոնք ներկայ էին եւ Շահապիվանի ժողովին, այսինքն՝ Վասակ Սիւնին, Վրիւ Խորխոռունին, Վարդան Մամիկոնեանը, Արշաւիր Կամսարականը, Վահան Ամատունին եւ ուրիշներ, ընդամէնը 18 հոգի։

Ժողովը ընդհանուր համաձայնութեամբ եւ ստորագրութեամբ մերժողական պատասխան կ՚ուղարկէ Միհրներսեհին՝ յայտնելով պատրաստականութիւն իրենց հաւատքի համար մինչեւ իսկ նահատակուիլ։

Հայոց համարձակ եւ ժխտողական պատասխանը մեծապէս կը զայրացնէ արքաներու արքան եւ անոր հրամանով անմիջապէս Պարսկաստան կը կանչուին նամակը ստորագրող հայ իշխանները։

Տարակոյսի մէջ կ՚իյնան հայ իշխանները՝ երթալու կամ չերթալու վերաբերութեամբ, եւ վերջապէս որոշման կը յանգին՝ երդում տալով հաստատուն մնալ իրենց կրօնին վրայ, որոնց կը միանան Աղուաններ եւ Վրացիներ։

450 թուականի ապրիլ ամսոյն հայ իշխաններ կը ներկայանան արքաներու արքային, որ կրկին բացարձակապէս կը պահանջէ անոնցմէ ընդունիլ զրադաշտի կրօնը՝ իբրեւ նշան հաւատարիմ եւ արդարամիտ ծառայութեան։

Նախարարները լուռ կը մնան, որոնց լռութիւնը կը խզէ Վարդան, որ իր պապէն՝ Սահակ Պարթեւէն ընտիր կրօնական դաստիարակութիւն էր ստացած, համարձակութեամբ կը պատասխանէ, թէ պատրա՛ստ է մեռնիլ եւ ո՛չ երբեք իր հաւատքը ուրանալ։

Վարդանի համարձակ պատասխանէն եւ Յազկերտի բարկութենէն խռոված նախարարները խորհելու եւ վերջնական պատասխան տալու համար մի քանի օր կը խնդրեն՝ նկատի առնելով առաջարկուած խնդրի ծանրակշռութիւնը։

Նախարարներու խորհուրդը այս լուրջ եւ դժուար կացութենէն ելք մը ունենալու եւ ազատուելու ուրիշ ճամբայ մը չի գտներ, բայց եթէ առ երեսս թագաւորի կամքը կատարել եւ ուրեմն Վարդան Մամիկոնեանին ալ դիմելով՝ կը համոզեն այսպէս վարուիլ։

Մեծապէս կ՚ուրախանայ Յազկերտ, երբ նախարարներու որոշումը կը լսէ եւ անոնք մեծամեծ ընծաներով պատուելէ յետոյ՝ շտապով Հայաստան կ՚ուղարկէ բազմաթիւ մոգեր՝ պատուէր տալով մէկ տարուայ մէջ դարձը գլուխ բերել ամբողջ Հայաստանը։ Մոգական «բանակ»ը նախարարներու հետ կը հասնին Հայաստան, յունիս 1, 450 թուականին, եւ կը հաստատուին Անգղ գիւղաքաղաքը։

Բայց մինչեւ այս բանակին Հայաստան հասնիլը՝ արդէն նախարարներու ուրացութեան լուրը հասած էր եւ ընդհանուր շփոթութիւն յառաջացուցած, վիճակաւոր եպիսկոպոսներ իրենց վիճակները գացած էին, եւ կը դրդէին գիւղացիները պաշտպանել եկեղեցին՝ իրենց հաւատուրաց իշխաններու դէմ։

Շփոթ վիճակ մը կը տիրէր նախարարներու մէջ՝ երբ կը տեսնէին ժողովուրդին եւ իրենց մերձաւորներուն այս ընդդիմադիր ոգին, բայց չէին համարձակեր իսկոյն միանալ այս զայրացած ամբոխին հետ եւ պարսիկներու դէմ ապստամբութեան դրօշ բարձրացնել։ Անոնք կ՚աշխատէին համոզելով հանդարտեցնել ժողովուրդը։

Հասկնալով գործին ծանրութիւնը՝ Վարդան անհրաժեշտ գտաւ յոյներու, ինչպէս եւ յունաբաժին հայերու օգնութեան դիմել, մանաւանդ որ պարսիկները արդէն ահագին պատրաստութեամբ Աղուաններու երկրէն Հայաստան մտնելու կը պատրաստուէին։

Ամբողջ հայաշխարհի կողմէ «պաղատական նամակ» գրուեցաւ յունաց Թէոդոս կայսեր, որ օգնէ հայոց։ Բայց կայսրը ճիշդ այդ ժամանակ վախճանեցաւ, եւ անոր յաջորդը՝ Մարկիանոս առանձին դեսպանութեամբ վստահեցուց Յազկերտը, թէ բնաւ պիտի չօգնէ հայերուն։ Այսպէս, յունաց բաժնի հայ իշխանները անլսող գտնուեցան իրենց արենակից եւ հաւատակից հայ եղբայրներուն ձայնին, եւ յունաց կողմէ որեւէ օգնութիւն չկրցին ստանալ պարսիկներու բաժնի հայերը եւ թողուեցան միմիայն իրենց ուժին եւ կարողութեան։

Տակաւին հայ դեսպաններ չէին վերադարձած, երբ Վարդան իրեն հաւատարիմ իշխաններու հետ Աղուաններու երկիրը գնաց թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ միանգամայն Աղուաններու երկիրը պաշտպանելու համար, եւ այստեղ ծանր հարուած հասցուց պարսիկներուն։ Սակայն այս յաղթութեան խնդութիւնը նսեմացաւ, երբ լուր հասաւ, թէ ի՛նչպէս Վասակ ընդհանուր ուխտէն հեռանալով, եւ իրեն կողմը գրաւելով նաեւ ուրիշ նախարարներ՝ պարսիկներու հետ միացեր է…։

Վարդան իր զօրքով շտապեց Հայաստան՝ 450 թուականի վերջերը. իսկ Վասակ քաշուեցաւ Սիւնեաց երկիրը։

«Իրերու դրութիւնը» ճշդութեամբ Յազկերտին իմացնելու եւ գործը խաղաղութեամբ վերջացնելու համար Վարդան եւ իր ընկերները պարսիկ մը ուղարկեցին Պարսկաստան՝ երկրի խռովութեան բովանդակ պատճառը Վասակին վրայ ձգելով։ Միւս կողմէ, Վասակն ալ պատգամաւոր ուղարկեց՝ բոլոր անյաջողութիւններու պատճառ եկեղեցական դասը համարելով։

Յազկերտ հասկնալով երկրի վիճակը՝ թողութեան հրովարտակ հանեց, կրօնի կատարեալ ազատութիւն շնորհեց եւ յափշտակուած կալուածները վերադարձուց։

Բայց շուտով պարզուեցաւ, որ «թողութեան հրովարտակ»ը պատրանք էր, եւ 451 թուականի Զատկին՝ պարսիկները ապահովուած որ յոյները հայերու պիտի չօգնեն, եւ ոչ մէկ կերպով, մեծ բանակով հայոց երկիրը մտան։ Վարդանի հրաւէրի ձայնը լսելով՝ հայրենիքի եւ եկեղեցիի պաշտպանութեան նուիրուած 66 հազար կտրիճներ՝ իշխաններ եւ հասարակ գիւղացիներ, հաւաքուեցան Աւարայր գիւղի մօտ, այնտեղ հաւաքուեցան Յովսէփ Կաթողիկոսը, Ղեւոնդ Երէցը եւ ուրիշ բազմաթիւ եկեղեցականներ։

Պատերազմի նախընթաց գիշերը հսկումով եւ աղօթքներով անցաւ, եւ Կաթողիկոսի թոյլտուութեամբ Ղեւոնդ Երէցը քաջալերեց հայ զօրքը, որ չվախնայ բնաւ թշնամիին ահաւոր բանակէն։ Նոյնպէս քաջալերական ճառ խօսեցաւ նաեւ Վարդան եւ այնուհետեւ ամէնքն ալ հաղորդուեցան։

Այս նշանաւոր ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 451 թուականի մայիս 26-ին. այնտեղ ինկան հայ իշխաններ եւ զօրքի մէկ մասն ալ ցիրուցան եղաւ։ Այս նահատակներու յիշատակը հայոց եկեղեցին կը տօնէ մինչեւ այսօր «Վարդանանց 1036 վկայից» անունով…։

Սկզբնաղբիւր.- «Հայոց Եկեղեցու Պատմութիւն», Աբրահամ Զամինեան, Ն. Նախիջեւան, 1908։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 2, 2021, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021