ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ (1875-1957)

Մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան ծնած է Աղեքսանդրոպոլ (Լենինական) 1875 թուականին։ Ան յաճախած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գերմանիա, ուր հետեւած է փիլիսոփայութեան, գրականութեան եւ մարդաբանութեան։

1898 թուականին Աւետիք Իսահակեան հրատարակած է իր առաջին գրքոյկը՝ «Երգեր ու վէրքեր» խորագրով, որ մէկէն սիրելի դարձուց իր անունը։

Իսահակեանի երգերը հնչեցին «նոր» ու «թարմ», որովհետեւ ան եղաւ առաջի՛նը, որ իր անմահ բանաստեղծութիւններուն համար լայնօրէն օգտագործեց ժողովրդական բառն ու բանը, նոյնիսկ ոճն ու պատկերները, անշուշտ պահպանելով իր ինքնուրոյնութիւնը։

Ամէն բանէ առաջ «սիրոյ բանաստեղծ»ն է Իսահակեան, որու համար «սէր»ը մարդկային էութեան առաջնակարգ զգացումն է՝ մարդկային էութիւնը լեցնող զգացում մը՝ ազնուացնող եւ վեհացնող։ Սէրը կեանքի յարատեւութիւն կը նշանակէ, թէեւ շատ անգամ «վէրք»եր կը պատճառէ, որովհետեւ, ըստ Իսահակեանի, «սիրոյ զգացումի խորութիւնը առանց ցաւի եւ արցունքի չ՚ըլլար»։

Սիրոյ նուիրուած բազմաթիւ բանաստեղծութիւններուն ամենէն գեղեցիկ եւ տպաւորիչ շարքն է «Ալազեազի մանիներ»ը՝ ուր սէրը «մաքուր» եւ «գեղջկուհի»ի պարզունակ հոգիին պէս է նկարագրուած։ Այս գործը հովուերգական սիրոյ տարփողումն է՝  երգուած ջերմ ու անկեղծ զգացումներով եւ ժողովուրդին յատուկ հարազատ անկեղծութեամբ։

Իսահակեանի բանաստեղծութիւններուն մէջ կայ յոռետեսութիւն մը. ան կ՚ուզէ խոյս տալ մարդկային ապականեալ ընկերութենէն եւ կը գերադասէ «անապատային մենութիւն»ը։

Իր յոռետեսութեան ցայտուն օրինակն է «Աբու Լալա Մահարի» երկտողեան վիպերգը՝ որուն մէջ հեղինակը խօսելով արաբ մեծ բանաստեղծ Ապուլ՚-Ալա-ալ-Մաարիի բերնով, իր նողկանքը կ՚արտայայտէ մարդոց անարգ բարքերուն ու անարդար օրէնքներուն հանդէպ ու կը դիմէ դէպի անապատը, դէպի արեւը՝ որպէս խորհրդանշան «ազատութեան» եւ «արդարութեան»։

Իսահակեան փիլիսոփայ բանաստեղծ է։

Կեանքի եւ մահուան խորհուրդները յաճախ կը հոլովուին Իսահակեանի մօտ։ Այս մարզին մէջ ան մեծապէս կրած է գերմանացի մեծ բանաստեղծներ Կէօթէի եւ Հայնէի ազդեցութիւնները։

Բառ ու բանի վարպե՛տ մըն է Իսահակեան, եւ իբրեւ բառ ու բանի, մանաւանդ իբրեւ ժողովրդական բառ ու բանի վարպետ, Իսահակեան, մշակած է նաեւ հայ դիւցազներգութենէն դրուագ մը՝ Սասունցի Դաւիթի որդի՝ Մհերի մասին։ Այս գործը մեզ կը տանի դէպի «դիւցազնական շրջան», ուր Սասնայ քաջերը կը գործեն փոքրիկ Մհերի հետ եւ ազատութեան զօրավիգներ կը հանդիսանան։

Աւետիք Իսահակեան միեւնոյն ատեն արձակագիր է։ Իր լաւագոյն արձակ էջերն են արեւելեան կեանքէ առնուած զրոյցներն ու աւանդութիւնները, որոնց մէջ հեղինակը կը փնտռէ կեանքի եւ մահուան, սիրոյ ու տառապանքի մասին ժողովրդական իմաստութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը։

«Սաատիի վերջին գարունը», «Օմար Խայեամի վէճը Աստուծոյ հետ», «Լիլիթ», եւ այլն. իր արձակին լաւագոյն նմոյշներն են։

Ունի նաեւ «Ուստա Կարօ» անուն անաւարտ վէպ մը։

Արտասահմանի մէջ երկար տարիներ թափառելէ յետոյ, Իսահակեան, 1936-ին վերջնականապէս վերադարձաւ Հայաստան եւ նուիրուեցաւ ստեղծագործ անխոնջ աշխատանքի։

Իսահակեան եղած է «Գրողներու միութեան» նախագահ եւ գրած է բազմաթիւ յօդուածներ զանազան հանրային եւ գրական հարցերու շուրջ։

Իսահակեան վայելած է ժողովուրդին անվերապահ սէրն ու յարգանքը իբրեւ հայ գիրի «Վարպետ»։

Ան մահացած է 1957-ին Երեւանի մէջ։

*

Սերօ Խանզարեան (1915-1998) Աւետիք Իսահակեանի մասին սապէս կ՚ըսէ. «Վարպետը շատ կը սիրէր թափառիլ անտառներու մէջ… Ամէն ինչ գիտէր. մանաւանդ Պահլավիներու տոհմի պատմութիւնը… Անոր կ՚ուղեկցէին նաեւ բանաստեղծներ Մեսրոպ Մերուժանը, Հրաչեայ Յովհաննիսեանը, Սաղաթել Յարութիւնեանը, գրող Յուսիկ Խանդամուրը… Վարպետը շատ կը փափաքէր, որ մենք իրեն յաճախ այցելենք՝ կը նստեցնէր իր մօտ եւ հարցուփորձ կ՚ընէր Տաթեւի վանքէն՝ ուր եղած էր… Վերջին անգամ մենք բոլորս տեսանք զինք հայ ժողովուրդի ձեռքերուն վրայ, բարձրացած դէպի երկինք։ Հայոց երկնակամարը անձրեւ կը մաղէր։ Եւ մենք ան յանձնեցինք իր շատ պաշտելի Կոմիտասի եւ Շիրվանզատէի հողին…»։

Եւ ահաւասիկ, Իսահակեանի գործերէն նմոյշ մը. «Եղնիկը», պատմութիւն մը՝ որ ան կը պատմէ բարեկամի մը բերնէն։ Պատմութիւն մը՝ եղնիկի ձագի մը…։

ԵՂՆԻԿԸ

Անգամ մը, իմ բարեկամներէս որսորդ մը շրջակայ անտառածածկ լեռներէն եղնիկ մը նուէր բերաւ պզտիկներուս համար. մատղաշ եղնիկ մը՝ խորունկ, սեւ ու ջինջ աչքերով։

Սկիզբը, երբ կը բռնէի զայն, քնքուշ մարմինով ան կը կծկուէր գիրկս, եւ սիրտը վախէն կը թրթռար արագ, թիթեռնիկի թեւի նման։

Կամաց-կամաց ան ընտելացաւ. ա՛լ չէր վախնար մեզմէ. մանաւանդ պզտիկներուս հետ մտերմացած՝ անոնց հետ կը վազվզէր պարտէզը, անոնց հետ կը ճաշէր ու կը քնանար։

Բայց մէկ բան շատ կը զարմացնէր զիս։ Թէեւ մեզի ու մեր տան այնքան ընտելացած, եղնիկը երբեմն մեզմէ գաղտնի կը բարձրանար պատշգամ եւ ուշադիր, լուռ, ինքզինք մոռցած՝ կը նայէր հեռուն, անտառապատ լեռներու կողմը, որոնցմէ հեռաւոր ու խուլ սօսափ մը կը հասնէր կարծես։ Եթէ յանկարծ պատշգամ ելլէր, երկար պահ մը չէր զգար ներկայութիւնս. յետոյ, հազիւ զիս նկատած, նետի պէս կը փախչէր…։

Արդեօք գիտէ՞ր, ինք՝ այդ խոր անտառներուն զաւակը, որ անոնց ծոցին՝ իր խարտեաշ մայրը իրեն կաթ տուած էր, ու իր հայրը եղջիւրներով հարուածած էր կաղնիները։ Կը յիշէ՞ր որ այդ շառաչը՝ անո՜ւշ օրօրած էր իր կեանքի առաջին օրերը…։

Չեմ գիտեր. բայց իր վճիտ աչուկներուն մէջ ցաւի ու կարօտի այնպիսի արտայայտութիւն մը կը տեսնէի, որ ցաւակցելով կը հեռանայի պատշգամէն, հեռացնելով նաեւ երեխաներս ու զինք ձգելով մենակ…։

Գիշեր մը, քանի մը օրէ ի վեր լեռներէն փչող քամին ուժեղացաւ, դարձաւ անսանձ։ Դուռ ու պատուհան կը ճարճատէին. հովին դէմ կռուող կաղնիներուն եւ վայրի ընկուզենիներուն հառաչանքը կը հասնէր մինչեւ մեզի. կարծես հովէն ծեծուած անտառը ուղղակի մեր դրան դէմ էր։

Երեխաներս անկիւն մը մտած էին՝ անորոշ վախով բռնուած, մինչ եղնիկը կը դողար խենթ դողով մը։ Ամբողջ ականջ կտրած, ան մտիկ կ՚ընէր անտառին, որ մայրենի լեզուով կը խօսէր իրեն, կը կանչէր։ Աչքերը կը փայլատակէին. կարծես կը դիտէին իր ընկերներուն վազքը ժայռերն ի վեր։

Պահ մը քամին սաստկացաւ, դարձաւ փոթորիկ։ Մէկ ալ՝ պատուհանի մը փեղկերը աղմուկով բացուեցան, եւ փոթորիկը ներս խուժեց։ Եղնիկը յանկարծակի ոստումով մը ցատկեց դէպի պատուհանը, աչքերը սեւեռած խաւարին մէջ։ Ես վրայ վազեցի, բայց ան, ակնթարթի մը մէջ, պատուհանէն թռաւ պարտէզ ու կորսուեցաւ գիշերին մէջ։

Դէ՛, հիմա գնա՛ ու գտի՛ր զայն իր հայրենի անծայր անտառներուն մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 7, 2020, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020