ԱՆԱՌԱԿԻՆ ԿԻՐԱԿԻՆ
Պերճաշուք կեանք մը ապրելու յոյսով իր հայրենի տունը լքո՛ղ եւ անկէ հեռացող երիտասարդի մը պատմութիւնն է ասիկա։ Մէկը, որ իր ունեցածէն աւելին կը փափաքի ունենալ, մէկը՝ որ անյագ է եւ չի՛ բաւարարուիր իր ունեցածով, միշտ աւելիին կը ձգտի, բայց ի վերջոյ յուսախաբ՝ կը վերադառնայ դարձեալ իր հայրենի տունը. ահաւասիկ պատմութիւն մը, որ յաճախ կը կրկնուի մարդկային կեանքին մէջ՝ տարբեր տեսարաններով, տարբեր ձեւերով։ Եւ յաճախ կը պատահին նման իրադարձութիւններ ընտանիքներու կեանքին մէջ։
Այս աւետարանական պատմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ՝ Գամառ-Քաթիպայի հետեւեալ բանաստեղծութիւնը։
ՊԱՆԴԽՏՈՂՆԵՐԻՆ
Ի՞նչ էք անում, ա՛յ խեղճ հայեր,
Որ երկրումը ցանկալի
Թողած անուշ օդն ու այեր
(այեր=մթնոլորտ)
Դիմում էք գիրկն օտարի։
*
Օտարն երբէք չի ճանաչում
Ձեր ցաւին էլ, կոծին է՛լ,
Օտար հողի ո՛չ մէկ խորքում
Հային չը պէտք կեանք սիրել։
Ինչպէս ըսինք, անյագութիւնը եւ օտարամոլութիւնը կը յայտնուի մարդկային կեանքի զանազան շրջաններուն՝ տարբեր կերպերով, երեւոյթներով, ամէն ժամանակ եւ ամէնուրեք։ Եւ ահաւասիկ, վերոյիշեալ բանաստեղծութիւնն ալ իմաստալից կերպով կը պատկերացնէ այս իրողութիւնը։ Եւ այս կը նշանակէ՝ թէ աւետարանական այս պատմութիւնը կը բովանդակէ անայլայլելի եւ մշտնջենական մարդկային ցաւ մը, հարց մը կամ ըսենք, մարդուն ոդիսակա՛նը։
Ուստի աւետարանական այս պատմութիւնը՝ այս առակը մարդկային կեանքի եւ ապրումներու, սրտի ու մտքի պատմութիւնն է. այն՝ ի՛նչ որ մարդ կը զգայ եւ կը մտածէ ընդհանրապէս։ Այս առակը՝ կեա՛նքն իսկ է։
Անառակ որդիին պատմութիւնը կ՚արտայայտէ քրիստոնէութեան ամբողջ էութիւնը։
Ասիկա առակ մըն է՝ թէ մարդ ի՛նչպէս անգիտակցօրէն, միամտութեամբ եւ անմեղ զգացումներով կրնայ իյնալ յանցանքի մէջ, թէ ի՛նչպէս կրնայ մոլորիլ՝ կարծելով թէ նպաստաւոր, լաւ բան մը կ՚ընէ ինքն իրեն համար։ Եւ մարդիկ ընդհանրապէս կ՚իյնան այս «ծուղակ»ին մէջ եւ չարաչար կը տուժեն իրենց միամտութեան պատճառով։ Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, բազմաթիւ օրինակներ պիտի գտնէք հոն, ձեր մօտ, որ շատ հեռու չէ ձեր միջավայրէն։
Պէտք է խոստովանիլ, թէ օտարամոլութիւնը, որ կերպով մը անյագութիւն է ներկայ վիճակին եւ վնասներու, նոյնիսկ անհատական եւ ընկերային աւերումներուն պատճառ կը դառնայ։
Պարզ օրինակ մը, սիրելի՜ներ. ծառը ամուր կը մնայ հոն՝ ո՛ւր է իր արմատը։ Եթէ փորձենք ծառը փոխադրել աւելի արդիւնաբեր կարծուած տեղ մը, այլապէս կը կոր-սընցնէ իր կենսունակութիւնը, իր էութիւնը եւ չ՚ըլլար այլեւս այնպէս՝ ինչպէս որ էր հոն՝ ուր իր արմատները կը զօրացնէին, կը սնուցանէին զինք։ Թէեւ նոյն պայմանները ցոյց չի տար մարդուն տեղափոխութիւնը, քանի որ մարդ առաւել եւս բանաւոր էակ մըն է քան բոյսը եւ սակայն ընդհանուր գիծերու մէջ մա՛րդն ալ աւելի զօրաւոր է հոն՝ ուր կան իր արմատները։
Աւետարանը, ահաւասիկ, անառակ որդիի առակով կը պարզէ մարդկային կեանքի կարեւոր հարց մը, որ կը հետաքրքրէ նաեւ ամբողջ կենդանական աշխարհը։ Արդարեւ, այն որ կ՚ապրի, պէտք է սնանի եւ ապահով, վստահելի յենակէտ մը ունենայ։ Արկածախնդրական, անորոշ ամէն որոշում եւ ձեռնարկ վտանգաւոր եւ յաճախ ալ վնասաբեր եղած են մարդ էակին համար։
Թէեւ ֆրանսացիներ կ՚ըսեն, թէ՝ շահելու համար պէտք է վնասին յանձնառու ըլլալ, բայց այն որ ապահով ըլլալ կ՚ուզէ, պէտք չէ դիմէ վնասակարին, նոյնիսկ վնասի ու վտանգի հաւանականութեան։ Եւ ահաւասիկ, այս իմաստով, արկածախնդրութիւնը, մարդս կրնայ տանիլ հոն՝ ուր ան երբեք չէր փափաքած ապրիլ։
Դառնալով Աւետարանին այս առակին, Աւետարանի այս հատուածը՝ աւետարան մըն է Աւետարանին մէջ։ Առակը շատ բան կը բացատրէ կեանքի մասին եւ շատ դասեր կու տայ շիտակ, արդիւնաբեր ապրելու մասին։ Ան ցոյց կու տայ ուղիղ ճամբան՝ կեանքի ներկայացուցած բազմաթիւ անորոշ ճամբաներուն մէջէն նախընտրելի ուղին։
Առակը պարզապէս ցոյց կու տայ, թէ անխոհեմութեամբ, առանց շրջահայեաց ըլլալու առնուած որոշումներ, որքան ալ անմեղութեամբ, միամտութեամբ առնուած ըլլան անոնք, ի վերջոյ կը վերածուին յանցանքի եւ մարդ կ՚իյնայ սխալանքի, խաբէութեան թակարդին մէջ եւ այլապէս կը դիմաւորուի անբաղձալի, աներեւակայելի անակնկալներով։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ յանցանքը՝ ինչպէս կը տանի մարդս դէպի կորուստ, դէպի կործանում։ Բայց նոյնքան բաղձալի է, որ այս կորուստը, կործանումը՝ մարդս առաջնորդէ զղջումի, ապաշխարութեան, երբ անդրադառնայ իր սխալին, իսկ ապաշխարութիւնը զայն կը տանի դէպի հաւատք եւ վերջապէս հաւատքն ալ կը տանի դէպի շնորհ, երանութի՛ւն։
Եւ ո՜րքան նմանութիւն ունի անառակ որդին՝ պատմութեան կրտսեր զաւակը կեանքի ընդհանուր գնացքին մէջ, ամէն ժամանակի եւ ամէուրեք մարդկային կեանքի մէջ։ Արդարեւ մի՛շտ կը պատահին օրինակներ «անառակ որդի»ին՝ պատահած են եւ պիտի պատահին այնքան ատեն որ պիտի չպակսին անյագութիւնը, անբաւարարութիւնը մարդ էակին մէջ։ Եւ կարծեմ երբեք պիտի չպակսին անոնք մարդկային կեանքին մէջ եւ պիտի ըլլան միշտ «անառակ որդի»ներ, այնքան ատեն որ մարդկային էութիւնը շարունակէ աշխարհի վրայ կեանք ունենալ։
Օտարամոլութիւնը, որ հետեւանքն է անյագութեան, անբաւարարութեան, ի՞նչ կ՚ըսէք, արդեօք անհաւատարմութեան, ապերախտութեան, մերժումի եւ այլ բացասական խառն զգացումներու՝ որ մարդս կը տպաւորեն եւ կ՚առաջնորդեն միշտ աննպաստ, վտանգաւոր եւ վնասարար ճամբաներ։
Հայրենի տունը՝ որ մարդուս երջանկութեանը բոյնն է, ուր կեանքը վայելելու կը սկսի մարդ. ընտանիքի յարկն է ակը երջանկութեան։ Հոն կը սկսի ամէն գեղեցկութիւն, բարութիւն եւ երջանիկ կեանք, ընտանիքը առաջին քա՛յլն է այդ բոլորին։
Եւ ընտանեկան յարկը մերժել՝ թողուլ, հեռանալ կը նշանակէ՝ երջանկութենէ հրաժարիլ եւ նախընտրել դժբախտութիւնը եւ թշուառութիւնը։
Անդամները որքան չքաւոր ըլլան՝ հարո՛ւստ է միշտ անոնց ամբողջութիւնը՝ ընտանի՛քը. եւ անոնք որ չեն անդրադառնար այդ հարստութեան ու ճոխութեան, դատապարտուած կը մնան միշտ հոգեւոր աղքատութեան, չքաւորութեան եւ ապերջանկութեան։ Անոնք կը վերատիրանան իրենց երջանկութեան, ընտանի երանութեան, երբ անդրադառնան իրենց սխալին, զղջան եւ վերադառնան իրենց հայրենի երանելի՜ օճախը, հայրենի տան անհամար եւ անվե՜րջ բարիքները վայելելով. եւ ա՛յս կը պատմէ մեզի «Անառակ Որդի»ին առակը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 3, 2017, Իսթանպուլ