ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
«Անհատականութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ անձնականութիւն, ինքնութիւն, իսկ աւելի սեղմ իմաստով՝ զօրաւոր նկարագիր։ Անհատականութիւնը անձին ինքն է՝ իրեն սեփական յատկութիւններով ու երեսով, անհատականութիւնը այս իմաստով ա՛յն է՝ ի՛նչ որ անձին կը վերաբերի, իւրայատուկ է եւ եզակա՛ն։ Անհատականութիւն կը նշանակէ ուրեմն «ի՛նք ըլլալ»։ Եւ ուրեմն անհատականութիւնը կ՚ենթադրէ սեփական առաքինութիւնները արտայայտել եւ աննման ու անբաղդատելի ըլլալ։ Անհատականութիւնը հաստատակամութեան, հաստատամտութեան, կայուն ըլլալու՝ յարափոփոխ չըլլալու վիճակին արտայայտութիւնն ու դրսեւորումն է։ Մէկ խօսքով՝ լուսաւոր ներաշխարհի մը արտաքին աշխարհի վրայ ճառագայթումը, ցոլքն ու փայլն է անհատականութիւնը։
Փոխաբերական իմաստով՝ մարդուս դէմքը, արտաքին տեսքն է անհատականութիւնը։ Ուստի մարդուս անհատականութիւնը այն շրջապատը կամ միջավայրն է, ուր ինքն իր մէջ կ՚ամփոփուի անձին բոլոր արժէքները, առաքինութիւնները, մտային եւ հոգեւոր կարողութիւնները։ Ուստի անհատականութիւնը պայմանաւորուած է ո՛չ միայն պարզ էութեամբ, այլ՝ իր բարձրագոյն գաղափարներով, սկզբունքներով, համոզումներով եւ հաւատալիքներով մանաւա՛նդ։
Ի՜նչ որ է մարդու մը հաւատալիքները, համոզումները եւ իւրայատուկ գաղափարներն ու սկզբունքները՝ ա՛յն է իր ամբողջ էութեամբ։ Ուստի կրօնական տեսակէտէ ալ նոյնն է պարագան՝ անհատականութիւնը կ՚որոշուի անձին Աստուծոյ հետ ունեցած յարաբերութեամբ եւ Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած հաւատով ու անկեղծ վստահութեամբ։
Իսկ հաւատալ, հաւատք ունենալ կը նշանակէ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունենալ, պատասխանատուութեան ծանր բեռը կրել ուսերուն վրայ, հոգ տանիլ ամէն էութեան, ամէն արժէքի եւ ճշմարտութեան։ Եւ երբ մէկը պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունի, կը նշանակէ՝ թէ ան իրապէս անհատականութիւն ունի։ Եւ անհատականութեան տէր մարդը վստահելի եւ արժանահաւատ մա՛րդ է։ Ուրեմն կը տեսնուի, որ անհատականութիւնը սերտօրէն կապուած է հաւատալիքներու՝ հաւատքի բարձր զգացումին հետ։
Ան՝ որ արժանահաւատ է, վստահելի մարդ է, եւ այն որ վստահելի է, վստահութիւն կը ներշնչէ, ան անհատականութիւն ունեցող անձ մըն է։ Անհատականութեան տէր մարդը նախաձեռնողն է ամէն բարի գործերու եւ մանաւանդ ճշմարտութեան, անաչառ է եւ արդարադատ, որ կ՚առաջնորդուի եւ կը շարժի միշտ բարոյական բարձր սկզբունքներով եւ գաղափարներով։
Բայց պէտք է խոստովանիլ, որ «անհատականութեան» ըմբռնումը թէ՛ ժամանակաշրջանի, թէ՛ վայրերու տեսակէտէ յարաբերական, համեմատական եւ յարափոփոխութեան ենթակայ ըմբռնում մըն է։
Ակնյայտնի եւ բացայայտ է, որ գրեթէ ամէն շրջան եւ ամէն բնագաւառ ունի իր «անհատականութեան ըմբռնում»ը՝ որուն կ՚ենթարկուին այդ շրջանի եւ մարզի անհատները։ Եւ մեր ապրած ժամանակաշրջանին ալ բոլորովին տարբեր է անհատականութեան ըմբռնումը, քանի որ մարդոց կը ներկայացուի անհատականութեան որոշակի «կաղապար» մը, կամ «նախատիպ» մը, եւ եթէ անձը չի համակերպիր եւ կամ չի համապատասխաներ այդ նախատիպին՝ ապա կը հալածուի անիկա, խտրական վերաբերմունքի կ՚ենթարկուի եւ ի վերջոյ դասալիք կ՚ըլլայ եւ կը հեռացուի իր պատկանած միջավայրէն, հաւաքականութենէն։
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը սիրելի՜ բարեկամներ, դուք ալ պիտի վկայէք նոյն ընկերային տխուր երեւոյթին։
Զոր օրինակ՝ այն տեղեր, ուր բաւական չափով, եւ նոյնիսկ չափազանցուած կերպով արդիացած է «ազատութեան» գաղափարը, լայնատարած սահմաններու վրայ է հաստատուած, հոն անշո՛ւշտ տարբեր իմաստ եւ ըմբռնում ստացած է անհատականութիւնը։
Եւ դարձեալ, բաւականին արդիական, յառաջադէմ եւ լուսամիտ մտածումներով՝ մարդասիրական գաղափարը երբ հասած է իր արժանաւոր բարձրութեան, անհատականութիւնը ստացած է տարբեր հանգամանք։ Բայց պէտք է նկատի ունենալ, որ այս մարդասիրութեան գաղափարին տարածումը եւ քիչ մըն ալ չափազանցումը եւ շեղումը իր նպատակէն, շարժառիթը եղած է, որ ենթարկուած է «մարդապաշտութեան» սխալին, ինչ որ զայն առաջնորդած է ինքնաբաւ եւ ինքնակեդրոն ըլլալու՝ որ դրսեւորումն է կռապաշտութեան, ըսենք՝ արդի «հեթանոսութեան»։ Չէ՞ որ մարդուն մարդը պաշտելը տեսակ մը կռապաշտութիւն է, այսինքն իր լայն առումով՝ հեթանոսութիւն։
Անշուշտ այս չի՛ նշանակեր «մարդ»ուն արժէքը բոլորովին նուազացնել, արժանիքը անտեսել եւ մանաւանդ մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորել։ Մարդ էակին իրական արժէքը անշուշտ որ շատ վե՛ր է քան ամէն բարձր արժէք։ Բայց պէտք է նկատի ունենալ, որ քրիստոնէական ըմբռնումով, մարդասիրութեան զգացումը յայտնուելու է աստուածամարդուն՝ Քրիստոսի մէջ՝ ուր Աստուած կայ, հանդէս եկած մարդ հանգամանքով, մարդկային բնութեամբ։
Քրիստոնէական հասկացողութեամբ «մարդասիրութիւն»ը պէտք է յայտնուի որպէս մարմնացեալ եւ մարդացեալ Աստուծոյ սիրոյն մէջ։ Եւ երբ կա՛յ մարդացեալ Աստուածը՝ Աստուծոյ միածին Որդին, ապա ուրեմն մարդասիրութիւնը պէտք է ամփոփուի եւ դրսեւորուի Անոր սիրոյն մէջ, որ կը համապատասխանէ՝ աստուածսիրութեան, աստուածպաշտութեան։ Եւ ուրեմն, այս իմաստով մարդասիրութիւնը՝ աստուածպաշտութեան համազօր է։
Երբ մարդը կը սիրես, Աստուած կը սիրես, եւ փոխադարձաբար՝ երբ Աստուած կը սիրես, մա՛րդը կը սիրես։ Որովհետեւ մարդու իրական անհատականութիւնը Աստուծոյ եւ մարդու միութեան մէ՛ջ է։
Սակայն պէտք է ընդունիլ, որ անհատականութեան մերօրեայ պատկերացումները եւ ըմբռնումը տարբեր են այս հասկացողութենէն։ Արդի մտայնութեամբ «անհատականութիւն» կը նշանակէ՝ ունենալ, տիրանալ եւ իշխե՛լ։
Մինչդեռ քրիստոնէական արժէքներու համակարգը կը պատուիրէ եւ կ՚առաջարկէ պարզապէս «ըլլալ», գոյութիւն ունենալ։ Եւ երբ անձ մը գոյութիւն ունի, կայ որպէս անհատ, ապա ուրեմն կը նշանակէ, որ ան անհատականութիւն ունի։ Ուստի «մարդ» ծնիլ, մարդ ըլլալ, մա՛րդ ապրիլ արժանիք մըն է, արժանաւորութիւն մը՝ որ ի վերջոյ կը յանգի «անհատականութեա՛ն»։
Արդարեւ եթէ «մարդ»ը գոյութիւն չունի, ապա ուրեմն արժանիքն ու արժէքն ալ չկայ մարդուն, եւ եթէ «անհատ» չկայ, չկայ նաեւ անհատականութիւն, այլապէս իմաստ մը պիտի չունենայ՝ անհատականութիւնը առանց անհատի։ Անշուշտ ասիկա ո՛չ միայն ֆիզիքական մարդուն համար է, այլ մտաւոր եւ հոգեւոր մարդուն համար, քանի որ «մարդ»ը՝ մա՛րդ է թէ՛ մարմնական, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ մտաւոր ամբողջութեամբ, այս երե՛ք երեսակներով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 1, 2016, Իսթանպուլ