ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ՄԸՆ Է ՄԻ՛ՇՏ

Ե­կե­ղե­ցին՝ իր բա­ռա­կան ի­մաս­տո­վը խորհր­դա­նիշ մըն է միա­բա­նու­թեան։ Այս «միա­բա­նու­թիւն»ը, մէկ կող­մէ՝ Աս­տու­ծոյ եւ իր որ­դի­նե­րուն մի­ջեւ, իսկ միւս կող­մէ՝ որ­դի­նե­րուն, այ­սինքն մար­դոց մի­ջեւ հաստա­տուած է։ Պաշ­տա­մուն­քը, ար­դա­րեւ, իր լայն ա­ռու­մով՝ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ծէ­սը չի՛ ներ­կա­յաց­ներ, այլ՝ հո­գիին կե­ցուած­քը՝ հան­դէպ Աս­տու­ծոյ եւ մար­դոց։ Ուս­տի, ինչ­պէս յա­ճախ կը լսուի, Աս­տուած մար­դուն խուն­կին ու պա­տա­րա­գին կա­րօտ չէ, պէտք չու­նի։ 

Բայց հոս, այս կէ­տին, պէտք է ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել նրբե­րան­գի մը։ Աս­տուած Ինք­զինք յայտ­նե­լու հա­մար պէտք ու­նի մար­դուն, եւ մար­դուն ստեղծ­ման գլխա­ւոր պատ­ճառն ալ այս է, եւ Աս­տուած կ՚ու­զէ, որ մար­դը ճանչ­նայ, հա­ւա­տայ եւ վստա­հի Ի­րեն, ո­րոնք կ՚ի­րա­կա­նան ծէ­սե­րու եւ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով։ 

Աս­տուած կա­րօտ չէ՝ այն մար­դուն, ո­րուն սիր­տը ա­նա­պաշ­խար է եւ մե­ղան­չա­կան. կամ «խո­նար­հած», «հնա­զանդ» եւ մա­նա­ւանդ «կոտ­րա՛ծ» չէ, հա­պա՝ վէս ու խեռ՝ ան­հաշտ, ինք­նա­հա­ւան, մե­ծա­միտ ու անձ­նա­պաշտ ու ե­սա­մոլ է։ Միա­բա­նու­թիւ­նը էու­թիւ­նը կը կազ­մէ պաշ­տա­մուն­քի, եւ ա­ռանց միա­բա­նու­թեան՝ ծէ­սը եւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը եւ ամ­բողջ պաշ­տա­մուն­քը կա­տա­րեալ կա­տա­կեր­գու­թիւն է, «խաղ» մը, դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը պար­զա­պէս, զզուե­լի եւ ան­հա­ճոյ Աս­տու­ծոյ եւ գայ­թակ­ղե­լի մար­դոց։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ յա­ճախ կը կրկնենք, թէ ծէս եւ ա­րա­րո­ղու­թիւն, բո­լոր պաշ­տա­մունք­նե­րու «մաս­նա­կի՛ց»ներ են ե­կե­ղե­ցին գտնուող ան­հատ­նե­րը, եւ ո՛չ թէ «ներ­կայ»ներ եւ կամ «հան­դի­սա­տես»ներ…։

Ա­հա­ւա­սիկ, այս ի­մաս­տով Ե­կե­ղե­ցին «միու­թի՛ւն» մըն է, եւ ան կը հաս­նի իր նպա­տա­կին՝ երբ հո­գե­պէս եւ մտա­պէս կազմուի այդ միու­թիւ­նը։ 

Ար­դա­րեւ, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը «հան­դէս» չե՛ն այլ «խորհր­դա­կա­տա­րու­թի՛ւն». ա­մէն մէ­կը ու­նի իր ի­մաս­տը եւ խոր­հուր­դը։ Եւ քա­նի որ ա­նոնք «հան­դէս» չեն, ու­րեմն այդ խորհր­դա­կա­տա­րու­թեան վկա­ներն ալ, ա­մէն մէ­կը, մաս­նա­կից­ներ են։ 

Բայց, դժբախ­տա­բար, կը տես­նուի, որ շա­տեր, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն «դի­տող»ներ են միայն հե­տե­ւող­ներ եւ ո՛չ մաս­նա­կից­ներ։ Ար­դա­րեւ, ծէս մը, ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ա­ռանց ի­մաս­տին խո­րա­նա­լու՝ մե­քե­նա­բար դի­տել կամ հե­տե­ւիլ, բա­նա­կա­նու­թեան բարձր հան­գա­ման­քով օժ­տուած «մա՛րդ» էա­կին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան բո­լո­րո­վին ներ­հա՛կ է, հա­կա­ռա՛կ է։ 

Մարդ պէ՛տք է գի­տակ­ցա­բար մօ­տե­նայ ա­մէն ա­րա­րո­ղու­թեան՝ հե­տաքրք­րուի, մաս­նա­կից ըլ­լայ, երբ հո­գի մը, շունչ մը դնէ ա­նոր, եւ գի­տակ­ցի, թէ ի՛նչ է պա­տա­հա­ծը, ին­չո՛ւ հա­մար կը կա­տա­րուի եւ ի՛նչ­պէս տե­սա­նե­լի կը դառ­նայ «Ան­տե­սա­նե­լի»ն եւ ի՛նչ­պէս կը յայտ­նուի «Խոր­հուրդ»ը։ Մե­քե­նա­բար, կու­րա­բար տես­նել կամ հե­տե­ւիլ ա­պար­դիւն աշ­խա­տանք մըն է. մարդ էա­կը պէտք է պատ­ճառ, նպա­տակ եւ ի­մաստ ան­բա­ժա­նե­լիու­թեան մէջ խո­րա­նայ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու էու­թեան եւ ըստ այնմ վա­րուի իր ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան հա­մե­մատ եւ մարդ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին հա­մա­պա­տաս­խան։ 

Ար­դա­րեւ, ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խել «վար­ժու­թիւն» մը չէ, սո­վո­րու­թիւն ալ պէտք չէ՛ հա­մա­րուի։ Ան պէտք է ու­նե­նայ ի­մաստ մը, պէտք է միու­թեան ու մաս­նակ­ցու­թեան ո­գիով՝ գի­տակ­ցե­լով, թէ ե­կե­ղե­ցին ան­հատ­նե­րու միա­ւո­րուած՝ մէկ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն ե­ղած, հա­մա­խոր­հուրդ եւ հա­մա­ձայն, նոյն զգա­ցում­նե­րով լե­ցուած ան­հատ­նե­րու կազ­մած՝ «Միու­թի՛ւն» մըն է։ 

Ե­կե­ղե­ցին ան­հա­տա­կան ու­ժե­րու, զօ­րու­թիւն­նե­րու, կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու տեղ մը չէ՛, այլ՝ ու­ժե­րու, զօ­րու­թիւն­նե­րու եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու միա­ցու­մով հա­սա­րա­կաց ու­ժի մը, զօ­րու­թեան մը եւ կա­րո­ղու­թեան վայրն է՛։ Հոն ո՛չ թէ ան­հատ­ները, այլ՝ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ընդ­հա­նու­րը, միա­ձայ­նու­թիւնն է, որ կը խօ­սի, խօ­սե­լու ի­րա­ւա­սո՛ւ է։ Ե­կե­ղե­ցին «միու­թեան» մարմ­նա­ցո՛ւմն է։ 

Ան­գամ մըն ալ այս մտա­ծում­նե­րով ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խել փոր­ձենք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 9, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015